ՏՂԱՔԸ ՊԷ՛ՏՔ Է ԽՆԴԱՆ…
Շատեր կը կարծեն, որ լուրջ ըլլալ տխրադէմ կամ խոժոռադէմ ըլլալ կը նշանակէ։ Այս պատճառով, ուրախութիւնը տեսակ մը յանցանք նկատուած է հին ըմբռնումով, եւ լրջութեան կարեւորագոյն նշանը համարուած է յաւիտենական լալկանի տխուր դիմագծութիւն մը՝ որուն վրայէն ժպիտի հով մը իսկ չ՚անցնիր երբեք։ Այս կերպով, կը կարծուի, թէ կեանքի մէջ յաջողութիւնը այն ատեն ապահով է, երբ ամէն մարդ համոզում գոյացնէ, թէ «խնդալու պէս պարապ բաներ»ու կարեւորութիւն չէ տրուած ենթակային կողմէ։
Մինչդեռ ժպիտը, ինչպէս կ՚ըսէ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան, խաղաղ խղճի եւ մաքուր սրտի արտայայտութի՛ւնն է։ Անշուշտ երբ այդ ժպիտը կը բխի անմեղ եւ անկեղծ հոգիէ մը, այն ատեն կ՚ըլլայ խղճի եւ սրտի անխարդախ արտայայտութիւնը։
Տղոց կրթութեան պզտիկ, թերեւս աննշան խնդիր մըն է, կենցաղագիտութեան հարց մը, որ մեծ ազդեցութիւն կը գործէ մատղաշ միտքերու վրայ։
Տղան պէ՞տք է համարձակ եւ ազատ վարմունք ունենայ իր շուրջիններուն դէմ, անշուշտ առանց անցնելու կրթութեան եւ յարգանքի սահմանները, թէ ո՛չ պէտք է ան սանձել կամ զսպել, ըսելով. «Մի՛ խօսիր» կամ «Մի՛ խնդար»։ Արդարեւ, ոմանք սանձարձակ եւ շուրջիններուն հանդէպ անտարբեր ըլլալը եւ համարձակ ըլլալը իրար կը շփոթեն։ Տղան մեծերու քով չի խօսիր, տղան մեծերու քով չի խնդար…։ Այս սխալ մտայնութեամբ, դժբախտաբար, կը հասնին չէզոքացած, ձեռնարկութիւններէ խուսափող, ազդեցութիւն գործելու կարողութենէն զուրկ սերունդ մը։ Մինչդեռ տղոց խօսելուն կամ խնդալուն արգելք ըլլալու տեղ, եթէ անոնց ո՛ւր եւ ի՛նչպէս պէտք է խօսիլ եւ խնդալ, ո՛ւր եւ ե՛րբ ինչպէս վարուիլ՝ ասիկա երբ սորվեցուի, աւելի նպատակայարմար եւ արդիւնաբեր կ՚ըլլայ թէ՛ տղուն եւ թէ՛ ապագայ սերունդին համար։
Արդարեւ, տղուն համարձակութիւնը, որ երբեք չի մերժեր ճշմարիտ քաղաքավարութիւնը, անոնց զուարթուն քրքիջները, անմեղութեան եւ անկեղծութեան ոսկեղնիկ դայլայլիկները զուարթութիւն կ՚ազդեն ամենէն խոժոռ մեծերուն ալ։ Եւ այդ չափաւոր, հաւասարակշռուած համարձակութիւնը ապահովութիւն մը կ՚ըլլայ ապագայի մեծերուն՝ այսօրուան դեռատի եւ անփորձ տղոց համար։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ՝ «Մի՛ խօսիր» կամ «Մի՛ խնդար» ազդարարութեամբ եւ երբեմն ալ յանդիմանութեան հասնող տղոց մեծամասնութիւնը կը դատապարտուին ապագային ըլլալ՝ վախկոտ, վարանոտ եւ տկար, որոնք անդին կը դառնան խնդալու համար, եւ կարմրած դէմքով գետինը կը նային, երբ ամենապարզ հարցում մը ուղղուի իրենց։ Եւ խօսելու ատեն միշտ վարանոտ կը վարուին, չեն կրնար արտայայտել իրենք զիրենք եւ կ՚անճրկին՝ դժուարութեան մը առջեւ կը շուարին, թէ ի՛նչ պէտք է ըսեն, կը վարանին…։
Քաղաքավարութիւն համարուած դժկամակութիւնները միշտ արգելք հանդիսացած են տղուն մտապէս եւ հոգեպէս զարգացման։ Ուստի քաղաքավարութեան սահմանները պէտք է լա՛ւ ճշդել եւ ուղիղ սորվեցնել տղոց, փոխանակ հոգեկան ճնշումներու եւ հատու արգելքներու. «Մի՛ խօսիր», «Մի՛ խնդար»։ Ասոր փոխարէն ըսել. «Հոս մի՛ խօսիր, հոն խօսէ՛», եւ կամ «Այստեղ մի՛ խնդար, այնտեղ խնդա՛» եւ այս կերպով ուղեցոյց ըլլալ տղուն եւ պատրաստել զայն կեանքի պայքարին։
Անշուշտ դիւրին է արգելք դնել որեւէ շարժումի մը համար եւ դժուար՝ առանց արգելքի շիտակ ճամբան ցոյց տալ սորվեցնելով։ Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ այսօրուան մեր դիւրին ճամբան ընտրութեամբ, վաղուան ճամբան կը դժուարացնենք…։
Տղոց անիմաստ, թմրեցուցիչ ամօթխածութիւնը, որ քաղաքավարութեան եւ կրթուած ըլլալու հետ կապ չունի, յետագային անոնց նկարագրին կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ, եւ անշուշտ՝ անոր ամենէն աննպաստ եւ վնասակար մասերէն մէկը։
«Մի՛ խօսիր», «մի՛ խնդար» յանդիմանութիւններով եւ արգելքներով հասնող տղայ մը, կրնայ յետագային փոխուիլ, բոլորովին հակառակ վարուիլ եւ սանձարձակ, յանդուգն եւ լիրբ մէկը ըլլալ, հակազդելով իր անցեալի արգելքներուն։
Արդարեւ, երկու պարագաներն ալ տղու մը համար բաղձալի վիճակներ չեն, քանի որ երկուքն ալ չափազանցութիւններ են եւ նկարագրի տկարութի՛ւն։
Լուրջ երեւելու մարմաջը իր նպատակին կը հասնի ուղիղ դաստիրակութեամբ եւ լա՛ւ կրթութեամբ, եւ թէ գիտակցութիւնը ունենալով, որ լրջութիւնը ո՛չ թէ դէմքի արտայայտութիւն մըն է, այլ մտքի հասունութիւն, կատարելութիւն եւ ընդհանուր ապրելակերպ մը։ Լրջութիւնը ո՛չ թէ արտաքնապէս, այլ մանաւա՛նդ ներքնապէս զգացուած վիճակ մըն է։ Եւ կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ ժպտադէմ լո՛ւրջ մարդոց, ինչպէս նաեւ խոժոռադէմ թեթեւամի՛տ անձերու։ Ո՞րը աւելի վստահութիւն կը ներշնչէ, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ՝ ժպտադէմ լուրջ մա՞րդը, թէ՝ խոժոռադէմ թեթեւամիտը։
Արգելքներու այն սկզբունքները, զորս հիները մանաւանդ երկիւղածութեամբ կը յարգէին իրենց կեանքը կերպով մը վարելու եւ տղաքը դաստիարակելու համար, յաջորդ սերունդը յաւերժացուց տխրունակ վիպերգներու (romance) ստեղծումով, եւ արտասուքով խառնուած քնարերգութիւնը (lyrisme) հնարեց։ Մռայլ երեսներ եւ խոժոռ դէմքեր, տխուր արտայայտութիւններ եթէ նախամեծար սեպուին՝ միշտ տխուր սերունդ մը կը կազմուի։ Ասիկա շատ բնական է։ Եւ երբ ըսուի, թէ պարագաները այդպէս կը բերէին, այդ ալ տկարութիւն է, քանի որ մարդ մե՛ծ է այն ատեն եւ զօրաւոր, երբ կրնայ փոխել պայմանները եւ ներկայացուած պարագաները։
Արդարեւ, տխուր սերունդ մը կը նշանակէ իր պարզ բացատրութեամբ՝ «գլխուն զարնուած»ներու սերունդ մը՝ որ խնդալու կը խպնի, եւ որուն ամօթխածութիւնը արդէն բաւական պատճառ մըն է կեանքի պայքարին մէջ որեւէ ձեռներէցութիւն՝ ճարպիկութիւն եւ խիզախութիւն չունենալ եւ անոնց գործադրութեան համարձակութենէն զուրկ ըլլալ։
Արդարեւ կրթութեան պակաս մըն է ասիկա՝ որ կարելի է տեսնել ընկերային զանազան խաւերու մէջ։
Զուարթ ըլլալ, ուրախ ըլլալ, խնդալ իրաւունքն է տղոց, եթէ անոնք զրկուին անոնցմէ, այլապէս կարելի չ՚ըլլար զուարթ, ուրախ եւ մտապէս առողջ սերունդ մը ունենալ ապագային, քանի որ ամէն բան կախում ունի մարդուս հոգեվիճակէն եւ այդ հոգեվիճակին ստեղծած տրամադրութենէն։ Եւ պէտք չէ մոռնալ, որ թէ՛ ուրախութիւնը, թէ՛ տխրութիւնը վարակիչ տրամադրութիւններ են, հաւաքականութեան մը մէջ եթէ մէկը տխուր է, հաւաքականութիւնը կազմող անհատներն ալ կ՚ազդուին այդ վիճակէն, իսկ եթէ հասարակութեան մը մէջ զուարթ, ուրախ մէկը կը գտնուի, անոր ալ զուարթութենէն եւ ուրախութենէն կ՚ազդուին միւսները։ Եւ խնդալը՝ ահաւասիկ ուրախութեան, զուարթութեան յայտնի արտայայտութիւնը, ան ալ վարակիչ է, երբ մէկը խնդայ, ուրիշներ ալ կը վարակուին եւ խնդալ կը սկսին։
Ուրեմն խնդանք եւ խնդալ սորվեցնենք մեր տղոց, որպէսզի անոնք ունենան զուարթ, ուրախ ապագայ մը եւ մենք ալ անոնց զուարթ եւ ուրախ կեանքը երեւակայելով ուրախանանք եւ խնդանք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 13, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024