ԻՆՉՊԷ՞Ս ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ Գ. ԶՕՀՐԱՊ

Յաճախ հարց տրուած է, թէ Գրիգոր Զօհրապ իր ժամանակին Օսմանեան պետութեան կողմէ ամենէն շատ ճանչցուած հայ մը ըլլալով, ինչպէ՞ս եղաւ որ չյաջողեցաւ փրկել իր կեանքը. Թալէաթի սեղանակից եղող ու գրեթէ բոլոր մեծաւորներուն յարգանքը վայելող անձ մը, ինչպէ՞ս պատահելիքներուն մասին նախապէս տեղեկանալով իր անձի փրկութիւնը չծրագրեց:

Գրիգոր Զօհրապ մօտիկ յարաբերութիւններ ունէր թուրք մեծաւորներուն հետ եւ այդ մէկը կարելի է փաստել իր իսկ նամակներուն միջոցով. առաջին անգամ երբ կը ձերբակալեն Գրիգոր Զօհրապը եւ կ՚ուզեն Տիարպաքըր տանիլ՝ առանց նուազագոյն բացատրութիւն տալու Զօհրապ 28 մայիս 1915 թուականին նամակ մը կը գրէ Նեճմետտին մոլլային, Հիւսէյին Ճահիտին, ինչպէս նաեւ թուրք պետութեան կողմէ ճանչցուած հայազգիներ Բարսեղ Հալաճեանին եւ Զարեհ Տիլպէրին եւ անոնց միջամտութիւնը կը խնդրէ:

Նամակին առաջին մասով Զօհրապ կ՚ուզէ գիտնալ, թէ զինք ինչո՞ւ համար Տիարպաքըր կը ղրկեն դատելու՝ երբ ինք Պոլիսէն դուրս չէ եկած. եթէ ինք յանցանք գործած է Պոլսոյ մէջ, ապա բնականաբար պէտք է դատը կատարուի Պոլսոյ մէջ: Նամակին մէջ ակներեւ է Գրիգոր Զօհրապի վստահութիւնը այդ մեծաւորներուն նկատմամբ, որովհետեւ նամակին մէջ ան իր զաւակներուն ապահովութիւնն իսկ կը յանձնէ անոնց ըսելով. «Բարձրեալ Աստծուն ապաւինելով, մեր զաւակները կը յանձնենք ձեր ապահովութեան»:

Զօհրապ սակայն լաւապէս կը գիտակցէր, թէ Տիարպաքըր տարուիլը վտանգ մը կը սպառնար. տեղացի մեծաւորներուն նամակ գրելէ հինգ օր առաջ՝ 23 մայիս 1915 թուականին, Զօհրապ նամակ մը կը գրէ իր կնոջ, որուն մէջ կ՚ըսէ. «Թէ՛ ճամբան, թէ՛ Տիարպաքըրի մէջ մեծ վտանգներ կ՚սպասուին մեզի, դող մի՛ ելլեր. ճակատագիր է աս»: Այս նամակին մէջ Զօհրապ կը յիշէ բազմաթիւ թուրք մեծաւորներու անուններ, որոնց հետ սերտ յարաբերութիւններ ունեցած է եւ կը յանձնարարէ կնոջ անոնց միջամտութիւնը խնդրել. Զօհրապ մինչեւ իսկ կը խնդրէ իր կողմէ գրուած նամակով մը երթալ Թալէաթի մօտ եւ աղաչել փրկութեան համար:

Գրիգոր Զօհրապ իր ակնարկած նամակը կը գրէ 27 մայիս 1915 թուականին. նամակը թրքերէն լեզուով կը ղրկուի Թալէաթ փաշային: Հակառակ անոր, որ Զօհրապի չէին յայտներ դատուելու եւ Տիարպաքըր ղրկուելու պատճառը, սակայն Զօհրապ լսած էր, թէ կը մեղադրուի կառավարութեան դէմ հակառակ գործունէութիւն վարելու եւ թշնամութեան մեղադրանքով: Այս մեղադրանքները հերքելու համար Զօհրապ իր նամակին մէջ կը յիշէ երեսփոխանական ժողովներու ընթացքին հայ ժողովուրդին հաւատարմութեան համար իր արտասանած ճառերը, իր ղրկած նամակներն ու յօդուածները եւ անոնց որպէս փաստ կը ներկայացնէ Պոլսոյ Զաւէն Պատրիարքը, տքթ. Դաւիթեանը, եւ Բարձր Դռան վերակացու Գամէր էֆէնտին:

Ապա կը յիշէ հայութեան կողմէ իր միջնորդութեամբ պետութեան կատարուած նիւթական օգնութիւնները, անոնցմէ յիշելով մասնաւորաբար հիւանդանոցի մը շինութեան ծախսերը: Նամակին մէջ Զօհրապ կը յիշէ նաեւ կանանց եւ աղջիկներու բժշկական դասընթացքներ հիմնելու իր ջանքերը, ուր ուսում ստացած են աւելի քան հարիւր երիտասարդներ եւ ծառայած թուրք պետութեան բանակներուն մէջ՝ որպէս բոյժքոյրեր եւ այս բոլորին որպէս վկայ Զօհրապ կը ներկայացնէ Սիւլէյման Մուխան փաշան:

Անկասկած մեծութիւն մըն է Զօհրապ, սակայն պէտք է խոստովանիլ, որ Թալէաթ փաշային գրած իր նամակը եսասէր նամակ մըն է՝ սեփական անձի փրկութիւնը մտածող. նամակ մը՝ որուն մէջ Զօհրապ կ՚ուզէ փաստել իր հաւատարմութիւնը պետութեան հանդէպ եւ այդ միջոցով ապահովել «արդարութիւն». օրուան հայկական մամուլներէն մին Զօհրապի ձերբակալութեան մասին խօսելով կը գրէր. «Զօհրապ օգնութիւն յուսացած անձերուն ծունկերուն առջեւ «հէօնկիւր հէօնկիւր» լացաւ»:

Հակառակ Թալէաթի ղրկուած նամակին, Զօհրապի համար միջնորդութիւն խնդրեց Ճելալ պէյ անուն մեծաւոր մը, սակայն Թալէաթի պատասխանը եղաւ անսասան. «Բացարձակապէս հաստատուած է որ այդ մարդիկ խառն են հայկական գործերուն: Հետեւաբար պէտք է ելլեն Տիարպաքըր Պ. Ատեանին առջեւ»:

Գրիգոր Զօհրապ եւ իր հետ ձերբակալուած Վարդգէսի հետ միասին ճամբայ դուրս կու գայ դէպի Տիարպաքըր՝ դատուելու. անոնց կ՚ընկերակցին Զեքի պէյ, Չէրքէզ Ահմէտ եւ Հալիլ պէյ։ Ճամբու ընթացքին կեցնել կու տան կառքին ընթացքը եւ կը սպաննեն Գրիգորն ու Վարդգէսը: Բարեբախտաբար ժամանակ մը յետոյ թուրք պետութիւնը կը հրամայէ ձերբակալութիւնը վերոյիշեալ երեք ճիւաղներուն եւ անոնք կ՚արժանանան արժանի պատիժի եւ կը տարուին կախաղան. Դամասկոսի կայարանին մօտ կը բարձրացուին կախաղան. անոնցմէ Ահմէտ պէյ նախքան կախուիլը կը յայտարարէ. «Ես կատարեցի ինչ որ կը պահանջէր հայրենիքս: Այսօր ալ ան կը պահանջէ իմ մահս. ատոր ալ կը հպատակիմ»:

Վերոյիշեալները մահուան դատապարտելը պարզապէս միջոց մըն էր Օսմանեան պետութեան վրայէն հանելու մարդասպանութեան արատը, իսկ ճիւաղները պարզապէս զոհեր՝ որոնք մեծ պարգեւներ կ՚ակնկալէին իրենց ծառայութիւններուն դիմաց:

***

Զօհրապ իր կնոջ վերջին նամակը կը գրէ 2 յուլիս 1915 թուականին եւ չես գիտեր ինչ նախազգացումով իր վերջին նամակին հետ գրելով կը ղրկէ նաեւ իր կտակը եւ այդ կ՚ըլլայ վերջին նամակը Զօհրապին:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -250-

Մինչեւ այսօր մօտէն կը հետեւիմ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող եւ տեղի ունենալիք գեղարուեստական յայտագիրներուն ու բացայայտօրէն կը նշմարեմ բացայայտ դժբախտ երեւոյթ մը: Այն թատրոնները, ներկայացումները, որոնք ապուշութենէ մը ուրիշ բան չեն ներկայացնէր՝ ունին բազմաթիւ հանդիսատեսներ, սակայն անոնք որոնք արուեստ կը բուրեն՝ գրեթէ առանց հանդիսատեսի կը ներկայացուին:

Այս մէկը աւելիով փաստեցի այն ժամանակ, երբ Երեւանի մէջ ներկայացուեցաւ Գրիգոր Զօհրապի հրաշալի ներկայացումներէն մին. կրնանք ըսել, որ բեմին վրայ ներկայացումը կատարող դերասաններուն թիւը աւելի էր՝ քան հանդիսատեսինը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2023