ՊԱՀՈՒԱԾ ԳԱՆՁԵՐ

Մարդիկ, ընդհանրապէս, իրենց գանձերը կը պահեն ամենէն ապահով եւ արդիական միջոցներով օժտուած դրամարկղերու մէջ։ Աստուած Իր սրբազան Խօսքը կը պահէ բնութեան բացօթեայ այս քարայրին մէջ անվթար, 2000 տարիներէ աւելի։

Մեռեալ ծովուն մօտերը գտնուող քարայրին մէջ 1947-ին գտնուեցաւ Եսայի մարգարէին գիրքը իր ամբողջութեամբ եբրայերէն ձեռագրով, գրուած Ն.Ք. 120 թուականին։ Ոչխարի մորթէ մագաղաթներու վրայ գրուած՝ 17 կտորներ իրարու կարուած, կազմելով 7 մեթր 34 երկայնքով գլուխ գործոց մը։

Անհաշուելի հարստութիւն. սակայն յաւիտենական ազդեցութիւն ունեցող Աստուածաշունչի մասնիկ մարգարէական ճշմարտութիւններ եւ Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ ներումը մարդուն հանդէպ պարունակող խօսքեր. «Տէր Աստուած ինծի պիտի օգնէ. ո՞վ է անիկա որ զիս յանցաւոր պիտի հանէ». (ԵՍ. Ծ 9)։ «Անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ, եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ… Անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք». (ԵՍ. ԾԳ 5)։ «Իմ հոգիս իմ Աստուծովս պիտի ուրախանայ, որովհետեւ ինծի փրկութեան հանդերձներ հագցուց». (ԵՍ. ԿԱ 10)։ «Սերովբէները փոփոխակի կ՚աղաղակէին եւ կ՚ըսէին. Սուրբ, սուրբ, սուրբ է զօրաց Տէրը…»։

Խոստովանինք այս մեր եւ սուրբ Աստուծոյն առջեւ եւ խոստովանինք մեր յանցանքները, մեղքերը։

Յիսուսի մասին մեր տեղեկութիւններու գլխաւոր աղբիւրը Աստուածաշունչ մատեանն է։ Անոր միջոցով է, որ կ՚իմանանք, կը տեղեկանանք Անոր Աստուածութեան, կոյս Մարիամէ ծնելուն, գործունէութեան, առաքելութեան, բժշկութիւններուն, հրաշքներուն, չարչարանքներուն, խաչելութեան, թաղման եւ հրաշափառ յարութեան, համբարձման, երկրորդ գալստեան եւ շատ ուրիշ բաներու մասին։

Չկայ ոչ մէկ ուրիշ գիրք, որ նոյնիսկ մօտենայ Սուրբ Գիրքին։

Հին յունական գրականութեան ամենանշանաւորը՝ «Էսքիլէս»ը՝ «Aeschyles» 50 ձեռագիր ունի միայն։ Մինչդեռ Նոր կտակարանը 5 հազար յունարէն ձեռագիր ունի. 10 հազար ուրիշ լեզուներու թարգմանութեան ձեռագիրներ։ Ընդամէնը 15 հազար ձեռագիր։ Ուստի, անոր նմանը չկայ ո՛չ աշխարհիկ եւ ոչ ալ հոգեւոր հին գրականութեան մէջ։

Եւ այս հազարաւոր ձեռագիրներու իւրաքանչիւր նախադասութիւնը, ամէն մէկ բառը, ամէն մէկ գիրը եւ նոյնիսկ շեշտը մեծ ուշադրութեամբ քննուած եւ համեմատուած է։ Ոչ մէկ ուրիշ դրութիւն այսպիսի մանրազննին քննութեան ենթարկուած է։ Աւելին՝ Սուրբ Գիրքը կատաղի յարձակման ենթարկուած է անաստուած, աստուածամերժ եւ անհաւատ քննադատներու կողմէն միշտ, դարերու ընթացքին, սակայն ան տակաւին կանգուն եւ հաստատ կը մնայ եւ պիտի մնայ մինչեւ աշխարհի վերջը, քանի որ ամէն ինչ կ՚անցնի, բայց Անոր Խօսքը երբեք պիտի չանցնի։

Սակայն Սուրբ Գիրքէն դուրս եւս արդեօք կա՞ն վաւերական վկայութիւններ Յիսուսի մասին։

Յովսէփոս «Josephus» հրեայ պատմաբանը, որ ամբողջ աշխարհի ծանօթ է եւ եղած է Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն ժամանակակիցը, իր «Հրեաներու հին ժամանակները». «Antiquities of the Jews» գիրքին մէջ այսպէս կը գրէ. «Մօտաւորապէս այս ժամանակուայ ընթացքին կ՚ապրէր Յիսուս՝ իմաստուն մարդ մը, եթէ ճիշդ եւ յարմար է զինք մարդ կոչել, քանի որ Ան հրաշալի՜ գործեր կը կատարէր եւ կ՚ուսուցանէր այնպիսի մարդոց, որոնք ճշմարտութիւնը մեծ հաճոյքով կ՚ընդունէին։ Ան յոյներէն եւ հրեաներէն շատերը Իրեն գրաւեց»։

300-ական թուականներուն ապրած Եւսեպիոս պատմաբանը եւս խիստ գովասանաբանական բաներ գրած է Յիսուսի մասին։

Բազմաթիւ հեթանոս գրողներ յիշած են Յիսուսը իրենց գրութիւններուն մէջ։

Անոնցմէ մէկը՝ Տակիտոս. «Tacitus», առաջին դարի պատմաբանը, կը գրէ, թէ Տիբերիոս կայսրի ժամանակ, Յիսուս Քրիստոս մահուան դատապարտուած է Պիղատոսին կողմէն, որպէս «չարագործ» եւ որ Քրիստոս հիմնադիրն էր քրիստոնեայ կոչուող «աղանդ»ին, որ յառաջացաւ Յուդայի երկրին մէջ, եւ տարածուեցաւ ամբողջ Հռովմէական կայսրութեան մէջ, հակառակ իր հիմնադրին մահուան։

Տակիտոս նաեւ կը գրէ, թէ 64 թուականին մեծ թիւով քրիստոնեաներ դաժանօրէն չարչարուեցան եւ սպաննուեցան Ներոն կայսրի ձեռքով։

Յիսուս Քրիստոս ապրեցաւ այս աշխարհի վրայ. ասիկա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է։ Ան երբեք առասպել մը չէ՛, եւ ո՛չ ալ հեքիաթ մը։ Ան Մեսիան՝ Աստուած Օծեալն է. ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Վասնզի ո՛չ թէ մենք վայելչութեամբ շինուած առասպելներու ետեւէն երթալով մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին զօրութիւնը եւ գալուստը ձեզի ցուցուցինք, հապա Անոր մեծափառութեանը ականատես ըլլալով». (Բ ՊԵՏՐՈՍ Ա 16)։

Այս մասին Յովհաննէս առաքեալ կ՚ըսէ. «Այն որ տեսանք եւ լսեցինք՝ ձեզի կը պատմենք, որպէսզի դուք ալ մեզի հաղորդակից ըլլաք». (Ա ՅՈՎՀ. Ա 3)։

Յովհաննէս առաքեալի Աւետարանին առաջին գլխուն առաջին համարին մէջ այսպէս կը կարդանք. «Սկիզբէն էր Բանը (Յիսուս), եւ Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր։ Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ քով էր։ Ամէն բան Անով եղաւ, եւ առանց Անոր բան մը չեղաւ, ի՛նչ որ եղաւ». (ՅՈՎՀ. Ա 1)։ «Եւ մէկը երկինք չելաւ, բայց Անիկա միայն որ երկինքէն իջաւ, Որդին մարդոյ որ երկինքն է». (ՅՈՎՀ. Գ 13)։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 20 2023, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2023