ՀԱՐՈ՞ՒՍՏ ԹԷ ՈՒՆԵՒՈՐ

Ներկայ ընկերութիւնը յստակ տարբերութիւն կը դնէ հարուստ ըլլալուն եւ հարուստ երեւելուն միջեւ, որովհետեւ ամէն հարուստ երեւցող չէ որ իրապէս հարուստ կրնայ ըլլալ եւ ասոր հակառակ ամէն հարուստ չէ որ իրապէս հարուստ կ՚երեւի։ Երեւոյթը մարդուն մօտ միշտ ալ խաբուսիկ կրնայ ըլլալ։ Այնպէս ինչպէս տխուրը ուրախ, մեղաւորը՝ անմեղ կրնայ երեւիլ, մեր օրերուն ալ մարդիկ կրնան հարուստ երեւիլ՝ առանց հարուստ ըլլալու, մոռնալով որ մեծ է տարբերութիւնը ըլլալուն եւ երեւելուն։

Այդ երեւոյթի հիւանդութիւնը մարդ արարած կ՚ունենայ, որովհետեւ ներկայ ընկերութիւնը երեւոյթին կարեւորութիւն կու տայ։ Յաջողած ըլլալու արժեչափը երեւոյթին մէջ գտնել կը փորձեն եւ մերօրեայ մարդը հակառակ իր ձախողութիւններուն յաջողած երեւելու ախտէն կը տառապի։

Յաճախ անինքնավստահ մարդն է որ երեւոյթով ինքզինք «փաստել» կը փորձէ, մինչ իսկական հարուստ մարդը այդ մէկը ընելու կարիքը չի զգար, որովհետեւ իսկական հարուստը իր յաջողութիւններով, իսկ կեղծը իր ունեցուածքով ու ոսկիներով կ՚ուզէ մարդոց գնահատանքին արժանանալ։ Նման նիւթեր վերջին տասնամեակին առաւել եւս ուշադրութիւն գրաւեց, որովհետեւ մարդիկ սկսան տեսնել աշխարհի ամենէն հարուստ մարդոց պարզութիւնն ու խոնարհ ընթացքը, մինչ անդին անոնց ունեցուածքին փոքր մասին տէր չեղողներուն կեղծ երեւութապաշտութիւնը։ Այսօր աշխարհի մէջ շատ կարելի է տեսնել միջին դասակարգի մարդիկ, որոնք իրենց վիզերն ու մատները կը զարդարեն ոսկիներով ու ադամանդներով, մինչ իրենցմէ շատ աւելի ունեւորներ հեռու կը մնան այդ ցուցադրութենէն։

Կարելի չէ մեղադրել սակայն առաջինները, որովհետեւ մենք սովոր ենք գիրք մը իր կողքէն դատել՝ առանց անոր խորքը ճանչնալու։ Այս տարբերութիւններուն համար է որ այսօր աշխարհը յստակ տարբերութիւն մը կը դնէ հարուստին եւ ունեւորին միջեւ, որոնք խորքին մէջ նոյնը ըլլալ կը թուին, սակայն իրարմէ ամբողջութեամբ տարբեր են։

Տարբերութիւնը հետեւեալ օրինակով պարզեմ. Յակոբը ունի ամենէն նոր ինքնաշարժներէն մէկը, ձեռքին կայ ամենէն սուղ հեռաձայններու ոսկեղէնները, սակայն այս բոլորը ունենալու համար ամսական դրութեամբ պարտք կը վճարէ։ Անդին Լեւոնը ունի աւելի համեստ ինքնաշարժ եւ արտաքին մը, սակայն զուրկ է պարտքէ եւ աւելի գումար ունի մէկտեղած քան Յակոբը։ Մեր աչքին բնականաբար Յակոբը աւելի ունեւոր ու յաջողակ անձ պիտի երեւի, որովհետեւ մենք երեւոյթն է որ կը դատենք։ Տարեկան դրութեամբ 200 հազար ամերիկեան տոլար շահող անհատը եթէ իր շահածին չափ ծախս ունենայ, ան պարզապէս կրնայ հարուստ երեւիլ եւ հարուստ չըլլալ։

Շատեր կը շարունակեն աղքատ մնալ, որովհետեւ երեւոյթին կարեւորութիւն կու տան։ Օրինակը բերենք Հայաստանէն։ Ամսական 200-250 տոլար շահող երիտասարդ մը պարտքով կը վերցնէ 1.300 տոլար արժող հեռախօս մը եւ տոկոսներով միասին ամբողջ տարի մը իր աշխատավարձը հոն կը տրամադրէ։ Այս մէկը յանձն կ՚առնէ, պարզապէս որպէսզի մարդիկ իր մօտ տեսնեն արժէքաւոր հեռախօս մը, մինչ իմաստուն մարդիկ կը նախընտրեն աւելի համեստ հեռախօս մը՝ տարեվերջին որոշ գումար մը մէկտեղած ըլլալու համար։ Այսօր Հայաստանի մէջ շատեր կան, որոնք վարձով կ՚ապրին, սակայն տունի մը արժէքը ունեցող ինքնաշարժներ կը վարեն։

Հաւանաբար սխալը դարձեալ դպրոցներէն կը սկսի, որովհետեւ դպրոցին մէջ աշխարհի համար կարեւորութիւն ներկայացնող դրամին մասին ոչ մէկ բան կը բացատրուի եւ հետեւաբար բոյն կը դնէ մարդկային սխալ մտածողութիւնն ու երեւութապաշտութիւնը։

Վերջին երկու տարիներուն համացանցի մէջ նշանաւոր դէմք դարձած անձնաւորութիւն մը շնորհիւ իր ունեցած ինքնաշարժներուն ու ցուցադրութիւններուն յաջողած է իր շուրջ հաւաքել աւելի քան 100 հազար երիտասարդներ՝ «յաջողութեան գաղտնիք»ը սորվեցնելու պատրուակով, որովհետեւ այդ երիտասարդները երեւոյթէն կը խաբուին եւ այդ մէկը յաջողութիւն կը կարծեն։

Երկու տեսակի հարուստներ գոյութիւն ունին. կայ հատուած մը, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ գումար վաստակելու համար եւ իր բոլոր նպատակը այդ կ՚ըլլայ, անդին կայ հատուած մը լաւ գործ ընելու կը միտի եւ գումարը ինքնաբերաբար կու գայ։ Այլ խօսքով՝ հարուստներն են որ դրամի ետեւէն կը վազեն, իսկ ունեւորները լաւ գործ ընելու վրայ կը կեդրոնանան, հաւատալով որ լաւ գործը արդէն իսկ նիւթապէս կը վարձատրուի։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -102-

Եկեղեցական եղած ժամանակ որոշեցինք կազմակերպել պատանիներու համար հոգեւոր բանակում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 200 մանուկներ։

Այդ ծրագիրին իրագործման համար անհատներ ինքնակամ բարերարութիւն ընել ուզեցին։ Օր մը մօտեցաւ կին մը՝ ոսկիներով ու մանեակներով զարդարուած, արտաքինով հարուստի տպաւորութիւն ձգող եւ բանակումին համար կատարեց 50 տոլարի նուիրատուութիւն մը։

Օր մը ետք համեստ արտաքինով Ալիս անունով կին մը մօտեցաւ. արտաքնապէս շատ պարզ ու համեստ հագուածքով եւ ուզեց 4 հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարել։

Ահաւասիկ, հարուստին եւ ունեւորին տարբերութիւնը։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2022