ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԲՈՂՋ ՄԸՆ Է
Բնութիւնը օժտած, յարմարցուցած եւ կարգաւորած է ամբողջ կենդանութիւնը եւ բուսականութիւնը յատուկ ատակութիւններով եւ զարմանալի մեքենականութեամբ, իր կեանքը տեւականացնելու համար։ Արդարեւ, երբ տակաւին մարդը գոյութիւն չունէր, բուսականութիւնը գոյութիւն ունէր։ Եւ այս բուսական աշխարհը ստեղծած, մշակած են բնութեան մշակները։ Հազարամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունեցեր են այդ բնութեան մշակները։ Բնութիւնը, արդարեւ, մա՛յր է եւ բուսական աշխարհը՝ զաւակ, եւ ասիկա ինքնագոյատեւման հրաշալի՜ օրինակ մըն է։ Հրաշալի՜ երեւոյթ մըն է բնութեան եւ բուսական աշխարհի փոխյարաբերութիւնը։
Մարդ չի կրնար մրցիլ բոյսերու բեղմնաւոր աճման հետ։ Եթէ մարդիկ ալ աճէին բոյսերու աճման համեմատութեամբ, այն ատեն տարիներու, դարերու ընթացքին՝ ո՛չ թէ մարդուս ապրած այս երկիրը, այլ նաեւ՝ արեգակնային դրութեան բոլոր մոլորակները բաւական պիտի չըլլային պարունակելու համար աւագաթիւ մարդկութեան։ Ուստի բնութեան հրաշալի կարգադրութիւնը ստեղծած է այս ներդաշնակութիւնը։
Բայց բնութիւնը իր արգելական դրութիւնը ունի։
Զանազան տեսակի բոյսեր իրենց հունտերը անհամար միլիոններով կ՚արտադրեն, սակայն անոնցմէ բաղդատաբար աննշան մէկ մասն է, որ անարգել իր նպատակին կը ծառայէ, հոն՝ ուր ինկած է, հոն արմատ կ՚արձակէ, կրնայ պաշտպանուիլ իր մատղաշ կեանքին սպառնացող ամէն տեսակ վտանգներուն դէմ, եւ վերջապէս, երկար տարիներու ընթացքին չափահասութեան հասնիլ եւ իր տեղը գրաւել պատկառելի բնութեան մէջ՝ միւս բոյսերու շարքին։ Եւ ասիկա կ՚իրականանայ հրաշալի՜ ներդաշնակութեան մը մէջ՝ բնութեան անտիպ օրէնքին տրամադրութեան տակ։
Բնութեան այս հրաշալի տնտեսութեան մէջ աստուածային իմաստութիւն կայ, աննման եւ անբաղդատելի մարդկային իմաստութեան՝ որ շատ յաճախ «յիմարական» է, չըսելու համար՝ սատանայական։ Բնութիւնը իր օրէնքները ունի, ան ունի նաեւ այդ օրէնքներու գործադրիչ ուժը։ Զոր օրինակ, իր հովերը իբրեւ աւել կը գործածէ, իր սառնամանիքը՝ իբրեւ դահիճ, իր հեղեղները՝ իբրեւ մեռելակառք՝ փոխադրելու համար հունտեր՝ անհաշուելի թօներով՝ եւ խեղդելու զանոնք աղի կծու ովկիանոսին անյատակ փորին մէջ։
Բնութեան ետին Աստուծոյ իմաստութիւնը՝ միտքը կայ։ Այս ճշմարտու-թիւնը մերժողին եւ ուրացողին կ՚իյնայ պատասխանատուութիւնը՝ ապացուցանելու իր տեսակէտը թէ չկայ։
Էականը գոյութիւն ունենալն է, իսկ բացառութիւնը՝ անգոյ ըլլալը՝ գոյութիւն չունենալը։ Արդարեւ, եթէ արդիւնք մը կայ, ապա ուրեմն անպայմա՛ն «պատճառ» մը կայ։ Որովհետեւ առանց պատճառի արդիւնք չըլլար։ Եւ մեր շուրջ, ամէնուրեք «արդիւնք»ներ կը գտնուին՝ ամէն երեւոյթ, եւ բնութիւնը ինք իսկ «արդիւնք» է եւ ունին «պատճառ» մը՝ Արարիչը՝ Աստուած։
Եթէ մարդ ալ՝ ո՛չ թէ կիսովի, այլ՝ տասը տոկոսով հնազանդ եւ հաւատարիմ ըլլայ Աստուծոյ կամքին որքան է բնութիւնը, այս աշխարհը մէկ օրէն միւսը կը վերագտնէ իր դրախտային այն երանութիւնը՝ զոր, աւա՜ղ, կորսնցուցած է։
Բայց մարդկային ամբարտաւանութիւնը եւ ինքնիրմով հպարտութիւնը արգելք է այսօր՝ եւ ինչպէս միշտ եղած է։ Մարդիկ ընդհանրապէս կ՚ըսեն. «Աստուած ի՞նչ գործ ունի մեր կեանքին մէջ. մենք ենք, մեր 21-րդ դարու քաղաքակրութիւնովը, մեր ճակատագրին տէրը»։
Եւ ի՞նչ է այդ ճակատագիրը, եթէ ոչ միայն Աստուծոյ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագիրը եւ կամքը։ Աստուած՝ Արարիչ եւ Ամենախնամ հոգեւոր վերափոխութեան գործադրողն է. Ան Իր հոգիին լոյսը կը մաղէ մարդուս հոգիին մէջէն եւ ահա՛, ի՜նչ հրաշք, մարդուս մէջ Իր իսկ երեսին պատկերին ոսկեփայլ տիպարը։ Աստուծոյ լոյսն է, որ կը գործէ այս հրաշալիքը։ Մարդ Աստուծոյ այդ հոգեփոխիչ լոյսին կարօտ է. մարդ ինքն իրեն անբաւական է, եւ անօգնակա՛ն։
Բայց, մարդ, դժբախտաբար կը յաւակնի ինքնաբաւ ըլլալու, եւ անտեղի կը հպարտանայ, սնափառութեամբ եւ փառամոլութեամբ միայն ինքզինք կը խաբէ։
Տիեզերքի Ստեղծիչը՝ Արարիչն է Աստուած։ Նայեցէ՛ք բնութեան, նայեցէ՛ք տարուան որեւէ մէկ եղանակին, հարց չէ թէ ո՛ր մէկը, եւ վերցուցէ՛ք ձեր աչքերը դէպի երկնակամարը՝ որ ձեր տեսողութեան հորիզոնները կը կափարիչէ, եւ մէկ հիացիկ վկայութիւն մը պիտի թռչի ձեր շրթներէն. «Ա՜հ, աս ի՜նչ անբաղդատելի, աննկարագրելի արարիչ մը եւ արուեստագէտ մըն է Աստուած, որ իմաստութեամբ կը ստեղծէ ամէն ինչ»։
Միայն մեր սա մոլորակին ճարտարագործութիւնը, իր ամենայետին մանրամասնութենէն սկսեալ, իր նըր-բակերտութեամբ կը սահմռկեցնէ մեզ։ «Ո՜վ Տէր, ի՛նչ փառաւոր է Քու անունդ բոլոր երկրի վրայ…։ Արդարեւ, ի՛նչ որ կը տեսնենք՝ Անոր փառքը կը պատմէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024