ՏԱԹԵՒԱՑԻԻ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՄԱՍԻՆ

Օ­րուան մէջ, գո­նէ եր­կու ան­գամ կ՚ար­տա­սա­նենք «Հայր մեր»ը, այ­սինքն «Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթք»ը։ Բո­լորս սոր­ված ենք զայն մա­նուկ հա­սա­կէն իսկ եւ ան­գիր ար­տա­սա­նած ենք, եւ կը շա­րու­նա­կենք ար­տա­սա­նել։ «Հայր մեր»ով կը սկսի օ­րը, եւ կը վեր­ջա­նայ դար­ձեալ «Հայր մեր»ի ար­տա­սա­նու­թեամբ։

Ին­պէս ա­մէն ա­ղօթք, ա­մէն խօ­սակ­ցու­թիւն ո­րե­ւէ ար­ժէք եւ ի­մաստ չի ներ­կա­յաց­ներ երբ ան ար­տա­սա­նուի մե­քե­նա­բար՝ ա­ռանց ի­մաս­տը հասկ­նա­լու եւ ա­նոր մէջ հո­գե­պէս ու մտա­պէս խո­րա­նա­լու։ Այս ուղ­ղու­թեամբ ի՛նչ ար­ժէք կ՚ու­նե­նայ այն ա­ղօթ­քը՝ որ կ՚ար­տա­սա­նուի մե­քե­նա­բար, եւ ա­ռանց հասկ­նա­լու ա­նոր խօս­քե­րը, եւ ա­նոնց ի­մաս­տը…։

Ու­րեմն, տես­նենք, թէ ի՛նչ կ՚ը­սէ Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցի իր «Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քի մեկ­նա­բա­նու­թեան» մէջ։

«Այս ա­ղօթ­քը շատ պա­տուա­կան է ու գո­վե­լի ե­րեք պատ­ճա­ռով», կ՚ը­սէ, եւ կը շա­րու­նա­կէ մեկ­նա­բա­նել Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քը՝ «Հայր մեր»ը, Տա­թե­ւա­ցին։

«Ա­ռա­ջին. ո­րով­հե­տեւ Քրիս­տո­սի կող­մէ սահ­մա­նուած է։ Եւ ե­թէ ա­ղօթք­նե­րը, որ մար­դիկ կը սահ­մա­նեն, պէտք է սոր­վիլ ու ա­ղօ­թել, ա­պա որ­քա՛ն ա­ռա­ւել պէտք է սոր­վիլ այն ա­ղօթ­քը՝ ո­րը Աս­տուած Ի՛ր իսկ բե­րա­նով ու­սու­ցա­նեց իր ա­շա­կերտ­նե­րուն, ա­պա ու­րեմն մեր բո­լո­րին։

«Երկ­րորդ. ո­րով­հե­տեւ կարճ է եւ գե­ղե­ցիկ, եւ ո՛չ ոք կա­րե­լի չէ որ չսոր­վի՝ պատ­ճառ բե­րե­լով ա­նոր եր­կա­րու­թիւ­նը։

«Եր­րորդ. ո­րով­հե­տեւ անհ­րա­ժեշտ է ու բա­րե­բեր, քա­նի որ այն ա­մէ­նը՝ թէ՛ հո­գե­ւոր եւ թէ՛ մարմ­նա­ւոր պէտք է մե­զի, այս ա­ղօթ­քով ար­դէն խնդրուած կ՚ըլ­լայ։

«Այս ա­ղօթ­քը բաղ­կա­ցած է տա­սը խօս­քե­րէ.

«Ա­ռա­ջին խօս­քը.- Հայր մեր, որ եր­կինքն ես։ Աս­տուած Հայ­ր կո­չե­լը մե­ծա­գոյն պար­գեւ մըն է մար­դու հա­մար։ Քրիս­տո­նեա­նե­րու հա­մար Աս­տուած Հա՛յր է, ո­րով­հե­տեւ մենք կեր­պա­րա­նա­կից ե­ղանք Աս­տու­ծոյ Միա­ծին Որ­դիին պատ­կե­րին։ Իսկ -Հայր մեր- կ՚ը­սուի, եւ ո՛չ թէ՝ -Հայր իմ- որ­պէս­զի ե­րե­ւայ բո­լոր քրիս­տո­նեա­նե­րու միու­թիւ­նը։ Եւ ընդ­հան­րա­կան ա­ղօթ­քը ա­ւե­լի՛ լսե­լի է։

«Երկ­րորդ խօս­քը.- Թող սուրբ ըլ­լայ ա­նունդ։ Այս կը նշա­նա­կէ, թող Քու ա­նու­նիդ սրբա­րար զօ­րու­թիւ­նը մեր վրայ ալ ըլ­լայ, որ­պէս­զի մեզ սրբէ, մաք­րէ բո­լոր մեղ­քե­րէն։ Քրիս­տո­նեայ կը կո­չուինք եւ հա­ւա­տով սուրբ ենք. մեր գոր­ծե­րով ալ մեզ սուրբ ը­րէ։

«Եր­րորդ խօս­քը.- Թող Քու ար­քա­յու­թիւնդ գայ։ Աս­տու­ծոյ ար­քա­յու­թիւ­նը կը խնդրենք, որ­պէս­զի մեզ փրկէ խա­ւա­րի իշ­խա­նու­թե­նէն եւ Ի՛ն­քը թա­գա­ւո­րէ մեր սըր-տե­րուն մէջ, եւ ո՛չ թէ՝ մեղ­քը, չա­րը։

«Չոր­րորդ խօս­քը.- Քու կամ­քը թող ըլ­լայ երկ­րի վրայ, այն­պէս՝ ի՛նչ­պէս որ եր­կին­քի մէջ է՛։ Եր­կին­քի մէջ հրեշ­տակ­նե­րը եւ երկ­նա­յին բո­լոր զօ­րու­թիւն­նե­րը Աս­տու­ծոյ կամ­քը կը կա­տա­րեն. իսկ մար­դը, յա­ճախ իր ինք­նիշ­խան կամ­քով կը հե­ռա­նայ Աս­տուծ­մէ, եւ կ՚իյ­նայ մեղ­քե­րու մէջ։ Այս խօս­քով, ու­րեմն, կը խնդրենք, որ մար­դիկ ալ Աս­տու­ծոյ կամ­քը կա­տա­րեն։ Աս­տու­ծոյ կամ­քը մե­ղա­ւոր­նե­րու դարձն է եւ հո­գի­նե­րու փրկու­թիւ­նը՝ մեղ­քի ու չա­րի­քի բռնու­թե­նէն։

«Հին­գե­րորդ խօս­քը.- Մեր հա­նա­պա­զօ­րեայ հա­ցը տուր մե­զի այ­սօր։ Քա­նի դեռ մարմ­նի մէջ ենք՝ կա­րիք ու­նինք կե­րա­կու­րի, ո­րը մեր մարմ­նի կեն­դա­նու­թիւ­նը կը պա­հէ, ո­րով կը հասկ­ցուի հար­կա­ւոր պէտ­քե­րը՝ կե­րա­կուր, ըմ­պե­լիք, հա­գուստ։ Ար­դա­րեւ մար­դուս հա­մար ա­սոնք ա­մե­նօ­րեայ պէտ­քեր են։ Մեր՝ այ­սինքն անհ­րա­ժեշ­տը եւ ո՛չ ա­ւե­լին, մե՛ր ար­դար եւ ի­րա­ւա­ցի վաս­տա­կը, եւ ո՛չ օ­տա­րի­նը, ո՛չ ա­նի­րա­ւու­թեամբ ձեռք բե­րուա­ծը։ Այս խօս­քով՝ այ­սօ­րուա՛­նը կը խնդրենք. իսկ վա­ղը ար­դէն կը հո­գա­յ ի­րե­նը։

«Վե­ցե­րորդ խօս­քը.- Նե­րէ մեզ մեր յան­ցանք­նե­րը, ինչ­պէս որ մենք կը նե­րենք ա­նոնք՝ որ յան­ցանք գոր­ծած են մե­զի հան­դէպ։ Այս խօս­քէն կը հասկ­ցուի, որ մենք երբ կը նե­րենք մար­դոց մե­զի հան­դէպ գոր­ծած յան­ցանք­նե­րը՝ թո­ղու­թիւն կը ստա­նանք Աս­տուծ­մէ։ Այս խօս­քը, ար­դա­րեւ, ու­րիշ խոր ի­մաստ մը ու­նի. բո­լոր բա­րի գոր­ծե­րը մենք Աս­տուծ­մէ կը սոր­վինք, իսկ այս­տեղ Ան Ի՛նքն մեզ­մէ կը սոր­վի մար­դա­սի­րու­թիւ­նը։ Ա­պա ու­րեմն ե­թէ մենք չենք նե­րեր, կ՚ա­նի­ծենք մեզ զմեզ, թէ՝ ինչ­պէս ես ու­րիշ­նե­րուն չնե­րե­ցի, դո՛ւն ալ զիս մի՛ նե­րեր։

«Եւ ո­խը սրտին մէջ պա­հե­լով՝ կը հե­ռա­նանք Աս­տուծ­մէ։

«Եօ­թե­րորդ խօս­քը.- Մի՛ տա­նիր զմեզ փոր­ձու­թեան։

«Այս խօս­քով խո­նար­հու­թիւն կը սոր­վեց­նէ. յան­դուգն կեր­պով փոր­ձու­թեան չեր­թալ, ինչ­պէս նաեւ Աս­տու­ծոյ օգ­նու­թիւ­նը կը խնդրենք նե­ղու­թիւն­նե­րու եւ դժուա­րու­թիւն­նե­րու մէջ։ Փոր­ձու­թեան չմատ­նուե­լու հա­մար Աս­տու­ծոյ կը դի­մենք, որ մեզ պահ­պա­նէ ա­նոնց ա­մէն չա­րիք­նե­րէն։

«Ու­թե­րորդ խօս­քը.- Այլ փրկէ մեզ չա­րէն։ Այս կը նշա­նա­կէ ու­րեմն՝ ա­մէն մէկ չա­րէն. նախ՝ սա­տա­նա­յէն, երկ­րորդ՝ չար մար­դիկ­նե­րէ, ո­րոնք սա­տա­նա­յի ար­բա­նեակ­ներն են, այ­սինքն գոր­ծա­կից­նե­րը, եր­րորդ՝ աշ­խար­հի մե­ղա­ւոր ցան­կու­թիւն­նե­րէն, կիր­քե­րէն, քա­նի որ ա­նոնք թշնա­մու­թիւն են Աստ-ւ­ծոյ նկատ­մամբ, չոր­րորդ՝ չար մեղ­քե­րէ, դժոխ­քէն, չար մա­հէն եւ մեր հո­գիի յա­ւի­տե­նա­կան տան­ջան­քէն։

«Ին­նե­րորդ խօս­քը.- Քո է Թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը, զօ­րու­թիւ­նը եւ փառ­քը յա­ւի­տեանս։ Այ­սինքն՝ երբ Ա­նորն է ար­քա­յու­թիւ­նը, ա­պա մենք չե՛նք վախ­նար մեղ­քէն, երբ Ա­նորն է զօ­րու­թիւ­նը, ո՛չ ոք չի կրնար յաղ­թել մեզ։ Աս­տուած ո՛չ միայն կ՚ա­զա­տէ մեզ բո­լոր չա­րե­րէն, չա­րիք­նե­րէն, այ­լեւ՝ յա­ւի­տե­նա­պէս կը փա­ռա­ւո­րէ։

«Տաս­նե­րորդ խօս­քը.- Ա­մէն։ Այս խօս­քով կը հաս­տա­տէ բո­լոր խնդրուածք­նե­րը. այն ի՛նչ որ խնդրե­ցինք՝ ճշմա­րի՛տ է, թող ըլ­լայ, կա­տա­րուի»։­

Արդ­ա­րեւ Տէ­րուա­նա­կան ա­ղօթ­քը, այ­սինքն ա­ւե­լի ծա­նօթ ա­սա­ցուած­քով՝ «Հայր մեր»ը եօ­թը խնդրանք կը պա­րու­նա­կէ. ե­րե­քը՝ հո­գե­ւոր, չոր­սը՝ մարմ­նա­ւոր։ Չորս խընդ-րանք­նե­րը ա՛յս­տեղ եւ այժմ կը կա­տա­րուին. իսկ ե­րե­քը՝ հան­դեր­ձեալ կեան­քի մէջ պի­տի կա­տա­րուին։

Եւ ո­րով­հե­տեւ հո­գին ա­ւե­լի պա­տուա­կան է, քան մար­մի­նը, ա­պա նա՛խ հո­գե­ւո­րը կը խնդրենք. որ է Սուրբ ա­նու­նը, ար­քա­յու­թիւ­նը, եւ Աս­տու­ծոյ կամ­քին կա­տա­րու­մը, ի­րա­կա­նա­ցու­մը մեր կեան­քէն ներս. իսկ յե­տոյ կը խնդրենք մարմ­նա­ւո­րը՝ ա­մե­նօ­րեայ հա­ցը, թո­ղու­թիւ­նը եւ մեղ­քե­րու փոր­ձու­թիւն­նե­րէն ու չար պա­տա­հար­նե­րէն, պա­տու­հաս­նե­րէն ա­զա­տի՛­լը։

Եւ այս եօ­թը կար­գի խնդրանք­նե­րէն ա­ւե­լին պէտք չէ խնդրել, ո­րով­հե­տեւ կը բո­վան­դա­կեն բո­լոր խնդրանք­նե­րը՝ որ օ­գուտ են հո­գիին եւ մարմ­նին։

Ուս­տի, ինչ­պէս ա­մէն գոր­ծի մէջ, ա­ղօ­թե­լու ժա­մա­նակ ալ եւ ա­ւե­լի՛ զգա­ցա­կան եւ գի­տա­կի՛ց ըլ­լա­լու է…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 22, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016