ԻՆՔԶԻՆՔ ԱՐԴԱՐԱՑՆԵԼ

Մարդիկ ընդհանրապէս, իրաւացի կամ անիրաւ, իրենք զիրենք արդարացնելու համար ջանք կը թափեն, եւ ամէն միջոցի կը դիմեն ապացուցանելու համար, որ արդար են եւ իրաւացի։ Անշուշտ մարդիկ երբ կ՚աշխատին իրենք զիրենք արդարացնել՝ բնականաբար կը մեղադրեն մէկ ուրիշը, անոր անիրաւութիւնը հրապարակելու համար ճիգ կը թափեն։ Երբ մէկը արդար եւ իրաւացի է, անոր դէմը պէտք է գտնուի անարդարը եւ անիրաւը. բնական հաւասարակշռութին մըն է ասիկա՝ կշիռի մը երկու նժարներուն պէս, որպէսզի հաւասարակշռութիւնը ապահովուի եւ պահպանուի։

Այս իմաստով, որեւէ յանցանք կը վերագրուի միշտ ուրիշին եւ ամէն յանցաւոր կ՚ուզէ արդարացնել ինքզինք, գոնէ յանցանքին բուն շարժառիթը ուրիշ մէկուն վրայ կը բեռցնէ։ Եւ եթէ չկարենայ, յանցանքին արդարացուցիչ կողմերը կը փնտռէ մարդ՝ ինքզինք արդար եւ իրաւացի ցոյց տալու համար։ Ի վերջոյ, մարդ յանցանքը թեթեւցնելու համար միշտ արդարացուցիչ կողմեր կը փնտռէ եւ կը գտնէ. «Այո՛ յանցանք գործեցի…», կ՚ըսէ, եւ անմիջապէս կ՚աւելցնէ. «Բայց…», կամ «որովհետեւ…», եւ երբեք չ՚ընդունիր բոլորովին յանցանքը, եւ կը պնդէ, թէ արտաքին ազդեցութիւն մը, իր կամքէն անկախ պատճառ մը, ուժ մը պարտաւորած է զինք որպէսզի խնդրոյ առարկայ յանցանքը գործէ։

Այս բոլորը ինքզինք արդարացնելու ճիգեր են, որ շատ անգամ ալ կը յաջողին եւ կը հասնին իրենց նպատակին, որքան ալ կեղծ եւ կարծեցեալ ըլլան անոնք։ Եւ այս կերպով, յաճախ կը ծածկուի, կը քօղարկուի ճշմարիտը, ճշմարտութիւնը։ Ինքզինք արդարացնելու համար երբեմն կը զոհուի ճշմարտութիւնը եւ ընդունելի կը դառնայ, դժբախտաբար, սուտը եւ խաբէականը։

Մէկ խօսքով, մարդիկ հակամէտ են իրենք զիրենք արդարացնելու՝ ի գին ամէն անարդար, անիրաւ արարքներու եւ գործուած յանցանքէն շատ աւելի մեծերը գործելու։ Մինչդեռ սխալը սխալով, սուտը տարբեր սուտով, յանցանքը աւելի մեծ յանցանքով սրբագրել կարելի չէ՛, եւ թէ սխալը, սուտը եւ յանցանքը կը կրկնապատկէ՝ աւելի եւս դժուար սրբագրելի եւ նոյնիսկ անսրբագրելի կը դարձնէ։ Որովհետեւ աղտը աղտով մաքրել անկարելի՛ է։ Ինչպէս որ արիւնը արիւնով չի մաքրուիր…։

Ըսուած է որ մարդիկ, յանցանքը  եթէ նոյնիսկ ամենայարգի կերպասէ շինուած հագուստ մը ըլլայ, անոնցմէ ո՛չ մէկը կը հագնի զայն եւ ո՛չ մէկը իր վրան կ՚անցընէ «յանցանք»ը։

Արդարեւ, Առակախօսը կ՚ըսէ. «Մարդոցմէ շատերը իրենց բարերարութիւնը կը հրատարակեն, բայց հաւատարիմ մարդը ո՞վ կրնայ գտնել», (ԱՌԱԿ. Ի 6)։ Ինչպէս նաեւ. «Կան անձեր, որոնք իրենց աչքին առջեւ մաքուր են, սակայն իրենց աղտեղութենէն լուացուած չեն», (ԱՌԱԿ. Լ 12)։ Ուստի, «ինքզինք արդար ցոյց տալ» ուրիշ բան է, եւ իրապէս «արդար ըլլալ»՝ բոլորովին տարբե՛ր բան։

Աստուած չ՚ընդունիր այն՝ որ անիրաւ է եւ ինքզինք արդար ցոյց տալ կը ջանայ։

«Դուք ձեզ ուրիշներուն արդար ցոյց կու տաք, սակայն Աստուած գիտէ ձեր սիրտերը։ Որովհետեւ մարդոց աչքին փառաւորը Աստուծոյ աչքին անարգ է», (ՂՈՒԿ. ԺԶ 15-16)։ Արտաքնապէս արդար երեւիլ, բայց ներքնապէս անիրաւ եւ անարդար ըլլալ ինքնախաբէութիւն է, եւ որեւէ արժէք չի ներկայացներ։

«Վա՜յ ձեզի կեղծաւորներ, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ պնակին եւ գաւաթին արտաքինը կը մաքրէք, մինչ գիտէք թէ ներսիդին եղող ուտելիքը եւ խմելիքը ի՜նչ յափշտակութեամբ եւ աղտեղութեամբ ձեռք բերած էք։ Կոյր Փարիսեցի, նախ գաւաթին եւ պնակին ներսը մաքրէ, այդպիսով դուրսն ալ մաքուր կ՚ըլլայ», (ՄԱՏԹ. ԻԳ 25-28)։ Եւ նոյնպէս. «Հիմա դուք՝ Փարիսեցիներ, գաւաթին եւ պնակին արտաքինը մաքրելու մտահոգ էք, մինչ ներսը յափշտակութեամբ եւ չարութեամբ լեցուն է…», (ՂՈՒԿ. ԺԱ 29-44)։

Ուստի մարդոց առջեւը իրենք զիրենք արդարացնելու աշխատողներու մասին Աւետարանը սապէս կը վկայէ. «Դուք ձեզ ուրիշներուն արդար ցոյց կու տաք, սակայն Աստուած գիտէ ձեր սիրտերը…», (ՂՈՒԿ. ԺԶ 15)։ Եւ անոնք երբեք չեն ուզեր Աստուծոյ ճշմարիտ արդարութիւնը։

«Անոնք չհասկցան, թէ Աստուած ի՛նչ ձեւով կ՚ուզէր արդարացնել մարդիկը։ Արդարանալու իրենց հասկցած ձեւին կառչեցան եւ ուստի չընդունեցին Աստուծոյ արդարութեան ուղին։ Մինչդեռ Քրիստոսով Օրէնքը իր վախճանին հասած է եւ միա՛յն Քրիստոսի հաւատացողը կ՚արդարանայ», (ՀՌՈՄ. Ժ 3-4)։

Անիրաւ կերպով իրենք զիրենք արդարացնելու աշխատողներ միայն իրենց աչքերուն առջեւը մաքուր են. «Կան մարդիկ, որոնք միայն իրենց աչքին առջեւ մաքուր են…», (ԱՌԱԿ. Լ 12)։

«Անոնք կ՚ըսեն.- մէկդի՛ կեցիր, ինծի մի՛ դպչիր, որովհետեւ ես քեզմէ սուրբ եմ», (ԵՍ. ԿԵ 5)։

Սաւուղը օրինակ մըն է. (Ա ԹԱԳ. ԺԵ 12-13)։

Օրինակներ են նաեւ Փրիսեցիները, ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը։ «Հիմա դուք՝ Փարիսեցիներ, գաւաթին եւ պնակին արտաքինը մաքրելու մտահոգ էք, մինչ ձեր ներսը յափշտակութեամբ եւ չարութեամբ լեցուն է», (ՂՈՒԿ. ԺԱ 39)։ Նաեւ՝ «Հրեաները պատասխանեցին.- մենք Աբրահամի զաւակ ենք եւ ոեւէ մէկուն ծառայ չենք եղած բնաւ, ինչպէ՞ս կ՚ըսես թէ՝ ազատ պիտի ըլլաք։ Յիսուս ըսաւ անոնց.- Լաւ գիտցէք, թէ ով որ մեղք կը գործէ՝ ծառա՛յ է մեղքին», (ՅՈՎՀ. Ը 33-34)։ «Անոնք սկսան նախատել զինք եւ ըսին.- Դո՛ւն ես անոր աշակերտը. մենք Մովսէսի աշակերտ ենք։ Գիտենք որ Աստուած Մովսէսի հետ խօսեցաւ, բայց ասիկա՝ չենք գիտեր թէ ուրկէ՛ է», (ՅՈՎՀ. Թ 28-29)։

Սուրբ Գրային այս բոլոր վկայութիւնները ցոյց կու տան այն ճշմարտութիւնը, թէ ճշմարիտ արդարը ո՛չ թէ արտաքնապէս, այլ ներքնապէս յայտնի կ՚ըլլայ եւ արդարացումն ալ պէ՛տք է ցոյացնէ ներքինը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 20, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 23, 2018