ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկուան Սրբադասման արարողութեան ընթացքին հանդէս եկաւ հետեւեալ պատգամով, զոր կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնի վերածելով։
«Իսկ եթէ նախատիցի՛ք եւս վասն անուանն Քրիստոսի, երանելի՛ էք, զի …Աստուծոյ Հոգին ի վերայ ձեր հանգուցեալ է»
(Ա ՊԵՏ. Դ 14)
Սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալ եղբայրներ եւ քոյրեր,
Աստուածաշնչեան Արարատի հայեացքին ներքեւ, Քրիստոսակառոյց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի այս նուիրական սրբավայրին մէջ այսօր միասնական աղօթքով փառք կը վերառաքենք Ամենազօր Աստուծոյ իր բոլոր պարգեւներուն համար։ Կը փառաբանենք Երկնաւորը, որ զօրութիւն տուաւ մեր ազգին՝ իր դարաւոր պատմութեան փորձութիւնները յաղթահարելու, Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն վեր յառնելու, իր նոր կեանքի յաղթանակներն ու ձեռքբերումները կերտելու։ Կ՚օրհնաբանենք Տէրը, որ վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց նահատակուած ցեղասպանութեան վկաները կը թագադրէ սրբութեան պսակով ու անոնց բարեխօսութեամբ կը հեղէ մեր կեանքին Իր անսպառ ողորմութիւնները։
Հայոց ցեղասպանութեան դժնդակ տարիներուն մեր ժողովուրդի միլիոնաւոր զաւակներ ծրագրուած կերպով տեղահանուեցաւ եւ ջարդի ենթարկուեցան, անցան հուրի ու սուրի միջով, ճաշակեցին տանջանքներու ու վշտի դառն պտուղները, սակայն սոսկալի նեղութիւններու մէջ, մահուան յանդիման մնացին Քրիստոսի սիրով զօրացեալ՝ բերելով վկայութիւնը անսասան հաւատքի՝ համաձայն առաքելաւանդ խօսքի. «Իսկ եթէ նախատուիք ալ Քրիստոսի անուան համար, երանելի էք, քանի որ… Աստուծոյ հոգին կը հանգչի ձեր վրայ»։
Քրիստոսին նահատակութեամբ վկայելը ընդելուզուած է մեր ժողովուրդի կեանքին։ Սրբութեան, առաքինութեան, անձնուիրումի, հոգեւոր սխրանքի բազում վկայութիւններ արձանագրուած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգական տարեգրութեան մէջ։ Քրիստոնէական հաւատքի համար հալածուող հայորդին աղօթքով անցած է նահատակութեան ճանապարհը, իսկ զայն անդուլ դաժանութեամբ հալածողը կարծած է, թէ ի սպառ արմատախիլ կ՚ընէ Քրիստոսի հանդէպ սէրը հայու կեանքէն։ Յիսուս Քրիստոսի համար նահատակ հայորդիի արիւնը անխախտ հաւատքի ու ազգասիրութեան դրոշմը դրած է անապատի աւազներուն, մինչդեռ եղեռնագործը կարծած է, թէ հայը անհետ կը կորչի պատմութեան հողմերուն մէջ։ Քրիստոսանուիրումի եւ հայրենեաց սիրոյ նոյն այդ ոգիով մեր ժողովուրդը հոգեւոր եւ ազգային իր կեանքը վերակերտած է աշխարհի բոլոր կողմերուն, վերածնունդ ապրած Արեւելեան Հայաստանի մէջ՝ մոխիրներէն յառնած իր պետութեան հովանիին ներքեւ։ Վերելքի իր ուղին մեր ժողովուրդը կերտած է զոհողութիւններով, մաքառումով, մարդկային խղճի եւ իրաւունքի առջեւ իր արդար դատը բարձրաձայնելու ջանքերով՝ միշտ աղօթքով յիշելով Հայոց Ցեղասպանութեան բիւրաւոր վկաները։
Նահատակութեան պատմութիւնը պարզ փաստերու ու դէպքերու շարադրանք մը չէ միայն, ան մեր առջեւ պարզուող հաւատքի ճշմարտութիւնն է, որուն յանդիման անզօր են հալածանքն ու ոճրագործութիւնները, քաղաքական խարդաւանքն ու դժուարութիւնները։ Նահատակութիւնը մարդկային կեանքը եւ պատմութիւնը կը կապէ աւելի զօրաւոր, երկնային իրողութեան մը հետ, զոր կ՚արդարացնէ ժամանակը եւ կը ծաւալուի դէպի յաւերժութիւն՝ ըստ տէրունական խոստման. «Մի երկնչիր այն բանին համար, որ պիտի չարչարուիս. …եղիր հաւատարիմ մինչեւ մահ, եւ Ես քեզի կեանքի պսակը պիտի տամ» (ՅԱՅՏՆ. Բ 10)։ Քրիստոսին վկայած մեր նահատակները մեր հոգիի հայեացքը երկնային իրողութիւններէն կը բարձրացնեն դէպի երկնային կեանք, հոգեւոր զուարթութիւն պարգեւելով անոնց բարեխօսութիւնը հայցողներուս եւ քաջալերելով Տիրոջ ապաւինելու, փորձութիւններու յանդիման չերկնչելու, եւ տէրունաշնորհ կեանքը ապրելու հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ գործերով։ Ցեղասպանութեան նահատակները այսօր երկնքի արքայութեան լուսեղէն օթեւաններուն մէջ մարտիրոսութեան պսակով զարդարուած՝ արդարութեան, մարդասիրութեան, խաղաղութեան հովանաւոր սուրբեր են, որոնց բարեխօսութիւնը երկինքէն Աստուծոյ ողորմութեան եւ շնորհներու աղբիւրը կը բանայ այնտեղ, ուր կը տկարանայ արդարութիւնը, կը խախտուին խաղաղութեան անդորրն ու ապահովութիւնը, ուր կ՚ոտնահարուին մարդոց եւ ժողովուրդներու իրաւունքները, սպառնալիքներ կը յառնեն ընդդէմ հասարակութիւններու բարօր կեցութեան, կը մոլեգնեն հալածանքներ հաւատքի եւ ինքնութեան դէմ։
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ, մենք բոլորս այսօր ականատեսն ենք մեր պատմութեան հոգեւոր վերափոխման, որուն մասնակից ենք թէ՛ հաւաքաբար եւ թէ անհատաբար։ Ցեղասպանութեան նահատակներու Սրբադասումը կենդանարար նոր շունչ, շնորհ եւ օրհնութիւն կը բերէ եկեղեցական եւ ազգային մեր կեանքին մէջ։ Մենք կը հաւատանք, որ մեր ժողովուրդի հզօր նոր վերածնունդի պսակը կը հիւսենք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակները սրբադասելով։ Մեր սուրբ նահատակներու յիշատակը այլեւս ոչ թէ զոհի ու ննջեցեալի հոգեհանգստեան աղօթք է, այլ՝ յաղթանակած ու նահատակութեան արեամբ սրբագործուած անմարմին զինուորներու յաղթական օրհներգութիւնը։ Այսօր մեր սուրբ նահատակներու հաւատքի եւ հայրենեաց սիրոյ ջերմեռանդ ոգին կը տարածուի Տէր Զօրէն մինչեւ Սուրբ Էջմիածին եւ Ծիծեռնակաբերդ, նորանկախ Հայաստանէն մինչեւ աշխարհասփիւռ հայ կեանքի վերածնուած անդաստաններ՝ զօրացնելով ապրելու անխախտ հաւատքով, մեր կեանքի վերազարթօնքի պայծառ տեսիլքով, եւ մեր արդար դատի պաշտպանութեան աներկբայ կեանքով։ Այսօր աշխարհի բոլոր կողմերուն մեր ժողովուրդի աղօթքները միահիւսուած են աղօթքներուն սրբազան այս արարողութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը՝ Առաջին տիկնոջ հետ, Մեր հոգեւոր եղբայր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, ի Քրիստոս մեր սիրեցեալ եղբայրները՝ հոգեւոր պետեր եւ ներկայացուցիչներ քոյր եկեղեցիներու, Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու բարձրապատիւ ներկայացուցիչները, հայոց եւ բարեկամ երկիրներու պետական այրեր, դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ցեղասպանութեան մեր սուրբ նահատակներու բարեխօսութեան անդրանիկ հայցով այսօր մեր աղօթքը վերառաքենք առ Աստուած,
որպէսզի Իր օրհնութեան ներքեւ անխռով պահպանէ մեր ժողովուրդը եւ համայն մարդկութիւնը,
- որպէսզի յագենայ արդարութեան ծարաւի հոգին մեր ժողովուրդի,
- որպէսզի աստուածային ողորմութեամբ արդարութեան եւ ճշմարտութեան շողերը փայլատակեն աշխարհի վրայ ու ցրեն մարդկութեան կեանքը ալեկոծող ոճիրներու եւ եղեռնագործութիւններու խաւարը, եւ եղբայրութեան ու համերաշխութեան մէջ մարդկութիւնը կերտէ իր բարօր ու երջանիկ կեանքը։
Թող սուրբ նահատակներու բարեխօսութեամբ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհը, սէրը եւ ողորմութիւնը ըլլան ձեզի հետ եւ ամէնքին՝ այսօր եւ միշտ. ամէն։