ՀԵԹՈՒՄ Ա. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵՒ ՄՈՆԿՈԼՆԵՐ
Մոնկոլները գրաւած էին ամբողջ Ասիան, եւ հասած Հայաստան։ Հայ պատմիչները վախով նկարագրած են այս «նետողներու ցեղ»ը եւ անոր կենցաղը, կ՚ըսեն, թէ ինչպէս անոնք օրերով չէին իջներ իրենց արագավազ ձիերէն. վրանի տակ կ՚ապրէին, կը սնանէին կաթով եւ ձիու միսով…։
Նախապէս ներկայացուցած էինք Մարքօ Փոլոյի փորձառութիւնները՝ Մոնկոլ Քուպիլայ խանի փոխյարաբերութիւնները եւ ճամբորդութեան տպաւորութիւնները։ Այս առթիւ, Անիի ճամբով Փոլոյի վերադարձը Վենետիկ։ Անիի որմնաքարերէն, կը տեսնուի, որ խումբ մը հայ ազնուականներ, որոնց մէջ՝ հաւանաբար եկեղեցիի բարերար մեծ վաճառական Տիգրան Հոնենցը, ինչպէս զանոնք տեսած ըլալլու է Մարքօ Փոլօ, կամ իրմէ 20 տարի առաջ՝ Կիլիկիոյ Հեթում թագաւոր՝ որուն մասին պիտի ըլլայ մեր այսօրուան խորհրդածութիւնները։
Հեթում Ա. թագաւորը գահ բարձրացած 1226 թուականին Սիս, Կիլիկիա, մտածեց որ հայութիւնը փրկելու համար պէտք է շահիլ այս «բարբարոս» եւ սակայն ուժեղ եւ քա՛ջ ցեղին համակրանքը։ Արդէն այն ատեն մոնկոլները, դեռ հեթանոս, առաւելաբար մահմետականները կը ճնշէին։
Հեթումը որոշեց անձնական կապ հաստատել, առիթ մը ստեղծել բանակցելու խանին հետ։ Բայց այդ շրջանին ինչպէ՞ս հասնիլ Սիսէն մինչեւ հեռաւոր Մոնկոլիա։ Ճամբորդութիւններ եւ յարաբերութիւններ, այդ դարերուն շատ դժուար էին եւ վտանգաւո՛ր, չըսելու համար անկարելի։ Ճամբորդները տուն կը վերադառնային տարի՜ներ ետք - եթէ կարենային դառնալ…։ Բայց Հեթում քաջ էր, հայրենասէր եւ խելացի՛։ Ան ունէր մեծ ծրագիրներ. գիտէր, որ եթէ անոնք յաջողէին, կրնային փոխել աշխարհի քարտէսը։ Թէեւ Կիլիկիայէն դուրս՝ Հայաստանը շատոնց կորսնցուցած էր իր անկախութիւնը, բայց կը մնային կէս-անկախ շրջաններ։ Հեթում կապեր ունէր մանաւանդ Արցախ-Ղարաբաղի մելիքներէն՝ Ջալալեան իշխանին հետ, որ զինք կը քաջալերէր իր ծրագիրներուն մէջ։
Այսպէս, Հեթում, նախ Մոնկոլիա ղրկեց իր եղբայրը՝ Սմբատ սպարապետը, որ մեծ Խանին ներկայացնէ իր ծրագիրները։ Միաժամանակ, նամակներ գրուեցան ֆրանսացի Լուի թագաւորին, որ նոյն տարին Խաչակիրներու բանակով Կիպրոս եկած էր, ինչպէս եւ Պապին՝ Հռոմ։
Հեթումը մեծ Խանին առաջարկ կը ներկայացնէր դաշնակցելու քրիստոնեայ Եւրոպայի հետ, որ իրեն պիտի տար ամէն օժանդակութիւն, միւս կողմէ ղրկելով քարոզիչներ եւ կազմակերպիչներ, որոնք պիտի տարածէին քրիստոնէութիւնը մոնկոլներու մօտ։ Իսկ քրիստոնեայ պետերուն կը բացատրուէր մոնկոլները սիրաշահելու եւ քրիստոնեայ դարձնելու այս գործին հսկայ կարեւորութիւնը։
Սէն Լուի թագաւորը, իր կարգին, ֆրանսական պատուիրակութիւն մը ղրկեց մեծ Խանին։ Բայց, դժբախտաբար, եւրոպացի պետերը չըմբռնեցին Հեթումի առաջարկներուն հսկայ կարեւորութիւնը։ Եւ հազիւ քանի մը տարի ետք, 1254 թուականին, Կիլիկիոյ թագաւորը ստիպուեցաւ անձամբ երթալ մինչեւ Քարաքորում՝ ներկայանալու մեծ Խանին։
Ծպտուած՝ ան նախ կը ճեղքէ Փոքր Ասիան, որ Սելճուքներու իշխանութեան տակ էր, կը տեսակցի Արցախի իշխաններուն հետ, եւ դէպի հիւսիս Կասպից ծովուն շրջանը ըլլալով՝ կը հասնի Սարայ, որ մայրաքաղաքն էր «Ոսկի Հորդա» (հորդա=ցեղախումբ) կոչուած մոնկոլական արեւմտեան կայսրութեան։
Այս կայսրութեան իշխանը, Պաթու, որ մեծ Խանին զարմիկն էր, կ՚ընդունի Հեթումը եւ ձիաւոր գունդով մը՝ կեդրոնական Ասիոյ անսահման տափաստաններուն եւ անապատներուն մէջէն, զայն ճամբայ կը հանէ դէպի Քարաքորում։
Գարնան սկիզբը իր մայրաքաղաք Սիսէն մեկնած՝ Հեթում վեց ամիսէն կը հասնի մոնկոլներու մայրաքաղաքը, ինչ որ կարճ տեւողութիւն է այդ ժամանակի չափանիշով։ Մեծ Խան Մանգուն պատիւներով կ՚ընդունի հայոց թագաւոր Հեթումը, եւ զայն կը պահէ իր մօտ եւ կը հիւրասիրէ երկու ամիս։ Ան կու տայ Հեթումին «հրամանագիր» մը՝ որուն շնորհիւ հայութիւնը զերծ պիտի մնար նեղութիւններէ, եւ կը խոստանայ օգնել իրեն Սելճուքներու դէմ։ Հեթում իր կարգին Մանգուին կը բացատրէ կարեւորութիւնը իր առաջարկած Եւրոպա-մոնկոլեան դաշինքին, թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ՛ մոնկոլական կողմէ օգտակարութիւնը մատնանշելով, խոստանալով նաեւ իր կողմէ ամէն ճիգ՝ զայն յաջողցնելու եւ կատարին հասցնելու համար։
Ապա Հեթում թագաւոր կը բռնէ վերադարձի ճամբան. (Voyages de Sempad et Héthoum 1er en Mongolie; 1250 et 1254)։
Դժբախտաբար, Եւրոպայի «մեծ»երը կրկին չըմբռնեցին հայոց թագաւորի ջանքերուն եւ գործին արժէքը, եւ այս պատճառով հայերը չկրցան առաւելագոյն օգուտը քաղել մոնկոլներու ուժէն։ Ժամանակ մը ետք, պատմական այլ դէպքերու բերումով, դժբախտաբար, այս վերջինները թշնամացան հայերուն։
Բայց պատմիչներու մատեաններուն մէջ հայոց Հեթում թագաւորին անունը արձանագրուած է ու կը մնա՛յ իբր հանճարեղ քաղաքագէտ եւ խիզախ մե՛ծ ճամբորդ։
Ուստի, առանց անցեալը գիտնալու՝ ներկան հասկնալ, ըմբռնել կարելի չէ՛…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 5 2022, Իսթանպուլ