ՍՈՐՎԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Michel de Montaigne կ՚ըսէ, թէ՝ մարդ եթէ նոյնիսկ չգիտնայ, չսորվի, պէ՛տք է որ գիտնալու, սորվելու կորովը եւ կարողութիւնը ունենայ։
Montaigne-ի այս խօսքէն կը հասկցուի, որ չգիտնալը, չսորվիլը որեւէ արդարացում չի կրնար ունենալ, այլ մարդ պէտք է ջանայ, կարողութիւնը եւ կորովը ունենայ գիտնալու եւ սորվելո՛ւ։
Արդէն, գիտնալը՝ սորվիլը մարդկային բնազդի արդիւնք է, այսինքն բնական երեւոյթ մըն է, քանի որ գիտնալը եւ սորվիլը հետաքրքրութեան մէկ բնական հետեւանքն է, եւ հետաքրքրութիւնը բնազդ մըն է։ Արդարեւ, ընդհանուր առմամբ «գիտութիւն»ն ալ մարդուս այս բնազդին մէկ արդիւնքն է։ Մարդ եթէ «հետաքրքիր» չըլլար, այսօր «գիտութիւն» գոյութիւն պիտի չունենար, եւ այս իմաստով՝ գիտութիւնը ո՛չ թէ պահանջքի, այլ բնազդի հետեւանքով է ծնած։
Ուրեմն, հարցը աւելի յատուկ շրջանակի մը մէջ առնելով, սա եզրակացութեան կը յանգինք, թէ՝ լեզու սորվիլ, որքան պահանջքի մը արդիւնք կը կարծուի կամ կը նկատուի, նո՛յնքան ալ՝ հետաքրքրութեան բնազդին արդիւնքն է։
Նիւթը քիչ մը աւելի մասնաւորելով՝ մէկու մը իր մայրենի լեզուն սորվիլը կամ ստանալը պահանջքէ աւելի բնազդի հետեւանք է։
Եւ ահաւասիկ այս խորհրդածութիւնը կու գայ վերջապէս այն կէտին՝ ուր կը ստիպուինք հարցնել մենք մեզի, թէ՝ հայը ինչո՞ւ հայերէն լեզուի օտար մնացած է ընդհանրապէս։
Որքա՜ն հեգնական է նոր ծանօթացած հայ մէկու մը ստիպուիլ հարցնել, թէ հայերէն գիտէ՞։ Եւ կամ հայու մը հետ, երբ նոր ծանօթացած էք, վարանիք, թէ իրեն հետ հայերէն խօսինք, թէ՝ ո՛չ, քանի որ կրնայ ըլլալ որ, ինչ որ հաւանական է, անիկա հայերէն չգիտնայ եւ ամօթով մնայ, չհասկնալով այն խօսքերը՝ որ իր մայրենի լեզուով կը խօսուի։
Յաճախ խորհած եմ, թէ՝ արդեօք կա՞յ ուրիշ ժողովուրդ մը, որ օտար ըլլայ իր մայրենի լեզուին, չխօսի, չգործածէ ի՛ր լեզուն…։
Ստոյգ պատասխան մը չեմ կրցած ստանալ այս մասին, քանի որ եթէ նոյնիսկ կայ, այնքան բացառիկ երեւոյթ մըն է անիկա, որ ստուգել կարելի չէ եղած։ Բայց սա ստոյգ է եւ յստակ, թէ՝ ընդհանուրին մէջ բացառութիւն ալ կազմէ, փոքրամասնութիւն ալ ըլլայ, հայը հայերէնի՝ իր մայրենի լեզուին, իր սեփական լեզուին օտար է, իր մայրենի լեզուն չի գիտեր եւ չի գործածեր։
Արդարեւ, հոս պէ՛տք է մատնանշել տարբերութիւն մը՝ ոմանք չեն գիտեր, չեն սորված, ըսենք առիթը չեն ունեցած զանազան պատճառներով սորվելու իրենց պատկանող՝ իրենց մայրենի լեզուն։ Ոմանք ալ սորված են, որոշ չափով գիտեն հայերէն, բայց չեն գործածեր, եւ հետզհետէ կ՚օտարանան իրենք իրենց։
Իրենց մայրենի լեզուին օտար եղողները իրենք զիրենք կ՚արդարացնեն՝ ընտանեկան, ընկերային, երբեմն ալ տնտեսական պատճառներ ներկայացնելով, եւ ըսելով, թէ՝ իրենց ժամանակ հայ վարժարան չկար իրենց ապրած տեղը։
Պատմական տուեալներու մէջ մասամբ հասկնալի եւ ընդունելի է այս արդարացումը։ Իրենց ժամանակ, իրենց գտնուած տեղը հայ վարժարան չունէին, եւ այդ պատճառով ալ չէին սորված հայերէնը։ Իսկ եթէ հարցուի, թէ հապա հիմա՞։ Պատասխանը անմիջապէս պատրա՛ստ է. «Հիմա ալ ժամանակ չունի՛նք»։
Այո, ամէն բանի ժամանակ կայ, բայց իր իսկ լեզուն, իրեն պատկանած, սեփական լեզուն սորվելու ժամանակ չկայ…։ Հիմա որ ամէն առիթ, ամէն միջոց կայ, հիմա ալ ժամանակ չկայ։ Արդարացում մը՝ որ հասկնալ կարելի չէ՛…։
Բայց սա հասկնալի է՝ որքան որ Montaigne կ՚ըսէ, թէ՝ մարդ եթէ նոյնիսկ չգիտնայ, գիտնալու կորովը եւ կարողութիւնը պէտք է ունենայ, սա ալ իրողութիւն մըն է, թէ՝ որոշ տարիքէ մը վերջ մարդ կը կորսնցնէ սորվելու կարողութիւինը, աւելի կը դժուարանայ, եւ ուրեմն պէտք չէ սպասել որ սորվին անոնք, բայց ի՜նչ ըսել երիտասարդներու, որոնք կարծես կը յամառին՝ չեն սորվիր եւ սորվողներ ալ չեն գործածեր իրենց մայրենին եւ հետզհետէ կը կորսնցնեն իրենց վարժութիւնը խօսելու եւ հասկնալու իրենց մայրենի լեզուն։ Եւ այս կը շարունակէ սերունդէ՜ սերունդ, հետզհետէ օտարանալով իր սեփական լեզուին, այն՝ որ իրեն կը պատկանի, իր հարստութի՛ւնն է…։
Տարիներ առաջ կենդանի վկան եղած ենք դէպքի մը, որ յստակ ապացոյցն է մեր ըսածներուն։ Կրթաթոշակ ստացող երիտասարդ մը երբ ներկայացած էր իր կրթաթոշակը ստանալու, եւ երբ իրեն հետ հայերէն կը խօսուէր, դժուարացած էր հասկնալ եւ պատասխանել։ Երբ իրեն հարցուեցաւ, թէ ո՞ր վարժարանը աւարտած է, հայ վարժարաններէն մէկուն անունը տուած էր եւ արդարացուցած էր ինքզինք, թէ երկար ժամանակ չգործածելով հայերէնը, կորսնցուցած էր իր վարժութիւնը այս մասին։ Եւ երբ առաջարկուեցաւ իրեն՝ օգտակար ըլլալ վերյիշելու իր մայրենի լեզուն, պատասխանը սարսափեցուցած էր ներկաները։ Պատասխանը սա էր. «Ես այլեւս համալսարանին երկրորդ դասարանն եմ. հայերէն սորվելու ժամանակ չունիմ»։ Բայց այսքան չէր, պատասխանին երկրորդ մասը իրապէս շշմեցուցիչ էր. «Հայերէնը այլեւս ի՞նչ օգուտ պիտի ապահովէ ինծի. ի՞նչ շահ պիտի ունենամ հայերէն սորվելով։ Ինծի համար ժամանակի վատնում մըն է միայն»։
Կարելի է խորհիլ, թէ հազուադէպ, բացառիկ երեւոյթ մըն է ասիկա։
Երանի՜ այդպէս ըլլայ, երանի՜ թէ ի զուր սարսափած ըլլանք այդ դէպքէն, բայց ընդհանուր կացութիւնը ցոյց կու տայ, թէ բացառութիւն մը չէ՜ այդ դէպքը, եւ հետզհետէ սովորական կը դառնայ։
Բացառութիւնը սա է. հայերէն չգիտցող մեծ մայրիկ մը, հայերէն թերթ կը գնէր ամէն օր՝ իր թոռնիկներուն կարդացնելու եւ տեղեկութիւն քաղելու համար։ Եւ հայերէն չգիտցող երիտասարդ մայր մը, հայ վարժարան ուսանող իր զաւկին դասերէն, դասագիրքերէն օգտուելով՝ իր զաւկին հետ հայերէն սորվիլը եւ հրաշալի կերպով հայերէն խօսի՛լն էր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 24, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024