ԴԺՈՒԱՐ ԲԱՆ Է ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ

Մարդիկ կը խորհին, կը մտադրեն, յետոյ կ՚արտայայտեն իրենց խորհածները եւ մտադրածները, այսինքն՝ կը խօսին։ Մարդկային սովորական արարքներ են այս վիճակները՝ մասամբ դիւրին, քանի որ ընդհանրապէս մեծ աշխատութիւն մը չեն պահանջեր։ Բայց մտածումի եւ խօսքի յաջորդող երրորդ հանգրուան մըն ալ կայ, որ շատ պարագաներու տակ դժուա՛ր է՝ մտածումը եւ խօսքը գործադրե՛լ։

Արդարեւ, գործադրել եւ գործնականացնել այն բոլոր սքանչելի՜ գաղափարները, իրագործել խօսքերը եւ մանաւա՛նդ խոստացուածները, ո՜րքան դժուար է, քանի որ մարդ տկարութիւններ, թերութիւններ ունի, ի՛նչ որ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ մեզի։ Եւ ահաւասիկ, այն անձը, որ կրնայ ներդաշնակել միտքը, խօսքը եւ գործը, մեծ մասամբ ձերբազատուած կ՚ըլլայ իր տկարութիւններէն եւ թերութիւններէն, դէպի կատարելութիւն առաջին քայլը նետած կ՚ըլլայ։ Երանելի՛ է այն մարդը, որ կը գործադրէ, կը գործնականացնէ իր խօսքը։

Այս հարցին մասին տրուած շա՜տ յորդորներ եւ խրատներ կը մնան միշտ լոկ «հայեցողութիւններ», որոնց հետեւիլ անկարելի է գործնականին մէջ։ Թէ ինչո՞ւ։

Որովհետեւ, նախ, մարդուս շարժումներուն մղիչ ուժն է իր «Ես»ը։ Այս ուղղութեամբ, մարդ, շատ անգամ անգիտակցաբար կը հակասէ ինքն իրեն, քանի որ միշտ ներքին պայքար մը կ՚ունենայ իր «Ես»ին հետ։ Մարդ կ՚ուզէ իր խօսքը, խօսածը իրագործել, բայց «Ես»ը արգելք կը հանդիսանայ, եւ եթէ բանականութիւնը կարենայ պարտութեան մատնել իր «Ես»ը՝ իր «խօսքին տէրը» կ՚ըլլայ եւ կը գործադրէ ըսածը։

Գործի մը դժուարութիւնը կամ առերեւոյթ անկարելիութիւնը չի՛ կրնար ճշմարտութիւնը ոչնչացնել, կամ անոր արժէքը նուազեցնել՝ պակսեցնել եւ ամէն անոնք որ որեւէ լուրջ եւ կենսական գործի մը ատեն կ՚անտեսեն եւ նկատի չեն առներ դատողութեան, բանականութեան, փորձառութեան եւ պատմութեան վկայութիւններու ազդեցութիւնը՝ մահացո՛ւ սխալ մը կը գործեն, եւ կ՚երթան ստուարացնել ցանկը այն դժբախտ եւ թշուառ մարդոց՝ որոնք միա՛յն իրենց փափաքը եւ պարագաները նկատի կ՚ունենան թեթեւամտութեա՛մբ։

Ուստի կեանքի մէջ ամէն ինչ, ամէն մանրամասնութիւն կարեւոր է եւ դերը ունի, քանի որ կեանքի գոյութեան անբաժան մէկ մասը կը կազմէ. այն ինչ որ կեանքին մէջ կայ, անհրաժեշտ տարր մըն է։

Ասիկա միայն իրերու եւ իրողութիւններու համար պէտք չէ նկատի առնուի, այլ մարդուն համար ալ գործադրելի է։ Ամենէն անձայն, աննշան եւ աննպատակ կարծուած մարդը, երբ ժամանակը գայ եւ միջավայրը ստեղծուի, ամենակարեւոր եւ մինչեւ իսկ անհըրաժեշտ անձը կը դառնայ։ Կեանքի մէջ նմանօրինակ պարագաներ միշտ տեսնուած են։

Սա անուրանալի ճշմարտութիւն է, թէ գաղափարականները, ամէն գետնի վրայ եւ ամէն շրջանի մէջ չեն կրնար ձեռք ձգուիլ, բայց զարգացման եւ բարօրութեան պայմա՛ն մըն է բոլոր ուժով ձգտիլ դէպի «գաղափարական» մը։

Ուստի մարդկային փոխյարաբերութիւններուն մէջ այս ճշմարտութիւններուն կիրառումը եւ դէպի այս գաղափարականներուն ձգտումը ո՛չ միայն անհրաժեշտ է մարդկութեան յառաջդիմութեան, այլ անհըրաժեշտ է մարդկութեան բարձրացման եւ երջանկութեան, եւ ժողովուրդի մը զարգացման համար։

Արդարութիւնը ընկերութեան հիմն է, բայց արդար ըլլալու նախապայմանն է՝ ճշդապահութի՛ւնը, ուղղամտութիւնը՝ ճշմարտասիրութիւնը։

Մարդ եթէ իր իսկ խօսքին տէրը չէ՛. խօսքը չի գործադրեր, ապա կարելի՞ է ճշդապահութեան մասին խօսիլ, եւ եթէ ճշդապահութիւն գոյութիւն չունի, կարելի՞ է արդարութիւն սպասել։ Ուրեմն կը տեսնուի, թէ մտածումի, խօսքի եւ գործի ներդաշնակութիւնը ընկերային կեանքին հի՛մն է՝ անհրաժեշտ տա՛րրը։

Այսպէս ուրեմն, ընկերութեան նկատմամբ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ունեցող, զօրաւոր նկարագրի տէր, անհատականութիւն ցոյց տուող անձեր բարերար դեր մը կը կատարեն նոյն գիտակցութիւնը չունեցող անհատներու եւ ընկերութեան վրայ։

Ուրեմն ճշդապահութիւնը անհրաժե՛շտ է կատարելութեան համար։ Անշուշտ ճշդապահ ըլլալու պայմաններէն մին եւ գլխաւորն ալ «անկեղծութիւն»ն է։ Մաքուր, ուղիղ եւ պատուաւոր ըլլալու համար «անկեղծ» ըլլալու է, այն ի՛նչ որ կը նշանակէ արտաքինը եւ ներքինը նոյն արտայայտութիւնը ունենալ, ինչ որ կ՚ենթադրէ միտքը, խօսքը եւ գործը ներդաշնակ ըլլալ…։

«Ուղղամտութիւն» բառը, պէտք է ընդունիլ եւ խոստովանիլ, որ երբեմն յառաջդիմութեան, մանաւանդ գործի կեանքի մէջ շահելու արգելք մը կը համարուի։ Եւ շատ միջավայրերու մէջ, ճարտարօրէն խօսուած սուտ մը պայման կը նկատուի, եւ «խորամանկ խաբէութիւն» մը «ճարպիկութիւն» կը թարգմանուի։ Ճշմարտախօսութիւնը, ուղղամտութիւնը ծայրայեղութեան արժէք կը ստանայ այդ գաղափարի տէր անձերու մօտ։ «Նախապաշարում» կ՚անուանուի յաճախ ճշմարտախօսութիւնը, որ երբե՛ք տեղ չ՚ունենար առեւտուրի մէջ. ուստի զայն յաջողութեան պայման նկատել առնուազն «միամտութի՛ւն» կը սեպուի։

Եւ դժբախտաբա՛ր, այս սխալ կարծիքը ամէն շրջանի, ամէն միջավայրի մէջ գետին գտած կը տեսնուի։

Սակայն, պատմութիւնը կը վկայէ ճշմարտապէս յաջող անձերու՝ որոնք այդ սխա՛լ համոզումին հակառակը կը հաստատեն եւ իրենց կեանքով եւ ուղղամտութեամբ եւ ճշմարտախօսութեամբ կ՚ապացուցանեն եւ կը հաստատեն ասիկա։

Ուղղամտութիւնը եւ ճշմարտախօսութիւնը, առանց նկատելու անոր բարոյական հայեցակէտը, պայմա՛ն մըն է ճշմարիտ յաջողութեան, բաւական է որ մարդ քաջաբար եւ յարատեւօրէն զայն կիրարկելու պատրաստակամութիւնը եւ կորովը ունենայ իր կեանքին մէջ անկեղծութեա՛մբ։

Անգլիացիներ, արդարեւ, իրաւունք ունին երբ կ՚ըսեն.

«Ուղղամտութիւնը լաւագո՛յն աշխարհավարութիւնն է»։

Ուղղամիտ մարդը չի՛ կորսնցներ երբեք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս, 20, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 24, 2018