ԵՐԲ ՀԱՅՐ «ՄԵ՛Ր» Կ՚ԸՍԵՆՔ
Երբ կ՚աղօթենք կրնանք Աստուած «Հայր» կոչել, քանի որ «Իր» մարդացեալ «Որդին» զայն «մեզի» այդպէս «յայտնեց». Հոգին ալ զԻնք մեզի այդպէս ճանչցուց։ Ինչ որ ո՛չ մարդը կրնայ ըմբռնել եւ ո՛չ ալ հրեշտակային զօրութիւնները ընդնշմարել, այսինքն Որդիին Հօր հետ «անձնական յարաբերութիւն»ը, Որդիին Հոգին մեզ անոր մասնակից կ՚ընէ, մեզ որ կը հաւատանք, թէ Յիսուս է Քրիստոսը եւ թէ մենք Աստուծմէ ծնած ենք։
Մենք երբ կ՚աղօթենք Հօր, մենք Հօր եւ Անոր Որդիին հետ «հաղորդակից» կ՚ըլլանք։ Այն ատեն՝ մենք կ՚իմանանք եւ կը ճանչնանք զԻնք մշտանորոգ սքանչացումով։
Արդարեւ Տէրունական աղօթքին, այսինքն «Հայր մեր»ին՝ Տիրոջ Աղօթքին առաջին խօսքը՝ պաղատանք մը ըլլալէ առաջ «երկրպագող օրհնաբանութիւն» մըն է։ Ուստի զԻնք իբր «Հայր» Աստուած ճշմարիտ ճանչնալը՝ Աստուծոյ Փառքն է։ Մենք Իրեն գոհութիւն կը մատուցանենք, որ մեզի Իր անունը յայտնեց եւ Իրեն հաւատալու եւ Իր Ներկայութեան բնակարանը դառնալու «պարգեւ»ը՝ շնորհքը տուաւ մեզի։
«Հայր մեր»ին «մեր» ածականը կը հայի Աստուծոյ։ Այս ածականը չ՚արտայայտեր մեր կողմէն սեփականացում մը, այլ Աստուծոյ հետ բոլորովին «նոր յարաբերութիւն» մը։
Երբ Հայր «մեր» կ՚ըսենք, նախ կը ճանչնանք, թէ Մարգարէներուն կողմէ աւետուած Հօր սիրոյ բոլոր խոստումները իրականացած են «նոր եւ յաւիտենական ուխտ»ին մէջ՝ Իր Օծեալին միջոցով։ Մենք «Անոր» ժողովուրդը դարձանք, իսկ Ինք այսուհետեւ «մեր» Աստուածն է։ Այս նոր յարաբերութիւնը ձրիաբար տրուած փոխադարձ «պատանելիութիւն» մըն է։ Մենք պարտինք սիրով եւ հաւատարմութեամբ պատասխանել «շնորհքին եւ ճշմարտութեան», որոնք մեզի շնորհուած են Յիսուսով։
Քանի որ Տիրոջ Աղօթքը Անոր «վերջին ժամանականեր»ուն Ժողովուրդին աղօթքն է, այս «մեր»ը կ՚արտայայտնէ նաեւ մեր հաստատ յոյսը Աստուծոյ վերջին խոստումին հանդէպ։
Ուստի Ան նոր Երուսաղէմի մէջ պիտի ըսէ յաղթականին. «Ես պիտի ըլլամ իր Աստուածը եւ ինք պիտի ըլլայ Իմ որդիս» (ՅԱՅՏ. ԻԱ 7)։
Մինչ Հայր «մեր»ը կ՚աղօթենք, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հօրն է, որ մեր խօսքը անձնապէ՛ս կ՚ուղղենք։ Մենք աստուածութիւնը չե՛նք մասմասեր, քանի որ Հայրը աստուածութեան «ակունքը եւ ծագումը» կը նկատենք։
Արդարեւ, մենք կը դաւանինք, թէ յաւիտենական Որդին Հօրմէ ծնած է. «Եւ ի մի Տէր Յիսուս Քրիստոս, յՈրդին Աստուծոյ, ծնեալն յԱստուծոյ Հօրէ՝ Միածին, այսինքն յէութենէ Հօր», իսկ Սուրբ Հոգին «յանեղն եւ ի կատարեալն, որ խօսեցաւ յօրէնս եւ ի մարգարէս եւ յաւետարանս»։ Մենք ո՛չ ալ Անձերը կը շփոթենք, քանի որ մենք կը դաւանինք, թէ մեր հաղորդութիւնը Հօր եւ Անոր Որդիին Յիսուս Քրիստոսի հետ է, Անոնց միեւնոյն Սուրբ Հոգիին միջոցով։ Եւ այս իմաստով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը՝ «մէկ աստուածութիւն»։
Մենք երբ կ՚աղօթենք Հօր, Հայրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին հետ կը պաշտենք եւ կը փառաբանենք, նոյն «աստուածային բնութեան» պատճառով։
«Մեր» բառը, քերականօրէն կ՚որակէ իրականութիւն մը՝ որ հասարակաց է շատերուն։ Ահա թէ ինչո՛ւ հակառակ քրիստոնեաներուն միջեւ բաժանումներուն, «մեր» Հօր ուղղուած աղօթքը կը հանդիսանայ բոլոր «մկրտեալ»ներուն համար հասարակաց բարիք մը եւ ստիպեցուցիչ կո՛չ մը։ Անոնք որ Քրիստոսի հաւատքովը եւ Մկրտութեամբ իրարու հետ հաղորդութեան մէջ են, անոնք պարտին մասնակցիլ Յիսուսի Իր աշակերտներուն «միութեան» համար կատարած աղօթքին։ Այս կը նշանակէ՝ թէ երբ մենք «Հայր մեր»ը ճշմարտութեամբ, իսկական իմաստին համաձայն աղօթենք, դուրս կ՚ելլենք «անհատականութեան» վիճակէն՝ որ մեզ կը տանի յաճախ «անհատապաշտութեան», որովհետեւ սէրը որ մեր մէջ կ՚ընդունինք, կ՚ազատագրէ մեզ անկէ։
Տիրոջ Աղօթքին սկիզբի «մենք»ը, ինչպէս նաեւ աղօթքին վերջին չորս խնդրանքները, բացասական չեն ո՛չ ոքի նկատմամբ։ Որպէսզի «մեր»ը ճշմարտութեամբ ըսուի, մեր միջեւ բաժանումները եւ մեր հակադրութիւնները պարտին յաղթահարուիլ։
Արդարեւ, անոնք որ մկրտուած են, չեն կրնար Հայր «մեր»ը աղօթել առանց Հօր բերելու բոլոր անոնք՝ որոնց Հայրը Իր սիրելի Որդին տուաւ։ Աստուծոյ սէրը սահման չի ճանչնար։ Ուստի մեր աղօթքն ալ նոյնպէս անսահման, համատարած ըլլալու է։ Հայր «մեր»ը աղօթելը մեր առջեւ կը բանայ Քրիստոսի մէջ յայտնուած Հօր սիրոյն ծաւալուն սահմանները, որոնք մեզի աղօթել կու տան Հայրը տակաւին «չճանչցող» բոլոր մարդոց համար եւ բոլոր մարդոց հետ, որպէսզի անոնք «համախմբուին» միութեան մէջ։ (ՅՈՎՀ. ԺԱ 52)։
Բոլոր մարդոց եւ ամբողջ արարչութեան հանդէպ աստուածային նո՛յն հոգն ու հոգածութիւնը ոգեւորած են նաեւ մեծ աղօթողներուն սիրտը։ Ուրեմն, մենք ալ պէտք է ընդարձակենք մեր աղօթքը՝ սիրոյ լա՜յն տարածքով, երբ կը յանդգնինք Հայր «մեր» աղօթել։ Եւ այս կը նշանակէ որ ամէն մարդ իրարու համար պէտք է աղօթէ, քանի որ ամէն մարդ իրարու աղօթքին պէտքը ունի։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Հայր մեր որ երկինքն ես- խօսքերով՝ իրաւամբ կը հասկնանք արդարներուն սիրտը՝ ուր Աստ-ւած կը բնակի իբրեւ Իր տաճարին մէջ։ Ահա թէ ինչո՛ւ աղօթողը փափաքելու է որ Ան, որուն ինք կը պատկանի, իր մէջ ալ բնակի»։
Ուրեմն սիրելի՜ներ միասին աղօթենք, իրարու համար աղօթենք եւ միշտ սիրե՛նք զիրար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 22, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024