ԺՊԻՏԸ ԼՈ՛ՅՍ ԿԸ ՍՓՌԷ
Գարեգին Ա. Տրապիզոնցի Խաչատուրեան Պատրիարքի (1951-1961) խօսքը քանդակուած կը մնայ մեր մտքին մէջ. «Ժպիտը մաքուր սրտի եւ խաղաղ խղճի մը արտայայտութիւնն է»։ Այս խօսքին մերձիմաստ է ֆրանսացի ժողովրդական իմաստութեան դրսեւորումը, որ կ՚ըսէ. «Ժպիտի մը սփռած լոյսը ելեկտրականութենէն աւելի՛ աժան է, նոյնիսկ ձրի՛, բայց կրկնապատիկ լոյս կը սփռէ»։
Ամէն ոք տրտմութեան, տխրութեան պահեր կրնայ ունենալ, ասիկա բնական է. բայց անկեղծ բարեկամի մը ժպիտը կարծես լոյս կը սփռէ այդ մութ հոգեվիճակին եւ կը փոխուի մարդուս տրամադրութիւնը։ Բայց այս կէտին կարեւոր է անկեղծութիւնը, քանի որ ինչպէս ամէն բանի, ժպիտին ալ կեղծը վտանգաւոր է, ո՛չ թէ օգուտ, այլ՝ վնաս կը պատճառէ մարդուս։ Հետեւաբար, ժպիտը ո՛չ թէ շրթունքի վրայ, այլ աչքին մէջ պէտք է ըլլայ։ Այս իմաստով, կեանքը մարդուս ցոյց կու տայ այնպիսի «ժպիտ»ներ՝ որոնք փոխանակ լոյսի խաւա՛ր ստեղծած են։ Կեղծ ժպիտը կը նմանի գառնուկի կերպարանքով մօտեցող գայլի, եւ որքա՜ն շատ կան այդպիսի «ժպիտ»ներ…։ Ուստի, պէտք չէ ամէն «ժպիտ» օգտակար եւ կազդուրիչ նկատել. պէտք չէ՛ խաբուիլ ամէն ժպտողի, քանի որ կան ժպիտներ՝ որոնք թոյն կը ներմուծեն։ Ժպիտը ժպտողին անկեղծութենէն է, որ կը ստանայ իր ճշմարիտ էութիւնը։
Կան մարդիկ ալ, որոնք ժպիտը թեթեւամիտ, թեթեւսոլիկ նկարագրի արտայայտութիւն կը նկատեն։ Բայց չեն խորհիր, թէ խոժոռ դէմք մը որքա՜ն բացասական, ժխտական ազդեցութիւն կը գործէ մարդոց վրայ՝ թէ՛ խոժոռադէմ մարդուն եւ թէ իր շուրջիններուն վրայ։ Անշուշտ որ կան այնքան լուրջ մարդիկ, որոնք ժպտադէմ են եւ դարձեալ կը գտնուին խոժոռադէմ մարդիկ՝ որոնք կապակցութիւն իսկ չունին լրջութեան հետ։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ մեզի, թէ ի՜նչ ծանրախոհ, խոհեմ մարդիկ ժպտադէմ եղած են, եւ ասիկա երբեք չէ փոխած իրենց նկարագիրը եւ կեցուածքը։ Իրականին՝ լրջութիւնը ուղղամիտ, անկեղծ, շիտակ մարդ ըլլալ կը նշանակէ եւ ոչ մէկ կապ ունի ենթակային արտաքին երեւոյթին հետ։
Խոժոռադէմ մարդիկ, կամ ըսենք, իրենց խոժոռադէմ երեւոյթով լուրջ երեւիլ եւ ազդել կ՚ուզեն իրենց շուրջիններուն վրայ։ Արդարեւ, «լուրջ մարդ ըլլալ» տարբեր բան է, եւ «լուրջ երեւիլ»՝ բոլորովին տարբեր։ Ուստի, մարդ երբ իր գործը կատարեալ կերպով, անթերի եւ անկեղծօրէն կ՚ընէ լո՛ւրջ մարդ է։
Լուրջ մարդը, արդարեւ, արտաքին երեւոյթովը՝ խոժոռադէմ երեւոյթով լուրջ չէ, բայց իմաստութեա՛մբ։ Իմաստութիւնը եւ իմացականութիւնը Աստուծոյ պարգե՛ւն է մարդուն։ Ուստի, ճշմարիտ մարդը պահանջք չի զգար լուրջ երեւելու արուեստական միջոցներու դիմելու. իմաստուն մարդու աչքին մէջ ժպիտը իմաստութեանը արտացոլումն է, իսկ շրթներու վրայ ժպիտը, ո՜վ գիտէ, գուցէ թոյն տարածէ…
Քանի որ անկեղծ ժպիտը մաքուր սրտի եւ խաղաղ խղճի արտայայտութիւնն է, կ՚արժէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի խօսքը յիշել. «Մարմինին տարիքը հոգիին վնաս չ՚առթեր։ Այսպէս, նոյնիսկ մանուկ տարիքին մէջ, մարդս կարող է հոգեւոր տարիքին կատարելութեան հասնիլ, ինչպէս կ՚ըսէ իմաստութիւնը.- Ծերութեան պատուարժանութիւնը չի կշռուիր օրերուն շատութեամբ, ո՛չ ալ տարիներուն թիւով. (ԻՄԱՍՏ. Դ 8)։ Շատ մը մանուկներ, իրենց ստացած Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, Քրիստոսի համար արիաբար պայքարած են, նոյնիսկ ցհեղումն արեան»։
Սուրբ Հոգիին պտուղները կատարելագործութիւններ են, զորս կը կազմեն մարդուս մէջ իբրեւ երախայրիք յաւիտենական փառքին։ Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը տասներկու պտուղ կը թուէ, որոնց կարգին է ուրախութիւնը՝ խաղաղութեան, երկայնամտութեան, բարեսրտութեան, հեզութեան, քաղցրութեան, համեստութեան, հաւատարմութեան, ժուժկալութեան, ողջախոհութեան, համբերութեան եւ սիրոյ կարգին, եւ ահաւասիկ «ժպիտ»ը ասոնց դրսեւորումն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 22, 2023, Իսթանպուլ