ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՅՎԱԶՈՎՍԿԻ (1817-1900)
Հայ մեծանուն եւ տաղանդաւոր ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկի ծնած է 1817 յուլիս 17-ին, Թէոդոսիա (Օտեսա), Ղրիմի մէջ։
Եղած է զաւակը համեստ ընտանիքի մը՝ որ կը բնակէր ծովեզերքը, ուրկէ կրած է իր յամառ եւ անյագ հետաքրքրութիւնը դէպի ծով։
Այվազովսկիի դեռ պատանի հասակին մէջ յայտնաբերած շնորհալի հասունութիւնը ուշադրութիւնը կը գրաւէ Թէոդոսիոյ քաղաքապետին, որ զինք կը դնէ Գեղարուեստից վարժարան։
1833-ին Այվազովսկի կը մտնէ Սեն Փեթերսպուրկի (Լենինկրատ) Գեղարուեստներու ակադեմիան, իբր թոշակառու աշակերտ։
Իր ծովային նկարչութեան հակումները տեսնելով, զայն Փրոֆ. Զաուերվէյդի մօտ ամէն տեսակ ծովային փորձերու մասնակցող նաւի մը մէջ ուսանելու կը ղրկեն։
Աւելի վերջ, 1834-ին Գեղարուեստից վարժարանը զայն կը ղրկէ օտար երկիրներ, կատարելագործելու համար իր գեղանկարչական հմտութիւնները։ Ան կ՚երթայ Պերլին, Թրիէսթէ, Վիեննա եւ Վենետիկ։ Կը ճամբորդէ նաեւ դէպի Հռոմ, ուր ցուցահանդէս մը կը սարքէ։
Յանկարծ կը պատահի անոր կեանքին ամենատպաւորիչ դէպքերէն մին։ Հռոմի Պապը Գրիգորիս ԺԶ. Վատիկանի թանգարանին համար կը գնէ անոր «Քաոս» նկարը. այսպէսով զայն հռչակած կ՚ըլլայ մեծ վարպետներու շարքին։
1848-ին ֆրանսական կառավարութիւնը պաշտօնական հրաւէրով կը հրաւիրէ զայն, որպէսզի իր մէկ ցուցահանդէսը բանայ Լուվրի թանգարանին մէջ։ Այսպէս, Այվազովսկիի ցուցահանդէսը կը բացուի Լուվրի թանգարանին մէջ եւ յետոյ ցուցադրութիւնը կը շարունակուի Լոնտոն, Լիզպոն, Մատրիտ, Կրանատա, Մալակա, Ճիպրալթար, Պարսելոնա, Մալթա կղզի, Սորրենզօ եւ Քափրի։
Շուտով իր նկարները կը տարածուին Եւրոպա, մաս կը կազմեն ամենակարեւոր հաւաքածոներու եւ Այվազովսկի կ՚անուանուի «ծովու հանճարեղ երգիչ»։
Այվազովսկիի համար իրական վարժարանը եղած է բնութիւնը։ Կոհակներու շառաչին, ծովուն մեղեդիին եւ ցայգալոյսին վիպական գեղեցկութեան մէջ մեծագոյն ուսուցիչը։ Այվազովսկի խորապէս զգաց ծովուն յուզումները, անոր մէջ սպառեց իր ներշնչումին կենսունակութիւնը։
Եւրոպայի զանազան քաղաքներու ցուցահանդէսներէն յետոյ, Այվազովսկի կը վերադառնայ Փարիզ. Նափոլէոն Գ.-ի եւ Նժենիա կայսրուհիի ձեռքէն կը ստանայ «Պատուոյ լէգէոն»ի շքանշանը եւ կը մեկնի Փեթերսպուրկ։
Ճամբան կանգ կ՚առնէ Ամսթերտամ եւ ցուցահանդէս մը կը սարքէ։ 27 տարեկան է դեռ, Ամսթերտամի Ակադեմիայի անդամ կը հռչակուի եւ «Համաշխարհային վարպետ»ի տիտղոսին կ՚արժանանայ։
Իսկ Սեն Փեթերսպուրկ (Լենինկրատ) վերադարձին՝ Գեղարուեստի ակադեմիայի խորհուրդը միաձայնութեամբ Ակադեմիայի անդամ կը հռչակէ զայն։ Մէկ քանի օր յետոյ, Ծովային գլխաւոր հրամանատարութեան կողմէ կոչուած է «Ծովու առաջին գեղանկարիչ» եւ իրեն տրուած՝ ծովային բարձրաստիճան սպայի համազգեստ կրելու իրաւունք։
1869-ի աշնան, պաշտօնական հրաւէրով կը ճամբորդէ Եգիպտոս, ներկայ գտնուելու համար Սուեզի ջրանցքին բացման հանդիսութեան։
Յետոյ կ՚անցնի Իտալիա՝ Ֆլորանս, ուր եւս Գեղարուեստի ակադեմիան զայն «պատուոյ անդամ» կ՚ընտրէ եւ կ՚առաջարկէ ինքնանկարը պատրաստել Պիթթիի պալատի պատկերասրահին համար, ուր կը գտնուին աշխարհի մեծագոյն նկարիչներու դիմանկարները, իբրեւ հազուադէպ մեծարանք։
1880-ին Իսթանպուլ կը հրաւիրուի արքունի ճարտարապետ Սարգիս Պալեանի կողմէ։ Սուլթան Ապտիւլազիզ մեծ պատիւներով կ՚ընդունի զինք եւ կը վարձատրէ ադամանդեայ շքանշաններով, պալատին համար նկարած 21 կտաւներուն համար, որոնք կը զարդարեն Տոլմապահչէի պատմական պալատին դահլիճները։
Այվազովսկի այլեւս հասած է իր արժանիքներու գագաթնակէտին իր արուեստին, ինքզինք կը նուիրէ հասարակական կեանքի աշխատանքներու։ Ան կը գնէ կալուածներ եւ անոնք կը նուիրէ իր բնակիչներուն։ Կը կառուցանէ «հնութիւններու թանգարան»ի համար շէնք մը, իր բնակարանին մէջ ժողովուրդին համար հանդէսներ կը սարքէ, հռչակաւոր դերասաններ եւ երաժիշտներ կը հրաւիրէ Թէոդոսիա, ինչպէս Ռուպինշթայն, Սպենդիարեան եւ այլն, դպրոց մը կը հիմնէ եւ զայն կը հոգայ նիւթապէս։
Իր իսկ միջամտութեամբ պետութեան կողմէ կը կառուցուի նաւահանգիստ եւ երկաթուղի։
Փոխադարձաբար քաղաքը զինք կը պատուէ իր ծնած տան փողոցը կոչելով «Պուլըվար Այվազովսկի»։
Անցեալ տարիները իրեն համար կրկին փառքի եւ մեծարանքի օրեր կ՚ըլլան։ Ան կը ստանայ «Սուրբ Վլատիմիր»ի երկրորդ աստիճանի, «Ալեքսանտր Նիեւսկի»ի առաջին աստիճանի շքանշանները եւ յետոյ գեղարուեստական գործունէութեան 60-ամեակին առթիւ Կայսերական հրամանով կը կտրուի իր դիմանկարով ոսկի մետայլ։
Յովհաննէս Այվազովսկի կը մահանայ 19 ապրիլ 1900 թուականին։
Անմիջապէս յաջորդ օրը, Թէոդոսիայի բոլոր խանութները, դպրոցները եւ շուկան չեն բացուիր՝ բացառիկ յուղարկաւորութիւն մը տեղի կ՚ունենայ. զայն զինուորական մեծ պատիւներով, իր վերջին փափաքին համաձայն կը թաղեն Հայոց Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակը։
Իր անուանակից Յովհաննէս Թումանեան «Այվազովսկի պատկերի առաջ» բանաստեղծութեամբ կը մեծարէ Յովհաննէս Այվազովսկին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք նոյնութեամբ Յովհաննէս Թումանեանի բանաստեղծութիւնը։
ԱՅՎԱԶՈՎՍԿԻ ՊԱՏԿԵՐԻ ԱՌԱՋ
Ելած՝ ովկիանի անզուսպ ալիքներ,
Ծանր յորձանքով զարկուելով դէպ վեր
Լեռնանում էին, գոռալով ահեղ,
Եւ մրրիկն ուժգին շնչում էր այնտեղ,
Անեզր ու անվերջ,
Տարածութեան մէջ։
***
«Կանգնեցէ՛ք» գոչեց վրձինը ձեռքին,
Կախարդ ծերունին յուզուած տարերքին,
Եւ լուռ հնազանդ հանճարի ձայնին,
Մութ ալիքները փոթորկի ժամին,
Կտաւի վրայ, կանգնած են ահա։
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ահաւասիկ, «Տաղանդաւոր»ի մը՝ «Տաղանդաւոր» մը պատկերացնող հրաշալի՜ տողերը։ Տաղանդաւոր մը միայն կրնայ հասկնալ տաղանդաւորի մը տաղանդը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 20, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024