ԴՐԱՄԻ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԸ
Յաճախ կը լսուի սա խօսքը, թէ՝ դրամը միջոց մը, առարկայ մըն է միայն եւ ո՛չ՝ նպատակ։ Բարոյագէտներ եւ կրօնաւորներ ալ նոյնը կ՚ըսեն։ Եւ իսկապէս ալ այդպէս է. դրամը, պարզապէս, նպատակի մը հասնելու համար միջոց մըն է։ Այս առումով դրամը «գէշ» կամ «լաւ» բան մը չէ, չէզոք հանգամանք մը ունի եւ իր գործածութիւնը կախում ունի զայն գործածող անձէն։ Ուրեմն, դրամը բարի է, եթէ կը գործածուի բարի նպատակի մը հասնելու համար, եւ գէշ, չար է, եթէ չար նպատակի մը առարկան եղած է։ Եթէ, զոր օրինակ, ծարաւի մէկու մը դրամ կը տրուի ջուր առնելու համար, դրամը լաւ է՝ բարի եւ օգտակար. իսկ եթէ ոճիր գործելու համար ատրճանակ գնելու առարկայ մը ըլլալով կը ներկայանայ, այն ատեն դրամը չա՛ր է։
Ինչպէս ամէն բանի մէջ, դրամի հարցին ալ կանխակալ ըլլալ սխալ է։ Բանի մը մաիսն վճիռ արձակելէ առաջ պէտք է քննարկել, դատել, որոշել եւ յետոյ վճռել։ Կանխակալ ըլլալ մարդս կ՚առաջնորդէ ամլութեան, անաշխատութեան եւ զայն կը վերածէ պարզապէս մեքենայի մը՝ որուն շարժումը կախում ունի զայն գործածող անձէն։ Կանխակալութիւնը իր հետ կը բերէ յետամնացութիւնը՝ ծայրայեղ եւ վտանգաւոր, եւ նոյնքան վնասակար պահպանողականութիւնը եւ խիստ օրինապաշտութիւնը։ Արդարեւ, կանխակալ մէկը տարբերութիւն չունի մարմարեայ արձանէ մը, կամ լարուած՝ մարդու մը կողմէ ծրագրուած ծրագրի մը համաձայն շարժող մեքենայէ մը։ Ո՛չ արձանը եւ ո՛չ ալ մեքենան չեն մտածեր, չեն խորհիր եւ չեն խօսիր. միայն իրենց սահմաններուն մէջ կը մնան եւ անշարժութեան մէջ կը շարունակեն գոյատեւել։ Կանխակալ մարդը որեւէ արդիւնաբերութեան ենթական չի կրնար ըլլալ՝ ո՛ւր որ էր, հոն կը մնայ եւ դատապարտուած անգործութեան, անտարբեր բոլոր յառաջդիմութիւններու, դրական զարգացումներու, գրեթէ անկենդան, ինքն իր մէջ կ՚ապրի կեանք մը՝ որ «կեանք» ըսել նոյնիսկ կարելի չէ։
Անհանդուրժողութիւն, անհամբերութիւն, անհասկացողութիւն, անհամակրութիւն եւ բոլոր բացասական, ժխտական ապրումները կը հաւաքուին եւ կը միանան կանխակալ մարդուն վրայ, եւ ասոնց վրայ կը բարդուին նաեւ նախապաշարումներ։
Ամէն դարու համար վտանգաւոր տարրեր եղած են կանխակալ եւ նախապաշարումերու գերի դարձած մարդիկ՝ որոնք միշտ արգելք հանդիսացած են յառաջդիմութեան, բարեփոխութեան եւ մտային զարգացման։
Կանխակալ մարդուն համար դրամը «չար» եւ «գէշ» առարկայ մըն է։ Եւ այդ համոզումը երբեք չի փոխուիր՝ կանխակալ մարդուն քով, որովհետեւ կանխակալութիւնը գերի է դարձուցած զինք իր համոզումներուն։ Ան կը ծառայէ միայն իր համոզումին ամենայն «հաւատարմութեամբ» եւ յամառօրէն։ Փոքր լծակով մը կարելի է շարժել եւ տեղափոխել հսկայ ժայռ մը, բայց ո՛չ մէկ ուժ, ո՛չ մէկ գործիք կարող կ՚ըլլայ փոխել կանխակալ մարդու մը համոզումը, եւ կարելի չ՚ըլլար հասկցնել իրեն, թէ սխա՛լ է իր համոզումը…։
Դրամը աշխարհի յատուկ, աշխարհային հարստութիւն մը եւ, ինչո՞ւ չէ, ուժ մըն է։ Ան երկինքի հետ գործ չունի։ Դրամը երկինք չի ճանչնար, երկինքն ալ՝ դրամը։ Երկինքը այն ատեն դրամին հետ գործ կ՚ունենայ բացարաբար, երբ ան բարի նպատակներու հասնելու համար կը գործածուի։ Աշխարհի վրայ կան կարօտեալներ, աղքատներ, պատսպարանէ զուրկ խեղճ մարդիկ, եւ անոնց կ՚օգնէ Աստուած բարեսէր մարդոց միջոցով։ Եւ այսպէս, բարի մարդիկ կ՚ըլլան Աստուծոյ գործակատարները։
Դրամը, սակայն երբեմն մարդս կ՚առաջնորդէ չարամտութեան։ Ընդհանրապէս, շատ ունեցողը կը խուսափի, կամ զգոյշ կը վարուի դրամը տալու մէջ։ Ընդհակառակը, քիչ ունեցողը աւելի առատաձեռն կը վարուի եւ ունեցած դրամը արգելք չ՚ըլլար տալու. չէ՞ որ աւելի լա՛ւ եւ երջանկաբեր է տալը քան առնելը…։ Այս պատճառով տալու համար ո՛չ թէ շատ դրամ ունենալու է մարդ, այլ՝ սի՛րտ։ Շատ դրամ ունեցողը ընդհանրապէս կը վախնայ որ ունեցած դրամը կը սպառի, բայց սի՛րտ ունեցողը վստա՛հ է, թէ սիրտը չի մաշիր, չի սպառիր, այլ տալով, օգնելով աւելի կը զօրանայ։
Մարդ կ՚աղօթէ իրեն համար, բայց նաեւ ուրիշներուն համար, չէ՞ որ Անոր որ կ՚աղօթենք, Ան «Հայր մեր»ն է, բոլոր մարդկութեան Հայրը, ուրեմն կ՚աղօթենք, որ հոգայ մեր պէտքերը, հապա ուրեմն մենք ինչո՞ւ չհոգանք, կարեկից չըլլանք անոնց՝ որոնք կարօտեալ են։ Արդարեւ, այսպէս պէտք է հասկնալ իրաւ հաւատացեալին եւ ամենողորմ Աստուծոյ յարաբերութիւնը։ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, արդարեւ, երեք հարցերուն մէջ կը գտնէ Ս. Երրորդութեան երեք Անձերը. իւրաքանչիւրը իր կարգին կենսատու ուժով եւ մարդուն գոյապահպանման եւ գոյատեւման որպէս հոգեւոր սնունդ։ Բայց այս երեքը՝ միասնաբար իրենց էութեան մէջ «հարց» կը ներկայացնեն, այսինքն՝ Ատսուածութիւն՝ ակը եւ աղբիւրը կեա՛նքին։ Այս հարցերը հետեւեալներն են.
ա.- Գիշերային բարեկամը. (ՂՈՒԿ. ԺԱ 8-13),
բ.- Այրի կինը եւ անիրաւ դատաւորը. (ՂՈՒԿ. ԺԸ 1-8),
գ.- Տէրունական աղօթք. (ՄԱՏԹ. Զ 11), (ՄԱՏԹ. Է 7-12), (ՂՈՒԿ. ԺԱ 5-13)։
Արդարեւ, այսպիսի առաքինութիւններով զարգացած անձ մը բնազդաբար հաւատարիմ է Աստուծոյ եւ բարեկամ՝ կարօտեալին, տկարին, տնանկին եւ, միշտ պատրա՛ստ է իր դուռը բանալու, հրաւիրելու եւ ուրիշները բանալ տալու իր խնդրանքով եւ թախանձանքով առանց յետին նպատակի, առանց ակնկալութեան եւ առանց ինքնափառաբանութեան…։
Որեւէ օգնութիւն թշուառութիւն մը կը ջնջէ։ Արդէն մարդուն էական կոչումն ալ ասիկա է. իրարու օգնել, իրարու պակասը լրացնել, տկարը զօրացնել, իրարու նեցուկ կանգնիլ ամէն հարցի մէջ…։
Եւ մարդ ո՛րքան որ իր կոչումին համաձայն ապրի եւ այդ ուղղութեամբ վարուի իր նմաններուն հետ, այնքան եւ աւելի աստուածահաճոյ կ՚ըլլայ եւ Աստուած կ՚ուրախացնէ։ Ամէն գործ անշուշտ ունի իր դժուարութիւնները, սակայն հոգեւոր գործը կը պահանջէ զոհողութիւն եւ նուիրում։ Եւ ան որ կը զոհէ, կը նուիրէ՝ կը շահի՛։
Արդարեւ, հոգին այգեստան մըն է, որ կրնայ խաղողի քաղցրահամ եւ գեղատեսիլ ճիռեր եւ ողկոյզներ արտադրել բարի կամեցողութեամբ։ Աստուծոյ արքայութեան գլխաւոր մշակումը մարդուն չար կամքը բարիի փոխելն է։ Եթէ ամբողջութեամբ իրականանայ ան, այն ատեն բոլոր չար եւ ապստամբ մշակներ, փոխանակ քանդելու՝ կը շինեն, փոխանակ կողոպտելու՝ կ՚աւելցնեն, փոխանակ սպառելու եւ վատնելու՝ կ՚արտադրեն։ Մարդուն հոգեկան, իմացական եւ ձեռային ամէն տեսակ արտադրութիւնները ո՛չ թէ իրեն համար, այլ «ուրիշ»ին՝ իր նմաններուն ծառայելու, օգտակար հանդիսանալու համար են։ Եւ ասիկա հաւաքականութեան՝ ընկերութեան անշեղ տիեզերական օրէնքն է, սկզբունքն է։
«Դժուար բան է քեզի՝ խթանին դէմ աքացել»։ «Սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնամտութիւն, քաղցրութիւն, հաւատք, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն». (ԳԱՂ. Ե 22-23)։
Այս բոլորը ձեզն հետ ըլլայ սիրելի՜ բարեկամներ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 18 2022, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 04/28/2025