ՄԵՌԱԾ ՏԱՍՆԱԲԱՆԵԱՆ -(Ա.)

Վերջերս հաւաքի մը ընթացքին, «հոգեւոր» բարեկամ մը ինքնավստահ ձեւով սկսաւ խօսիլ Մովսէսի ճամբով Աստուծոյ փոխանցած տասը պատուիրաններուն մասին (հոգեւորը կը չակերտեմ, որովհետեւ մէկու մը հոգեւոր ըլլալ չըլլալը իր շարժուձեւերով չէ որ կրնայ չափուիլ. այդ մէկը մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ եղած բան մըն է):

Անձը սկսաւ կարեւորութեամբ մէկ առ մէկ անդրադառնալ տասը պատուիրաններուն, որոնք այնքա՜ն մեռած թուեցան ինծի այդ պահուն. էապէս իտէալական օրէնքներ, սակայն գործնապէս անկենդան պատուէր մը պարզապէս:

Հոգեւոր անձին խօսքերուն վրայ սկսայ մէկ առ մէկ ուսումնասիրել այդ պատուիրանները եւ հասայ հետեւեալ եզրակացութեան.-

Ա.- «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, ինձմէ զատ ուրիշ Աստուած չունենաս». յաճախ մարդիկ այս պատուիրանը բառացի հասկնալով՝ կը կարծեն, որ կրօնական պատկանելիութեան հետ կապուած պատուիրան մըն է եւ եթէ իրենք Քրիստոնեայ են՝ հետեւաբար բնականաբար լիովին կատարած կը համարուին Աստուծոյ կողմէ տրուած այս պատուէրը: Ներկայ իրականութեան մէջ մենք ունինք մէկէ աւելի Աստուածներ, որոնց վստահելով, հաւատալով եւ մեր անձերը նուիրաբերելով կ՚ապրինք։ Այսօր մեր կեանքերուն մէջ ներկայ չէ՛ Աստուած. ամէ՛ն յաջողութիւն, յաղթանակ ու ձեռքբերում անձնական ուժի եւ կամքի զօրութեան կը վերագրենք, ամէ՛ն նուաճում մեր իմացութեան ու ճարտարութեան կը վերագրենք, սակայն վա՜յ թէ հանդիպինք նեղութեան. առաջին մեղաւորը կը դառնայ այն Աստուածը՝ որուն գոյութիւնն իսկ կ՚անգիտանանք բարօրութեան օրերուն: Մենք ունինք մէկէ աւելի Աստուածներ՝ բաժնուած լաւ եւ վատ օրերու. լաւ օրերու մեր աստուածը դրամն է այսօր, փառքը, անցողական պատիւն ու մեծարանքը: Ասոնց միջոցով ո՛չ թէ լոկ ուրիշ աստուածներ կ՚ունենանք, այլ ի հարկին կը դառնանք աստուած. կ՚ուզենք մարդիկ պաշտելու աստիճան կախուածութիւն ունենան մեզմէ, կ՚ուզենք իշխել, կ՚ուզենք մեծարուիլ, կ՚ուզենք մարդիկ նոյնիսկ զոհուին մեզի համար: Այսօր թէ՛ ուրիշ աստուածներ ունինք, թէ՛ ինքներս աստուած ենք եւ թէ՛ մեծագոյն անաստուածներն ենք աշխարհի վրայ եւ ճի՛շդ այդ պատճառով ալ կը կոչուինք ՄԱՐԴ:

Բ.- «Աստուծոյ անունը զուր տեղ պիտի չարտասանես». ինչքա՜ն ծիծաղելի պիտի ըլլար նման պատուիրան մը տալ այնպիսի աշխարհի մը՝ որուն ամենէն բնական ու պարզ հայհոյանքներէն մին է Աստուծոյ հայհոյելը. այսօր մեր շուրջ զԱստուած բռնաբարողն ու Անոր պատիւէն անցնողները անպակաս են: Մեզ՝ զԱստուած չսիրողներուս համար Աստուծոյ անունը մեծագոյն փրկութիւնն է, որպէս երաշխիք զԻնք մասնակից դարձնելու մեր սուտերուն, մեր զրպարտութիւններուն ու կեղծիքներուն. այսօր բարեկամական շրջանակներու մէջ «Աստուած վկայ» խօսքով օրական այնքա՜ն սուտեր կ՚երաշխաւորուին, դատարաններու եւ ատեաններու մէջ ձեռքը Աստուածաշունչի վրայ դնելով, Աստուծոյ անունով երթում կատարելով այնքա՜ն մեղքեր քօղարկուիլ կը փորձուին: Այսօր Աստուծոյ անունը մենք կը գործածենք ամէ՛ն տեղ՝ բացի աղօթքի պահերուն. շուկայական խաբէութիւնները, յափշտակութիւնները, զրպարտութիւններն ու չարախօսութիւնները, ամբաստանութիւնները բոլորն ալ կը կատարուին Աստուծոյ անունով. հետեւեցէ՛ք թրքական լրատուութեանց. խաբուած մարդոց մեծամասնութիւնը զոհն են իրենց հաւատքին՝ զոհն են Աստուծոյ անունին ու հոգեւոր արժէքներուն, որովհետեւ ներկայ աշխարհիս մէջ այդ բոլորը շահագործել ու օգտագործել գիցողները շա՜տ շատ են:

Գ.- «Տիրոջ օրը սուրբ պահէ՛». հաւանաբար մեր ամենէն շատ սիրած պատուիրանը այս մէկը ըլլայ, որովհետեւ այդ «սուրբ պահէ»ին մէջ մեզ կը հետաքրքրէ այն իրողութիւնը, որ Աստուած այդ օրը «հանգիստ ըրաւ» եւ մեր ծուլութիւնը արդարացնելու համար չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ աւելի արդարացուցիչ պատճառ՝ քան այդ սրբութիւնը: Մեր ժողովուրդին մէջ այս օրուան սրբութիւնը կը կայանայ հետեւեալներուն մէջ.- անոնք կրնանք համեմատած միւս օրերուն քիչ մը աւելի քնանալ, կը կարենան երթալ ծով, լողաւազան, դաշտագնացութիւն եւ վայելել այդ «սուրբ» օրը. օգտուելով շաբաթավերջ ըլլալու պատեհութենէն կրնան երթալ սրբութենէ զուրկ գիշերային ակումբներ եւ այդ բոլորը կ՚ընեն իրաւունք ունեցողի համոզումով, որովհետեւ վերջապէս Աստուած այլ այդ օրը հանգիստ ըրաւ չէ՞...: Մեր ժողովուրդը այդ սրբութիւնը բուրվառէն բարձրացող ծուխին մէջ տեսնելու փոխարէն կը նախընտրէ տեսնել խորովածէն բարձրացող ծուխին մէջ... վերջապէս երկուքն ալ ածուխ են եւ մուխ կը բարձրացնեն (ի՞նչ տարբերութիւն): Ի՜նչ հեգնանք, որ մարդ արարած այդ «սուրբ» օրը աւելի՛ մեղք կը գործէ քան շաբթուան միւս օրերը. հաւանաբար հաւատարիմ ըլլալու համար այն խօսքին՝ որ կ՚ըսէ, թէ «արգիլուած պտուղը համով կ՚ըլլայ»: Հաւանաբար Աստուած եթէ ըսած ըլլար, թէ այս օրը կարելի է ամէն տեսակ զեխութեամբ ապրիլ՝ մարդ արարած պարզապէս Աստուծոյ հակառակելու համար յանձն առնէր իրապէս սրբութեամբ ապրիլ... ո՜վ գիտէ:

Վերոյիշեալ երեք պատուիրանները մաս կը կազմեն այն պատուիրաններու ցանկին՝ որոնց համար Քրիստոս ըսաւ «յաւիտենական կեանքը ժառանգելու համար պահէ՛»: Այս բոլորը աչքի առջեւ ունենալով հիմակ ու հիմա ինչքանո՞վ յաջողած ենք՝ չենք գիտեր: Առայժմ յայտնի է, որ տասնէն երեքը արդէն իսկ ձախողած ենք եւ եթէ ընթացքը այսպէս շարունակուի պարտաւոր պիտի ըլլանք կրկնելու ա՛յն դասարանը՝ որ անցնելու համար վերաքննութիւն կամ երկրորդ առիթ մը չունի:

•շարունակելի

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՉԱՄՈՒՐՃԵԱՆ
(1801-1888)

Մեր թուականէն 134 տարիներ առաջ՝ 24 յունիս 1888-ին Պոլսոյ մէջ մահացած է հրապարակախօս, բանասէր, թարգմանիչ եւ կրօնական գործիչ Յովհաննէս Չամուրճեան (բուն անունով՝ Յովհաննէս Տէր-Կարապետեան. կարգ մը աղբիւրներ անոր մահուան թուական կը յիշեն 6 յունիսը):

Չամուրճեան ծնած է 7 օգոստոս 1801-ին, Պուրսայի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած Արմաշի վանք, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1819 թուականին:

Ուսումը աւարտելէ ետք զբաղած է ուսուցչութեամբ. 1819 թուականէն սկսեալ դասաւանդած է Պուրսայի հայկական վարժարանէն ներս, միաժամանակ կատարած թարգմանական աշխատանքներ. 1830 թուականին տեղափոխուած է Պոլիս եւ 1838-1849 թուականներուն ուսուցչագործած է Սկիւտարի Ճեմարանէն ներս, ինչպէս նաեւ որոշ ժամանակ ստանձնած՝ տնօրէնութեան պաշտօնը: Ուսուցչութեան առընթեր 1846 թուականին հիմնած եւ խմբագրած է Պատրիարքարանի առաջին «Հայաստան» պարբերաթերթը. 1856 թուականին սկսած է հրատարակել «Զոհալ» անունով հայատառ թրքերէն հանդէսը, որ յետագային վերանուանուած է «Երեւակ» անունով եւ սկսած է լոյս տենսել հայերէն լեզուով:

Աղբիւրներու համաձայն, Չամուրճեան տիրապետած է 10 լեզուներու. լաւապէս տիրապետած է գրաբար լեզուին եւ գրաբարէ աշխարհաբար վերածած է բազմաթիւ գիրքեր ու աշխատութիւններ: Թարգմանած է բազմաթիւ վէպեր, որոնցմէ է Ժան Ժաք Ռուսոյի «Հասարակական դաշինքը» վէպը: Նկատի ունենալով իր կրօնական կրթութիւնը, ազատամտութեան ու միտքի ազատ արտայայտութեան համամիտ չըլլալով՝ հակամարտութեան մէջ եղած է Նալպանտեանի, ինչպէս նաեւ իր ժամանակուան շատ մը գրողներու հետ: Բուռն պայքար մղած է բողոքականութեան տարածման դէմ:

Չամուրճեան հրապարակախօսութեան ասպարէզէն հեռացած է 1878-ին եւ ինքզինք նուիրած է ընդհանուր եկեղեցական պատմութիւն պատրաստելու գործունէութեան. պատրաստած է աւելի քան 30 հատորներէ բաղկացած աշխատութիւն, որ որպէս ձեռագիր մինչեւ այսօր պահուած կը մնայ Երուսաղէմի ձեռագրատունէն ներս: Այդ աշխատութեան կողքին պատրաստած է նաեւ հայերէնի քերականութեան դասագիրքեր, ինչպէս նաեւ գրած է կրօնական եւ բարոյախօսական բազմաթիւ յօդուածներ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2022