ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՆՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդկային շատ մը ապրումներ, զգացումներ ու յուզումներ յարաբերական են. անոնցմէ է նաեւ անարդարութիւն հասկացողութիւնը, որ հիմնուած կ՚ըլլայ մարդու անձնական փորձառութեան վրայ, ստեղծելով աշխարհին ու մարդկութեան հանդէպ պատկերացում մը: Ընդհանուր անարդարութիւնները կ՚ազդեն համայնքներու եւ հաւաքականութեան վրայ, մինչ մասնաւոր անարդարութիւնը խորապէս անհատական ըլլալով իր առանձին հետեւանքները կ՚ունենայ եւ միայն անհատին կեանքին մէջ որոշ սպի մը կը ձգէ, ինչ որ մեծապէս կ՚ազդէ անհատի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ վստահութեան մէջ:

Անհատական անարդարութիւնը ընդհանուրէն զանազանողը յաճախ անոնց ուրիշներու կողմէ անտեսանելի ըլլալն է. ընդհանուր անարդարութիւնները կրնան համատարած վրդովմունք ստեղծել եւ որոշ աջակցութիւն ունենալ, սակայն, մասնաւորը անհատական ըլլալով կրնայ ուրիշներու կողմէ աննկատ մնալ, ինչ որ մարդուն մէջ կը ստեղծէ մեկուսացում:

Անարդարութիւն հասկացողութիւնը անձէ անձ կրնայ տարբերիլ եւ այս պատճառով ամէն անարդարութիւն չէ՛, որ իրապէս անարդարութիւն կ՚ըլլայ. անհատական անարդարութիւնը ի յայտ կու գայ, երբ մարդ ինք գիտակցի իր դէմ կատարուած անարդարութեան, սակայն, նկատի ունենալով, որ անարդարութեան հասկացողութիւնը անհատական է, հարցականի տակ կը մնայ: Օրինակի համար, շատ անգամ մարդ կրնայ ինքզինք անարդարութեան զոհ նկատել, սակայն, տրամաբանականօրէն նման վիճակ մը գոյութիւն չունենայ. կրնայ նաեւ պատահիլ հակառակը. օրինակի համար, ես կը տեսնեմ անարդարութիւն մը կատարուած այս կամ այն անձին դէմ, սակայն, անձը ի՛նք գիտակցութիւնը չ՚ունենար եղելութեան:

Կը հաւատանք, որ ամէ՛ն ապրող էակ, աշխարհագրականօրէն աշխարհի ո՛ր մասն ալ գտնուի, տնտեսական եւ ընկերային ի՛նչ մակարդակի վրայ ալ ըլլայ, անպայմանօրէն կ՚ապրի անհատական անարդարութիւնը. այս մէկը մարդկային կեանքի մէկ բաժինն է, որովհետեւ մարդ արարածը շատ անգամ իր ըրած արարքները կրնայ չկշռել, սակայն, լաւապէս ունի ունակութիւնը կշռելու եւ հասկնալու իրեն դէմ կատարուած անարդարութիւնները. օրինակի համար, կեանք մը ամբողջ ուրիշները վշտացնող ու անարդարօրէն զիրենք նեղացնող անձ մը եւս կը զգայ ուրիշներու իրեն հանդէպ ըրած անարդարութիւնները՝ մոռնալով, որ ինք անոնցմէ պակասը չէ. այդ իսկ պատճառով եթէ դուրս գանք հրապարակ, պիտի լսենք, որ բոլորը եղած են անարդարութեան զոհ, սակայն, քիչեր պիտի խոստովանին, որ իրենք են այդ անարդարութեան հեղինակները:

Անհատական անարդարութիւնը ունի իր մարտահրաւէրը. այս մէկը կրնայ երկու հակոտնեայ ազդեցութիւն ունենալ. անարդարութեան դիմաց մարդ կա՛մ կը զօրանայ եւ կամ կը տկարանայ. միջին մը գոյութիւն չունի. ոմանց մօտ անարդարութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որ ապագայ անարդարութեանց դիմաց շատ աւելի պատրաստուած ու պաշտպանուած ըլլայ, սակայն, բոլորը չեն ունենար այդ ուժը. անհատական անարդարութիւնը կը ճշդէ մարդուն ճակատագիրը, որովհետեւ այդ ապրումները լոկ ցաւ ու վիշտ ըլլալէ անկախ մարդու կեանքին մէջ հիմնական որոշումներու վրայ եւս ազդեցութիւն կ՚ունենան:

Այս բոլորին լոյսին տակ, այսօր լաւապէս գիտենք, որ հայ երիտասարդը՝ մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող, ինչպիսի անարդարութիւններու դիմաց կը գտնէ ինքզինք. այսօր ունինք երիտասարդութիւն, որ յուսախաբ ըլլալով ինքզինք հեռու կը պահէ գաղութային կեանքէն. հոն ուր կայ բազմութիւն, վստահ եղէք, որ կայ նաեւ անարդարութիւն՝ այդ մէկը ըլլայ ակումբ, միութիւն եւ կամ կազմակերպութիւն. նոյն իրավիճակն է պետական գետնի վրայ. մեր օրերուն բարձրանալու միջոց մըն է անարդարութիւնը, ինչ որ զգօնութիւն կը պահանջէ մարդէն:

Մեր խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան՝ կ՚ուզենք ըսել, որ դուք ո՛չ առաջինը եւ ո՛չ վերջինն էք, որ կ'ապրինք անարդարութիւն. այնքան ժամանակ, երբ մարդ արարած կ՚ապրի երկիր մոլորակին վրայ, անարդարութիւնը մի՛շտ ալ գոյութիւն պիտի ունենայ. լաւը վերացնելը դիւրին է, սակայն, վատի վերացումը մեր օրերուն՝ մանաւանդ գրեթէ անկարելի: Անարդարութիւնները ձեր դիմաց դրուած պատնէշներ ընդունելու փոխարէն զանոնք ընկալեցէք իբր մարտահրաւէր, որովհետեւ անարդարութեան զոհ ըլլալու զգացումը մարդուն մէջ դրական ո՛չ մէկ բան կրնայ փոխել, սակայն, անոր դէմ պայքարիլը կրնայ ստեղծել մարդկային տիպար մը, որ ցմահ իր դրական ազդեցութիւնը կ՚ունենայ: Եթէ այսօր ընկերութեան մէջ դուն քեզի անարդարութեան զոհ կը զգաս, ապա գիտեցի՛ր, որ ճիշդ ճամբու մէջ ես. մերօրեայ աշխարհը պատրաստ է յաջողին դէմ աւելիով անարդար ըլլալ, որովհետեւ այդ մէկը իր մէջ նախանձ մը կը ներառէ։ Կը հաւատանք, որ քեզի դէմ ի գործ դրուած անարդարութեան յաղթելու լաւագոյն միջոցը այդ անարդարութիւնը ուրիշին դէմ ի գործ չդնելն է. մեր մարդկային կեանքը շտկելու համար գոյութիւն ունի մէկ խօսք. խօսք մը՝ որ առանձինը բաւարար է մարդկային կեանքը դէպի լաւը ուղղելու փորձող բոլոր խօսքերէն. «Ինչ որ կ՚ուզես մարդիկ քեզի ընեն, նոյնը ըրէ անոնց». վստահաբար, ո՛չ ոք պիտի ուզէ, որ անարդարութեամբ վարուին իր դէմ. նոյնը պէտք է ընել պարզապէս եւ այդ ժամանակ կը տեսնենք երկիր մոլորակին մէջ ստեղծուած դրախտը:

•շար. 2 եւ վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս կարելի է երկիրի վրայ դրախտը ստեղծել։

Պատասխան. Երկիրի վրայ կարելի է դրախտը ապրիլ, ստեղծելով աշխարհ, ուր մարդիկ առաջնահերթութիւն կու տան սիրոյն, կարեկցանքին, նախապատուութիւն տալով փոխադարձ յարգանքին: Դրախտը կարելի է ստեղծել հաստատելով արդարութիւն, հաւասարութիւն, ներդաշնակութիւն ստեղծելով անհատներու մէջ: Դրախտը ապրելու համար պէտք է բարութիւն, կարեկցանք, խաղաղութիւն, երջանկութիւն ու հաւաքական բարօրութիւն: Դրախտը կը ստեղծուի, երբ մարդիկ միասնաբար աշխատին, ստեղծագործեն եւ մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւեն։ Ունենալ աշխարհ, ուր ուրախութիւնը հաւաքական ձեւով կ՚աճի ու կը ծաղկի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024