ՄԱՐԴ՝ ՓՈԽԱՆ ՄԵՔԵՆԱՅԻ
Մինչեւ որոշ ժամանակ գիտութեան եւ արհեստագիտութեան զարգացումը որպէս դրական երեւոյթ կը դիտուէր մարդկութեան կողմէ եւ մարդ արարածը կը հաւատար, որ ժամանակ մը ետք կեանքը աւելի դիւրին ու հանգստաւէտ պիտի ըլլայ իրեն համար, սակայն ժամանակի ընթացքին սկսաւ համոզուիլ, որ բարիքներուն կողքին գիտութեան եւ արհեստագիտութեան զարգացումը ունի նաեւ բազմաթի՜ւ բացասական կողմեր, որոնք դիւրացնելու փոխարէն կրնան մարդուն կեանքը աւելիով դժուարացնել եւ մինչեւ իսկ դժբախտացնել:
Աշխարհի գրեթէ բոլոր տարածքին՝ ներառեալ Հայաստանի մէջ մարդիկ ջանք կը թափեն մեր կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող ամէն բան մեքենայականացնելու, կարծելով ու մտածելով որ մեքենան շատ աւելի ճշգրիտ ու անսխալ կրնայ գործել՝ քան մարդ արարածը, որ ատակ է սխալելու: Մեքենայականացման այդ գործընթացը սակայն մարդոց կեանքը դիւրացնելու կողքին կը դժբախտացնէ մարդկութիւնը, որովհետեւ ամէն տեղ մարդու փոխարէն կը սկսին գործել մեքենաները, դատապարտելով մարդ արարածը անգործութեան:
Համաշխարհային ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, թէ մինչեւ ութ տարի՝ 2030 թուականը աշխարհի վրայ մեծապէս աճ պիտի արձանագրէ անգործներու թիւը, որու պատճառով պիտի աւելնայ աղքատութիւնն ու սովը, որովհետեւ մարդոց տրուելիք աշխատավարձերը պիտի տրամադրուին մեքենաներու շինութեան, որոնք լուռ ու մունջ պիտի կատարեն այն գործը՝ որ մարդ կը կատարէր իր օրուան ապրուստը հոգալու համար: Նման ուսումնասիրութիւն մը կը յայտնէ, թէ մարդկութեան 30 առ հարիւր տոկոսը պիտի դատապարտուի անգործութեան՝ նիւթապէս արդէն իսկ տագնապալի այս աշխարհին մէջ:
Այլ խօսքով մարդկութիւնը զոհը պիտի դառնայ իր իսկ ձեռքով ստեղծած արհեստական բանականութեան. օրինակի համար՝ այսօր աշխարհի վրայ աւելի քան 40 միլիոն մարդ կ՚ապրի վարորդութեան ճամբով, սակայն աշխարհի վրայ տեղ մը մարդիկ կը մտածեն, թէ ի՞նչ կրնան ընել, որպէսզի ինքնաշարժները սկսին առանձին երթեւեկել՝ առանց վարորդի կարիքի, որպէսզի ժամանակ մը ետք յաջողին աւելի քան 40 միլիոն մարդ անգործութեան դատապարտել: Նման բազմաթիւ արհեստներ ու գործեր ենթակայ են նոյն վտանգին:
Եթէ մեր թուականէն 20-30 տարիներ առաջ գինիի գործարաններուն մէջ գինիի շեշերը լեցնողները մարդեր էին, այսօր գրեթէ ամէ՛ն ընկերութիւններու մէջ մեքենաները կը կատարեն այդ գործը. եթէ գինեգործութեան մէջ մարդ ի՛նք կը ճզմէր ու կը ճմլէր խաղողը, այսօր մեքենաները կը կատարեն այդ բոլորը: Նոյնիսկ հողագործութիւնը ենթակայ կը դառնայ մեքենայականացման. անցեալին եթէ խաղողներն ու բերքերը կը հաւաքուէին մարդոց կողմէ, այսօր մեծ մասամբ կը կատարուին մեքենաներով:
Վստահաբար լա՛ւ բան է, որ մարդ արարածը իր գիտութեամբ կը յաջողի մեքենաները աշխատացնել ի շահ իրեն, որոնց շնորհիւ մարդ արարածը աւելի նուազ կը յոգնի, սակայն յոգնութեան կողքին մարդուն անհրաժեշտ է աշխատանք: Անցեալին մարդ իրեն մրցակից կը տեսնէր միւս աշխատակիցը, սակայն այսօր մեքենան կու գայ անոնց դէմ մրցելու՝ իրենց աշխատանքը խլելու մե՛ծ կարողութիւններով:
Այս բոլոր վտանգներուն գիտակցելով այսօր համացանցի մէջ գոյութիւն ունի «Մեքենաները իմ գործս պիտի ստանձնեն» անունով էջ մը (www.willrobotstakemyjob.com), որ ցոյց կու տայ, թէ ո՞ր գործերն ու արհեստները առաւելաբար վտանգուած են արհեստագիտութեան արդի յառաջդիմութիւններուն դիմաց:
Բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար չեմ գիտեր, սակայն մեր գործը՝ յօդուածագրութիւնն ու մամուլի աշխատանքը երբեւէ ենթակայ պիտի չըլլայ այդ բոլորին, որովհետեւ ո՛չ թէ մեքենաները, այլ մարդիկ իրենք պիտի սպաննեն արդէն իսկ հոգեվարքի մէջ գտնուող այս ճիւղին, որ այսօր կայ... սակայն վաղն անորոշ է:
Մարդը ստեղծեց զէնքը... եւ իր իսկ ստեղծած զէնքին զոհ դարձաւ. ստեղծեց «աթոմական»ը, որմէ կը թողայ այսօր. ստեղծեց մեքենան՝ որպէսզի մարդոց կեանքը դիւրացնէ, մինչ բազմահազարներ զոհը դարձան անոր. նոյնը պիտի պատահի բոլո՛ր նորարարութիւններուն, որոնք կեանքը դիւրացնելու կողքին կ՚արժեզրկեն ամէ՛ն բան:
Մեր թուականէն 68 տարիներ առաջ՝ 1954-ին Պաղտատի մէջ հրատարակուող «Գոյամարտ» շաբաթաթերթը հինգշաբթի 19 օգոստոսի թիւին մէջ կը խօսէր րոպոթներու շինութեան մասին, որոնք սկզբնական շրջանին մտայղացուած են պարզապէս մարդու ներքին օրկանները քննելու եւ անոնց աշխատանքը տեսանելի դարձնելու համար, սակայն ժամանակի ընթացքին զարգանալով հասած են մեր օրերը. զարգացումը լաւ բան է, սակայն ներկայ արհեստագիտութիւնն ու նորարարութիւնները մարդ արարածը կ՚առաջնորդեն ծուլութեան:
Թող այնպիսի աշխարհ ստեղծուի, որ գիտութեան ու արհեստագիտութեան չափ զարգանայ նաեւ մարդկութիւնն ու մարդկային արժէքները, բարոյականութիւնն ու խիղճը, որովհետեւ որքա՛ն մարդը մեքենայանայ՝ այնքան արհեստական կը դառնայ նաեւ իր մարդկութիւնը:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -53-
Մինչեւ օրս մեծ սէր ունիմ նայելու մեր թուականէն 80-90 տարիներ առաջ մամուլի մէջ հրատարակուած ծանուցումներուն, որոնցմով հարուստ է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի հին էջերը:
Ներկայի եւ անցեալի տարբերութիւնը լաւապէս տեսնելու համար կ՚արժէ անգամ մը աչքէ անցընել այդ բոլորը. այսօր անպէտք նկատուող ինքնաշարժները կը ներկայացուին որպէս հրաշալի ձեռքերումներ. հովահարի գիւտը կը ներկայացուի որպէս անկրկնելի լուծում տաքէն պաշտպանուելու եւ այսպէս շարունակաբար:
Այս բոլորին նայելով մէկ եզրակացութեան կը յանգիմ. այդ բոլորը կարեւոր ձեռքբերումներ էին նախկիններուն համար, սակայն մեզի համար անիմաստ... մերօրեայ ձեռքբերումները նոյնպէս անիմաստ պիտի դառնան մեր ապագայ սերունդներուն համար՝ որոնք չես գիտեր, թէ տակաւին ինչե՜ր պիտի բերեն աշխարհ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ