ԴԺՈՒԱՐԻՄԱՑ ԽՕՍՔԵՐ

Պետ­րոս Ա­ռա­քեալ իր ընդ­հան­րա­կան երկ­րորդ նա­մա­կին մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ. «Նա­մակ­նե­րու մէջ կարգ մը դժուար հասկ­նա­լի մա­սեր կան, ո­րոնց ի­մաս­տը չա­րա­փո­խու­մի կ՚են­թար­կուի տգէտ եւ փո­փո­խա­միտ մար­դոց կող­մէ։ Ա­նոնք միւս Սուրբ Գիր­քե­րը եւս կը չա­րա­փո­խեն, ի­րենց սե­փա­կան կո­րուս­տը պատ­րաս­տե­լով» (Բ. ՊԵՏՐ. Գ 16)։­

Ար­դա­րեւ սրբա­զան մա­տե­նա­գիր­ներ, խօս­քով եւ օ­րի­նակ­նե­րով կը սոր­վեց­նեն, թէ մար­դուս պար­տա­կա­նու­թի՛ւնն է քննել Սուրբ Գիր­քը եւ ա­նով փոր­ձել եւ ա­պա­ցու­ցա­նել ա­մէն վար­դա­պե­տու­թիւն. կը խրա­տեն նաեւ զգու­շա­նալ ծե­քե­լէ կամ ծռե­լէ Աս­տու­ծոյ խօս­քին վկա­յու­թիւ­նը։

Կեան­քի ա­մէն շրջա­նին՝ մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս խօս­քե­րը կամ դէպ­քե­րը կը մեկ­նա­բա­նեն, կը հասկ­նան այն­պէս՝ ի՛նչ­պէս որ ի­րենց շա­հը կը պա­հան­ջէ։ Ա­սի­կա կը բա­ցատ­րուի նաեւ սա­պէս. մարդ խօսք մը կը լսէ եւ կը հասկ­նայ՝ այն­պէս, ինչ­պէս որ կ՚ու­զէ լսել եւ հասկ­նալ։ Բնա­կան եւ սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյթ մըն է այս մէ­կը, քա­նի որ կեան­քի ըն­թաց­քին կա­րե­լի է դի­մա­ւո­րուիլ նման շե­ղում­նե­րու, խօս­քի փո­փո­խու­թիւն­նե­րու։

Ար­դա­րեւ, ե­թէ խօս­քը յստակ չէ, կա­րե­լի է տար­բեր ի­մաստ­նե­րով հասկ­ցուիլ եւ մեկ­նա­բա­նուիլ։ Իսկ ե­թէ խօս­քը յստակ է՝ փոխուե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը քիչ կ՚ըլ­լայ։ Պետրոս Ա­ռա­քեալ, ար­դա­րեւ «տգէտ եւ ան­հաս­տատ» մար­դոց հա­մար կ՚ը­սէ, թէ դժուա­րի­մաստ խօս­քե­րը կը շա­հա­գոր­ծեն՝ զա­նոնք ի­րենց ու­զա­ծին պէս մեկ­նա­բա­նե­լով, սա­կայն երբ խօս­քը յստակ չէ, կա­րե­լի է զայն ըմբռնել տար­բեր ձե­ւե­րով՝ ե­թէ նոյ­նիսկ չա­րամտու­թիւն մը չըլ­լայ, ան­գի­տակ­ցա­բար սխալ կամ ծուռ կրնայ հասկ­ցուիլ ան։ Այն բա­նը որ յստակ չէ, ան­կա­յուն եւ ան­հաս­տատ է, եւ ու­րեմն տար­բեր ըմբռ­նում­նե­րու կրնայ ա­­ռար­կայ ըլ­լալ։

Երբ յա­ճախ կը խօ­սինք «ան­կեղ­ծու­թեան» կա­րե­ւո­րու­թեան եւ մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վրայ՝ այդ կը նշա­նա­կէ «յստա՛կ» ըլ­լալ խօս­քով եւ գոր­ծո՛վ։

Այն խօս­քը որ յստակ է, այ­լա­պէս կա­րե­լի չ՚ըլ­լար զայն փո­փո­խու­թեան են­թար­կել, տար­բեր ձե­ւով ըմբռ­նել եւ մեկ­նա­բա­նել, եւ ընդ­հան­րա­պէս շա­հա­գոր­ծել։ Բայց պէտք է ըն­դու­նիլ, որ խօս­քի մը կամ գոր­ծի մը յստակ ըլ­լա­լը այն­քան դիւ­րին չէ. միշտ «բաց դուռ» մը կը գտնուի խօս­քե­րու եւ գոր­ծե­րու մէջ, քա­նի որ կեան­քի մէջ ա­մէն ինչ յա­րա­բե­րա­կան է, կեան­քի ո­րե­ւէ պա­հուն ո­րե­ւէ վի­ճակ ու­րիշ պա­հու մը եւ վի­ճա­կի մը հետ չի՛ կրնար հա­մե­մա­տիլ, նոյ­նա­նալ, ո­րով­հե­տեւ բնու­թիւ­նը եւ կեան­քը միշտ բա­րե­փո­խու­թեան մէջ է, շար­ժուն է եւ մէկ պա­հը միւ­սին, նա­խոր­դը յա­ջոր­դին թէեւ կը նմա­նի, բայց նոյ­նը չէ՛. հո­սող ջու­րի մը կա­թիլ­նե­րը միշտ կը փո­խուին եւ նոյն կա­թի­լը ան­գամ մը եւս տես­նել կա­րե­լի չ՚ըլ­լար։ Ու­րեմն, այս կը նշա­նա­կէ, որ խօս­քեր եւ գոր­ծեր պէտք է յստակ ըլ­լան, որ­պէս­զի այդ պա­հուն ար­տա­սա­նուած խօս­քը եւ կամ կա­տա­րուած գոր­ծը, ա՛յդ պա­հուն հասկ­ցուի եւ ըմբռ­նուի։ Ուս­տի Պետ­րոս Ա­ռա­քեա­լի խօս­քե­րը պէտք չէ՛ վհա­տե­լու պատ­ճառ դառ­նայ։ Մար­դիկ պէտք է ձեռ­նար­կեն քննել Սուրբ Գիր­քե­րու դժուա­րին եւ խրթին հատ-ւած­նե­րը, ա­նոնց միտքն ու ի­մաս­տը հասկը-նա­լու՝ ջանք ու զգու­շու­թիւն ը­նե­լով։

Եւ ընդ­հան­րա­պէս ամ­բողջ կեան­քի մէջ դժուա­րու­թիւն­նե­րու դէմ հաս­տա­տա­կամ եւ ինք­նավս­տա­հու­թեամբ պէտք է պայ­քա­րիլ։ Ո­րե­ւէ ի­րո­ղու­թիւն հասն­կա­լու հա­մար պէտք է ջա­նա­դիր ըլ­լալ, ե­թէ նոյ­նիսկ ա­նի­կա յստակ չէ՝ խրթին եւ ան­հասկ­նա­լի։ Գի­տա­կից ըլ­լալ՝ շատ մը հար­ցե­րու լուծ­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ պայ­ման է, ան­գի­տակ­ցա­բար կա­տա­րուած ո­րե­ւէ պայ­քար չի հաս­նիր իր նպա­տա­կին։ Ար­դա­րեւ, յաղ­թե­լու հա­մար պէտք է պայ­քա­րին պատ­ճա­ռը եւ նպա­տա­կը լա՛ւ ճանչ­նալ, նաեւ ծա­նօթ ըլ­լալ պայ­քա­րի մէջ հա­կա­ռա­կոր­դին էու­թեան եւ վի­ճա­կին։ Ո­րե­ւէ ե­րե­ւոյ­թի ի­մաս­տին թա­փան­ցե­լու հա­մար պէ՛տք է զգու­շու­թեամբ ու­սում­նա­սի­րել, հասկ­նա՛լ եւ ըստ այնմ շար­ժիլ։ Ըն­թա­ցիկ կեան­քը զգու­շու­թիւն եւ ջա­նա­սի­րու­թիւն կը պա­հան­ջէ՝ իր նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար։

Այս մա­սին Պետ­րոս Ա­ռա­քեալ դար­ձեալ կ՚ը­սէ.

«Ուս­տի, դո՛ւք, սի­րե­լի­նե՜ր, սկիզ­բէն այս բա­նե­րը գիտ­նա­լով՝ զգոյշ ե­ղէք, որ չըլ­լայ թէ ան­բա­րոյ մար­դոց մո­լո­րու­թեան հե­տե­ւիք եւ ձեր վստա­հու­թիւ­նը կորսնց­նէք։ Այլ, մեր Տի­րոջ եւ Փրկչին՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի շնորհ­քովն ու գի­տու­թեամ­բը ա­ճե­ցէ՛ք» (Բ. ՊԵՏՐ. Գ 17-18)։­

Ա­նոնք որ զգու­շու­թեամ եւ ջան­քով կը պայ­քա­րին կեան­քի դժուա­րու­թիւն­նե­րուն դէմ, բաղ­դա­տու­թիւն­ներ ը­նե­լով խօս­քե­րու եւ գոր­ծե­րու մէջ, միան­գա­մայն ու­շա­դիր կ՚ըլ­լան ու­ղի­ղը եւ ճշմա­րի­տը հասկ­նա­լու հա­մար, ա­հա­ւա­սիկ ա­նոնք կը հաս­նին ու կը ճանչ­նան ճշմար­տու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, ճշմար­տու­թիւ­նը մէ՛կ է, ու­րեմն ա­նոր հաս­նիլ դժուար է, բայց կը յա­ջո­ղին ա­նոնք՝ որ կը յաղ­թեն դժուա­րու­թիւն­նե­րու եւ անվ­հատ կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց ճամ­բան։ Եւ ո՛վ որ այս ըն­թաց­քին կը հե­տե­ւի պէտք չէ տա­րա­կու­սի եւ վախ­նայ՝ թէ պի­տի չյա­ջո­ղի կեան­քի պայ­քա­րին մէջ, որ­քան ալ դժուար եւ եր­բեմն ան­տա­նե­լի ըլ­լայ ան։

Ու­շադ­րու­թեամբ, զգու­շու­թեամբ եւ ջա­նադ­րու­թեամբ կա­րե­լի է հասկ­նալ ա­մէն ճշմար­տու­թիւն, որ­քան ալ ծած­կուած ըլ­լայ ա­նի­կա։ Ուս­տի Յի­սուս կ՚ը­սէ. «Չկա՛յ ծա­ծուկ բան որ չյայտ­նուի եւ կամ գաղտ­նի բան որ չգիտ­ցուի» (ՄԱՏԹ. Ժ 26), եւ ու­րեմն մարդ ի վեր­ջոյ կը հաս­նի ճշմար­տու­թեան՝ կը հասկ­նայ զայն եւ կ՚ըմբռ­նէ ա­նոր իս­կու­թիւ­նը։

Մարդ, երբ ա­մէն խօս­քի բո՛ւն ի­մաս­տը գիտ­նա­լու հա­մար կը գոր­ծա­ծէ ա­մէն մի­ջոց որ ձեռ­քը ու­նի, եւ սա­կայն «ի­մաս­տու­թե­նէ պա­կաս» կը տես­նէ զինք, «թող խնդրէ Աս­տուծ­մէ՝ որ ա­մէ­նուն ա­ռա­տա­պէս կու տայ՝ ու չի խնա­յեր, չի նա­խա­տեր», եւ պէտք ե­ղած ի­մաս­տու­թիւ­նը պի­տի տայ ա­նոր։

Ու­րեմն մարդ պէտք է նախ անդ­րա­դառ­նայ իր բա­րո­յա­կան եւ հո­գե­կան ու­ժե­րուն, եւ յե­տոյ պէտք է վստա­հի ա­նոնց, եւ քա­նի որ ա­նոնք տրուած են Աս­տու­ծոյ կող­մէ ի­րեն, ա­պա ու­րեմն մար­դուս ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը՝ Աս­տու­ծոյ վստա­հու­թիւն կը նշա­նա­կէ, բայց ան­գամ մը եւս յի­շենք, թէ ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը պէտք չէ եր­բեք շփո­թել ինք­նա­հա­ւա­նու­թեան հետ։ Ար­դա­րեւ ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը որ­քան ա­ռա­քի­նու­թիւն, ինք­նա­հա­ւա­նու­թիւնն ալ նո՛յն­քան մո­լու­թիւն է։

Ինք­նավս­տահ ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ՝ Աս­տու­ծոյ տուած ու­ժե­րուն, զօ­րու­թեան վստա­հիլ եւ ըստ այնմ շար­ժիլ՝ զօ­րա­ւոր ըլ­լալ, ու­ժով ըլ­լալ եւ հաս­տա­տա­կամ ըլ­լալ։ Այն որ ինք­նավս­տահ է՝ հա­ւա­տա­րիմ է, քա­նի որ գի­տէ, թէ ո՛ւր­կէ է իր վստա­հու­թեան ակ­նաղ­բիւ­րը, ո՛ր­մէ ի­րեն տրուած է այդ նե­րու­ժը, եւ այդ­պէս կը յա­ռա­ջա­նայ կեան­քի դժուա­րին ճամ­բոր­դու­թեան մէջ։

Աս­տուած կը պա­հէ ա­մէն տե­սակ վտան­գէ ա­նոնք՝ որ կը վստա­հին Ի­րեն, կը գի­տակ­ցին ի­րենց տրուած ու­ժե­րուն եւ ի­րենց գոր­ծը միշտ աս­տուա­ծա­հա­ճոյ կ՚ե­րե­ւի, կը յա­ջո­ղին կեան­քի պայ­քա­րին մէջ եւ կը հաս­նին ճշմար­տու­թեան՝ որ ու­րիշ բան չէ՛, այլ՝ ի­րենց Ա­րա­րի­չը, Նա­խախ­նա­մը՝ Աս­տուա՛ծ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ, 21, 2017, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2017