ԾԱՆՕԹ ԵՒ ԱՆԾԱՆՕԹ ԳՐՈՂՆԵՐԸ

Նոյն բարեկամը դարձեալ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ համար անցեալին ունեցած ենք Պարոնեան, Օտեան, Օշական եւ բազմաթիւ ուրիշներ, իսկ այսօր չունինք անոնց նման անուանի, յայտնի գրողներ. ի՞նչն է պատճառը այդ երեւոյթին: Այսօր չկա՞ն գրողներ:

Պատասխանին սկսիմ հետեւեալ ձեւով. երգիչը երգիչ դառնալու համար պէտք է ունկնդիր ունենայ, դերասան մը դերասան դառնալու համար պէտք է իր հանդիսատեսը ունենայ, իսկ գրող մը գրող դառնալու համար՝ իր ընթերցողը: Այնպէս ինչպէս երգիչը երբ առանց հանդիսատեսի ելոյթ ունենայ փակ սրահի մը մէջ իր տաղանդին ու շնորհքին մասին անտեղեակ կ՚ըլլան մարդիկ, նոյնպէս ալ գրողներու պարագային, որովհետեւ գրողը գրելէ աւելի կարդացուելով է որ գրող կը դառնայ:

Երբ կը խօսինք Օտեան, Պարոնեան եւ Օշական եւ անոնց նման բազմաթիւ գրողներու մասին, պէտք է նկատի ունենանք անոնց ապրած ժամանակաշրջանն ու մերը: Անցեալին, երբ արուեստագիտութիւնը զարգացած չէր ինչպէս այսօր, երբ չկար հեռուստացոյց, ձայնասփիւռ ու համացանց, մարդոց ամենէն մեծ ժամանցն ու զբաղումն էր մամուլի ընթերցանութիւնը: Հակառակ այս իրողութեան, այդ ժամանակուան համար եւս ընթերցողներու թիւը բաւարար չէր. երբ ուսումնասիրենք հայ մամուլի կեանքն ու գրողներու յիշատակութիւնները, պիտի տեսնենք, թէ հարիւր հազարը գերազանցող գաղութի մը մէջ օրական 800 թերթ միայն կարելի կ՚ըլլար հրատարակել ու ծախել:

Մատենագէտ, լեզուաբան ու պատմագէտ Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեան «Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր» աշխատութեան մէջ խօսելով Պարոնեանի, Օշականի եւ նման ուրիշ գրողներու ժամանակաշրջանին մասին կը գրէ. «Իրենց օրապահիկը դժուարաւ ապահովող հայ աշխատաւորն ու գործաւորը յաւելեալ դրամը չունէին մամուլի յատկացնելու». Տէր-Խաչատուրեան այդ ժամանակուան ընթերցողներու պակասը կը վերագրէ նիւթական տուեալներու, սակայն այսօր պատկերը հակառակն է ամբողջութեամբ. հայ մամուլը զանազան ձեւերով անվճար կը հրամցուի հանրութեան, սակայն դարձեալ նոյն պակասն է որ կը տեսնենք:

Այդ ժամանակ, երբ մամուլը միակ զբաղումն էր ու ունէր ընթերցողներու պակաս, այսօր ինչքա՞ն աւելիով պակսած պիտի ըլլայ անոնց թիւը. եւ այդ է մամուլի դժբախտ պատկերը, որովհետեւ մենք օրն ի բուն կը գրենք, նոյնիսկ առանց գիտնալու կը կարդացուին մեր գրութիւնները թէ ոչ:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ ամէն օր լոյս կը տեսնէ «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր» բաժինը, ուր օրական դրութեամբ կը ներկայացուի հայ գործիչի մը կեանք ու գործունէութիւնը։ Անոնցմէ շատեր գրողներ, բանաստեղծներ ու մտաւորականներ են, որոնք կը շարունակեն մեզի անծանօթ մնալ, սակայն իրենց անծանօթութիւնը իրենց արուեստին տկարութեան պատճառը չէ: Այնպէս մը չէ՛ որ անոնք լաւ գրողներ չեն եղած, հետեւաբար ներկայիս այնքան ճանաչելիութիւն չունին ինչքան ուրիշներ:

Անցեալի հեղինակներէն մէկը խօսելով իր ժամանակաշրջանին մասին կ՚ըսէ. «Այսօր մամուլը կ՚իշխէ միտքերուն ու հոգիներուն», որովհետեւ մամուլը ժամանցէ մը աւելի դպրոց էր մարդոց համար, միտքի ու հոգիի զարգացման ու բիւրեղացման դաշտ մը: Այսօր ինչո՞ւ չի կրնար իշխել. պատճառը անոր տկարացո՞ւմն է. չե՛նք կարծեր: Պարզապէս մարդկութիւնը իր միտքի ու հոգիի իշխանութիւնը տուաւ ուրիշներու, որոնք շատ անգամ միտքն ու հոգին ազնուացնելէ եւ կոփելէ աւելի կործանարար դեր մը ունեցան ընկերային կեանքէ ներս:

Վերջերս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակիցներէն մէկուն հետ բուռն սէրը ունեցանք կարդալու Վահրամ Մավեանի ամբողջական գործերը. կատարեալ գլուխ գործոց մը, որ կարելի է կարդալ մէկէ աւելի անգամներ ու նոյն համն ու յափշտակութիւնը ունենալ: Հայրենիքի մէջ բազմաթիւ անգամ առիթ ունեցայ մարդոց հարցնելու, թէ կը ճանչնա՞ն Մավեանը. տակաւին հայրենիքի տարածքին ճանչցող մը չգտայ: Մավեան աւելի պակա՞ս գրող է քան Պարոնեան, Օտեան կամ Օշակա՞ն. երբե՛ք: Կարդացէք եւ պիտի փաստէ՛ք:

Այսօր մենք մեր նոր սերունդին Օտեան, Պարոնեան, Օշական կամ Րաֆֆի կարդացնելու դժուարութիւնը ունինք. նոր սերունդէն շատեր այդ տիտանները պարզապէս անունով կը ճանչնան, սակայն անծանօթ են անոնց գործերուն: Իր մեծութիւններուն հանդէպ նման անտարբեր սերունդի մը երբ չես կրնար Օտեան կարդացնել, ինչպէ՞ս պիտի համոզես, որ կարդան Մավեան, կարդան Մ. Իշխան եւ բազմաթիւ այլ մեծ դէմքեր, որոնք կորսուելու դատապարտուած են:

Կասկածէ վե՛ր է, թէ անոնք պիտի սիրեն այդ բոլորը անգամ մը եթէ կարդան. մինչեւ օրս Մավեանէն մէկ գրութիւն կարդալ կ՚որոշեմ, սակայն նուազագոյնը 5-6 գրութիւն կը կարդամ, որովհետեւ կը գրաւէ քեզ եւ մի՛շտ աւելին կ՚ուզես կարդալ:

Վերոյիշեալ բոլոր ազդակները պատճառ կ՚ըլլան, որ մարդիկ կամաց կամաց խուսափին գրելէ եւ հեռու մնան գիր-գրականութենէն: Անցեալին՝ 1800-ական թուականներուն Պոլսոյ մէջ վարժապետին կամ մամուլի գործով զբաղուող անձի մը աղջիկ չէին տար, անարգ աչքով կը նայէին, սակայն կը կարդային՝ թէեւ նոյն այդ գրողը անօթի կը մեռնէր: Այսօր հակառակն է պատկերը. գրողն ու մտաւորականը արժէք կը ներկայացնեն մեզի համար, սակայն չենք կարդար:

Տարօրինակ է աշխարհը: Հետեւաբար, սիրելի բարեկամ, այսօր ալ Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին ունինք բազմաթիւ գրողներ ու մտաւորականներ, որոնք մեծութիւններ են, սակայն տրուած են մոռացութեան: Անոնք հողին տակ թաղուած չգտնուած ոսկիներ են. անծանօթ մարդկութեան: Սակայն հողին տակ գտնուող ոսկիին արժէքը տարբեր չէ՛, գտնուած են. երկուքն ալ կը մնան ոսկի, երկուքն ալ կը մնան արժէք:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԼԵՒՈՆ ԵՐԱՄԵԱՆ
(1893-1938)

Մեր թուականէն 83 տարիներ առաջ՝ Պաքուի մէջ մահացած է հայ դերասան եւ բեմադրիչ Լեւոն Երամեան:

Երամեան ծնած է 21 դեկտեմբեր 1893-ին, Թիֆլիզի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Ներսիսեան վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1909 թուականին: Երամեանի դերասանական կեանքը սկիզբ առած է 1910 թուականին. ան բեմ բարձրացած է Ամօ Խարազեանի, Արմէն Արմենեանի եւ Օվի Սեւումեանի խումբերուն հետ միասին: Այնուհետեւ ընդունուած է  «Նոր Տրամա» թատրոն, միաժամանակ աշխատելով որպէս հաշուապահ եւ ապա ուսուցիչ Զանգեզուրի, Էրզրումի եւ Սարիղամիշի մէջ: Երամեան իր բարձրագոյն ուսումը ստանալու համար մեկնած է Սեն Փեթերսպուրկ՝ 1916 թուականին, իսկ 1926 թուականին մեկնած է Փարիզ: Դերասանը 1928-1938 թուականներուն մաս կազմած է Պաքուի հայկական թատրոնին, որ դերասանի մահէն ետք ստացած է անոր անունը: Երամեան եղած է նաեւ Պետրոս Ադամեանի անուան թատերախումբի հիմնադիրներէն մին:

Երամեան ներկայացուցած է բազմաթիւ դերեր, որոնցմէ են Շիրվանզատէի «Նամուս»ի Սէյրանի, Դ. Տէմիրճեանի «Դատաստանի» Թովմասի, Գ. Սունդուկեանի «Պէպօ»ի Պէպոյի, Նար-Դոսի «Սպաննուած Աղաւնի»ի դուսեանի դերերը եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Դերասանութեան կողքին զբաղուած է նաեւ թարգմանութեամբ, հայերէնի վերածելով օտար գրողներու թատրերգութիւններ, որոնք իր բեմադրութեամբ կեանքի կոչուած են:

Դերասանութեան կողքին Երամեան կատարած է բազմաթիւ բեմադրութիւններ, ներկայացնելով Սենկեւիչի «Հո՞ երթաս»ը, Սումպատովի «Դաւաճանութիւնը» եւ ուրիշներ:

Շնորհիւ իր տաղանդին, Երամեան արժանացած է Ատրպէյճանի ժողովրդական արուեստագէտի կոչումին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021