ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆԴԱՄՆԵՐ

Եկեղեցւոյ անդամները երկուքի կը բաժնուին՝ աշխարհականներ եւ հոգեւորականներ. հոգեւորականներն ալ ըստ իր կարգի՝ հասարակ պաշտօնեաներ, եկեղեցական-վարչական իշխանութիւն ունեցողներ եւ վանականներ ըլլալով՝ երեքի կը բաժնուին։

Աշխարհականներու պարտք եւ իրաւունքներ՝ առաջին՝ իրաւունք ունին մասնակցելու եկեղեցւոյ աստուածպաշտական բոլոր կարգերուն՝ հնազանդելով դաւանական եւ օրէնսդրական կանոններուն. երկրորդ՝ մասնակցելու եկեղեցական հասարակական զանազան ընտրութիւններուն, զոր օրինակ՝ եկեղեցւոյ պաշտօնեաներու, կալուածներու կառավարիչներու, նոյնպէս եւ եկեղեցւոյ նիւթական ապահովման խնդիրներուն եւ այլն։ Երրորդ՝ ընտրուելու եւ եկեղեցւոյ պաշտօնեայ ըլլալու, վայելելով այն բոլոր արտօնութիւնները, որոնք կապուած են այդ պաշտօնին հետ։ Չորրորդ՝ իրաւունք ունի բոլոր եկեղեցական գործերուն մասնակցելով հանդերձ արդարութիւն եւ դատ պահանջելու այդ շրջանին ոտնակոխ ըրած իրաւունքներու համար։

Վերոյիշեալ իրաւունքներու հետ կապուած են նաեւ պարտաւորութիւններ. առաջին՝ անհատը, ընդունելով եկեղեցւոյ անդամ, յօժարակամ մտնելով այդ շրջանի մէջ, պարտաւո՛ր է ընդունիլ այն դաւանաբանական եւ վարդապետական ուսմունքը եւ կարգերը, որոնք կ՚ընդունուին եկեղեցիի կողմէ. Լաւոդիկիայի 46 կանոնը այդ պայմանով կ՚ընդունի մէկը եկեղեցւոյ անդամ, մինչեւ իսկ այդ պարտաւորութիւնը գրաւոր կը գրուէր մկրտուողէն եւ կը մտցուէր եկեղեցւոյ վաւերագրային արձանագրութիւններու տետրակին մէջ՝ որ է «տոմար»։ Երկրորդ՝ աստուածպաշտական արտաքին արարողութիւններու եւ կարգերու մէջ ան պարտաւոր է ենթարկուիլ այն սահմաններուն, որոնք որոշուած են եկեղեցական կանոնով. իրաւունք չունի իր կարծիքի համեմատ փոփոխութեան ենթարկել եւ իրեն համար նոր ձեւերով կարգեր սահմանել։

Բոլոր ինքնակամ ժողովուրդները, փոփոխուած ժամերգութեամբ աղօթատեղիները եկեղեցիէն դուրս կը համարեն եւ արգիլուած են եկեղեցական կանոններով։ Արհամարհական վերաբերմունքը դէպի հաստատուն կարգերը, եկեղեցական կանոնները խիստ պատիժներու կ՚ենթարկուէին։ Խորհուրդներու կատարումը՝ խոստովանութիւն, հաղորդութիւն, կը համարուին ջերմեռանդ քրիստոնեայի պարտք, պարտականութիւն, եւ պատիժներու կ՚ենթարկուէր ան, որ առանց պատճառ ներկայացնելու կը հրաժարէր հաղորդուելէ։ Երրորդ՝ իւրաքանչիւր անդամ պարտաւոր է հնազանդիլ հոգեւոր կառավարչական հաստատութիւններուն եւ անձերուն, որովհետեւ եթէ անդամը յօժարակամ կը մտնէ այդ շրջանը, որու հասարակական կազմակերպութիւնը քայքայման չենթարկելու համար հաստատուած են «հսկող հիմնարկութիւն»ներ եւ անձեր որոշ իրաւունքներով, ուստի եւ պարտաւոր է կատարելու որոշուած պահանջները եւ հնազանդիլ արդէն «օրինական ուժ» ստացած կարգերուն։

Չորրորդ՝ անդամի պարտաւորութիւնն է կատարել բոլոր այն կանոնները՝ որոնք կը սահմանեն հասարակական խորհուրդը ամբողջ եկեղեցւոյ տնտեսական ներքին եւ արտաքին կազմը պահպանելու եւ ապահովեցնելու համար։ Այս ստիպողական ձեւ ունեցող կանոններէն կարելի չէ հեռու մնալ եւ եզրակացութեան յանգիլ, թէ՝ եթէ կրօնը, եկեղեցին բարոյական կանոններով եւ հոգեկան-քրիստոնէական գաղափարներու քարոզներով կը կամենան մարդոց ուղղել, անոնք պէտք է ստիպողական միջոց գործ չդնեն, պէտք է մարդու ներքին ազատութիւնը չսահմանափակեն, այլապէս եկեղեցին իր բարոյական-վարդապետական նշանակութիւն ունեցող դերէն քաղաքացիականի կը փոխուի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 23, 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023