ԴԱՐՁԵԱԼ ՏԱՐԻ ՄԸ՝ ԱՆՀԱՒԱՍԱՐ

Հայաստանի մէջ եւ այլուր վերջին ժամանակները կատարուած շատ մը դատավարութիւններ պատճառ եղան, որպէսզի դարձեալ մտածենք մարդոց մէջ գոյութիւն ունեցող անհաւասարութեան մասին, ինչ որ մարդկութեան մեծագոյն ցաւերէն մէկը կը շարունակէ ըլլալ: Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող անհաւասարութիւնն ու անարդարութիւնը նոր երեւոյթ մը չէ. ամէ՛ն ժամանակ ունեցած է այդ պայքարը եւ երբեք չէ գտած այդ դժբախտ երեւոյթին լուծումը:

Մարդկութիւնը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին տառապած է «տէր ու ծառայ», «մեծ ու պզտիկ», «հարուստ ու աղքատ», «սեւ ու ճերմակ» ու նման մի քանի տասնեակ անհաւասար համեմատութիւններու գոյութեամբ, որ շատերու «յաղթանակ»ի, իսկ ուրիշներու «պարտութեան» զգացումը փոխանցած է պարզապէս: Այս բոլորը յառաջացած է պարզ այն պատճառով, որ մարդոց մէջ հոգի տուած է կարեկցանքի, գութի զգացումը եւ վերացած է «հաւաքական»ի հասկացողութիւնը եւ ամէն բան փոխուած է «անձնական»ի՝ նոյնիսկ ընտանեկան գետնի վրայ:

Արժէքներու հսկայական փոփոխութիւնը կը ոտնակոխէ մեր մարդկային արժէքները եւ մարդ արարածը կը դարձնեն աւելիով եսակեդրոն, մոռցնել տալով բոլոր այն բարի ու ազնիւ արժէքները՝ որոնց սովը ունինք այսօր:

Այսօր աշխարհի տարածքին ականատես կ՚ըլլանք շատերու շռայլ կեանքին, որ շատերու մօտ նախանձ, իսկ շատերու մօտ ալ զայրոյթ կը յառաջացնէ. ականատես կ՚ըլլանք, թէ ինչպէս շա՜տ շատեր չքաւորութեան մէջ կը տառապին, իսկ ուրիշներ զեխ ու շուայտ կեանք մը կ՚ապրին. ականատես կ՚ըլլանք, թէ ինչպէս մայր մը իր զաւակը կերակրելու համար մի քանի ղուրուշի կարօտ կը չարչարուի, իսկ անդին ուրիշ մը այդ ղուրուշներուն դիմաց միլիոններ կը մսխէ՝ իր սեփական հաճոյքին ու վայելքին համար:

Յաճախ կը կարծուի, թէ մարդոց մսխումին դիմաց կատարուած քննադատութիւնները իրենց մէջ նախանձ կը պարունակեն, սակայն մեզի համար այդ մէկը նախանձ ըլլալէ աւելի մտահոգութիւն մըն է, որովհետեւ մեր դիմաց կը տեսնենք երկու ծայրայեղութիւններ:

Նոր տարուան շեմին կ՚արժէ աչքէ անցընել 2023 թուականի կապուած համաշխարհային վիճակահանութիւններն ու ընդհանուր լրատուութիւնները. տակաւին մի քանի ամիսներ առաջ բազմաթիւ լրատուական կազմակերպութիւններ յայտնեցին այն դժբախտ վիճակագրութիւնը, որ Սուտանի մէջ 2023 թուականին անօթութեան ու սովի պատճառով մահացած է աւելի քան 500 մանուկ։ Լրատուութիւններ յայտնեցին, որ Եթովպիոյ մէջ սովի պատճառով մահացած է 176 անձ, որոնց 101-ը տղամարդ, իսկ 75-ը կին է: Լրատուութիւններ յայտնեցին, որ այսօր Սոմալիի մէջ աւելի քան վեց միլիոն մարդ սովամահութեան սահմանին կը գտնուին: Վիճակը այնքան մտահոգեցուցիչ է, որ վստահ ենք որ այս բոլորը գրած ժամանակ եւ նոյնիսկ ձեր կարդացած ժամանակ այժմ երկրագունդի վրայ տեղ մը անձ մը սովամահ աչքերը յաւերժօրէն կը փակէ:

Տակաւին մի քանի օրեր առաջ Մարդկային իրաւանց հարցերու կազմակերպութիւնը յայտնեց, թէ իւրաքանչիւր 5 երեխայէն մէկը անօթութեան մէջ կը գտնուի:

Որպէս մարդկութիւն ամօթը կը զգանք եւ կը դժուարանանք հաւատալ, թէ 21-րդ դարու մէջ տակաւին գոյութիւն ունի «սովամահ» ըլլալու դժբախտ երեւոյթը:

Այս բոլոր անմարդկային վիճակներու դիմաց նայինք միւս կողմը.-

Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին լրատուական միջոցներ յայտնեցին, թէ արաբ մեծահարուստի կինը՝ Լինտա Անտրատէ շաբաթական կը ծախսէ մօտաւորապէս 3 միլիոն ամերիկեան տոլարի հասնող հարստութիւն մը։ Մայիս ամսուան ընթացքին աշխարհահռչակ լրատուութիւն մը յայտնեց, թէ ամերիկացի մեծահարուստ մը երիտասարդ երեւելու համար տարեկան կը ծախսէ պարզապէս աւելի երիտասարդ երեւելու համար: Լրատուութիւններ կը գրեն, թէ ինչպէս ամերիկացի կին մը շաբաթական միլիոններ կը ծախէ, թէ ինչպէս 7.500 ամերիկեան տոլար արժող տուրմ մը կ՚ուտէ եւ այլն:

Հաւատացէ՛ք, որ նման արտառոց երեւոյթներու մասին կարելի է գրել հատորներ, որովհետեւ աշխարհի աղքատութեան դիմաց գոյութիւն ունի ծայրայեղ հարստութիւն մը. հարստութիւն՝ որուն 1 առ հարիւրը անգամ բաւարար է հանգիստ կեանք մը ապրելու համար:

Համաշխարհային մարդասիրական, մարդկային իրաւունքները պաշտպանող կազմակերպութիւններ տակաւին կը խօսին այն մասին, որ Ափրիկէի մէջ շա՜տ շատեր մարդակային ամենէն բնական բանը՝ ջուր չունենալու պատճառով կը մահանան: Այս բոլորը ո՛չ թէ անհատներու, այլ հաւաքական մարդկութեան ամօթն է:

Շատեր անհաւասարութիւնը կը փորձեն ծուլութեան եւ աշխատասիրութեան վերագրել. հաւատացէ՛ք, որ մերօրեայ աղքատները շա՜տ շատ աւելի յոգնող ու աշխատող անձեր են՝ քան հարուստները։ Մերօրեայ հարստութիւնները աշխատասիրութեան հետ կապ չունին, որովհետեւ բազմահազար բանուորներ օր ու գիշեր կ՚աշխատին, սակայն չես գիտեր ինչպէս մի՛շտ իրենց «մեծ»երն են որ կը հարստնան:

Այսպիսի ամօթալի երեւոյթներով կ՚աւարտենք այս տարին, յուսալով որ հրաշքով մը 2024 թուականին ամէ՛ն բան վերագտնէ իր բնական ու ճշգրիտ տեղը ու մարդոց մօտ դարձեալ ծնունդ առնէ ողորմութեան, կարեկցանքի, եղբայրասիրութեան ու մարդասիրութեան մոռցուած արժէքները:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ճի՞շդ է որ անասունները կը կանխատեսեն երկրաշարժները:

Պատասխան. Այն համոզումը, որ անասունները կը կանխատեսեն երկրաշարժը յառաջ եկած է նախքան երկրաշարժները անոնց դրսեւորած վարքագծի փոփոխութեամբ: Գիտական փաստեր չունի այս համոզումը, սակայն նկատելի է, որ երկրաշարժէն որոշ ժամանակ առաջ անոնց վարքագիծը կը փոխուի: Գիտութիւնը վերջնականապէս չէ փաստած տակաւին, թէ անոնք իրապէս կը կանխատեսե՞ն թէ ոչ, սակայն յստակ է, որ անոնք տարբեր դրսեւորում մը կ՚ունենան, որուն պատճառը տակաւին անյստակ է մարդուն համար:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2023