ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հանդուրժողութիւնը կ՚ենթադրէ երկայնամտութիւն, ակամայ համակերպում, տոկալու, դիմանալու՝ կրելու հոգեկան ուժ։ Հանդուրժողութիւնը հետեւանք է մտածումի ազատութեան, ուստի ամէն անձ միւսէն տարբեր խորհելու իրաւունք ունի եւ ահաւասիկ, այս կէտին հանդուրժողութիւնը կարեւորութիւն կը ստանայ եւ մարդկային փոխյարաբերութիւններու համար անհրաժեշտ կը դառնայ։ Հանդուրժողութիւնը խաղաղութեան նախապայմա՛նն է։ Այս իմաստով, հանդուրժողութիւնը առաքինութիւն մըն է՝ որ մարդկային արժանապատուութեան չափանիշն է։

Nelson Mandela (1918-2013) կ՚ըսէ, թէ՝ «Կը ներեմ բայց չե՛մ մոռնար». այս կը նշանակէ, որ ներողամտութիւնը եւ հանդուրժողութիւնը պէտք չէ շփոթել. մարդ կրնայ հանդուրժող ըլլալ, բայց եւ այնպէս իրատես ըլլալ եւ «դաս առնել» մարդոց սխալներէն, սրբագրելու համար հաստատակա՛մ ըլլալ։

François Marie Arouet, Voltaire (1694-1778) այս մասին սապէս կ՚ըսէ անոնց՝ որ իրեն հակառակ մտածումներ ունին. «Բացարձակապէս կը հակառակիմ ձեր գաղափարներուն եւ չե՛մ ընդունիր, բայց ի գին ամէն բանի ձեր գաղափարը, մտածումը արտայայտելու ազատութիւնը կը պաշտպանեմ»։

Ահաւասիկ, «հանդուրժողութիւն» ըմբռնումին ամենայստակ, բացայայտ արտայայտութիւնը։

Հանդուրժողութիւնը բարոյական քաջութիւն, արիութիւն կը պահանջէ. հանդուրժող ըլլալ, կարծուածին, ըսուածին չափ ալ դիւրին չէ, մարդուս նկարագիրը, բնաւորութիւնը, ընդհանրապէս դժուար կ՚ընդունի իրեն հակառակ գաղափարները եւ արտայայտութիւնները, եւ շատ անգամ, աւելի խստասիրտներու համար ասիկա անկարելի՛ է։ Մինչդեռ մարդոց համերաշխութեան, խաղաղութեան մէջ ապրելուն համար հանդուրժողութիւնը անհրաժե՛շտ է։

Հանդուրժող ըլլալու պայմաններէն մին ալ՝ համակրական հասկացողութիւն ունենալն է, հասկնալ դիմացինը՝ անոր պէս կարենալ խորհիլ, անոր պէս կարենալ զգալ։ Արդարեւ, հասկնալով յարաբերութիւններ ունենալ, միշտ «միւս»ը նկատի ունենալով խորհիլ, խօսիլ եւ մանաւանդ գործե՛լ։ Մարդ, այս իմաստով պէտք չէ՛ ինքնակեդրոն ըլլայ, միշտ պէտք է շրջահայեաց՝ «ուրիշ»ներուն ալ ներկայութիւնը ընդունի եւ այդպէս վարուի եւ գործէ։ Չէ՞ որ մարդ «ընկերային էակ» մըն է եւ իր գոյութիւնը կը տեւականացնէ ընկերութեա՛ն մէջ։ Մարդ, արդէն ստեղծուած է մարդո՛ւն համար, ի՛նչ որ կ՚ենթադրէ «իրերօգնութի՛ւն»։

Արդարեւ, ընկերութիւնը ընկերային արդարութիւնը կ՚ապահովէ, երբ կ՚իրականացնէ այն պայմանները, որոնք թոյլ կու տան համախմբումներուն եւ մարդոց իւրաքանչիւրին՝ անհատին ստանալու ի՛նչ որ իրենց անկ է ըստ իրենց բնութեան եւ կոչումին։ Ընկերային արդարութիւնը զօդուած է «հասարակաց բարիք»ին եւ իշխանութեան գործադրութեան հետ։ Ընկերային արդարութիւնը՝ որ կը հաստատուի ազատութեան, հաւասարութեան վրայ, կարելի չէ ձեռք ձգել եթէ ոչ՝ մարդուն գերակայ արժանապատուութեան յարգանքով։ Մարդկային անձը կը ներկայացնէ վերջնագոյն նպատակը ընկերութեան՝ որ անոր համեմատ կարգաւորուած է։

Մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը եւ յառաջմղումը յանձնուած են մարդո՛ւն։ Այր-մարդ եւ կին-մարդ պատասխանատու են այս պաշտպանութեան եւ յառաջմղումին։ Ասիկա Արարչին արարչական կարգադրութիւնն է։

Մարդկային անձին յարգանքը կ՚ընդգրկէ յարգանքը այն իրաւունքներուն, որոնք կը բխին արարածի իր արժանապատուութենէն։ Այս իրաւունքները ընկերութենէն կանխագոյն են եւ իրենք զիրենք կը պարտադրեն անոր։ Արդարեւ, հաւասարութիւնը մարդոց միջեւ կը յենու էապէս անոնց անձնական արժանապատուութեան վրայ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 23 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2023