ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

«Քանզի Աստուծոյ բարկութիւնը երկինքէն կը յայտնուի մարդոց բոլոր ամբարշտութեանը եւ անիրաւութեանը վրայ, որոնք ճշմարտութիւնը անիրաւութեամբ բռներ են». (ՀՌՈՎՄ. Ա 18)։

Աստուած բարկացած է մարդոց ամէն մեղքին դէմ եւ ամէն մեղք պիտի պատժէ։ Ուստի պիտի դատապարտէ անհաւատ հեթանոսները. նախ՝ ամբարշտութեան համար, եւ երկրորդ՝ չար գործերու համար։ Հեթանոսները անպատասխանի են իրենց մեղքերուն համար, քանի որ Աստուած ծանօթ էր անոնց՝ Աստուծոյ արարածներէն։

Արդարեւ, հեթանոսները, այսինքն՝ անհաւատ եւ անաստուածները Աստուծոյ վրայ գիտութիւն ունէին, սակայն չէին ուզեր ընել ի՛նչ որ պարտաւոր էին ընել Աստուծոյ հանդէպ։ Այլ փոխանակ լոյսի՝ խաւարը ընտրելով, անբան եւ անիմաստ տգիտութեան եւ անմիտ կռապաշտութեան մէջ ինկան։ Այս պատճառով Աստուած իրապէս թողուց զանոնք իրենց ճամբաներուն մէջ յառաջանալու, եւ այնպէս ընկղմիլ հետզհետէ բարոյական յետին նուաստութեան մէջ, անձնատուր ըլլալով այնպիսի մոլի գործերու՝ որ բնութեան դէ՛մ են։

Աստուած երբեք ոխակալ եւ չարասիրտ չէ՝ ո՛չ մէկ կասկած այս մասին։ Բայց Աստուած ո՛րքան բարի եւ ամենագութ, ամենողորմ է, նոյնքան եւ արդա՛ր է։ Արդարեւ, գութը եւ արդարութիւնը ներդաշնակել, հաւասարակշռել եթէ ոչ անկարելի, բայց դժուար է մարդ արարածին համար, բայց ամենակարող Արարչին՝ Աստուծոյ համար ամէն ինչ կարելի է, Անոր համար անկարելի ոչ մէկ բան կրնայ ըլլալ։

Ուրեմն այս ուղղութեամբ՝ Աստուծոյ պատիժը բացարձակապէս արդար է. որովհետեւ Ան արդար Դատաւոր է՝ որուն դատաստանը արդա՛ր է։ Այսուհանդերձ, Աստուած մեղքերու դէմ «սուրբ տհաճութիւն» մը ունի՝ «արդար զայրոյթ» մը, որ մաշող կրակի նման կը բորբոքի մեղաւորներու դէմ, թէպէտ Աստուած ասոնք կ՚ընէ անհուն կարեկցութեամբ՝ Ան ասոնց համար ունի նաեւ անհուն գութ եւ ցաւակցութիւն։

Աստուծոյ բարկութիւնը կը յայտնուի Իր արդար դատաստաններէն եւ Անոր ձայնէն՝ որ մեղաւորներու խղճին կը խօսի։

Անհաւատներ՝ որոնք «ճշմարտութիւնը անիրաւութեամբ» լեցուցած են եւ իրենց չար գործերով ետ կեցած եւ կամ ապարդիւն թողած են այն ազդեցութիւնը՝ որ Աստուծոյ գոյութիւնը, անոր ստորոգելիները եւ արդար պահանջները ճանչնալէն կրնար յառաջ գալ։ «Ետ կենալ» կը նշանակէ՝ այնպէս ընել որ ճշմարտութիւնը ազդեցութիւն չունենայ։ Անոնք յանցաւոր էին, ո՛չ թէ որովհետեւ տգէտ էին «ճշմարտութեան», այլ որովհետեւ կը պատերազմէին, կ՚ընդդիմանային եւ կը հակառակէին այն ճշմարտութեան դէմ՝ զոր բուն իսկ իրենց բնութիւնը եւ Աստուծոյ արարածները կը յայտնէին անոնց։

Արիստոտել կ՚ըսէ.

«Աստուած որ ամէն մահականացու էակի անտեսանելի է՝ Իր գործերովը կը տեսնուի»։

Նափոլէոն, գիշեր մը իր անհաւատ պաշտօնեաներէն ոմանց խօսակցութիւնը լսելէ ետք, ձեռքով աստղերը միայն ցոյց տալով բարձրաձայն կը գոչէ. «Պարո՛ններ, ո՞վ ըրաւ բոլոր ասոնք»։ Արդարեւ, մարդուն գործերն է որ կը ցուցնեն անոր մտքին խորհուրդները։ Խորհուրդը կը յայտնուի գործո՛վ։ Այսպէս ալ տիեզերքին բոլոր բաները Արարչին խորհուրդները ցոյց կու տան։ Բնութեան օրէնքները. «Երկինքներուն եւ երկրիս կանոններ»ն են. (ԵՐԵՄ. ԼԳ 25), եւ ապացոյց են՝ թէ զանոնք հաստատելու եւ պահպանելու համար խորհող Միտք մը կա՛յ։ Նիւթական զօրութիւնները ի հարկէ իմացական Կամքի մը զօրութենէ ծագում կ՚առնեն։

Արարածին իմացողութիւնը կը ցուցնէ, թէ այն արարածին էութեան Սկզբնապատճառը կամ Հեղինակը իմացողութիւն ունի։ «Միթէ ականջը տնկողը չի՞ լսեր. կամ թէ աչքը ստեղծողը չի՞ տեսներ…։ Միթէ մարդու գիտութիւն սորվեցնողը չի՞ գիտեր». (ՍԱՂՄ. ՂԴ 9-10)։

Թէեւ հաւատքը ապացոյցի եւ փաստի պէտք չունի, բայց երբ կը վայելենք բարիքներ մեր կեանքի ընթացքին, կարելի՞ է չհաւատալ Աստուծոյ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 22 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2023