ՊԱՅՔԱՐՆ ՈՒ ՄԵՆՔ

Մեծ եղեռնէն երեք տարիներ առաջ՝ 1912 թուականին տքթ. Պօղոսեան Ազգային ժողովին մէջ կը բարձրաձայնէր. «հայերը պէտք է Ալպանացուց նման «պէսա» ընէ եւ իր եղբայրը սպաննողին եղբայրն սպաննէ՝ ակն ընդ ական եւ ատամն ընդ ատաման». այս յայտարարութիւնը լսելով ժողովասրահի մուտքն ու նրբանցքները գտնուողները բարձրաձայն ծափահարել կը սկսին:

Ծափահարողներու կողքին սակայն կային հակառակ կարծիք ունեցողները, որոնք մամուլի ճամբով կը բարձրաձայնէին «հեռո՛ւ վրէժխնդրական ամէն արարքէ, որ կրնայ ծառայել միայն հրդեհին արծարծումին»: Եւ կը կարծեմ արհաւիրքի պատմութեան պարագային հիմնականը պէտք է կեդրոնանալ այս նիւթին վրայ, որովհետեւ հայուն դիմաց պարզուած կը մնար երկու ճամբայ. «լռել կամ չի՛ լռել», «պայքարիլ կամ չի՛ պայքարիլ» եւ նկատի ունենալով մեր բազմատեսակութեան հանդէպ սէրը, շատեր պիտի լռէին, իսկ շատեր ո՛չ, շատեր պիտի պայքարէին, իսկ շատեր հանդիսատես դառնային պարզապէս:

Պայքարի ոգիի դէմ չեմ եղած երբեք, սակայն այդ պայքարիլ ուզողները մի քանի կարեւոր կէտեր կ՚անգիտանային.-

Ա.- Անձնական ուժերով պետութեան բանակին դէմ պայքարիլն ու կռուիլը պարզապէս ուժի վատնում ու կորուստ է, որովհետեւ այդ պատերազմող ու մինչեւ իսկ կոտորող զինուորը վերին հրամանի մը ենթական է: Ենթակայ այդ զինուորը սպաննելով կարելի չէ վերջ տալ կոտորածին կամ պատերազմին, որովհետեւ ինչքան ալ զինուոր մահանայ հրամանի աղբիւրը կը մնայ նոյնը՝ որուն համար կը կարծենք զինուոր ապահովելը այնքան ալ դժուար գործ մը ըլլալու չէ: Երբ հրամանը կու գայ վերէն՝ այդ խնդիրը պէտք է լուծել դարձեալ վերէն, որովհետեւ պատերազմն ու եղած միւս բոլոր իրադարձութիւնները հայելին են վերը որոշուածներուն:

Բ.- Պէտք էր գիտակցիլ, որ մի քանի բարերարներու շնորհիւ կարելի չէ հսկայական պետութեան մը դէմ դուրս գալու չափ զէնք-զինամթերք հաւաքել: Հայերը իրենց ունեցած զինամթերքով պարզապէս կրնային ակնթարթային ինքնապաշտպանութիւն մը կատարել, սակայն կային տաքարիւններ, որոնք աւելին կ՚ակնկալէին: Ինքնավստահութիւնը լաւ բան է, սակայն կռիւէ մը յաղթական դուրս գալու համար բաւարար ազդակ մը չէ:

Հայերը մի՛շտ ալ ունեցած են այդ անտեղի «պայքար»ի ոգին. օրինակ՝ գաղութի մը մէջ խօսուած է նոր դպրոցի մը շինութեան մասին եւ յանկարծ բոլորը ծափահարած են այդ գաղափարն ու ուզած դպրոցի շինութիւնը, սակայն երբ հարցը հասած է նիւթական տագնապներուն եւ օգնութեան՝ ծափահարողները միշտ ալ անկիւն մը քաշուած են եւ կամ լոկ բաւարարուած են ծափահարելով:

Նման հայեր միշտ ալ եղած են. վկայ Արցախեան վերջին պատերազմը. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ իրենց հանգստաւէտ պայմաններուն մէջ Արցախին զօրակցող շա՜տ հայեր եղան. չենք կրնար մերժել, որովհետեւ մենք ամէն ինչին բարոյականը ստեղծած ենք եւ հետեւաբար բարոյական զօրակցութիւնը եւս զօրակցութիւն կը համարուի:

Պէտք չէ մոռնալ, որ աշխարհի ամենէն զօրաւոր զէնքը մարդու լեզուն է եւ անոր շնորհիւ կարելի է վերջ տալ նաեւ աշխարհի ամենէն աներեւակայելի աղէտին: Այդ ժամանակուան մեր մտաւորականները անօթի ձգելու փոխարէն թող անոնցմէ կազմէին խումբ մը՝ որպէս խօսնակ, ներկայացուցիչ ու դիւանագէտ. անձեր՝ որ այդ ժամանակուան աղաներուն նման իրենց սեփական շահերը ընդլայնելու փոխարէն ազգին շահերը հետապնդէին: Եւ վա՜յ մեր ազգին վիճակին, եթէ այդ աղաները իրե՛նք եղած են մեր «ներկայացուցիչ»ները, որովհետեւ անոնց մեծամասնութիւնը անուս, անգրագէտ եւ բախտով հարըս-տութեան տիրացած անձնաւորութիւններ են՝ որոնք ամէն բան կը վերագրեն իրենց սեփական ուժերուն:

Նոյն վիճակն ենք այսօր. ամէ՛ն պայքարի կոչերուն կը ծափահարենք եւ մեր հաւանութիւնը կու տանք. երբեք մի՛ հաւատաք անոնց հայրենասիրութեան, որոնք առիթ բաց չեն ձգեր պայքար աղաղակելու, որովհետեւ ճշմարիտ պայքարողն ու անձնազոհը կռիւի ժամանակ ի յայտ կու գայ:

Յետցեղասպանութեան շրջանին բոլոր գաղութներու մէջ գտնուող մեր հայորդիները «Հայաստան» կ՚երազէին եւ կ՚ատէին եւրոպական կամ ամերիկեան երկիրները. սակայն երբ առիթ ընծայուեցաւ հայրենադարձութեան, անոնցմէ քանի՞ն վերադարձաւ։ Նոյնն է պարագան մեր պայքարի ոգիին. բոլորը միաբերան պայքար կը պոռան, սակայն պայքարի հիմնական պահուն անոնցմէ միայն մի քանի հոգի կը վազէ՛ պայքարելու:

«Ակն ընդ ական եւ ատամն ընդ ատաման» յայտարարելով յաղթութիւն չի՛ կերտուիր, որովհետեւ դիմացի ատամը աւելի զօրաւոր դուրս գալով կրնայ փշրել քու ատամդ, այդ իսկ պատճառով տրամաբանութիւն եւ պայքար պէտք է իրարու հետ համահաւասար ընթանան, որովհետեւ անջատաբար անոնք միշտ ալ պարտական են:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -224-

Ողորմած մայրենի լեզուի ուսուցիչէն յաջողեցանք «գողնալ» տարեվերջի քննութեան հարցարանը եւ լաւ նիշ ապահովելու համար համաձայնեցանք քննութեան թերթիկները նախօրօք պատրաստել եւ քննութեան պահուն պարզապէս թղթիկները փոխել՝ որ այնքան ալ դժուար գործ մը չէր այդ ուսուցիչի պարագային: Սակայն թերթը պատրաստելու ժամանակ մէկ համաձայնութեան եկանք. գիրքին մէջինները նոյնութեամբ չգրել՝ որպէսզի չնկատէ:

Քննութեան ժամանակ նկատեցինք, որ մեր դասընկերներէն մին գիրքին մէջինները նոյնութեամբ գրած է եւ բորբոքեցանք. կրնար այնպէս ըլլալ որ բոլորիս խարդախութիւնը բացայայտուէր, սակայն նոյնութեամբ ընդօրինակող դասընկերը հանգստացուց բոլորս.-

«Ու»երը «Եւ» ըրած եմ, իսկ «Եւ»երը՝ «Ու»:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2023