ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԸ
Յիսուս «Տէրունական աղօթք»ին բանաձեւը մեզի կտակելէ ետք աւելցուց. «Խնդրեցէ՛ք ու պիտի առնէք» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 24)։ Արդարեւ, Տէրունական աղօթքը ամբողջ Աստուածաշունչին համառօտութիւնն է։
Ամէն մարդ կրնայ ըստ իր կարիքներուն դէպի երկինք զանազան աղօթքներ ուղղել, բայց միշտ սկսելով Տիրոջ աղօթքով՝ «Հայր մեր»ով, որ կը մնայ հիմնական աղօթքը։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, ցոյց տալէ ետք, թէ ի՛նչպէս Սաղմոսները գլխաւոր սնունդ են քրիստոնեայ աղօթքին, եւ ի՛նչպէս կը համալրուին «Հայր մեր»ին խնդրանքներուն հետ, կ՚եզրակացնէ. «Աչքէ անցուցէ՛ք Աստուածաշունչին մէջ գտնուող բոլոր աղօթքները եւ ես չեմ կարծեր, թէ դուք հոն գտնէք բան մը՝ որ բովանդակուած չըլլայ Տէրունական աղօթքին մէջ»։
Օրէնք, Մարգարէներ եւ Սաղմոսներ՝ ամբողջ Աստուածաշունչը իր կատարումը կը գտնէ Քրիստոսի մէջ։ Աւետարանը այս «Բարի Լուր»ը՝ Աւետիսն է։ Անոր առաջին հռչակումը համառօտուած է Մատթէոս Աւետարանիչի «Լերան քարոզ»ին մէջ. (ՄԱՏԹ. Ե-Է)։ «Հայր մեր» աղօթքը այս հռչակումին կեդրոնը կը հանդիսանայ։ Այս պարունակին մէջն է, որ կը յստականայ Տիրոջ կողմէ կտակուած աղօթքին իւրաքանչիւր խնդրանքը։ Ուստի Սուրբ Թովմաս Աքուինացի Տէրունական աղօթքին մասին կ՚ըսէ. «Տէրունական աղօթքը՝ աղօթքներուն ամենակատարեալն է։ Անոր մէջ մենք կը խնդրենք ո՛չ միայն ինչ որ կրնանք ուղիղ ձեւով բաղձալ, այլ բաղձալ ըստ պատշաճ կարգին։ Այնպէս որ այս աղօթքը ո՛չ միայն կը սորվեցնէ մեզի խնդրել, այլ նաեւ կը կազմաւորէ մեր մէջ մեր ամբողջ զգայնութիւնը»։
Լերան քարոզը (ՄԱՏԹ. Ե-Է) կեանքի վարդապետութիւնն է. իսկ Տէրունական աղօթքը եւս աղօթք է, բայց երկուքին մէջ Տիրոջ Հոգին նոր ձեւաւորում կու տայ մեր բաղձանքներուն, մեր կեանքը ոգեւորող մեր ներքին մղումներուն։ Տէրունական աղօթքը, էականը միշտ անայլայլելի՝ աղօթքին իմաստը կ՚ընդլայնէ, աղօթքին սահմանները կ՚ընդարձակէ, բայց միեւնոյն ժամանակ այդ ընդարձակ սահմաններուն մէջ կ՚ամփոփէ, կը համառօտէ եւ կը համախմբէ բոլոր բաղձանքները։
Տէրունական աղօթքը՝ բացատրագիր մըն է աղօթելու՝ խնդրելու եւ հաղորդուելու Աստուծոյ հետ՝ Հայր եւ որդիի մտերմութեան մէջ։
Յիսուս Իր խօսքերով այս «Նոր կեանք»ը մեզի կ՚ուսուցանէ եւ զայն աղօթքի միջոցով խնդրել կը սորվեցնէ։ Ուստի որքան կարեւոր է էականը, բովանդակութիւնը, նո՛յնքան ալ անհրաժեշտ է ձեւը՝ որուն մաս կը կազմեն անկեղծութիւնը, մտերմութիւնը եւ գիտակցօրէն մօտեցումը բոլոր մարդկային յարաբերութիւններուն եւ հաղորդակցութիւններուն մէջ, եւ քանի որ աղօթքն ալ Աստուծոյ հետ մարդկային յարաբերութիւն մը, հաղորդակցութիւն մըն է, ապա ուրեմն այս կէտին ալ կարեւոր է ձեւը՝ էականին, հիմնականին չափ։ Պահ մը խորհինք, սիրելի՜ բարեկամներ, ո՞րքան արդիւնաբեր կ՚ըլլայ բան մը խնդրել ոեւէ մէկէ մը անգիտակից կերպով, կամ առանց յարգելու պատշաճութիւնը, պարզ կանոնները։ Եւ խնդրանքին անկեղծ եւ մտերմօրէն կատարուիլը ո՜րքան կարեւոր է մանաւանդ հօր մը եւ զաւկի միջեւ, եւ ո՜րքան աւելի կարեւոր Երկնային Հօր եւ անոր որդիներուն՝ մարդոց միջեւ։
Այս իմաստով, Տէրունական աղօթքը մեզի կը սորվեցնէ Աստուծմէ խնդրել բան մը՝ որպէս Հայր, հօր եւ զաւկի մտերմութեան եւ անկեղծութեան մէջ։ Եւ դարձեալ, խընդ-րանքի ընթացքին ընդունիլ հօր մը հեղինակութիւնը, վստահ ըլլալ հօր մը անսահման բարութենէն, եւ սիրով հպատակիլ անոր իշխանութեան։
Ուրեմն ո՜րքան աւելի՛ պէտք է վստահիլ Աստուծոյ, փափաքիլ Անոր Արքայութիւնը, Իշխանութիւնը, որ կարող է տալ մեզի ամէն ինչ, որ բարի է եւ օգտակա՛ր։
Մեր աղօթքին ուղիղութիւնը կարեւոր է, ուստի մեր աղօթքին ուղիղութենէն կախում պիտի ունենայ մեր կեանքի ուղիղութիւնը Անոր մէջ։
Տէրունական աղօթքը, այսինքն Տիրոջ աղօթքը, որ սովորաբար կը կոչուի «Հայր մեր», կը նշանակէ, թէ մեզի Տէր Յիսուսի կողմէ ուսուցուած եւ տրուած է։ Մեզի Յիսուսէն եկող այս աղօթքը իսկապէս մէկ հատիկ է, ան «Տիրոջն է»։ Մէկ կողմէն, այս աղօթքին խօսքերով Միածին Որդին Իր Հօրը տուած խօսքերը մեզի կու տայ, ինչ որ կը նշանակէ՝ թէ Ան մեր աղօթքին ուսուցիչն է՝ վարդապե՛տն է։ Միւս կողմէն, Ան իբր «մարդացեալ Բան», Իր մարդկային սրտով կը գիտակցի Իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն մարդկային կարիքներուն եւ զանոնք մեզի կը յայտնէ, Ան մեր աղօթքին տիպա՛րն է։ Բայց Յիսուս մեքենաբար կրկնելիք աղօթքի մը բանաձեւը չի յանձներ մեզի՝ ինչ որ աղօթքի համար շատ կարեւոր կէտ մըն է աւելորդ եւ անիմաստ կրկնութիւններով եւ կոյրզկուրայն չաղօթել։ Ինչպէս ամէն ձայնիւ կատարուող աղօթքի պարագային, Սուրբ Հոգին Աստուծոյ զաւակներուն իրենց Հօր աղօթել կը սորվեցնէ։ Յիսուս մեր որդիական աղօթքին ո՛չ միայն խօսքերը կու տայ մեզի, այլ նաեւ կու տայ Հոգին, որուն միջոցով՝ այս խօսքերը մեր մէջ կը դառնան «հոգի եւ կեանք» (ՅՈՎՀ. Զ 63)։
Դեռ աւելի մեր որդիական աղօթքին փաստը եւ կարելիութիւնը այն է, որ Հայրը «առաքեց մեր սրտերուն մէջ Իր Որդիին Հոգին, որ կ՚աղաղակէ. «Աբբա, այսինքն Հա՛յր» (ԳԱՂ. Դ 6)։ Քանի որ մեր աղօթքը մեր բաղձանքներուն մեկնաբանն է, դարձեալ «սրտերը քննող» Հայրն է, որ «գիտէ Հոգիին խորհուրդները, որ կը բարեխօսէ սուրբերուն համար՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն» (ՀՌՈՄ. Ը 27)։
«Հայր մեր» աղօթքը կը կցուի Որդիին եւ Հոգիին խորհրդաւոր առաքելութեան։
Տիրոջ եւ Սուրբ Հոգիին խօսքերուն այս անանջատելի պարգեւը, որ զանոնք կենսունակ կը դարձնէ հաւատացեալներուն սրտին մէջ, սկիզբէն իսկ ընդունուեցաւ եւ ապրուեցաւ Եկեղեցիին կողմէ։
Առաջին հասարակութիւնները Տիրոջ աղօթքը օրը երեք անգամ կ՚աղօթէին, փոխարէն տասնութ օրհնաբանութիւններուն, որոնք կիրարկուած էին հրէական բարեպաշտութիւններու մէջ։
Ըստ առաքելական Աւանդութեան, Տիրոջ աղօթքը ըստ էութեան արմատացած է ծիսական աղօթքին մէջ։ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ. «Տէրը կը սորվեցնէ մեզի մեր աղօթքները մեր բոլոր եղբայրներուն համար հաւաքաբար կատարել։ Արդարեւ, Ան չ՚ըսեր.- Հայր իմ, որ երկինքն ես, այլ՝ Հայր մեր, որպէսզի մեր աղօթքը մէկ հոգիով կատարուի Եկեղեցւոյ ամբողջ Մարմինին համար»։
Ուստի իւրաքանչիւր հաւատացեալ երբ կ՚աղօթէ՝ բոլորին համար կ՚աղօթէ, արդարեւ ամէն մէկ հաւատացեալ պէտք ունի իրարու համար կատարուած աղօթքին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 17, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 12/02/2024
- 12/02/2024