ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ՝ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻ ՏԵՍՔՈՎ

Ժամանակը ինչքան յառաջդիմէ, այնքան կը նահանջեն արժէքները եւ ժամանակ մը ետք կը նկատենք, թէ այդ անարժէք կարծուածները մեր շրջապատին մէջ սկսած են ընդունուիլ իբր արժէք, իսկ արժէքաւորները՝ անարժէք:

Մարդկային կեանքի ընթացքին ամէն սերունդ որոշ արժէք մը մեռցնելով նորը առաջ կը բերէ եւ այսպիսով արժէքներու փոփոխութեամբ է որ կը փոխուի նաեւ մարդկութեան ապրելակերպն ու մտածելակերպը, սակայն մեր հայկական իրականութենէն ներս ակնյայտ է, որ նոր սերունդը կարեւորագոյն արժէքները հեռացնելով անկարեւոր նկատուողները որպէս կարեւոր ու անհրաժեշտ ներկայացնելու փորձի մը մէջ կը գտնուին: Այս անհաւասարակշիռ փոփոխութիւնները ինքնաբերաբար մտահոգութիւններ կը ստեղծեն մեր մէջ մեր ապագային նկատմամբ, որովհետեւ մեռնող արժէքներուն տեղ եկող նորերը մեզ աւելիով կ՚արժեզրկեն եւ այդ չարժէքներն է որ մենք կը սկսինք փոխանցել յաջորդող սերունդներուն:

Մերօրեայ անարժէք «արժէք»ները բացատրենք այսպէս.- Սուրիոյ Քամիշլի քաղաքի հոգեւոր հովիւը վերջին մի քանի ամիսներու ընթացքին ներկայ գտնուած էր քաղաքի մէջ կազմակերպուած «պազար»ի մը, որու ընթացքին կիներ իրենց յաճախորդներուն ներկայացուցած են զանազան խմորեղէններ. եկեղեցականը այդ մէկը համազգային մեծ գործ մը նկատելով հարցազրոյց մը ունեցած էր նոյն այդ պազարի տարածքէն՝ խօսելու համար իրենց կատարած մե՜ծ աշխատանքին մասին. գաղութ մը՝ ուր հայերէն լեզուն գրեթէ գոյութիւն չէ, գաղութ մը՝ որ հայապահպանութեան լուրջ խնդիրի մի դիմաց կը գտնուի, կը հպարտանայ կազմակերպուած պազարով մը, որովհետեւ առաւելագոյնը ա՛յդ է որ մենք կրնանք ընել: Պազարին անհրաժեշտութիւնը քննարկելը մեր նպատակէն հեռու կը մնայ, սակայն ակամայ կը մտածենք, որ աւելի շահաւէտ չէ՞ր պազարով հպարտանալու եւ այդ մէկը համազգային արժէք ներկայացնելու փոխարէն մեռնող լեզուն փրկելու համար քայլերու դիմել...:

Քամիշլիէն անցնինք Գանատա. ամիս մը առաջ վերամուտի մթնոլորտով մը վերաբացուեցաւ «Դրօ եւ Աննա Փիլիկեան» շաբաթօրեայ դպրոցը. այս առիթով «Հայ Հորիզոն» լրատութիւնը հրապարակեց հարցազրոյց մը տնօրէնուհի «Շողիկ Ազարիկեան»ի հետ: «Հայ Հորիզոն» հարց կու տայ դպրոցի ընդհանուր վիճակին ծրագիրներուն մասին. բառացիօրէն կ՚արտագրեմ տնօրէնուհիին տուած պատասխանը. «Անցեալ տարի բաւականին ծրագիրի փոփոխութիւն կար։ Նշեցինք «Ղափամա»ի օր մը, որ մեծ ընդունելութիւն գտաւ թէ՛ ծնողներուն եւ թէ՛ աշակերտներուն կողմէ, որովհետեւ իրենք իրենց ձեռքերով պատրաստեցին այդ բոլորը. այս խանդավառութենէն մղուած այս տարի կը ծրագրենք Մարտ ամսուայ ընթացքին կազմակերպել «տոհմիկ օր», որպէսզի ամէն մարդ փորձէ իր արմատները գտնել»: Երկիր մը՝ ուր երիտասարդներ ակնյայտօրէն կը հեռանան իրենց արմատներէն, կը մոռնան իրենց լեզուն, հայկական աւանդութիւններն ու բարքերը, իսկ անդին մենք կարեւորութիւն կու տանք դդումով պատրաստուած ճաշին եւ կազմակերպուած հազար ու մէկ ճաշկերոյթներուն, որովհետեւ մեր նպատակը պարզապէս զիրենք ուրախ պահելն ու գոհացնելն է՝ ի գին հայկականութեան ոչնչացման: Ե՞րբ պիտի կարենանք հասկնալ, որ մէկ աշակերտի մէկ բառ հայերէն սորվեցնելը հազարապատիկ աւելի՛ կ՚արժէ քան կազմակերպուած հազարաւոր ճաշկերոյթները:

Մենք մեր ընթացքով նման ենք ա՛յն անկողնային հիւանդին, որ ժամ մը ետք պիտի մահանայ, սակայն միւս շաբթուայ համար պտոյտ կը կազմակերպէ...:

Տակաւին ամիսներ առաջ, Արցախի վերջին պատերազմի յիշատակի օրէն օր մը առաջ հայկական կուսակցութիւններէն մէկուն Լիբանանեան մասնաճիւղը ուրախութեամբ եւ մանաւա՛նդ հպարտութեամբ համացանցի վրայ տեղադրեց «Պլօթի մրցաշարք»ի հաղորդագրութիւնը... ամբողջ կեանքը հայկական պայքարով, ֆիտայական գործունէութեամբ զբաղուած կուսակցութեան մը մերօրեայ մեծագոյն իրագործումը պլօթն է դժբախտաբար:

Յառաջիկայ սերունդները հաւանաբար պլօթն ու ճաշկերոյթը պիտի նկատեն հայապահպանման ամենէն կարեւոր եւ ազդու միջոցներէն մէկը. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Եւրոպայի եւ կամաց կամաց Միջին Արեւելքի մէջ եւս հայեր պիտի մոռնան իրենց լեզուն եւ իրենց համար իրենց հայութիւնը յիշելու լաւագոյն ձեւը ղափաման եւ կամ սարման-տոլման պիտի ըլլան:

Ճաշն ու խոհանոցը եւս աւանդութեան մը, ազգային հարստութեան մը մաս կը կազմեն անկասկած, սակայն այդ բոլորը որպէս հայապահպանում ներկայացնելը ծիծաղելի ըլլալէ ուրիշ բան մը չէ:

Արցախեան վերջին պատերազմի ժամանակ եթէ մեղաւորներ կ՚ուզենք գտնել... նայինք մեր կազմակերպութիւններուն, կուսակցութիւններուն եւ մեր հայու զգացումներուն. յառաջացող եւ հզօրացող պետութիւններու դիմաց արժեզրկուիլը վստահաբա՛ր պարտութեամբ կը պսակուի: Պատերազմ մը իր պետութենէն եւ բանակէն անդին իր ժողովուրդի շնորհիւ է որ կը մղուի եւ մենք շա՜տ հեռու ենք այդ բոլորէն: Այդ ղափամայի մասնակիցներէն քանի՞ն այսօր պատրաստ է դժուարին վիճակներուն իր զաւակը ղրկել հայրենիքի փրկութեան սիրոյն կռուելու. անոնցմէ քանի՞ն պատրաստ է հոգիով, սիրտով հայրենիքի բարգաւաճման համար զոհելու իր եւրոպական կան ամերիկեան հանգիստը:

Այս է վիճակը ապագայ մեր հայութեան. Ապրիլ 24-ին օրը համացանցի վրայ եռագոյն մը տեղադրել եւ տարին մի քանի առիթով ճաշկերոյթի մասնակցիլ... ահաւասի՛կ ապագադ Հայաստան...

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -78-

Յունաստան գտնուած միջոցիս ականատես կ՚ըլլայի, թէ ինչպէս տասնեակ մը երիտասարդներ ամէն շաբաթավերջ կու գային տեղի հայկական պարախումբի փորձերուն մասնակցելու: Տաս-տասնհինգ հոգիներէ բաղկացած այդ պարախումբը մեծագոյն հպարտութիւնն էր տեղի գաղութի ղեկավարներուն, որոնց համար գաղութի հարցերը լուծուած, հայապահպանման խնդիրը իր ամենէն լաւ վիճակին մէջ ըլլալ կը թուէր:

Առիթով մը անոնցմէ մէկը հպարտութեամբ սկսաւ խօսիլ պարախումբին մասին. գնահատելով հանդերձ իրենց աշխատութիւնը համբերութիւնս զսպել չկարենալով հարցուցի. «Իսկ մասնակիցները իրար միջեւ ինչո՞ւ յունարէն կը խօսին. իրենց մէջ յոյնե՞ր կան»:

Փաստօրէն պարախումբի մասնակիցները բոլո՛րն ալ արիւնով հայեր էին... սակայն միա՛յն արիւնով:

Յ.Գ.- Եթէ հայերէն երգերու տակ պարելը հայ ըլլալու զգացում պիտի տայ... յայտնենք, որ անցնող տարիներուն յայտնի դարձած շատ մը հայերուն երգերու վրայ այլազգիներ եւս պարեցին...:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022