ԱՆՁ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՈՒՆ - Գ -
Անունը ինքնութի՛ւն է, այս պատճառով, անունը մարդկային թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական կեանքին մէջ կենսական դեր մը կը խաղայ եւ մեծ կարեւորութիւն ունի։ Այս իմաստով եւ այս տեսանկիւնէն դիտելով «անուն»ը, կը շարունակենք ներկայացնել անուններու նշանակութիւնը՝ օգտուելով Հրաչեայ Աճառեանի, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի եւ André-Marie Gerard-ի բառարաններէն։
Գիսանէ= գէս՝ մազ հայերէն բառէն անուն
Գիւտ= «գտնուած բան» հայերէն բառը
Գիւտիկ= «Գիւտ»ին գգուական ձեւը
Գնդիկ= «գնդիկ» բառը՝ թմբլիկ, գիրուկ, կլորիկ, ճարպոտ իմաստով անուն
Գոհար= «գոհար»՝ ակունք հայերէն բառը՝ որ պարսկերէնէ հայացած բառ մըն է
Գոհարինէ= «Գոհար» անունէն կազմուած անուն
Գոհարիկ= «Գոհար» անուան գգուական ձեւը
Գոհարնազ= «գոհար» եւ «նազ» հայերէն բառերէ կազմուած անուն
Գոհարվարդ= գոհարանման վարդ
Գորամ= Վռամ անուան վրացական ձեւը
Գորգ= Գէորգ անուան կրճատ ձեւն է
Գորգին= Գուրգէն= գայլանման
Գուլաք= փոքրիկ վարդ
Գուլիզար= Կիւլիզար= հոգիի վարդ
Գուլխանդ= վարդաժպիտ, վարդի նման ժպտող
Գուսան= երգիչ (իրանական ծագումով անուն)
Գուրգէն= «գայլ» բառէն՝ գայլի նման քաջ, գայլեղէն, գայլանման
Գրիգոր= արթուն՝ արթուն մնալ, հսկել, (Գրիգորիս, Grigor, Grégoire)
Գրիգորատուր= Գրիգորի տուածը
Գրիգորիկ= Գրիգոր անուան փաղաքշական ձեւը
Դալար= «դալար», «կանաչ» հայերէն բառը նախապէս արական անուն եղած է, յետոյ իգական անուան վերածուած է
Դամոն= «դամոն» հայերէն բառ. սալորի տեսակ մը, ժողովրդական լեզուի մէջ «չար մարդ» իմաստը ստացած է. գործածական անուն մը չէ եղած ընդհանրապէս
Դանիէլ= թագաւոր իմ, Տէր իմ Աստուած, (եբրայերէն «Daniel»)
Դաւիթ= սիրելի, սիրեցեալ (եբրայերէն «Davit») սիրելի բարեկամ. «Դաւթակ», «Դաւթիկ», «Դաւթուք»՝ փաղաքշական ձեւերն են
Դեղին= դեղնագոյն
Դեղծուն= «դեղձան» հայերէն բառէն աղաղուած ձեւով. («դեղձան» կը նշանակէ՝ բաց դեղին, խարտեաշ մազեր ունեցող)
Դեղձանիկ= «դեղձանիկ» հայերէն բառը՝ դեղին գոյնով երգեցիկ փոքր թռչուն
Դեմետր= երկրագործութեան չաստուածուհի. (լատիներէն՝ «Ceres»՝ մայր երկրի)
Դերենիկ= «Դերէն»՝ վանքի որդի, ուխտական զաւակ, «դերի». վանք արմատէն, փաղաքշական ձեւն է
Դիլան= սիրտ (պարսկերէն՝ «dil» բառին յոգնակի ձեւը՝ «dilan»)
Դիլդար= գեղեցիկ (պարսկերէն անուն)
Դիլիջան= հոգիին սիրտը, ոգին
Դիլշադ= ուրախասիրտ, ուրախ ոգի
Դխտիկ= աղջիկ, դուստր
Դշխոհ= թագուհի, «դշխոյ» հայերէն բառ
Դոլան= պարտէզի համեղ պտուղ
Դոխիկ= «դոխ» բառի փաղաքշականը. աղաւնի, աղաւնեակ. «pigeon», «pigeonne», «colombe» վարուժան
Դոմինիկոս= տէրունական, տէրունի. (լատիներէն՝ «dominicus»)
Դուխթար= աղջիկ զաւակ, դուստր, դխտիկ
Եար= սիրելի, բարեկամ
Եդուարդ= «Edouard» անունէն
Եզդան= արարիչ Աստուած, ստեղծող Աստուած, կրճատ ձեւն է «Եզդանբախղ» անունին. ուղղակի «Աստուած» անունը կարելի չէ՛ տալ
Եզնիկ= «եզ» հայերէն բառէն
Եզր= «օգնել» բայի արմատէն (եբրայերէն՝ «Ezra»)
Եկաւ= հայերէն՝ եկաւ իմաստով
Եղբայր= հայերէն՝ եղբայր բառը
Եղբայրիկ= «Եղբայր»ին փաղաքշական ձեւը
Եղէոն= ձէթ, իւղ, Ձիթենեաց լեռ
Եղիա= Աստուած, Եհովա. «Եհովան է իմ Աստուածը». (եբրայերէն՝ «Eliyya»)
Եղիազար= Աստուա՜ծ իմ. օգնութի՜ւն իմ (եբրայերէն՝ «Eli'ezer»)
Եղիշէ= «Աստուած» բառէն (եբրայերէն՝ «Elisa»), նաեւ՝ «Եղիսէ», «Եղիշա» ձեւերը
Եղիսաբէթ= Աստուած է անոր երդումը. (եբրայերէն՝ «Eliseba»)
Եղվարդ= «եղ» եւ «վարդ» բառերով
Ենովս= մարդ, մարդիկ (եբրայերէն՝ «Enos»)
Ենովք= նուիրեալ
Եպիփան= Քրիստոսի Աստուածայայտնութիւնը
Եսադար= Յիսուս կրող, ունեցող, ան որ իր մէջ Յիսուսը կը կրէ. (պարսկերէն՝ «isadar»)
Եսայի= ազատող, փրկող. «փրկութիւն Տեառն» (եբրայերէն՝ «İsa a yahu» կամ «is-ya»)
Եսթէր= աստղ (եբրայերէն՝ «Esther» եւ պարսկերէն՝ «Sitara»)
Երազմ= պատերազմ
Երանեալ= «երանեալ» հայերէն բառ. (յունարէն՝ «Մակար»)
Երանեակ= երանի, երջանիկ, «Macarius», (Felix, Beate, Fortunatus) Երանուհի, Երջանիկ. ամենահին հայերէն անուններէն
Երանի= երջանիկ, բախտաւոր
Երանիկ= երջանիկ
Երանոս= խաղարարար, խաղաղասէր (յունարէն խաղաղութիւն բառէն)
Երանուհի= երանի, երջանիկ
Երեմիա= Երեմէն= խաբել, դաւաճանել, լքանել, թողուլ, թշնամիին մատնել (եբրայերէն՝ «İremaya», «İremeyahu»)
Երեւում= երեւում, «Երեւման Ս. Խաչ»
Երէց= անդրանիկ, երէց
Երմոնէ= պատգամաբեր՝ չաստուածներու հրամանները մարդոց բերող
Երուանդ= քաջընթացիկ, արագընթաց. բուն իմաստն է՝ արագաձի, այն որ արագընթաց ձի ունի (պահլաւերէն՝ «arvand»)
Երջանիկ= հայերէն «երջանիկ» բառը
Եւա= կեանք
Եւագր= լաւ որսորդ
Եւգինէ= բարեծնունդ, ազնուական, ազնուատոհմ. (ֆրանսերէն՝ «Էօժէնի»)
Եւդոկիա= բարի կամք, բարի կամեցողութիւն, գոհ մնալ, գնահատել, հաճիլ, համաձայնիլ, լաւ երեւալ. (ֆրանսերէն՝ «Eudocie»)
Եւպրաքսիա= բարեբախտութիւն, յաջողութիւն, բարի վարմունք, լաւ գործ, բարի
Եւփիմէ= բարի բախտ բերող, բարի խօսք աւանդող, կրօնական լռութիւն, բարեձայնութիւն, աղօթքի լռութիւն
Եփրեմ= պտղաբեր, փարթամ, ճոխ, առատ, պտղաւէտ, շատ պտուղ արտադրող. (եբրայերէն՝ «Efraim», ֆրանսերէն՝ «Ephraim»)
Զապէլ= Աստուծոյ եօթներեկ. «Isabella» անունէն՝ որ Եղիսաբէթ անունի փաղաքշական ձեւն է
Զաբուղոն= բնակութիւն, բնակչութիւն կամ բնակարան (եբրայերէն՝ «Zebulun»)
Զայանդ= ծնանող
Զանազան= տեսակ տեսակ. Ոսկեդարեան հայերէնով՝ գեղեցիկ, չքնաղ
Զատիկ= Յարութեան տօն (յունարէն՝ «Anastas», ֆրանսերէն՝ «Pascal», հայերէն՝ «Տօնական», արաբերէն՝ «İd»)
Զարդագուն= դեղնագոյն
Զարդար= «զարդար» հայերէն բառ, որուն կրճատ ձեւն է՝ «զարդ»
Զարեհ= իրանական «Zarah» անունը
Զամբաղ= շուշան ծաղիկը
Զարմայր= զարմանալի այր, մարդ
Զարմանազան= զարմանալի ցեղ
Զարմելիք= ոսկի հրեշտակ
Զարմիհր= «Միհր» չաստուածը
Զարմուհի= «Զարմայր» անուան իգական ձեւը
Զարուհի= «ոսկի» բառէն իգական անուն
Զաւէն= օգնող, օգնական, բարեսէր
Զափրան= քրքում. դեղին. (քրքում= մանուշակագոյն եւ անուշահոտ ծաղիկներով թրատերեւ բոյս, որ իբր համեմ եւ գունաւորող-դեղին ներկ կը գործածուի. «zafran»)
Զաքարիա= յիշատակ Տեառն (եբրայերէն՝ «Zekhariya»). ընդհանրապէս կը գործածուի նաեւ՝ «Զաքար»
Զաքէոս= Զակքէոս= անմեղ, արդար
Զգօն= խոհեմ, իմաստուն, խելացի
Զեբեդէոս= Աստուծոյ պարգեւը, ընծան
Զենոբ= «կեանք», «Արամազդ», «Զեւս», «Դիոս»
Զենոբիա= Աստուածազօր
Զենոն= լատիներէն՝ «Zenon». հիմնադիր ստոյիկեան փիլիսոփայութեան
Զերիթա= ոսկեհատ
Զեւս= չաստուածներու հայրը՝ Զեւս
Զեփիւռ= քաղցրաշունչ քամի՝ հով (հայերէն)
Զիբա= Զիպա= գեղեցիկ, վայելուչ
Զոհրաբ= կարմրափայլ
Զոյէ= կեանք
Զոսիմէ= կորովի, կենսունակ
Զուար= սպասաւոր
Զուարթ= զուարթ, ուրախ
Զուսա= տեսակ մը արծաթէ դրամ
Զուլալ= մաքուր, վճիտ, յստակ, պարզ (արաբերէն՝ «zulal», պարսկերէն՝ չհալող ձեւն՝ քաղցրահամ ջուր)
Զրուանդ= ժամանակ
Զօրաբաբել= Բաբելոնի սերունդ
Զօրա= փոքր
Զօրավար= Ս. Սարգիսի եւ Վարդանի վերադիր. «զօրավար» բառէն
Էբաթ= սարսափ, ահ, վախ, պատկառանք
Էգնա= կրակ, բոց, լոյս. «Իգնատիոս», «Իգնա»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 18, 2016, Իսթանպուլ