ԿՐՕՆՔ ԵՒ ՆԿԱՐԱԳԻՐ

Տարիքը խելքը չ՚աւելցներ։ Մարդոց ստուար մեծամասնութիւնը հոգւով, մտքով չափահասութեան երբեք չի հասնիր. քառասուն, յիսուն, վաթսուն տարեկան «մանուկ»ներ այնքա՜ն շատ են որքան նախակրթարաններու մանուկները։ Ահաւասիկ, այս իմաստով, տարիքը չ՚աւելցներ խելքը, երբ արդէն իր կշիռէն պակաս է։

Իսկ «նկարագիր» ըսուածը բնաւ տարիքէ կախում չունի։ Չար հոգին որեւէ տարիքի մէջ կրնայ իր «եղջիւր»ները ցոյց տալ։ Եթէ մէկը «չար» է՝ չարութիւն պիտի ընէ, ըլլայ վեց տարեկան, կամ տասնեւվեց տարեկան, կամ վաթսուն տարեկան։

Ուրեմն կարեւոր հարցը սա է. մարդիկ ինչպէ՜ս բարեկարգելու է։

Պատասխանը երբեք դիւրին չէ, քանի որ դարե՜րէ ի վեր այս հարցը միշտ օրակարգի վրայ եղած է եւ կը շարունակէ մնալ եւ զբաղեցնել ամէն անոնք, որոնք այս մասին մտահոգ են…։

Բայց մարդիկ այս մասին, մինչեւ այսօր, «դիւրին» պատասխան մը գտեր եւ անով գոհացեր են։ Այդ «դիւրին» պատասխանը, ընդհանրապէս եղեր է. «կրօնք»ո՛վ։

Ուստի այդ մէկ բառին մէջ դրուած է այն բոլոր միջոցները եւ լուծումները, զորս կրօնքը կը գործածէ։ Զոր օրինակ, եւ գերազանցապէս, «քարոզութիւն», իր ամենալայն իմաստով։ Մարդիկ սակայն ճշմարտութիւնները «լսել»ով եւ «սորվել»ով չեն փոխուիր. կը լսեն, կը սորվի, բայց չեն իւրացներ եւ կը շարունակեն «իրենց գիտցածը ընել»։

Արդարեւ, կրօնքը անբաւական միջոցով մը մեծ գործի մը ձեռք զարկած է եւ զարմանալի չէ, որ մինչեւ այսօր չէ յաջողած, եւ ոչ ալ յոյս կայ, որ ասկէ վերջն ալ յաջողի իր գործը կատարելու։ Պարզ օրինակ մը եւ ապացոյց մը այս մասին. կրօնքը կը պատուիրէ մարդոց, որ սիրեն զիրար, բայց մինչեւ այսօր մարդիկ կը շարունակեն զիրար ատել եւ մերժել սիրել զիրար։ Կրօնքը եթէ յաջողած ըլլար, այսօր բոլոր մարդիկ պիտի սիրէին զիրար եւ երբեք ատելութիւն, թշնամութիւն գոյութիւն պիտի չունենային։ Բայց այսօր տակաւին մարդիկ կը շարունակեն զիրար ատել, եւ այդպէս կ՚երեւի թէ՝ ատելութիւնը եւ թշնամութիւնը երբեք վերջ պիտի չունենան այնքան ատեն, երբ «մարդ» էակը պիտի շարունակէ իր գոյութիւնը այս աշխարհի վրայ, եւ «սէր»ը պիտի շարունակուի քարոզուիլ։ Եւ այնքան ատեն, երբ եղբայրը չի սիրեր իր եղբայրը եւ կ՚ատէ զայն, որդին չի յարգեր իր ծնողքը, ընդհանրապէս մարդոց մէջ տիրական է ատելութիւնը, նախանձը, թշնամական զգացումները եւ կը պակսի սէրը, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս խորհիլ, թէ կրօնքը կատարած է իր պարտականութիւնը՝ հասած իր նպատակին եւ յաջողած իր առաքելութեանը մէջ։

Ահաւասիկ, երբ իրողութիւնը այս է, ինչպէ՞ս կարելի է յուսալ, որ ասկէ վերջ կրօնքը պիտի հասնի իր նպատակին եւ յաջողի…։

Մարդիկ եթէ չար են, պատճառը «տգիտութիւն» չէ՛։ Ոչ ալ որովհետեւ իրենց հաւատքը, դաւանանքը թերի է։ Մարդիկ կրօնք ունին, բայց «նկարագիր» չունին։

Մարդ մը, զոր օրինակ, եթէ քաղցկեղ ունի, կրնայ բժիշկի մը չափ գիտութիւն ունենալ իր հիւանդութեան՝ քաղցկեղի մասին, քանի որ ան կ՚ապրի զայն, բայց տակաւին անդարման մնալ եւ մեռնիլ իր ախտէն։ Ահաւասիկ, այսպէս է պարագան շատերու, որոնք «քրիստոնեայ» են եւ հպարտ են, կը պարծենան իրենց քրիստոնէութիւնովը։ Անոնք երբ խօսին, երբ աղօթեն, երբ դաւանին իբրեւ «քրիստոնեան» կը զանազանուին ուրիշ կրօններու հաւատացողներէ, տարբեր կրօններու պատկանողներէ, բայց կրնայ պատահիլ որ հոգիով ախտաւոր ըլլան եւ նկարագրով «ծո՛ւռ»։

Ուստի, կրօնքը կրնա՞յ փոխել նկարագիր. այս հարցումին դրական պատասխան տալ դժուար է, քանի որ կեանքի փորձառութիւններ, վկայութիւններ բացասական՝ ժխտական պատասխանի մը կ՚առաջնորդեն մեզ։ Արդարեւ, մարդ կրնայ Սուրբ Գիրքը մէկ ծայրէն միւսը կարդալ, գոց ըսել, բայց եթէ հոգին եւ նկարագիրը «ծուռ» են, իր այդ գիտութիւնը «ծուռ»ը չի կրնար շտկել։ Հիւանդին, ախտաւորին «քարոզ» պէտք չէ, կամ քարոզը անօգուտ է եւ անշա՛հ։ Հիւանդին «դրական» եւ ազդո՛ւ դարման պէտք է։

Յիսուս «գիտական մեթոտ» գործածեց. դիւահարներուն, ախտաւորներուն, հիւանդներուն քարոզ չխօսեցաւ, զանոնք բժշկե՛ց։ Ուստի կրօնքը եւ իր գործելակերպը, բեմը գործակից ուժեր փնտռելու են գիտութեա՛ն մէջ։

Միտքը եւ հոգին լուսաւորելէ առաջ պէտք է զանոնք «մաքրե՛լ» իրենց հիւանդութիւններէն, բժշկել եւ առողջացնել։ Քրիստոս «սիրել» իբր թէ եւ մարդ ատել, խաղաղութիւն քարոզել եւ թշնամութեան սերմեր ցանել «մարդ» էակին յատուկ ընդհանուր հիւանդութիւն մըն է՝ մարդկային տկարութիւն մը, թերութի՛ւն մը։ Եւ այս արտառոց հակասութեան ախտը քարոզիչէն առաջ հոգեբոյժը, կենսաբանը, ջղայնագէտը պէտք է, որ ախտազննեն եւ ախտաճանաչումէն յետոյ դարմանեն։

Արդարեւ, «իրաւ քրիստոնեայ» ըլլալ՝ առողջ հոգիի տէր ըլլալ կը նշանակէ, բայց շատեր անհասկնալիօրէն թէ՛ Քրիստոսէն չեն հրաժարիր, չեն ուրանար զԱյն եւ թէ՛ չարութեան հոգիէն, զոր կը կրեն իրենց հոգիին մէջ։

Քրիստոսով մարդ կրնայ «չար»էն ազատիլ, բայց «չար»ով քրիստոնեայ չի կրնար ըլլալ։

«Չար»էն փրկուելու ճարը ի՞նչ է։

Ըսենք, ո՛չ միայն «ճշմարտութեան լոյս»ը, այլ նաեւ դեղը, դարմանը։ Ֆիզիքական հակաբնական վիճակներ, հոգին եւ նկարագիրն ալ «կը ծռեն»։ Չարէն փրկուելու վրայ կեդրոնացնելու ենք մեր ուշադրութիւնը. հիւանդութիւնը բժշկե՛նք։

Թէեւ անկարելի է չափահաս ծառի մը ճիւղաւորած անդամները շտկել՝ եթէ ծուռ են։

Բայց մարդը երբեք «ծառ» չէ՛, եթէ նոյնիսկ նկարագրով «ծուռ» է, պէտք է ամէն ջանք թափուի զայն շտկելու համար. կ՚արժէ՝ որովհետեւ ան «մա՛րդ» է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 17, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020