ՉԱՐԻՔ, ԿԻՐՔ ԵՒ ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆ
«Կարելի չէ արդարացնել գէշ գործ մը՝ կատարուած բարի դիտաւորութեամբ», կ՚ըսէ Ս. Թովմաս Աքուինացի։
Զգացումները կամ կիրքերը կ՚արտայայտեն յուզումներ կամ զգայնութեան շարժումներ, որոնք կը միտին գործելու կամ չգործելու, նայած թէ մարդ բան մը իբր «բարի» կամ իբր «չար» կ՚ընկալէ կամ կը պատկերացնէ։
Կիրքերը բնական բաղադրեալներ են մարդկային հոգեկանութեան. անոնք կը կազմեն զգայական եւ մտաւոր կեանքին միջեւ անցքին վայրը եւ կ՚ապահովեն անոնց զօդը։ Յիսուս Քրիստոս, մարդկային սիրտը կը մատնանշէ իբր այն ակունքը՝ ուրկէ կը ժայթքէ կիրքերուն շարժումը. (ՄԱՐԿ. Է 21)։ Բազմաթիւ են կիրքերը, որոնցմէ ամենէն հիմնականը սէրն է, որ կը դրդուի բարիին հմայքէն։ Սէրը կը պատճառէ բացակայ բարիին բաղձանքը եւ զայն ստանալու յոյսը։ Այս շարժումը վերջ կը գտնէ ձեռք ձգուած բարիին հաճոյքով կամ ուրախութեամբ։
Իսկ «չար»ին անդոհը ատելութիւն եւ խորշանք կը պատճառէ, գալիք չարիքն ալ՝ վա՛խ։ Այս շարժումը կը յանգի առկայ չարին պատճառած տխրութեամբ կամ անոր հակադրուող բարկութեամբ։
«Սիրել, մէկուն բարիքը ուզել է», կ՚ըսէ Ս. Թովմաս Աքուինացի։ Միւս բոլոր զգայնութիւնները կը բխին մարդուն սրտին սկզբնական շարժումներէն դէպի բարին, ըստ Ս. Օգոստինոս Աւրելիոսի։ Ուստի միա՛յն լաւը կը սիրուի։
Եւ այս մասին, դարձեալ Ս. Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Կիրքերը գէշ են, եթէ սէրը գէ՛շ է, բարի են, եթէ սէրը բարի՛ է»։ Արդարեւ, իրենք իրենց մէջ, կիրքերը ո՛չ չար են, ո՛չ ալ բարի։ Անոնք բարոյական որակում կը ստանան այն չափով, որքան անոնք իրապէ՛ս առընչուած են իմացականութեան եւ կամքին հետ։
Կիրքերը կոչուած են կամաւոր. «ըլլա՛յ որովհետեւ հրամայուած են կամքէն, ըլլա՛յ որովհետեւ կամքը արգելք չի դներ անոնց», ինչպէս կ՚ըսէ Ս. Թովմաս Աքուինացի։ Եւ դարձեալ ըստ Ս. Թովմաս Աքուինացիի, բարոյական կամ մարդկային «բարի»ին կատարելութեան հասնելու համար, հարկ է որ կիրքերը կանոնաւորուին բանականութեամբ։
Յուզումները եւ զգացումները կրնան իւրացուիլ «առաքինութիւն»ներուն կողմէ կամ վատթարանալ «մոլութիւն»ներուն միջոցով։ Այս իմաստով ուղիղ կամքը դէպի բարին եւ դէպի երանութիւն կը կարգաւորէ զգացական մղումները, զորս կը ստանձնէ։ Իսկ յոռի կամքը տեղի տալով անկարգ կիրքերուն, կը չարացնէ զանոնք։ Բարոյական կատարելութիւն կայ, երբ մարդ կը մղուի դէպի բարին ո՛չ միայն իր կամքով, այլ նաեւ իր զգացական ախորժակով, ըստ Սաղմոսերգուին, որ կ՚ըսէ. «Սիրտս եւ մարմինս կը ցնծան դէպի Աստուած կենդանի» (ՍԱՂՄ. ԶԳ 3)։
Ուրեմն գլխաւոր կիրքերն են սէրը եւ ատելութիւնը, բաղձանքը եւ վախը, ուրախութիւնը, տխրութիւնը եւ բարկութիւնը։
Աստուածաշունչ մատեանը Աբէլին իր եղբօր Կայէնի ձեռքով սպանութեան պատմուածքին մէջ, (ԾՆՆԴ. Դ 8-12) մարդկային պատմութեան սկիզբէն իսկ կը յայտնէ մարդուն մէջ գոյութիւնը բարկութեան եւ ընչաքաղցութեան՝ հետեւանք՝ սկզբնական մեղքին։ Մարդը թշնամի՛ դարձաւ իր նմանին։ Աստուած կը մատնանշէ այս եղբայրասպանութեան նենգաւոր բնոյթը. «Ի՞նչ ըրիր։ Եղբօրդ արեան ձայնը կ՚աղաղակէ դէպի ինծի։ Հիմա ուրեմն անիծեա՛լ ըլլաս երկրի վրայ, որ բացաւ իր բերանը քու եղբօրդ քու ձեռքով թափուած արիւնը ընդունելու համար» (ԾՆՆԴ. Դ 10-11)։
Արդարեւ, յիշեցնելով «Մի՛ սպաններ» (ՄԱՏԹ. Ե 21) պատուէրը, Տէր Յիսուս Քրիստոս կը խնդրէ խաղաղութիւնը սրտի եւ կը դատապարտէ մահագործ բարկութեան եւ ատելութեան անբարոյականութիւնը։ «Բարկութիւն»ը փափաք մըն է վրէժխնդրութեան։ «Վրէժխնդրութեան բաղձալը պատիժի արժանացած մարդուն գործած գէշութեան համար, ապօրինի՛ է». գովելի է սակայն անոր հատուցում պարտադրել «մոլութիւնները սրբագրելու եւ արդարութիւնը պահպանելու համար», կ՚ըսէ Ս. Թովմաս Աքուինացի։ Եթէ բարկութիւնը հասնի մինչեւ մերձաւորը սպաննելու կամ զինք ծանրօրէն վիրաւորելու ազատակամ փափաքին, ան ժանրօրէն կը հակառակի սիրոյն, եւ մահացու մեղք է, Տէրը կ՚ըսէ. «Ո՛վ որ բարկանայ իր եղբօրը, պարտաւոր պիտի ըլլայ դատաստանի» (ՄԱՏԹ. Ե 22)։
Բարկութիւնը կամ ցասումը մոլութիւններու գլխաւորներէն են։ Մոլութիւնները կըր-նան դասաւորուիլ ըստ առաքինութիւններուն, որոնց կը հակադրուին եւ կամ առընչուիլ «գլխաւոր մեղք»երուն, զորս քրիստոնեայ փորձառութիւնը մանրամասնած է հետեւողութեամբ սուրբերու՝ որոնց կարգին կարելի է յիշել Ս. Յովհաննէս Կասիանոսը եւ Ս. Գրիգոր Մեծը եւ ուրիշներ։ Ուստի այն մեղքերը կը կոչուին «գլխաւոր», քանի որ ծնունդ կու տան ուրիշ մեղքերու, այլ մոլութիւններու։ Անոնք են՝ հպարտութիւնը, ագահութիւնը, նախանձը, բարկութիւնը, վաւաշատութիւնը (=ցանկասիրութիւն, հեշտամոլութիւն, անբարոյութիւն), որկրամոլութիւնը (=ուտելու եւ խմելու անձնատուր ըլլալ), ծուլութիւնը եւ հեղգութիւնը (=անտարբերութիւն, անփոթութիւն, անհոգութիւն, թուլամորթ եւ դանդաղաշարժութիւն)։ Եւ այսպէս կը բազմանան մեղքերը…։
Աստուած կարող է ներել մարդուն, որ ինքզինք մեղաւոր կը ճանչնայ Իր դիմաց. «Ես ընթացք պիտի չտամ իմ բարկութեանս, որովհետեւ Աստուած իմ եւ ո՛չ թէ մարդ. ձեր մէջ Ես Սուրբն եմ» (ՈՎՍ. ԺԱ 9)։ «Եթէ մեր սիրտը մեզ դատապարտէ Անոր առջեւ, մենք պիտի խաղաղեցնենք մեր սիրտը, որովհետեւ Աստուած աւելի մեծ է քան մեր սիրտը եւ Ինք գիտէ ամէն ինչ» (Ա ՅՈՎՀ. Գ 19-20)։
Ուստի Աստուած դանդաղ է բարկութեան եւ ցասումին եւ մեծ՝ սիրոյ մէջ։
Մարդուն համար ինքնազսպութիւնը եւ ինքնատիրութիւնը արգե՛լքներ են բարկութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 1, 2019, Իսթանպուլ