ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ազգի կրօնական կեանքի արտայայտումը եւ ձեւակերպումը որոշ սկզբունքներու եւ արտաքին նշաններու մէջ՝ նոյն ազգի եկեղեցին կը կազմէ։ Եկեղեցին՝ իբրեւ ժողովուրդի կրօնային կեանքի ամփոփումը, անփոփոխական տարրեր ունենալով հանդերձ՝ զարգացման այլ եւ այլ շրջաններ, պէսպէս անցումներ կը ներկայացնէ։ Արդարեւ, պատկերացնել կրօնային կեանքի ձեւակերպման նախնական շրջանները, ցոյց տալ այդ կեանքի արտաքին զարգացման եւ հետզհետէ բարեփոխման այլ եւ այլ աստիճանները, անոր ներքին ազդեցութիւնը եւ այլն, ա՛յս է ընդհանրապէս Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ պատմութեան նպատակը եւ նո՛յնը յատկապէս Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութեանը՝ որ ուսումնասիրութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ պէտք է զբաղուիլ։
Հայ Եկեղեցւոյ մօտաւորապէս երկուհազարամեայ պատմութիւնը, թէեւ ըստ երեւոյթին միանման, իր որոշ բաժանմունքները ունի, որոնք իրենց բովանդակութեամբ նախընթացներէն կը զանազանուին։ Ահաւասիկ, այս կողմէ կարելի է բնորոշել.
ա) Հայոց Եկեղեցւոյ սկզբնաւորութեան շրջան,
բ) Հայ Եկեղեցւոյ հայացման շրջան,
գ) Մարտիրոսութեան շըր-ջան եւ
դ) Ազգայնացման շրջան։
Բայց Հայ Եկեղեցւոյ կեանքի արտաքին հանգամանքները ի նկատի առնելով՝ պատմութիւնը կարելի է հետեւեալ շրջաններուն բաժնել.
ա) Նախալուսաւորչական շրջան (34-301),
բ) Երկրորդ լուսաւորութեան շրջան (301-389),
գ) Հայ Եկեղեցւոյ կազմակերպութեան շրջան (389-551),
դ) Հալածանքի շրջան (551-1065),
ե) Ռուբինեանց շրջան՝ եկեղեցիներու միութեան փորձեր (1065-1441),
զ) Էջմիածնական շրջան (1441-1892) եւ
է) Նոր ժամանակներ։
ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՐՁԸ (34-301)
Ազգային աւանդութիւնը, հայ պատմիչները, ինչպէս նաեւ օտարներու ակնարկութիւնը միաբերան կը հաստատեն, թէ քրիստոնէութիւնը շատ հին, նոյնիսկ Փրկչի երկրաւոր կեանքի ժամանակներէն առաքեալներու ձեռքով քարոզուեցաւ Հայաստանի մէջ։
Պատմական ստոյգ աղբիւրներու բացակայութեան պատճառով՝ այս քարոզութեան պատմութիւնը կարելի չէ ճշդութեամբ ներկայացնել։ Աւանդական պատմութեան համեմատ եւ ըստ կարգ մը պատմիչներու, հետեւեալ կերպով կը նկարագրուի Հայոց Եկեղեցւոյ սկզբնաւորութիւնը։
Հայոց Աբգար թագաւորը, որ Միջագետքի Եդեսիա քաղաքը կը նստէր, Պարթեւաստանէ վերադարձին՝ ծանրապէս կը հիւանդանայ։ Իր վրայ բարդուած քաղաքական ամբաստանութիւնները փարատելու համար՝ ան դեսպաններ կ՚ուղարկէ Հռովմայեցիներու կուսակալ Մառինոսի (Սաբինոսի) մօտ։ Անոնք իրենց տիրոջ յանձնարարութիւնը յաջողապէս կատարելէ յետոյ՝ կը հանդիպին նաեւ Երուսաղէմ եւ այնտեղ կը լսեն այն բոլոր սքանչելի եւ հրաշալի՜ բժշկութիւններու մասին, որ մարդկութեան Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս կը կատարէր։
Վերադառնալով Եդեսիա՝ դեսպանները կը պատմեն իրենց տիրոջ Աբգար թագաւորին, ի՛նչ որ տեսեր եւ լսեր էին Փրկչի կատարած գործերու մասին։
Աբգար թագաւոր, որ տակաւին հիւանդութեամբ կը տառապէր, լսելով Յիսուս Քրիստոսի գործած սքանչելի եւ հրաշալի դէպքերը՝ համոզում կը կազմէ, թէ այդպիսի հրաշքներ գործողը կամ Աստուած պիտի ըլլայ եւ կամ Աստուծոյ Որդի երկինքէն իջած։ Անմիջապէս ան նոյն դեսպաններու ձեռքով նամակ կը գրէ Յիսուս Քրիստոսին, խնդրելով որ գայ եւ իր մօտ բնակի եւ զինք ալ բժշկէ…։ Այս նամակին Յիսուս կը պատասխանէ, թէ կարող չէ անձամբ գալ, բայց իր համբառնալէն յետոյ իր աշակերտներէն մէկը կու գայ, որ բժշկէ զինք եւ իր վարդապետութիւնը ուսուցանէ։
34 թուականին Եդեսիա կու գայ Քրիստոսի 72 աշակերտներէն մէկը Թադէոս անունով (Ադդէ) եւ կ՚իջեւանի Տուբիա հրեայի մօտ։ Անոր գալստեան եւ կատարած գործերու համբաւը շուտով կը տարածուի քաղաքին մէջ եւ Աբգար թագաւոր, Թադէոսը իր մօտ կը հրաւիրէ, հաւատացած ըլլալով՝ թէ այդ անձը ճշդիւ Յիսուսի ուղարկածն է։ Թադէոս կը բժշկէ Աբգար թագաւորը եւ կը քարոզէ նոր կրօնի վարդապետութիւնը։
Աբգար թագաւոր եւ իր շուրջինները, ինչպէս եւ եդեսացիներ, տեսնելով Թադէոսի կատարած գործերը եւ լսելով անոր քարոզութիւնը՝ կը հաւատան եւ կը մկրտուին։
Այսպէս, անմիջապէս կը փոխուին ստուգանիշները եւ գաղափարները՝ կը փակուին կռատուները եւ քրիստոնէութիւնը կը ճանչցուի իբրեւ «պաշտօնական կրօն»։
Այսօրուայ պատմական քննադատութիւնը իբրեւ ճշմարիտ չ՚ընդունիր այս բոլոր անցքերը եւ դէպքերը, յայտնելով միանգամայն թէ այս պատմութեան մէջ նկարագրուած է ասորիներու դարձը եւ ո՛չ թէ՝ հայոց, քանի որ Ուռհայի (Եդեսիայի) թագաւորութիւնը հայկական չէ՛ր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 18, 2022, Իսթանպուլ