ՄԱՅՐԱԿԱՆ ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆ
Մարդ, ընդհանրապէս, իր ծոցին մէջ կը կրէ աղէտաբեր սերմը, որ ամէն ինչ կը փճացնէ իր գաղտնի թոյնով, կոյր եւ ծածկեալ ամբարտաւանութեամբ։ Մարդը կը բարկանայ մեղաւորին, սխալ ընթացքի վրայ քալողին վրայ, քանի որ ինքզինք աւելի լաւ, անմեղ եւ արդար կը համարի եւ այնպէս կը խորհի, թէ առաքինութեան գագաթը հասած է՝ երբ յանցաւորին դէմ կը զայրանայ։
Բայց «քարկոծելու համար, քարեր ժողվելէ առաջ», իւրաքանչիւր անձ պէ՛տք է իր ներաշխարհը, իր ներքին ծալքերը քննէ, թէ արդեօք միշտ աստուածային օրէնքներուն հաւատարիմ մնացա՞ծ է, եւ ո՛վ որ ինքզինք Բարձրեալին աչքին առջեւ անկեղծ ու արդար կը համարի, թող «ա՛ն նետէ առաջին քարը»։ Եւ ահաւասիկ այս կէտին, կը հանդարտի բոլոր անոնց աղմուկը՝ որ մեղաւորին դէմ վրէ՜ժ կը գոռային։ Սո՛ւտ նախանձախնդիրներ, այդ պահուն, լուռ եւ ամօթահար՝ կը քաշուին եւ հետզհետէ կը հեռանան։ Անոնց խճմտանքը բաւական բան ունի լրջօրէն ազդարարելու։ Եւ երբ մէկը համարձակի ըսել, թէ ինք ուրիշ մարդոց պէս չէ՝ ինք մեղք չունի, ահա, կը լսուի սարսափելի՜ ձայն մը, որ կ՚որոտայ եւ անոր սուտը կը փաստէ բարձրաձայն։
Բայց ո՞վ է ներողամիտը, ո՞վ է երկայնամիտը։ Մա՛յրն է՝ ան, որ գիտէ ներել ամէն յանցագործութեան՝ մանաւանդ թէ յանցագործը զաւա՛կն է։ Արդարեւ, ամէն մայր ներողամիտ ըլլալու է իր զաւկին նկատմամբ, քանի որ անոր սխալ գործելուն շարժառիթը, կերպով մը ի՛նք եղած կրնայ համարուիլ, քանի որ մանուկներու առաջին դաստիարակը, կրթիչը՝ մա՛յրն է։ Եւ ամէն մայր, երբ իր որդին յանցանք մը կը գործէ, պէտք է ինքն իրեն հարցնէ՝ թէ ի՞նչ թերութիւն ունեցած է զաւակը լաւ հասցնելու գործին մէջ։ Ուստի ծնողներ, մանաւանդ մայրը, անուղղակի կերպով ալ ըլլայ, յանցակից եւ ուրեմն ամբաստանակից է զաւկին որեւէ յանցանքին։ Այս կը նշանակէ՝ որ մայրը աւելի ուշադիր եւ բծախնդիր ըլլալու է իր զաւակը ամբաստանելու եւ դատապարտելու ատեն, քանի որ ի՛նք ալ որպէս բնական եւ նախնական դաստիարակ՝ բաժին ունի իր զաւկին յանցագործութեան։ Ուրեմն մայրը աւելի՛ երկայնամիտ եւ ներո՛ղ ըլլալու է զաւկին հանդէպ։
Եւ երբ լիակատար ու անթերի կերպով չէ կատարած իր մայրական պարտականութիւնը զաւկին նկատմամբ, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս կրնայ ամբաստանել զայն իր թերութեանը, սխալին կամ յանցանքին համար։
Ո՜վ ալ ըլլայ, երբ խղճմտանքը կ՚ամբաստանէ, նախընտրելի է խոնարհաբար ծռել գլուխը Բարձրեալին առջեւ եւ քաջութիւնը ունենալ նախ ինքզինք իր մէջ քննել, քննադատել եւ յետոյ ամբաստանել։
Եթէ մէկը կ՚ուզէ, որ Ան ներողամտութիւն ունենայ, ներէ իր սայթաքումներուն, ապա ուրեմն պէտք է նախ ինք ցոյց տայ իր ամբաստանածներուն նկատմամբ։ Եւ մայրն ալ, ընդհանրապէս, իր զաւակը ամբաստանելէ առաջ պէտք է ինքզինք դատէ, ինքնաքննութիւն կատարէ, թէ զաւակը այդ յանցանքը ի՛նչ դրդապատճառներով եւ ի՛նչ շարժառիթներով ու նկատումներով գործած է։ Ուստի ժամանակաւոր ներողամտութիւնը առիթ կու տայ այդ ինքնաքննութիւնը կատարելու եւ սխալը միասին սրբագրելու։ Ճիշդ այս պատճառով է, որ մայրեր ներողամիտ եւ երկայնամիտ ըլլալու են իրենց զաւակներուն հանդէպ։ Եւ իրենց մայրական կոչումը եւ պատասխանատուութիւնը ա՛յս կը պահանջէ։
Արդարեւ ո՛վ որ ըլլայ ամբաստանողը ուրիշ մէկը, պէտք է զգոյշ ըլլայ, պէտք է գիտնայ, թէ միա՛յն Աստուած սուրբ է, եւ անմիտ, եսամոլական գոռոզութեամբ, ինքզինք վեր բարձրացած կարծել անխոհեմութիւն է։ Ուստի մա՛րդ ինքզինք աւելի լաւ համարելու չէ՝ իր տկարագոյն նմանէն։
Եւ մայրը, ինչպէս նախապէս ըսինք, ամենէն աստուածանման էակն է, ուրեմն պէտք է աւելի բծախնդիր ըլլայ մարդ հասցնելու, խնամատարութեան աստուածային գործին, եւ կատարէ իր մայրական պարտականութիւնը՝ կարելի եղած չափով անթերի, որպէսզի հասնին առողջ սերունդներ, սկսելով իր իսկ զաւակէն։ Զոր օրինակ, եթէ զաւակ մը յանցաւոր է իր հիւանդութեան պատճառով, խորհիլ պէտք է, թէ որքան խնամք տարուած է որ չհիւանդանայ, քանի որ հիւանդութիւնը պատճառ մը ունի, որ խնամք կը պահանջէ, առողջութիւնը իսկ անձնական գործ չէ։
Ուրեմն ծնողներու եւ մանաւանդ մօր պատասխանատուութիւնը շատ լուրջ եւ ծանր է, քանի որ անոր առարկան՝ մա՛րդն է, սերունդներ եւ համայն մարդկութիւնը։
Մայրը կ՚ընկերանայ, կը գործակցի Աստուծոյ եւ գործակատարը կը հանդիսանայ Անոր գործին՝ ստեղծագործական ծրագրին։ Ուրեմն «մայր»ը պէտք է ունենայ այս գիտակցութիւնը եւ հսկէ զաւկին, ամէն պահ, ամէն ժամանակ, մշտնջենապէս, որ ան չսայթաքի, չսխալի, շիտակ քալէ կեանքի ճամբուն վրայ։
Բայց մայրական պատասխանատուութեան փոխարէն, զաւակն ալ ունի հնազանդութեան պատասխանատուութիւնը, այսինքն մայր-զաւակ, պատասխանատուութիւնները փոխադարձ են։ Անհնազանդ ոչխարը կը թողու իր փարախը եւ չ՚ուզեր լսել հովիւին քաղցր ձայնը։ Եւ երբ կը թողու իր փարախը եւ չ՚ուզեր լսել հովիւին ձայնը, ան չ՚ուզեր նաեւ իր չարութեան պատիժը կրել։ Բայց ի՛նչպէս որ «Բարի Հովիւ»ը անհնազանդ ոչխարներու համար զոհեց իր կեանքը՝ բարի հովիւի համանման մա՛յրն ալ պէտք չէ անմիջապէս ամբաստանէ, դատապարտէ ու պատժէ իր անհնազանդ ու յանցաւոր զաւակը, այլ եթէ պէտք է՝ զոհէ իր կեանքը, զոհէ ու զոհուի, քանի որ ինչպէս նախապէս ըսինք, ան կեանք տուողն է մարդուն։ Բայց նաեւ անոր համար պատրա՛ստ է իր կեանքը տալու՝ որպէս գործակից եւ գործակատար «Բարի Հովիւ»ին։
Մայրը արդա՛ր է, եւ իր արդարութիւնը հասած է կատարելութեան, քանի որ անոր մէջ կա՛յ սէր, ողորմութիւն եւ գո՛ւթ, ան ընդելուզուած է մաւանադ երկայնամտութեամբ։ Բռնութեամբ ուղիղ ճամբու չ՚առաջնորդեր իր զաւակը մայրը, մայրը՝ որ հաւատարիմ է իր մայրութեան կոչումին եւ գիտակցութիւնը ունի մանաւանդ իր «աստուածանմանութեան»։
Մօր պարտականութիւնն է սիրալիր՝ ուսերուն վրայ շիտակ ճամբայ առաջնորդել իր զաւակը՝ Բարի Հովիւին նմանութեամբ։ Մայրը ո՛չ մէկ դժուարութենէ կ՚ընկճուի եւ ո՛չ մէկ նեղութենէ կը փախչի, քանի որ մարդկութեան ապագան յանձնուած է իրեն։
Որքա՜ն իրաւացի է Ժան Պօլ երբ կ՚ըսէ.
«Արհամարհանքի արժանի է այն մայրը՝ որ զաւակներ ուի եւ ձանձրոյթ, յոգնութիւն կը զգայ զանոնք հասցնելու, խնամելու նկատմամբ»։
Մայրութիւնը վեհագոյն դիրք մը, նուիրական պարգեւ մըն է, երանի՜ անոնց, որ հաւատարիմ են իրենց մայրութեան, երանի՜ անոնց, որ կատարեալ կերպով, անթերի նախայօժարութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը մարդկութեան տեւականացման համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 17, 2015, Իսթանպուլ