ԳՐՈՂԻՆ ԸՆԹԵՐՑՈՂԸ ԳՐՈՂՆ Է

Այնպէս ինչպէս եկեղեցւոյ պարագային հաւատացեալները, նոյնպէս ալ մամուլի պարագային ընթերցողները կը պակսին եւ կարծես օրէ օր այդ պակասը աւելիով կը զգացուի՝ շատ անգամ յուսահատութեան մատնելով խմբագրութիւններն ու գրողները: Ընթերցանութեան պակասը նիւթականէն աւելի բարոյական վէրք մը կը յառաջացնէ թէ՛ գրողներուն եւ թէ խմբագրութիւններուն մօտ, որովհետեւ այնպէս ինչպէս անձ մը երգիչ կը դառնայ հանդիսատեսի շնորհիւ, նոյնպէս ալ գրող մը որպէս գրող կը ճանչցուի ընթերցողներու գոյութեամբ:

Մեր ազգի զաւակներուն մէջ որոշ ժամանակ ընթերցանութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէր, սակայն ժամանակ մը ետք այդ կրակը կամաց-կամաց սկսաւ խամրիլ եւ հասաւ ժամանակ, որ ընթերցանութիւնը «յետամնաց» ու որպէս «ծերերու յատուկ» զբաղմունք սկսաւ դիտուիլ: Որոշ ժամանակ այդպէս ընթանալէ ետք նոր սերունդին մօտ դարձեալ ընթերցանութեան հանդէպ սէր մը ծագեցաւ՝ սակայն այս անգամ ո՛չ թէ հայ՝ այլ օտար գրականութեան հանդէպ, որովհետեւ յառաջացաւ սերունդ մը, որ սկսաւ մտածել ու համոզուիլ, որ այնպէս ինչպէս օտարին երաժշտութիւնը, արտադրանքն ու մշակոյթը, նոյնպէս ալ գրականութիւնը աւելի փայլուն, որակաւոր ու հաճելի է: Ունեցանք սերունդ մը, որ իր Ես-ը սկսաւ շոյել հրապարակներու կամ կայարաններու մէջ օտարալեզու գիրք մը կարդալով եւ կամ գուցէ կարդալ ձեւացնելով, ինչ որ «զարգացած» ըլլալու տպաւորութիւն ձգել կը փորձէր ուրիշներու վրայ:

Իսկ հայկակա՞նը:

Յաճախ մեզի հարց կը տրուրի. «Ինչո՞ւ համար կը գրէք», «Ձեր գրածները ո՞վ կը կարդայ». մեր գրելը շատերու աչքին կը նմանի ցամքած ծովու մէջ թիավարելու՝ աննպատակ ու անպտուղ: Նոյն մտածումը շատ անգամ կ՚ունենանք նաեւ մենք՝ գրողներս, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակինք ընթերցողներու պակասի գոյութեան:

Անձնական փորձը սակայն զիս դէմ յանդիման բերաւ երկու տեսակ ընթերցողներու՝ ընթերցասէրներ եւ մրցակից-թշնամիներ:

ԸՆԹԵՐՑԱՍԷՐՆԵՐ.- Արհեստագիտութեան զարգացման հետ միատեղ կամայ թէ ակամայ մամուլը եւս իր տեղը գտաւ արդի աշխարհին մէջ. մեր գրութիւնները մամուլի կողքին սկսան տեղադրուիլ նաեւ համացանցի մէջ, ուր ի վիճակի եղանք տեսնել ընթերցողներու հետաքրքրութիւնը (թէեւ թոյլ): Սկսանք կարդալ մարդոց մեկնաբանութիւններն ու կարծիքները մեր գրածներուն մասին, ինչո՞ւ չէ, նաեւ ստացանք անհատական նամակներ՝ ինչ որ ընթերցողներու փոքրամասնութեան մը գոյութիւնը փաստեց:

Սակայն ընթերցասէրներու կողքին կայ այլ խումբ մը՝ որ շատերու համար կրնայ տարօրինակ թուիլ:

ՄՐՑԱԿԻՑ-ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ.- Կրնայ զարմանալի թուիլ, սակայն անձնական փորձով փաստեցի, թէ գրողները միւս գրողներուն գրածները կը կարդան, սակայն չես գիտեր ինչու, երբեք այդ մէկը ցոյց տալ չեն ուզեր: Կրնան ամբողջ ամիս մը կարդալ եւ ո՛չ մէկ մեկնաբանութիւն կատարել, ո՛չ մէկ կարծիք յայտնել, սակայն ամենափոքր սխալի մը պարագային կ՚ըլլան առաջին արձագանգողները: Այս մէկը սորվեցայ անձնական փորձով. մինչեւ իսկ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի աշխատակիցներէն մի քանին երկար ամիսներ ո՛չ մէկ բան արձագանգելով սխալ վրիպումի մը պարագային եղան առաջին մատնանշողները: Նոյնիսկ յօդուածի մը պարագային եղաւ քննադատութիւն մը: Այս բոլորը ակամայ զգացնել տուին թաքուն թշնամութեամբ խառնուած մրցակցութեան մը անգոյ գոյութիւնը: Տարօրինակ մթնոլորտ մը պարզապէս:

Հին գրողներու մօտ տեսած էինք նման մթնոլորտ մը, թէեւ այդ ժամանակ ամէն բան աւելի բացայայտ էր ու արդարացի: Հին մամուլի մէջ շատ  դիւրութեամբ կարելի է գտնել գրողներու իրարու դէմ գրած քննադատութիւնները՝ քիչ մը տրամաբանական: Այսօր սակայն կարծես գոյութիւն ունենայ իրերամերժութիւն մը. միւս գրողները եւս պիտի համաձայնին, որ շա՜տ քիչ պատահած է, որ այլ գրող մը բացայայտօրէն գնահատէ անոնց գրութիւնը. անոնք վստահաբար համաձայն պիտի գտնուին, որ գործընկերներու կողմէ գնահատանքէն աւելի քննադատութեան եւ սխալներու մատնանշումի արժանացած են:

Այս ցաւօք ճշմարտութիւնը թէեւ առողջ մթնոլորտ մը չի պարզեր, սակայն ունի իր դրական կողմերը. քննադատութիւնը՝ մա՛նաւանդ առողջ քննադատութիւնը գրականութեան կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ, որովհետեւ քննադատութիւնն է, որ կը մղէ գրողը աւելի զգոյշ եւ ուշադիր ըլլալու եւ իր գրելուն շատ աւելի լրջութեամբ մօտենալուն: Սակայն գոյութիւն պէտք է ունենայ դրամին միւս կողմը, որովհետեւ մեր գրելը ո՛չ թէ իրարու հանդէպ մրցակցութիւն, այլ գրականութեան բան մը մատուցել է պարզապէս:

Ընթերցողներ մեր գրածները կարդան թէ ոչ, անոնք վերջապէս պիտի յանձնուին պատմութեան եւ իրենց տեղը ունենան: Գուցէ դարեր ետք գտնուին «խենթ»եր, որոնք մամուլի հին թերթերը պրպտելով հանդիպին մեր արդէն իսկ մոռցուած (ե՞րբ ճանչցուած էր որ...) անուններուն:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -177-

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հին աշխատակիցներէն մէկը՝ որ վստահաբար թաքուն կը հետեւի մեր բոլորին գրածներուն, հետեւեալ բովանդակութեամբ անձնական նամակ մը գրեց.

«Կը հետեւիմ ձեր գրութիւններուն, սակայն կ՚ուզեմ ըսել, որ այսօր «այսինչ» տողին մէջ քերականական սխալ մը կար»: Նամակին շնորհակալութեամբ պատասխանեցի, սակայն ակամայ ունեցայ այն մտածումը, որ չէ՞ր ըլլար բազմատասնեակ յօդուածներէն ետք սխալ մը տեսնելով գրելու փոխարէն սկզբնական շրջանէն յաջողութեան եւ քաջալերանքի խօսք մը փոխանցէր, որմէ ետք կատարուած ամէն քննադատութիւն պիտի դիտուէր որպէս բարիք եւ ո՛չ թշնամական մրցակցութիւն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2023