ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ 19-Ը
Կան պահեր, երբ լռութիւնը կը դառնայ անկարելի՝ հակառակ մեր ունեցած վճռականութեան: Որոշած էի ընդհանրապէս քաղաքականութեան եւ մա՛նաւանդ Արցախի եւ արցախահայութեան մասին չգրել, սակայն անցնող մի քանի օրերուն Հայաստանի պետութեան ղեկավարութեանց կողմէ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը պատճառ եղաւ, որպէսզի խզեմ այդ որոշումը. անոնց քաղաքական ու դիւանագիտական դիրքորոշումը ի՛նչ ալ ըլլայ, կայ մարդկային կողմ մը, որ պարտէին «ցուցադրել»՝ նոյնիսկ երկերեսութեամբ, որովհետեւ որոշ պայմաններու մէջ կեղծ յարգանքը եւս կարելի է «յարգանք» նկատել:
Բոլորս ալ գիտենք, որ ընդհանրապէս հայութեան եւ մասնաւորապէ՛ս արցախահայութեան համար ինչ նշանակութիւնը ունի Սեպտեմբեր 19 թուականը. կա՞յ Աստուածային եւ կամ մարդկային ուժ մը, որ յաջողի այդ թուականը ջնջել մեր պատմութեան թշուառ էջէն. թուական, որ կը մարմնաւորէ կորուստ ու ողբերգութիւն. հայ ազգին համար շրջադարձային թուական մը:
Գուցէ շատեր կը կարծեն, որ այդ թուականը յատուկ է «արցախահայութեան» պատմութեան. արցախահայութիւնը կը չակերտենք, որովհետեւ մեր մէջ ունինք հայեր (ցաւ ի սիրտ, թիւով ո՛չ քիչ), որոնք կը հաւատան, թէ տարբեր է արցախահայն ու հայը, Արցախի պատմութիւնն ու Հայոց պատմութիւնը տարբեր են. տակաւին մի քանի օրեր առաջ փողոցի մէջ կատարուած հարցազրոյցի ժամանակ «հայ» մը ինքնավստահութեամբ կը կոչէր, որ «ղարաբաղցին» հայ չէ:
Այս բոլորը պատճառ եղաւ, որպէսզի խզենք մեր որոշումը եւ գրենք այս երեւոյթին մասին. մեր նուազագոյն սպասումն էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը Սեպտեմբեր 19-ի կապակցութեամբ խրախուսական ելոյթով մը հանդէս գար. նուազագոյնը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որպէս երկրի ղեկավար բարձրանար ու կանգնէր արցախահայութեան դիմաց եւ զանոնք կեանքի կոչէր խօսքերով, քաջ գիտակցելով, թէ մինչեւ օրս այդ դաժան պատերազմի հետեւանքները կը կրէ մեր արցախահայութիւնը, ինչպէս նաեւ բոլոր այն ընտանիքները՝ որոնք իրենց ազգին զոհաբերեցին զաւակներ, ամուսիններ ու եղբայրներ: Անտրամաբանական է, որ հայութեան համար Սեպտեմբեր 19-ը թուականը ըլլայ սովորական թուական մը. այդ մէկը նուազագոյնը անարգանք է հազարաւոր նահատակներուն համար, որոնք մե՛ր՝ հայութեան սիրոյն իրենց անձը զոհաբերեցին:
Ցաւ է մեզի համար տեսնել, թէ պետութիւնը եւս խտրութիւն կը դնէ «ղարաբաղցի»ի եւ հայուն միջեւ. «ղարաբաղցի» կ՚ըսենք, որովհետեւ շատեր կը խուսափին «արցախահայութիւն» բառը գործածելէ, պարզապէս հեռու մնալու համար «հայ» բառի գործածութենէն. կը սխալին բոլո՛ր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ արցախահայը գաղթական մըն է Հայաստանի մէջ. անոնց կարելի չէ՛ նայիլ այնպէս՝ ինչպէս Եւրոպան կը նայի փախստական արաբներուն՝ որոնք երկրին մէջ կայք հաստատելով ո՛չ թէ եւրոպացի կ՚ուզեն դառնալ, այլ կը փորձեն Եւրոպան արաբացնել: Արցախահայութիւնը Հայաստանի մէջ «հիւր» չէ, թէեւ պէտք է ընդունիլ, որ արցախահայութենէն շատեր իրենք իրենց «հիւր» կը զգան (այդ մէկը իրե՞նց կազմուածքէն, թէ ոչ Հայաստանի հայութեան եւ կամ պետութեան ցուցաբերած վերաբերմունքէն է՝ չենք գիտեր): Իրականութեան մէջ այս հարցը վերջին մի քանի տարիներու յատուկ իրավիճակ մը չէ. Արցախն ու Հայաստանը որպէս նոյն ազգի զաւակներ զիրար ամբողջացնելու փոխարէն մի՛շտ ծածուկ պայքար մը ունեցած են իրարու միջեւ, հակառակ այն իրողութեան, որ հազարապատիկ անգամ լսած են ու գիտեն, որ միայն միութիւնն էր իրենց փրկութեան ճամբան. վկայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի եղբայրութիւնը, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս: Թուրքը ազերին եղբայր կը նկատէ եւ փոխադարձաբար, սակայն հայն ու արցախահայը չեն կրնար զիրար որպէս եղբայր տեսնել. սփիւռքի մէջ ապրողներուն համար հայութիւնը մէկ ամբողջութիւն էր՝ Արցախով եւ Հայաստանով, սակայն հո՛ս, հայրենիքի մէջ է, որ աւելիով ականատես եղանք այդ տարբերութեան: Հայրենիքի մէջ տեսանք այդ ատելութիւնը եւ հասկցանք, որ «տարբերութիւն» մը գոյութիւն ունի հայուն եւ հայուն միջեւ. անշուշտ, զգացինք տարբերութիւնը նաեւ հայուն եւ սփիւռքահայուն... այդ տարբերութեան հասկացողութիւնն է, որ թշնամութիւն կը ստեղծէ մեր մէջ:
Այսօր ամբողջ հայութեան անունով կը զգանք, որ պարտաւոր ենք խոնարհիլ բոլոր արցախահայութեան դիմաց, որովհետեւ անոնք զոհ են ո՛չ թէ իրենց արցախցի ըլլալուն, այլ իրենց հայութեան. Երեւանի մէջ ապրող հայը աւելիով հայ չէ քան արցախահայը, որովհետեւ ազգութեան մակարդակը ծննդավայրով եւ կամ ապրած միջավայրով կարելի չէ արժեւորել.
Բոլորս ալ գիտենք, թէ Փաշինեանի եւ կամ այլ պետական ներկայացուցիչի մը խօսքը ո՛չ մէկ սփոփանք պիտի ըլլար. մենք գիտենք, որ ըսուած խօսքերը ամբողջութեամբ անիմաստ պիտի ըլլային, որովհետեւ մեր ժողովուրդը խօսքէն աւելի գործ կ՚ուզէ տեսնել այսօր, սակայն ո՛չ թէ գործը, այլ նոյնիսկ խօսքը չսփոփեց արցախահայութիւնը. ամօ՛թ այն ղեկավարութեան ու հայութեան, որոնց համար 19 Սեպտեմբերը պարզ թուական մը ըլլայ՝ ինչպէս միւս թուականները:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Արցախի հայն ու Հայաստանի հայը տարբե՞ր են:
Պատասխան. Արցախի եւ Հայաստանի հայերը ունին նոյն արմատները, մշակութային ժառանգութիւնը, լեզուն եւ կրօնը, սակայն, ունին յատուկ տարածաշրջանային ինքնութիւններ: Արցախահայութիւնը դարեր շարունակ ապրած է վտանգաւոր տարածաշրջաններու մէջ, բախուելով հակամարտութիւններու, ինչ որ ստեղծած է ինքնավարութիւն մը։ Միւս կողմէ, Հայաստանի հայերը 1991 թուականէն ի վեր իրենց ինքնութիւնը զարգացուցած են անկախութեան մէջ: Երկու կողմերն ալ իրարու կապուած են ազգային ինքնութեամբ, սակայն, աշխարհաքաղաքական պայքարը տուած է գոյատեւման եւ ինքնորոշման իւրայատուկ իրաւունք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան