«ՍԷՐԸ ԱՆՎԱԽՃԱ՛Ն Է»

Պօղոս առաքեալ, կորնթացիներուն գրած իր առաջին նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Սէրը անվախճա՛ն է», (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 8)։ Այս խօսքով կը մատնանշուի այն ճշմարտութեան, թէ՝ ննջեցեալները երբեք բաժնուած չեն ապրողներէն եւ մեզ՝ ապրողներուն համար պարտականութի՛ւն է հոգեպէս ապրիլ անոնց հետ։ Քանի որ սէրը անվախճան է, ապա ուրեմն մահն իսկ չի կրնար արգելք մը ըլլալ սիրոյ։ Եւ հոն ո՛ւր անկեղծ սէր կայ, հոն անմահութիւն կայ, յաւիտենական կեանք կայ, եւ ուրեմն պէտք է ապրիլ սիրոյ մէջ՝ առանց նկատի ունենալու ֆիզիքական-մարմնական ներկայութիւնը մէկու մը՝ որ սիրոյ հաստատ կապերով է կապուած մեզի։ Այս կը խորհրդանշուի «զինուորեալ եկեղեցի»ի եւ «յաղթական եկեղեցի»ի հաղորդակցութեամբ։

Եւ այս իսկ պատճառով, Հայ Եկեղեցին յաճախ կը յիշատակէ եւ կը վերապրի ննջեցեալները եւ հոգեհանգիստ կը կատարէ անոնց համար։ Արդարեւ, հոգեհանգստեան արարողութիւնը ո՛չ թէ ննջեցեալը յիշելու, այլ անոր յաւիտենական հաղորդակցութիւնը յիշելու եւ յիշեցնելու պահեր են. փաստ մը, թէ՝ կարելի չէ մոռնալ սիրուած մէկը, քանի որ «սէրը անվախճան է» եւ երբեք չի՛ վերջանար։ Արդէն մարդս կը ծնի սիրով, կ՚ապրի սիրով եւ կ՚անմահանայ սիրո՛վ։ Եւ քանի որ Աստուած սէր է, ապա ուրեմն սիրոյ նկարագիրն է անմահութի՛ւնը։

Աստուած մեռեալներու Աստուածը չէ՛, այլ՝ ողջերուն, ապրողներուն, կեանք ունեցողներուն, քանի որ բոլորը Իրեն համար կենդանի են, քանի որ Ան բոլորն ալ սիրով ստեղծած է եւ նոյն սիրով կը հոգայ, կը խնամէ զանոնք եւ երբեք չ՚ուզեր որ կորսը-ւին անոնք։ Արդարեւ, Յիսուս կ՚ըսէ. «Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստ-ւածը, եւ Յակոբի Աստուածը։ Ասիկա կը նշանակէ թէ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, այլ՝ ողջերուն, որովհետեւ Իրեն համար բոլորն ալ կենդանի են» (ՂՈՒԿ. Ի 38)։

Ուստի Հին Կտակարանի մէջ կը գտնուին դրուագներ, ուր յստակ կերպով կը պատուիրուի աղօթե՛լ, (ՀՌՈՒԹ. Բ 20), (Բ ՄՆԱՑ. Զ 42), (ԵՐԵՄ. ԺԶ 7, ԺԶ 2), եւ այդ սկզբունքն ալ անցաւ Առաքելական ժամանակներուն եւ աւանդուեցաւ Եկեղեցիի կողմէ։

Հայ Եկեղեցւոյ Պատարագի ընթացքին՝ յիշատակութիւններու շարքին, պատարագիչ քահանայ հայրը միշտ կը յիշէ ննջեցեալները եւ կը դիմէ Աստուծոյ՝ խնդրելով. «եղիցի յիշատակ ի սուրբ պատարագ աղաչեմք»։

Եկեղեցիի ժամակարգութիւնը, նախնական եկեղեցիի սովորոյթը, եկեղեցիի հայրերու գրութիւնները, մատենագրութիւնները, բոլորն ալ կը վկայեն այն հաւատքի մասին, որ աղօթքով, ողորմութեամբ՝ բարեգործութիւններով, Սուրբ Պատարագով, հոգեհանգստեան պաշտօնով, մատաղներով, որոնք կը կատարուին ննջեցեալներու համար՝ օժանդակութիւն եւ հանգիստ կը շնորհեն անոնց՝ որոնք ննջած են հաւատով եւ ներելի մեղքերով։ Այսինքն ննջեցեալները իրենց մեղքի կապանքներէն կ՚ազատին ո՛չ թէ իրենց ճիգերով, եւ ոչ ալ իրենց արժանիքի ճիգերով եւ շնորհով, այլ եկեղեցիի օժանդակութեա՛մբ։

Ուրեմն, քանի երկրի վրայ ենք, կ՚ապրինք երկրային ժամանակաւոր կեանքը եւ հնարաւորութիւն ունինք ապաշխարելու, մեղքէն արձակում գտնելու, դեռ ժամանակ ունինք անդրադառնալու մեր մեղքերուն եւ զղջալու, բայց այս կեանքէն հեռանալով՝ հանդերձեալին մէջ նման հնարաւորութիւններ չկա՛ն այլեւս, ուրեմն կը մնայ միա՛յն եկեղեցիի բարեխօսութիւնը եւ հոգեհան-գըստեան աղօթքնելու եւ պաշտօնին շնորհալի ներգործութիւնը…։

Թէեւ յաճախ կը խորհինք մեր սիրելիներուն մասին, բայց պէտք է նաեւ աղօթքով եւ պաշտամունքով միանանք անոնց, զգանք անոնց հոգեւոր ներկայութիւնը մեր սրտին մէջ։

Պէտք է խոստովանիլ, թէ «յիշել» կ՚ենթադրէ՝ «մոռնալ»։ Բայց սիրելիները չե՛ն մոռցուիր երբեք, քանի որ սէրը եւ սիրոյ կապը անսասան է, վերջ չունի, միշտ կը գոյատեւէ, առանց կախեալ ըլլալու ֆիզիքական, մարմնական կեանքէ։ Եւ իսկական, անկեղծ սէրը մարմնաւոր չէ, այլ՝ հոգեւո՛ր, մարմինը կրնայ ոչնչանալ, բայց հոգին՝ ո՛չ երբեք։

Արդարեւ, այն որ այս աշխարհի վրայ օգտակար, բարի գործ մը, շեշտ մը, նշան մը, կնիք մըն է թողած՝ միշտ կ՚ապրի իր բարի գործերով։

Մահը երբեք արգելք չի հանդիսանար իր գործին տեւականութեան, քանի որ ամէն մէկուն «գործ»ը ի՛նք է՝ իր նկարագիրը, իր էութիւնը՝ հոգ չէ թէ մարմնաւոր-ֆիզիքական ներկայութիւն չունենայ։ Ո՜վ կրնայ մոռնալ այն մեծ մարդիկը՝ որոնք սերունդներու միտքերը մշակած, հոգիները ազնը-ւացուցած, այսինքն հետք մը թողած են իրենց նուիրականութեամբ, բարեգործութեամբ եւ օգտակարութեամբ։

Կեանքի մէջ ամենէն բարի, օգտակար եւ նուիրական գործը ի՞նչ է, կը խորհիք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։ Այն է՝ որ կը գործակցի Աստուծոյ, կերպով մը աստուածանման ըլլալ՝ Աստուծոյ մեծ գործին գործակցիլ՝ Աստուծոյ գործակից ըլլալով մարդու ծնունդ տալ, մարդու կեանք տալ, եւ այս բոլորը կը վերաբերի մայրութեան, «մա՛յր» պատուական անձին։ Այո՛, մայր ըլլալ կը նշանակէ՝ գործակից ըլլալ աստուածային արարչութեան մեծ գործին, գործակցիլ աստուածային արարչական ստեղծագործութեան եւ մեծ եւ կարեւոր դեր կատարել աստուածային ծրագրին։

Մա՛յրն է որ նոր կեանքի մը ծնունդ կու տայ, մա՛յրն է որ մարդը կը ծնի, կը խնամէ, կը հասցնէ եւ մարդկութեան կը նուիրէ՝ նպաստելով մարդկային ցեղին գոյապահպանման եւ գոյատեւման։ Մա՛յրն է որ կեանք կու տայ «մարդ»ուն՝ նմանութեամբ աստուածային արարչագործութեան հրաշալի՜ գործի՛ն։

Անշուշտ մահը անցք մըն է «հին եւ ժամանակաւոր կեանք»էն դէպի «նոր եւ անժամանակ կեանք»ին, եւ այս իմաստով մահը ճամբորդութիւն մըն է դէպի անմահութիւն, այս իսկ պատճառով մահը երբեք վերջ մը չէ, բայց աւելի եւս անմահ են, աւելի եւս կը շարունակեն ապրիլ մայրերը, քանի որ անոնք կեանքի աղբիւրն են՝ կենսատու, կենսաւէտ Աստուծոյ նմանութեամբ, եւ անոնք են սիրոյ ներկայացուցիչները երկրի վրայ՝ Աստուծոյ նմանութեամբ։

Աստուած, մայրերը գործակատա՛ր է նշանակած իր արարչագործութեան եւ այս պատճառով ալ կարելի չէ՛ չափել անոնց վարձքը, կարելի չէ՛ փոխարինել անոնց վաստակը, մայրութիւնը վեհագոյն աստիճա՛նն է մարդկութեան։

Մայրեր չե՛ն մեռնիր, այլ կ՚ապրին իրենց կեանք տուած սիրտերու եւ հոգիներու մէջ, եւ կարելի է ըսել, թէ մայր մը աւելի կը մօտենայ իր որդիներուն, երբ թողու այս ժամանակաւոր երկրային կեանքը, քան կ՚ապրի երկրի վրայ։ Եւ հոգապէս մօտ ըլլալ շա՜տ աւելի արժէք կը ներկայացնէ, քան մարմնապէս միասին ըլլալ։

Այո՛, մայրեր երբեք չե՛ն մեռնիր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 9, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2018