ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԻՊԱՐ ՄԸ

Ի­մաս­տու­թեամբ գոր­ծել, մար­դուս վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէ, եւ ի­մաս­տուն մար­դը ի վեր­ջոյ կը հաս­նի իր նպա­տա­կին կամ ձեռք կ՚ան­ցը­նէ այն՝ ի՛նչ որ մտադ­րած է ու­նե­նալ։ Ան­շուշտ ա­սի­կա եր­բեք նիւ­թա­կան ար­ժէ­քի մը մտադ­րու­թիւ­նը չէ՛ միայն, այլ բա­րո­յա­կան եւ հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու տի­րա­նա­լու եւ բարձր նպա­տակ­նե­րու հաս­նե­լու հա­մար պայ­մա՛ն է ի­մաս­տու­թեամբ շար­ժիլ եւ ա­ւե­լի հաս­տատ քայ­լե­րով յա­ռա­ջա­նալ մին­չեւ որ մարդ հաս­նի իր բա­նա­ւոր նպա­տա­կին։

Եւ դար­ձեալ, կը պատ­մուի, թէ գիւ­ղի մը մէջ ծե­րու­նի մը կ՚ապ­րէր։ Այդ ծե­րու­նին շատ աղ­քատ, ո՛­չինչ ու­նէր, սա­կայն թա­գա­ւոր­ներ, իշ­խան­ներ նոյ­նիսկ կը նա­խան­ձէին ի­րեն, քա­նի որ ան սպի­տակ հրա­շա­լի՜ նժոյգ մը, այ­սինքն հեծ­նե­լու ըն­տիր ձի մը ու­նէր։ Աղ­քատ ծե­րու­նիին նժոյ­գը շա­տեր գնել կ՚ու­զէին եւ ծե­րու­նիին ահ­ռե­լի գու­մար­ներ կ՚ա­ռա­ջար­կէին ձին գնե­լու հա­մար, բայց ան կ՚ա­ռար­կէր եւ կը մեր­ժէր բո­լոր ա­ռա­ջարկ­նե­րը ը­սե­լով. «Այս ձին ին­ծի հա­մար սոսկ ձի չէ, այլ՝ ան­հա­տա­կա­նու­թի՛ւն։ Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է վա­ճա­ռել ան­ձը, ըն­կե­րը…»։­

Եւ այդ­պէս ալ այդ աղ­քատ բայց վե­հանձն ծե­րու­նին չէր հա­մա­ձայ­նուեր վա­ճա­ռել իր ըն­տիր ձին։

Ա­ռա­ւօտ մը ծե­րու­նին տե­սաւ, որ ձին մսու­րին մէջ չէ՛։ Ան խու­ճա­պի մատ­նուած, ճար մը խոր­հիլ սկսաւ։

Հա­ւա­քեց ամ­բողջ գիւ­ղը խորհր­դակ­ցե­լու հա­մար։

Հա­ւա­քուե­ցաւ ամ­բողջ գիւ­ղը եւ բո­լոր գիւ­ղա­ցի­նե­րը քննա­դա­տե­ցին աղ­քատ ծե­րու­նին։ «Դուն յի­մա՛ր ես», կ՚ը­սէին ա­նոր. «մենք գի­տենք, թէ քու ձին օր մը պի­տի գող­ցուի, լաւ չ՚ըլ­լա՞ր, որ հա­մա­ձայ­նէիր եւ վա­ճա­ռէիր զայն»։­

Իսկ ծե­րու­նին ա­ռանց վա­րա­նե­լու պա­տաս­խա­նեց ա­նոնց.

«Ես չեմ գի­տեր այդ ամ­բողջ պատ­մու­թիւ­նը։ Տե­ղեակ չեմ՝ ձի՞ն հե­ռա­ցեր է, թէ գող­ցեր տա­րեր են ա­նի­կա։ Ո՛չ մէկ փաստ՝ իսկ մնա­ցա­ծը են­թադ­րու­թիւն է միա՛յն։ Ար­դեօք դժբախ­տու­թիւ՞ն է այս, թէ օրհ­նու­թիւն, չեմ գի­տեր, քա­նի որ ա­սի­կա ի­րո­ղու­թեան միայն մէ՛կ մասն է։

«Եւ ո՜վ գի­տէ, թէ ի՛նչ կ՚ըլ­լայ ա­սոնց­մէ յե­տոյ»։

­Գիւ­ղա­ցի­նե­րը ծի­ծա­ղե­ցան ծե­րու­նիին վրայ։

Ա­նոնք գի­տէին, թէ ծե­րու­նին տար­բեր մտա­ծո­ղու­թեան տէր՝ տա­րօ­րի­նակ մէկն է, իւ­րա­յա­տուկ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն է, որ եր­-բեք չի հա­մա­ձայ­նիր ի­րենց խոր­հե­լա­կեր­պին։

Բայց ո՛վ է կա­նո­նա­ւո­րը եւ ո՞վ՝ տա­րօ­րի­նակ…։

Տասն­հինգ օր յե­տոյ ձին անս­պա­սե­լի կեր­պով մը ետ ե­կաւ, իր հետ բե­րե­լով նաեւ չորս քու­ռակ, այ­սինքն ձիու ձա­գեր։

Ա­սոր վրայ գիւ­ղա­ցի­նե­րը դար­ձեալ հա­ւա­քուե­ցան եւ ծե­րու­կին ը­սին. «Դուն ճիշդ խօ­սած էիր, ո՛վ ծե­րու­նի։ Ա­տի­կա դժբախ­տու­թիւն չէր, այլ՝ օրհ­նու­թի՛ւն»։

­Ծե­րու­նին կրկին պա­տաս­խա­նեց գիւ­ղա­ցի­նե­րուն.

«Ես տե­ղեակ չեմ ամ­բողջ պատ­մու­թեան։ Գի­տեմ, որ ձին չկար, բայց յե­տոյ ան ետ ե­կաւ։ Ո՞վ գի­տէ, սա օրհ­նու­թիւն է, թէ ոչ։ Ե­թէ դուք ամ­բողջ նա­խա­դա­սու­թեան մը միայն մէկ բա­ռը կար­դաք, ինչ­պէ՞ս կրնաք պատ­կե­րաց­նել եւ գա­ղա­փար կազ­մել ամ­բողջ գիր­քի մը վե­րա­բե­րեալ։ Սա­կայն մար­դիկ, այ­նուա­մե­նայ­նիւ, կը կար­ծէին, թէ ծե­րու­նին կը սխա­լի, չէ՞ որ հի­մա ա­ւե­լի շատ թի­ւով ձի ու­նի։

Ծե­րու­նին մի­նու­ճար, այ­սինքն միակ, միա­մօր զա­ւակ մը ու­նէր։ Որ­դին սկսաւ քշել այդ քու­ռակ­նե­րը եւ շա­բաթ մը վերջ ին­կաւ եւ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ ոտ­քը։ Ո՛չ ոք գի­տէր, թէ դժբախ­տու­թի՞ւն էր այդ, թէ օրհ­նու­թիւն…։

Գիւ­ղա­ցի­նե­րը դար­ձեալ հա­ւա­քուե­ցան եւ ծե­րու­կին ը­սին. «Ինչ­պի­սի՜ դժբախ­տու­թիւն։ Քու միակ՝ մի­նու­ճար որ­դիդ քա­լե­լէ զրկուե­ցաւ, թե­րեւս մշտա­պէս կորսն­ցուց քա­լե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը. չէ՞ որ քու զա­ւակդ քու միակ յե­նա­րանդ, նե­ցուկդ էր։ Լաւ չէր ըլ­լա՞ր, որ ձին վա­ճա­ռէիր, գո­նէ սա պա­հուս գու­մար մը կ՚ու­նե­նա­յիր…»։­

Եւ ծե­րու­կը կրկին պա­տաս­խա­նեց ա­նոնց.

«Դուք հա­մա­կուած էք սխալ մտա­ծում­նե­րով եւ կը տա­ռա­պիք ձեր սխալ խոր­հուրդ­նե­րուն մէջ՝ սխալ են­թադ­րու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լով։ Այդ­քան հե­ռո՜ւ մի եր­թաք եւ շատ մի խոր­հիք։ Ես միայն գի­տե՛մ, որ որ­դիս ին­կած եւ վի­րա­ւո­րած է ոտ­քը։ Բայց ո՛չ ոք գի­տէ, թէ այդ մէ­կը դժբախ­տու­թի՞ւն է, թէ օրհ­նու­թիւն»։­

Եւ այն­պէս պա­տա­հե­ցաւ, որ հա­զիւ մի քա­նի շա­բաթ ան­ցած՝ երկ­րին մէջ պա­տե­րազմ սկսաւ, եւ ամ­բողջ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը բա­նակ տա­րուե­ցաւ։

Միայն ծե­րու­նիին միակ զա­ւա­կը կեն­դա­նի՝ ողջ մնաց՝ քա­նի որ հաշ­ման­դամ էր եւ չէր տա­րուած բա­նակ, մինչ գիւ­ղի բո­լոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը նա­հա­տա­կուե­ցան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին։ Բո­լոր գիւ­ղը լա­ցու­կո­ծի մէջ էր, քա­նի մար­տիկ­ներ չէին կրցած յաղ­թա­կան գալ եւ եր­կի­րը պար­տու­թեան մատնուած էր այդ պա­տե­րազ­մէն եւ մե­ծա­քա­նակ զո­հեր տուած էր։ Գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րը թէ՛ պար­տու­թիւն կրած եւ թէ կորսն­ցու­ցած էին ի­րենց զա­ւակ­նե­րը։

Գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րը ան­գամ մը եւս ե­կան ծե­րու­նիին մօտ։ Ժո­ղո­վուր­դը տրտում՝ կ՚ու­զէր լսել ծե­րու­նին։

Բայց ծե­րու­նին լսե­լէ ա­ռաջ՝ ժո­ղո­վուր­դը ը­սաւ.

«Դուն ճի՛շդ էիր», պար­զե­ցին. «քու զաւ­կիդ վի­րա­ւո­րուի­լը ո՛չ թէ դժբախ­տու­թիւն, այլ օրհ­նու­թիւն էր ձե­զի հա­մար, քա­նի որ թէ­պէ­տեւ քու որ­դիդ հաշ­ման­դամ է, բայց քու մօտդ է, կ՚ապ­րի, իսկ մեր զա­ւակ­նե­րը մեր մօտ չեն եւ թէ այ­լեւս պի­տի չվե­րա­դառ­նա՛ն։ Ու­րեմն ա­տի­կա քե­զի հա­մար օրհ­նու­թիւն մըն է, իսկ մե­զի հա­մար դժբախ­տու­թի՜ւն…»։­

Այս խօս­քե­րուն վրայ ծե­րու­նին ը­սաւ.

«Դուք կը շա­րու­նա­կէք դա­տել ու են­թադ­րու­թիւն­ներ ը­նել։ Ես եր­բեք չեմ գի­տեր ամ­բողջ պատ­մու­թիւ­նը։ Եւ ո՛չ ոք գի­տէ զայն ամ­բող­ջո­վին։ Դա­տո­ղու­թիւն կամ են­թադ­րու­թիւն­նե­րով եզ­րա­հա­նում ը­նե­լը մտքի սա­ռած, կանգ ա­ռած՝ ա­մո՛ւլ վի­ճակն է։

«Մի՛ դա­տէք, այ­լա­պէս դուք եր­բեք չէ՛ք կրնար բո­լո­րի հետ մէ՛կ ամ­բող­ջու­թիւն ըլ­լալ։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ճամ­բոր­դու­թիւ­նը եր­բեք չ՚ա­ւար­տիր կեան­քի ըն­թաց­քին։ Մաս մը կ՚ա­ւար­տի, կամ մարդ ա­ւար­տած կը կար­ծէ, բայց ան­մի­ջա­պէս միւ­սը կը սկսի. դու­ռը կը փա­կուի, ու­րիշ դուռ մը կը բա­ցուի։ Մարդ կը հաս­նի գա­գա­թին, բայց այդ պա­հուն կը յայտ­նուի ար­դէն ու­րիշ գա­գաթ մը՝ ա­ւե­լի բա՛րձր, ա­ւե­լի հե­ռո՜ւն։

«Ար­դա­րեւ կեան­քը ան­վեր­ջա­նա­լի ճամ­բոր­դու­թիւն մըն է…»։

­Սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը։ Կեան­քը ճամ­բոր­դու­թիւն մը չէ՞, եր­բեմն ու­րախ, եր­բեմն տրտում, եր­բեմն դժբախ­տու­թեամբ, եր­բեմն օրհ­նու­թեամբ լե­ցուն։ Բայց կեան­քը ա՛յս է սի­րե­լի­նե՜ր, միօ­րի­նակ ե­թէ ըլ­լար, ա­մուլ, ան­կեն­դան, ան­շարժ ըն­թացք մը պի­տի չըլ­լա՞ր կեան­քը։ Եւ կար­ծեմ կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րողն ալ այդ ե­լե­ւէջ­ներն են՝ հա­կա­սու­թիւն­ներ, սի­րոյ դէմ ա­տե­լու­թիւն­ներ, բա­րե­կա­մու­թիւն­նե­րու դէմ թշնա­մու­թիւն­ներ, գիշե­րուան մու­թին փո­խա­րէն ա­ռա­ւօ­տեան լոյ­սը, այն­քա՜ն գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րու փո­խա­րէն տգե­ղու­թիւն­ներ, վե­հանձ­նու­թիւն­նե­րու դէմ վա­տու­թիւն­ներ, եւ տա­կա­ւին բազ­մա­թիւ հա­կադ­րու­թիւն­նե՜ր կեան­քը «կեա՛նք» կ՚ը­նեն…։

- Պատ­մուած­քը ռու­սե­րէ­նէ թարգ­մա­նեց Սա­մուէլ Սրկ. Մկրտի­չեան։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 20, 2015 Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015