ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ
Անտարբերութիւնը ընդհանրապէս, արգելք մըն է կեանքին բնական ընթացքին՝ որ կը դժուարացնէ անոր արդիւնաւորութեան պայմանները։ Ամէն մարզի մէջ ժխտական ազդեցութիւն կը գործէ անտարբերութիւնը։ Անտարբերութիւնը կը հակասէ մարդուն սկզբնական կոչումին, քանի որ Աստուած, անհունօրէն երանալի եւ կատարեալ ինքն իր մէջ, զուտ բարութեան ծրագրով մը ազատօրէն ստեղծեց մարդը՝ որպէսզի զայն մասնակի՛ց ընէ իր երանաւէտ կեանքին։
Ուստի մարդ կոչուած է իրերօգնութեան, իրարու թերութիւն լրացնելու եւ տկարութիւններ զօրացնելու։
Եւ երբ մարդ անտարբեր է իր կոչումին, ապա ուրեմն հաւատարիմ չէ՛ իր ինքնութեան՝ անծանօթ իր էութեան։ Մինչդեռ ինքզինք ճանչնալ, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ունենալ առաքինութիւն է, ազնուութիւն եւ մարդավայել ընթա՛ցք։
Մարդիկ կոչուած են սերունդէ սերունդ փոխանցելու այս պարտականութիւնը՝ հաստատելով եւ տեւականացնելով զայն, ապրեցնելով զայն եղբայրական միութեան մը մէջ՝ որուն ամէն մէկ անդամը ազատ է եւ հաւասա՛ր։ Այս պատճառով, մարդ երբ անտարբեր է իր կոչումին, անտարբեր է նաեւ իր իսկ ինքնութեան։
Հոս շեղում մը ընենք, եւ անտարբերութեան պատճառներէն «անգիտապաշտութեան» վրայ խորհրդածենք։
Անգիտապաշտութիւնը (agnosticisme) զանազան ձեւերով կը յայտնուի մարդկային մտքին։ Կարգ մը պարագաներու մէջ՝ անգիտապաշտութիւնը կը մերժէ ժխտել Աստուած, մանաւանդ, ան կ՚ենթադրէ գերակայ էակի մը գոյութիւնը։
Բայց այս «գերակայ էակ»ը ինքզինք չի կրնար յայտնել եւ որուն մասին ո՛չ ոք կարող է որեւէ բան ըսել։ Տարբեր պարագաներու մէջ, անգիտապաշտը լռութիւն կը պահէ Աստուծոյ գոյութեան մասին, յայտարարելով եւ ընդունելով, թէ անկարելի՛ է փաստել զայն եւ նոյնիսկ հաստատել զայն կամ ժխտել։ Բանական կը տեսնուի այս տեսութիւնը, քանի որ այն՝ որուն գոյութիւնը ապացուցանել կարելի չէ, կարելի չէ ուրեմն զայն հաստատել կամ մերժել։
Անգիտապաշտութիւնը կրնայ երբեմն բովանդակել որոշ որոնում մը Աստուծոյ, սակայն կրնայ հաւասարապէս ներկայացնել «անտարբեր կեցուածք» մը՝ փախուստ մը գոյութեան վերջին հարցականէն եւ հեղգութիւն մը «բարոյական խղճմտանք»ի նկատմամբ մանաւանդ։
Անգիտապաշտութիւնը, դժբախտաբար շատ յաճախ համազօր է «գործնական անաստուածութեան»։
Անաստուածութիւնը, որքանով որ Աստուծոյ գոյութեան ժխտո՛ւմ մըն է կամ մերժում մը, մեղք մըն է։ Նաեւ առաջին պատուիրանին՝ ուր կ՚ըսէ. «Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր անձովդ եւ բոլոր մտքովդ»։ Այս ուղղութեամբ. «Քու Տէր Աստուծուդ երկրպագութիւն պիտի ընես եւ Անոր միա՛յն պիտի ծառայես» (ՄԱՏԹ. Դ 10)։
Շատեր, սակայն բնաւ չեն ընբռներ, նոյնիսկ բացայայտօրէն կը մերժեն, կ՚ուրանան, կը դրժեն այն սերտ ու կենսական կապը՝ որ մարդս կը միացնէ Աստուծոյ, այն աստիճան որ «անաստուածութիւն»ը ամենածանր իրադարձութիւններէն մին կը համարուի։
Յաճախ անաստուածութիւնը կը հիմնուի մարդկային անտարբերութեան վրայ եւ կը հաստատուի մարդ էակին ինքնիշխանութեան թիւր յղացումին ներքեւ։
Արդարեւ անտարբերութիւնը, ընդհանուր առմամբ փորձութիւն մըն է՝ որուն կը յաջորդէ մոլութիւն եւ մոլորութիւն։ Մարդ կրնայ Աստուծոյ սիրոյն դէմ զանազան կերպերով մեղանչել, որոնց գլխաւորն է՝ անտարբերութիւնը՝ որ կ՚անտեսէ կամ կը մերժէ նկատի առնել որեւէ արժէք, որեւէ ճշմարտութիւն եւ մանաւանդ աստուածային սէրը։ Կ՚անգիտանայ, կամ անգիտանալ կը ձեւացնէ Անոր կանխահաճութիւնը եւ կը մերժէ, կ՚ուրանայ Անոր զօրութիւնը։
Անտարբերութիւններու շարքին՝ յատուկ կարեւորութիւն մը, տեղ կը գրաւէ կրօնական անտարբերութիւնը։ Արդարեւ կրօնքը սերտօրէն կապուած է մարդկային կեանքի ամբողջ երեսներուն հետ։ Կրօնքը ազդեցութիւն կը գործէ ամբողջ կեանքին, եւ ընթացքը կ՚որոշէ անոր։ Էականապէս անկէ կախում ունին ոչ միայն Եկեղեցւոյ, այլ ամէն աշխարհագրական ծաւալում եւ աճում, մինչեւ իսկ մարդուն ներքին աճումը եւ կատարելագործումը։ Ուստի մարդ որքան ալ հեռու զգայ ինքզինք կրօնական իրողութենէն, ան ի վերջոյ, կերպով մը կախեալ է անկէ, քանի որ կրօնքը ընկերային կեանքին ընթացք տուող կարեւոր ազդակ մը եղած է միշտ։ Եւ այս իմաստով, որպէս ընկերային երեւոյթ, կրօնքը անտեսել, անոր կարեւորութիւնը ուրանալ՝ ընկերային կեանքի իրականութիւնները ոչինչ համալեր կը նշանակէ։
Ուրեմն, քանի որ մարդ ընկերային էակ մըն է, եւ յատկապէս ընկերութեան մէջ ապրելու ծրագրուած է, ապա ուրեմն, անոր անբաժանելի տարրին՝ կրօնքին ալ պէտք է արժանի կարեւորութիւնը ընծայէ։ Այս ալ կը նշանակէ՝ անտարբեր չըլլալ կրօնական իրողութիւններու։ Անշուշտ հոս, խնդրոյ առարկայ է կրօնքի էականը՝ որմէ պէտք է բացառել ձեւական զանազանութիւնները եւ մանրամասնութիւնները։ Իր ընդհանուր էութեան մէջ կրօնքը մասն է ընկերային երեւոյթներուն, անոնցմէ անբաժան, դեր մը կատարելով այն երեւոյթներուն իրականացման մէջ։
Հաւատքի մասին, կարգ մը բարոյական արժէքներու մասին, անոնց ըմբռնումին մասին տարակարծութիւնները, ինչպէս նաեւ կրօնական տարբեր մտայնութիւնները, կրնան ընկերութեան մէջ, նոյնիսկ ընտանիքի մը մէջ լարուածութիւններու աղբիւր մը գոյացնել։ Այն ատեն անհատներու ամէն մէկուն կրնայ ներկայանալ փորձութիւն մը՝ որ կը ստեղծէ կրօնական անտարբերութիւն մը։ Այս ուղղութեամբ կրօնական անտարբերութեան պատճառ կրնայ ըլլալ նոյնինքն հոգեւորականներուն եւ եկեղեցականներուն անհոգութիւնը եւ անտարբերութիւնը՝ որ տիպար կը հանդիսանան ու զզուանք կը պատճառեն ժողովուրդին։ Վստահութեան պակասը ահա, այսպէս կը սկսի ժողովուրդին մէջ, եւ կը տարածուի…։
Շատեր անտարբեր են կրօնական արժէքներու՝ իրենց առջեւ լաւ օրինակներ չունենալնուն պատճառով։
Արդարեւ մարդիկ կրնան Աստուծոյ սիրոյն դէմ զանազան կերպերով մեղանչել. որոնցմէ կարեւորագոյնն է «անտարբերութի՛ւն»ը՝ որ կ՚անտեսէ կամ կը մերժէ նկատի առնել աստուածային սէրը, կ՚անգիտանայ Անոր կանխահաճութիւնը, եւ կը ժխտէ Անոր զօրութիւնը եւ կ՚ուրանայ ճշմարտութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 22, 2015, Իսթանպուլ