ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԵԶՐԸ - Ա -

Մեր նախորդ խորհրդածութեան մէջ, Յայրոսի պատմութեան մէջ մատնանշեցինք մանաւանդ վստահութեան կարեւորութիւնը, եւ վստահութեան տեւականութեան եւ յարատեւութեան անհրաժեշտութիւնը՝ ապահով կեանքի մը գոյութեանը համար։

Վստահութեան ամենակարեւոր բանաձեւն է՝ չվախնալ եւ միայն հաւատալ, ըստ Յիսուսի խօսքին թէ՝ «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛»։

Յայրոսի ալ ամենէն աւելի պէտք էր լսել այդ խօսքը՝ թէ պէտք չէ՛ վախնայ, այլ միայն հաւատայ, երբ իր աղջկան մահուան լուրը տուին իրեն։ Ան պէտք ունէր մխիթարանքի խօսքի մը, որ քաջ ըլլար այդ պահուն եւ չկորսնցնէր յոյսը, հաւատար եւ վստահէր։ Այդ ուրիշ խօսք չէր կրնար ըլլալ, եթէ ո՛չ.

«Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛»։

Արդարեւ եթէ յոյս չըլլայ, ապա ի՞նչ կը մնայ մարդուս։ Եթէ լոյս չըլլայ, ի՞նչ կրնայ ընել մարդ մութ եւ խաւարին մէջ։ Ուստի մարդուս մէջ յոյսին լոյսը պէտք է միշտ վա՛ռ մնայ։

Արդարեւ Առաքեալը հաւատքի մասին սապէս կ՚ըսէ. «Ի՞նչ է հաւատքը։ Հաւատք՝ կը նշանակէ վստա՛հ ըլլալ այն բաներուն՝ որոնց կը յուսանք, եւ համոզուա՛ծ ըլլալ այն բաներուն՝ որոնք չեն երեւիր» (ԵԲՐ. ԺԱ 1)։

Ուրեմն, յոյսի վրայ վստա՛հ ըլլալ, զօրաւոր հաւատք ունենալ եւ չտարակուսիլ։

Այն մարդը, որ անկում կ՚ունենայ, եթէ հաւատք ունի, դարձեալ կրնայ կանգնիլ, քանի որ վստահ է, որ ան պիտի վերադառնայ իր կանգուն եւ առողջ վիճակին։ Զոր օրինակ, կորուստներ, ընդհանրապէս հաւատքի եւ վստահութեան կորուստի ալ պատճառ կը դառնան՝ կորսնցնել, մինչդեռ, չի նշանակեր որ դարձեալ պիտի չգտնուի, յաւիտեան կորսուած պիտի մնայ կորսուածը։ Բայց եթէ հաւատքը եւ վստահութիւնը կորսնցնէ մարդ, այլապէս ամէն ինչ կոր-սընցնելու վտանգը կը սպառնայ իրեն։ Հաւատք, յոյս եւ վստահութիւն կորսնցել՝ ամէն արժէք, ամէն զօրութիւն կորսնցնել կը նշանակէ արդարեւ։ Մարդ առանց յուսալու եւ վստահելու չի՛ կրնար ապրիլ։

Ուրեմն, մենք վերադառնանք Յայրոսի պատմութեան։ Երբ լսեցին բոլորը Յայրոսի աղջկան բօթը, հետաքրքիր հետեւեցան Յիսուսի, որ վստահ կերպով կը յառաջանար դէպի Յայրոսի տունը՝ ուր էր աղջիկը։ Մեծ հետաքրքիրներու բազմութիւն մըն ալ հետեւեցաւ իրեն։ Թէ՛ աղջկան մասին, եւ թէ՛ մանաւանդ Յիսուսի մասին, թէ ի՛նչ պիտի ընէ, ինչպէ՞ս պիտի դիմաւորէ երեւոյթը, հետաքրքիրները հետզհետէ կ՚աւելնար։ Եւ այսպէս, մեծ բազմութեան մը ընկերակցութեամբ Յիսուս եւ Յայրոս հասան տուն։

Երբ տուն մտան, Յիսուս չթողուց որ բազմութիւնը իրենց հետ աղջկան սենեակը մտնէ։ Արդարեւ, հետաքրքիրը եւ հաւատացեալը պէտք է զատել իրարմէ՝ ամէն հետաքրքիր հաւատացեալ չի կրնար ըլլալ։ Այս պատճառով, Յիսուս շատ մօտ չէր հետաքրքիրներու, որոնց նպատակը միայն իրենց հետաքրքրութիւնը գոհացնել էր եւ ոչ թէ օգնել, օգտակար գործ մը կատարել։

Այս իսկ պատճառով, Յիսուս, աղջկան սենեակ չթողուց որ մտնեն ուրիշներ, բայց միայն Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս եւ աղջկան հայրն ու մայրը։

Տան մէջ գտնուողներ, բոլորն ալ կու լային եւ կ՚ողբային, մանաւանդ վարձկան լալկանները՝ վճարումի փոխարէն՝ արհեստով ննջեցեալի վրայ լացող կիները։

Այս տեսնող Յիսուս անոնց ըսաւ. «Մի՛ լաք, աղջիկը մեռած չէ, այլ կը քնանայ» (ՂՈՒԿ. Ը 52)։ Յիսուս մօտ չէր հետաքրքիրներու, կամ ի ցոյց ամէնուն լացողներու, քանի որ անոնց կը պակսէր անկեղծ եւ իսկական հաւատքը։ Ուրեմն հեռացուց այդ բոլորը։

Հոս պահ մը անդրադառնանք իրողութեան մը՝ Յիսուս սենեակ մտաւ վեց հոգիի հետ՝ Պետրոս, Յակոբոս, Յովհաննէս, աղջկան մայրը եւ հայրը. իսկ ներսը կար անշուշտ հիւանդ աղջիկը եւ Ի՛նք՝ Յիսուս։ Այս բոլորին թիւն էր՝ եօթը։ Յիշենք, թէ Աստուած վեց օրէն ստեղծեց ամբողջ տիեզերքը՝ առաջին հինգ օրեր աշխարհը, բնութիւնը, վեցերորդ օրը՝ մա՛րդը, եւ եօթներորդ օր հանգստացաւ։

Արդ, տեսնենք, թէ աղջկան սենեակը քանի՞ հոգի կար. Պետրոս, Յակոբոս, Յովհաննէս, աղջկան հայրը եւ մայրը՝ հինգ, որ կը համապատասխանէ ստեղծագործութեան առաջին հինգ օրերուն՝ հինգ հազար տարուան, աղջիկը՝ վեց, վեցերորդ օրը՝ որ մարդը ստեղծեց Աստուած եւ եօթներորդը՝ Յիսուս, որ ստեղծուածը վերակենդանացո՛ւց։ Արդարեւ, Յիսուս, Ադամի արարչութենէն 6000 տարի վերջ ծնաւ՝ աշխարհ եկաւ։

Հրաշքներ միշտ կը պատահին, եւ կ՚անդրադառնան միայն անոնք՝ որ հաւատք ունին։

Շատեր կ՚ըսեն, թէ մեր օրերուն ինչո՞ւ հրաշք չի պատահիր։ Իրականութեան մէջ հրաշքը միշտ կը պատահի, հրաշագործութիւնը երբեք չի դադրիր, քանի որ կեանքը ինքնին հրաշք մըն է եւ ամէն պահ, որ կ՚ապրուի հրաշք է, քանի որ կեանքը անա-կընկալներով լեցուն է, եւ միշտ անծանօթ եւ անորոշ է ապագան, եւ ուրեմն ամէն անծանօթ որ կը յայտնուի՝ ատիկա իրապէ՛ս հրաշք մըն է։ Եւ ուրեմն, կարելի չէ՛ ըսել, թէ այսօր հրաշք չի կատարուիր։ Երբ մարդ հաւատքի հոգեւոր աչքով դիտել գիտնայ իր շուրջը, պիտի տեսնէ, թէ ամէն օր, ամէն պահ հրաշք կը պատահի։

Յիսուս ծածուկ կերպով կատարեց Յայրոսի աղջկեան բժշկութեան հրաշքը, քանի որ հրաշքը հետաքրքրութիւն ստեղծելու համար չէ որ կը կատարուի, այլ հաւատք արթնցնելու համար, հրաշքի միջնորդութեամբ, հաւատացողներու հաւատքը զօրացնելու, աւելի եւս հաստատելու եւ Աստուծոյ ներկայութեան անդրադարձնելու համար հաւատացեալը մանաւա՛նդ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 6, 2017, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017