ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ ԱՆՏԻՊ ՆԱՄԱԿԱՆԻՆ
Անցնող ամսուան գրեթէ աւարտին բացառիկ առիթը ունեցայ այցելելու արխիւատունը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ պարզապէս աչքէ անցընելու յետեղեռնեան շրջանի սփիւռքահայ գրականութեան ամենակարկառուն ներկայացուցիչներէն մէկուն՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ արխիւային հարուստ նիւթերը, որոնց մէջէն զիս ամենաշատ հետաքրքրողը անոր նամակներն էին:
Ա՛րդ, ես Ծառուկեանի դուստրէն՝ օրդ. Նայիրի Ծառուկեանէն լսած էի, որ իր պաշտելի հայրը երբեք սովորութիւն չունէր պահելու իր ուղարկած նամակներուն պատճէնները, ինչ որ, իրօք, մեծ դժբախտութիւն մըն է մեզի՝ ընթերցողներուս եւ, ինչու չէ, նաեւ մեր գրականութեան համար:
Պարզ է, որ բազմաթիւ նամակներ,- ի վերջոյ ինչ որ մնացած է Ծառուկեանէն, թէկուզեւ մէկ տող, արժէքաւոր է անկասկած,- անհետ կորսուած են, իսկ կան ուրիշներ, որոնք մինչ օրս ի պահ դրուած են փակ դարակներու մէջ, եւ կարելի չէ զանոնք լոյս աշխարհ բերել ներկայիս: Անոնց համար պէտք է պատեհ առիթի մը սպասել:
Ուրեմն Ծառուկեանի արխիւին մէջ կայ 270 թղթածրար:
Նիւթերը բաժնուած են այսպէս՝
1. Ա. Ծառուկեանի ձեռագիրերը՝
ա. վէպեր, յօդուածներ, բանաստեղծութիւններ.
2. Նամականի՝
ա. ուղարկած նամակներ,
բ. ստացած նամակներ.
3. Կենսագրական նիւթեր՝
ա. նիւթեր իր մասին (գրախօսականներ, յօդուածներ).
4. Հաւաքած նիւթեր՝
ա. նիւթեր Հայկական հարցի մասին,
բ. Միլանի գաղթօճախին մասին,
գ. Ռուբէն Սեւակի մասին,
դ. Գրիգոր Զոհրապի մասին,
ե. հաւաքած թղթակցութիւն,
զ. հաւաքած խառն նիւթեր,
է. «Նայիրի» ամսագրի թիւեր.
5. Լուսանկարներ՝
ա. առանձին,
բ. խմբային:
Ինչպէս նախաբանիս մէջ յիշեցի, զիս հետաքրքրողը առաւելաբա՛ր անոր նամականին է: Իրողութիւնը այն է, որ արխիւին մէջ Ծառուկեանի հասցէագրած նամակները թիւով քիչ են՝ բաղդատած ստացածներուն: Կայ Նիկողոս Սարաֆեանին եւ Կարպիս Ջրբաշեանին ուղղուած նամակներու ամբողջ ծրար մը. նշելու համար կարեւորագոյն անունները:
Իսկ իր ստացա՛ծ նամակները, ինչպէս ըսի, շատ աւելի ստուար թիւ կը կազմեն: Արսէն Երկաթ, Նշան Պէշիկթաշլեան, Վազգէն Շուշանեան, Արամ Հայկազ, Լեւոն Հախուերդեան, Յակոբ Սիրունի, Գէորգ Էմին, Կոստան Զարեան, Հրաչ Զարդարեան, Եդուարդ Պոյաճեան, Շահան Շահնուր եւ այլն, եւ այլն. ահաւասիկ մաս մը այն անուններէն, որոնցմէ նամակներ ստացած է Ծառուկեան:
Անկիւն մը մնացած ամբողջ գանձ մը, այնպէս չէ՞:
Անհամբե՜ր կը սպասեմ այն օրուան, երբ մեր տրամադրութեան տակ պիտի դրուի մեր անկրկնելի Ծառուկեանի ամբողջական նամականին, որ պիտի գայ որոշապէս բացայայտելու եւ յստակացնելու ամբողջ յիսուն տարուան ժամանակահատուածի մը դիմագիծը, սփիւռքեան դիմագիծը:
Սակայն այնքան ալ դիւրին գործ չէ այս, որովհետեւ, ինչպէս կը նկատէք, գրեթէ «ոչինչ» կայ Ծառուկեանի արխիւին մէջ, ըսել կ՚ուզեմ՝ իր գրիչէն: Սա կը նշանակէ, որ այդ նամակները հրատարակել ուզողը պրպտումի հսկայական աշխատանք ունի իր առջեւ ամէն բանէ առաջ: Ան պարտի լամբի լոյսով գտնել Ծառուկեանի գրած բոլոր այն նամակները, որոնք կը գտնուին իրենց հասցէատէրերուն արխիւին մէջ:
Հոս կայ ուրիշ հարց մը:
Այն հասցէատէրերը, որոնք տակաւին ողջ-առողջ են,- երկա՜ր կեանք բոլորին,- պիտի չընդունին տրամադրել իրենց նիւթերը: Պատճառը պարզ չէ՞,- անոնցմէ ոմանք իրապէս խիստ անձնական բնոյթ կրնան ունենալ: Հետեւաբար մեզի կը մնայ միայն յարգել անոնց «արգիլեալ» գօտին: Իսկ այն հասցէատէրերուն պարագային, որոնք շատոնց մահացած են, խնդիրը քիչ մը աւելի պարզ է՝ բաղդատած ապրողներուն:
Ա՜հ, Ծառուկեան, որքան մեծ «պատուհաս» կը հասցնէիր գրականութեան, երբ քու մէկ հատիկ դուստրդ քեզի արդար «զայրոյթով» մը կը հարցնէր՝ «Պապա՛, ինչո՞ւ, ինչո՞ւ չես պահեր նամակներուդ պատճէնները», իսկ դուն ալ ամենա՜յն հանդարտութեամբ կը պատասխանէիր՝ «Եթէ այդքան արժէքաւոր են, թող ստացողնե՛րը պահեն»:
Քու գրիչէդ ելած խօսք մը ինչպէ՞ս կրնայ անարժէք ըլլալ, ո՛վ Ծառուկեան:
Սակայն ըսեմ, որ, ըստ երեւոյթին, դեռ բաւական ժամանակ կայ այդ նամակները, իմա՝ գանձերը, հրապարակելու համար: Իրողութիւնը այդ կ՚ըսէ: Շատ հաւանաբար երեսուներկու տարի եւս պէտք է սպասել: Ուրիշ ճար չկայ:
Ամէն պարագայի, ինչպէս քիչ առաջ ալ նշեցի, անոնց հրապարակումը ուշ թէ կանուխ անհրաժեշտութիւն է: Վասնզի անոնք ամբողջ սերունդի մը կենսագրութիւնն են, վաւերական փաստաթուղթեր, առանց որոնց թերի պիտի ըլլար ուսումնասիրութիւնը սփիւռքեան յատենի ներքին խմորումներուն, սփիւռքահայ (դուք ըսէք՝ լիբանանահայ) գրականութեան յիսնամեայ հոլովոյթին (1940-ականներէն մինչեւ 90-ականները) եւ, որ ամենակարեւորն է, կուսակցական խնդիրներուն:
Յ. Գ. Անցնող Հինգշաբթի Ծառուկեանի մահուան 32-ամեակը լրացաւ: Անկէ ճիշդ մէկ օր առաջ հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցայ օրդ. Նայիրի Ծառուկեանին հետ: Ան ուրեմն ըսաւ՝ «Մայիս 20... այս օրը մահացաւ հայրս... ա՜հ, վաղն է...»: Ու ձայնը խեղդուեցաւ կոկորդին մէջ: Ան ինծի պատմեց յուզիչ դրուագ մը հօրը վերջին օրերէն: Այսպէս սկսաւ՝ «Հազիւ վերջին մի քանի շաբաթը յայտնի եղաւ, որ ան հիւանդ է: Ամէն ինչ երեք շաբթուան մէջ եղաւ-վերջացաւ: Ան արդէն միշտ կ՚ըսէր մօրս՝ «թող երկար չտեւէ, շուտ թող ըլլայ-վերջանայ, որպէսզի դո՛ւք, դո՛ւք չչարչարուիք»: Ուրեմն տունն էինք: Ան զօրաւոր հազ կ՚ունենայ: Մայրս կը նկատէ... արիւնը: Անմիջապէս հիւանդանոց կ՚երթան: Ես յետոյ կ՚իմանամ ամէն ինչ»։ Կը լսեմ օրդ. Նայիրիին լացը: Իմ ալ տրամադրութիւնս կը փոխուի: Եւ ան այսպէս կ՚եզրափակէ իր խօսքը՝ «Վերջին օրերն էին: Ան քնեֆէ շատ կը սիրէր: Իրեն հարցուցի՝ «Պապի՛, քեզի քնեֆէ բերե՞մ, կ՚ուտե՞ս»: «Բե՛ր, բե՛ր,- կը պատասխանէ Ծառուկեան,- վաղը թերեւս ուտող չգտնես»: Թող յիշատակը անթառամ մնայ:
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ