ՊԱՏՈՒԱԿԱՆ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՆ
Կէտիկփաշա թաղը պատմական ե՛ւ պատուական բնակավայր մը եղած է իր բնակիչներով, եկեղեցիով, դպրաց դասով եւ դպրոցով։ Ան պատմական է, քանի որ հոն կազմուած են բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք հասցուցած են սերունդներ՝ որոնք արդիւնալի ծառայութիւններ մատուցած են համայնքային-հասարակական, կրթական, եկեղեցական եւ առ հասարակ մշակութային կեանքին մէջ։ Արդարեւ, Կէտիկփաշա իր բնակիչներուն այս գործունէութեամբ արդարացիօրէն արժանացած է պատմական եւ պատուական որակումներուն։ Կէտիկփաշա ունեցած է վարժարան մը՝ որ անձնուէր կրթական մշակներու շնորհիւ հասցուցած է սերունդներ՝ որոնք միշտ իրենք զիրենք հպարտ զգացած եւ իրաւացի պատիւ զգացած են Սուրբ Մեսրոպեան վարժարանի շրջանաւարտ եւ կամ սան ըլլալով։ Կէտիկփաշա ունեցած է համբաւաւոր դպրաց դաս-երգչախումբ մը՝ «Զուարթնոց»ը՝ իր անձնդիր ջանասէր եւ ժիր անդամներով։
Կա՞յ արդեօք ընտանիք մը՝ որ իր մէջ ունեցած չըլլայ կէտիկփաշացի մը։ Բոլորին ճամբան, ընդհանրապէս հանդիպած է Կէտիկփաշայի զառիվարին։ Շուկայէն դէպի Գումգաբու՝ շոգեկառքի կայարանը, ուրկէ պիտի երթան իրենց տուները աշխատողներ, խանութպաններ, գործատէրեր եւ կամ շուկայէն առեւտուր ընողներ…
Եւ ուրիշ թաղերու մէջ բնակողներ, շատեր, ամուսնացած՝ ընտանիք կազմած են կէտիկփաշացի աղջկան մը կամ տղու մը հետ։
Այս բոլորը, ահաւասի՛կ, ցոյց կու տան, որ Կէտիկփաշա եղած է «կեդրոն» թաղ մը՝ ուրկէ տարածուած են տարբեր թաղեր՝ միշտ կէտիկփաշացի ըլլալու պատիւը զգացած են։
Կէտիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ դրան ճակատը հետեւեալ արձանագրութիւնը կը գտնուի.
Ողորմութեամբն Աստուծոյ կառուցաւ Ս. Եկեղեցիս յանուն Սրբոյն Յովհաննու Աւետարանչի ի Պատրիարքութեան Տեառն Յակոբայ 1849ի Դեկտեմբերի 18։
Իսկ եւ յետ հրկիզութեանն նորոգ շինեցաւ ի Պատրիարքութեան Տեառն Ներսէսի Արքեպիսկոպոսի Վարժապետեանի 1876 Յունիսի 27։
Կառուցման եւ նորոգ շինութեան Ս. Եկեղեցւոյս, ի փառս միոյն Աստուծոյ անձնուէր պատճառ, նուիրամատոյց եւ ձրի աշխատաւոր բարեպաշտ ազգայինք վարձատրութեան ի Տեառնէ մնալով յուսալից։
Եկեղեցւոյ առաջին դպրաց դասը կազմուած է 1891 թուականին։
Ան պաշտօնապէս հիմնուած է Տ. Խորէն Աշըքեան Պատրիարքի օրով։ (Խորէն Ա. Քերեմէթցի Աշըքեան. 1888-1894)։
Առաջին դպրապետը եղած է 1891 թուականին, Գրիգոր Մէհթէրեան։ Անոր յաջորդած է Երուանդ Քէօսէեան, 1909 թուականին, Տ. Մատթէոս Պատրիարքի օրով։ (Մատթէոս Գ. Պոլսեցի Իզմիրլեան. 1894-1896 եւ 1908-1909)։
Դպրաց դասու երրորդ դպրապետը եղած է Լեւոն Թաշճեան, 1914 թուականին եւ Տ. Զաւէն Արք. Եղիայեանի օրով. (Զաւէն Ա. Պաղտատցի Տէր-Եղիայեան. 1913-1915 եւ 1919-1922)։ 1920-ին, Լեւոն Թաշճեան կը կոչուի յիշեալ դպրապետութեան պաշտօնին, Զաւէն Պատրիարքի օրհնութեան կոնդակով։
Արդարեւ, Կէտիկփաշան արժանի՛ է «պատմական» եւ «պատուական» կոչուելու…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024