ՀՐԱՇՔՆԵՐ ՉԵՆ ՊԱԿՍԻՐ

«Հրաշք մը, բառին ամենալայն իմաստով, հիացում պատճառող բան մըն է։ Բնութեան հիանալի կարգուսարքը, ներդաշնակութիւնը, արեւադարձը՝ արեւին ծագիլը եւ մայրամուտը, լոյսը, կեանքը, այս բոլորը անվերջ հրաշքներ են. ուրեմն ամէն ինչ հրա՛շք է»։

VOLTAIRE

Մարդկային կեանքին մէջ միշտ անակնկալներ կրնան պատահիլ։ Այս անակնկալներուն տրուած իմաստին եւ անոնց պատճառներուն տրուած արժէքին համեմատ կարելի է ստուգել «հաւատք»ը՝ թէ ան իրական հաւատք է կամ ո՛չ։

Կան ոմանք, որ աշխարհէն հրապուրուած, միայն նիւթական՝ տեսանելի եւ շօշափելի աշխարհ մը ընդունած, ամէն հոգեւոր՝ անտեսանելի եւ անշօշափելի ճշմարտութիւն մերժող կեանք մը կ՚ապրին։ Անոնք «հրաշք»ը կը վերագրեն բնութեան կամ դիպուածի մը, եւ կ՚ուրանան հրաշքին իսկական արժէքը եւ իրակա՛ն Պատճառը։

Արարչագործութեամբ Աստուծոյ կողմէ հաստատուած «Բնական Օրէնք» մը կայ եւ աշխարհ այս օրէնքին համաձայն կը կառավարուի։ Բայց արարչագործութիւնը դեռ վերջացած իրողութիւն մը չէ, ան ժամանակներու ընթացքին տեւող, հետզհետէ բարեփոխուող, շրջաններու մէջ կատարելագործուող ընթա՛ցք մըն է։ Ուրեմն, բնական օրէնքը կարգ մը հիմնական եւ էական սկզբունքներէ դուրս կրնայ հետզհետէ բարեփոխուիլ։ Բայց մարդ արարածը սահմանափակ մտածութեամբ եւ ըմբռնումով, բնական օրէնքին կու տայ բացարձակ եւ անփոփոխելի հանգամանք մը։ Արդարեւ, ամէն արդիւնք ունի պատճառ մը, այս է բնական օրէնքին հիմնական սկզբունքը, բայց ժամանակներու ընթացքին պատճառ մը կրնայ տարբեր արդիւնքներ տալ։ Այս ալ բնական օրէնքին էական հանգամանքներէն մին է։ Եւ դարձեալ, մարդ իր վարժութիւններուն եւ փորձառութիւններուն հետեւելով, նոյն պատճառէն նոյն արդիւնքը կը սպասէ։ Բայց պատճառներ կրնան չտալ միշտ նոյն արդիւնքը։ Եւ երբ մարդ պատճառի մը տարբեր արդիւնք տալուն իմաստ մը չկարենայ գտնել, իր մտային կարողութեան սահմաններուն մէջ զանազան մեկնաբանութիւններ կ՚ընէ։

Ան որ կը հաւատայ, գիտէ որ ամէն պատճառ Աստուծոյ կամքին մէկ արտայայտութիւնն է, եւ ուրեմն Աստուծոյ կամքին համաձայն արդիւնքը կրնայ փոխուիլ։

Հրաշքը, Աստուծոյ կամքը, ամենակարողութիւնը, անսահման իշխանութիւնը, Անոր փառքը ցոյց տուող ճշմարտութիւն մըն է։ Հրաշք կա՛յ, որովհետեւ Աստուծոյ կամքը կը գործէ տիրական կերպով։

Իսկ անոնք որ «հրաշք»ի գոյութիւնը չեն ընդունիր, կը մերժեն, իրենքզիրենք կը հակասեն, քանի որ կ՚ընդունին որ ամէն արդիւնք պատճառ մը ունի, ուրեմն «հրաշք»ն ալ անպայման «պատճառ» մը ունի, եւ ո՛չ մէկ բան դիպուածի մը արդիւնքն է, ինչպէս արարչագործութիւնը պատահական, դիպուածի մը արդիւնքը չէ այլ Արարիչին՝ Աստուծոյ կամքին արդիւնքը։ Այս պատճառով պէտք է ընդունիլ, որ «հրաշք» կայ եւ ան ամէն բանի առաջին պատճառին՝ նախապատճառին, Աստուծոյ կամքին մէկ արդիւնքն է։ Եւ այս իմաստով, ո՛չ մէկ հրաշք դիպուած է՛…։

Գոց աման մը չի կրնար ջուրի աղբիւրէն օգտուիլ։ Որովհետեւ գոց ամանին մէջ ջուր չի լեցուիր. ուստի պէտք է նախ բանալ ամանը եւ յետոյ դէպի ջուրի հոսանք շիտակ բռնել զայն։

Նոյնն է պարագան «հրաշք»ի համար. նախ պէտք է հաւատալ, ապա սպասել եւ հոգեւոր աչքերով տեսնել հրաշքը, որ Աստուած կը գործէ։

Հրաշքի օրերը այլեւս անցած են, կը խորհին շատեր։ Հրաշքի շրջանը անցած չէ, չ՚անցնիր եւ ամէն օր կը պատահի։ Հրա՞շք։ Ահաւասիկ արեւը, որ միլիոնաւոր դարերէ, շրջաններէ՝ աշխարհի արարչութեան առաջին օրէն իսկ, անխափան ամէն օր կը ծագի եւ մայրամուտին կը հեռանայ, եւ ասիկա միշտ նոյն կանոնաւորութեամբ կը կրկնուի։

Ասիկա «հրաշք» մը չէ՞։

Մարդու մը կեանքի ընթացքին եղա՞ծ է օր մը, որ արեւը չծագի, արեւադարձը, արեւածագը եւ մայրամուտը չպատահի, ո՛չ միայն մարդու մը կեանքի ընթացքին, այլ ամբողջ մարդկութեան պատմութեան մէջ չէ պատահած այսպիսի դէպք մը։ Երբ երկինքը ամպով ծածկուած ըլլայ, թէեւ չենք տեսներ արեւը, բայց ան միշտ կը շարունակէ իր ընթացքը՝ ժամանակին կը ծագի եւ մայրամուտին՝ վերադառնալու պայմանով կը հեռանայ, կ՚անհետանայ…։

«Հրաշք» հասկնալ՝ հաւատալ կը նշանակէ, իսկ հաւատալ՝ հրաշքը հասկնա՛լ։ Եւ այս կէտին, անգամ մը եւս կարեւորութիւնը զգալի կ՚ըլլայ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի խօսքին. «հասկնալով հաւատալ, եւ հաւատալով հասկնալ»։

Մարդոց անհաւատութիւնն է որ մեր օրերուն կը կարծուի, թէ հարշք չի պատահիր։ Հրաշք կը պատահի, բայց անհաւատութեան պատճառով մարդիկ չեն անդրադառնար հրաշքին։ Եւ այս ճշմարտութիւնը կը տեսնուի շատերու կեանքին մէջ։

Յիսուսի կատարած նշանները՝ հրաշքները կը հաւաստիացնեն, թէ Հայրը առաքեց զԻնք։ Անոնք կը հրաւիրեն հաւատալու Յիսուսին։ Ան հաւատքով Իրեն դիմողներուն խնդրանքը կը կատարէ։ Հրաշքները իրենց հերթին կը զօրացնեն հաւատքը դէպի Ան, որ Իր Հօր գործերը կը կատարէ. հրաշքները կը վկայեն, թէ Ինք Աստուծոյ Որդին է։ Անոնք չեն եղած երբեք գոհացում տալու սին հետաքրքրութեան եւ մոգական ցանկութիւններու։

Յիսուս սակայն չեկաւ այս աշխարհէն ամէն չարիք վերացնելու, այլ մարդը ազատագրելու ամենածանր ստրկութենէն, որն է մեղքին ստրկութիւնը, որ մարդը կը կաշկանդէ եւ կը հեռացնէ Աստուծմէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 20, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2020