ԱՆՁ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՈՒՆ - Դ -
«Անուն» եզրին կարեւորութիւնը յայտնելէ ետք, ամէն մէկ անունի նշանակութիւնը գիտնալ «անձ»ին արդար եւ բնական իրաւունքն է. անձը իր կրած անունին իմաստը եթէ գիտնայ աւելի կը նոյնանայ անոր հետ եւ աւելի գիտակից կը վարուի, եւ իրաւո՛ւնք է եւ պարտք՝ գիտնալ իր կրած անուան նշանակութիւնը։
Ուրեմն կը շարունակենք գործածական անուններու իմաստները ներկայացնել՝ օգտուելով Հրաչեայ Աճառեանի, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի եւ André-Marie Gerard-ի բառարաններէն։
Էդիլ= արդար
Էլիազ= Եղիա
Էլիզ= Էլիզա= Եղիսաբէթ. Աստուած է անոր երդումը. «Elisabeth»
Էլպիս= յոյս
Էմիրզա= Ամիրզատէ. իշխանածին. նաեւ կը գործածուի՝ «Էմիրզէ» ձեւով
Էմիրէն= Կղեմէս= քաղցր, հեզ, հնազանդ, ողորմած (ֆրանմերէն՝ «Clément», լատիներէն՝ «Clemens»)
Էմմա= Մանտէգացցայի «Հիւանդ Սէր» վէպի հերոսի անունէն տարածուած անուն
Էմմանուէլ= Աստուած մեզի հետ է
Էպրուկ= Էպրուհի= Եւպրաքսիա= բարեբախտութիւն, յաջողութիւն, բարի վարմունք
Էսիլ= ազնուական, ազնիւ, ազնուատոհմ
Էվազ= Այվազ= խոհարար
Էրմինա= Արմենակ (արաբերէն՝ «ermeni»)
Էփրիկ= Եփրեմ= պտղաբեր, բերրի
Էօժէն= Եւգինէ= բարեծնունդ
Էֆլան= գոյնզգոյն, երփներանգ
Էֆտիկ= Եւթիմիա= քաջութիւն, վստահութիւն, ուրախութիւն, վեհանձն, քաջեռանդուն, հոգի, սիրտ, ոգի, կամք, փափաք
Էֆրազ= ուրախութիւն
Ընծայ= «նուէր» հայերէն բառն է, որ կ՚ակնարկէ՝ «Ընծայումն Ս. Աստուածածնի տօն»ին
Ընձակ= «ինձ» բառէն, որ կը նշանակէ՝ վագր
Ընձեր= «ինձ» բառի յոգնակի ձեւէն
Ընձուղ= ծիլ՝ «ընձիւղ» հայերէն բառէն
Ընջուղ= երինջ՝ «ընջուղ» հայերէն բառէն
Ըռանա= սիրուն, շատ լաւ, գեղեցիկ. (արաբերէն՝ «rána»)
Թաբառուկ= օրհնութիւն ստացած
Թագոսկի= այն որ ոսկի թագ ունի գլուխը
Թագուհի= «թագուհի» հայերէն բառէն. (լատիներէն՝ «Regina», յունարէն՝ «Վասիլիկ», արաբերէն՝ «Մլքէ», «սուլթան», հայերէն՝ «դշխոյ» հոմանիշ անուններ)
Թագւոր= թագաւոր, նաեւ՝ «Արքայ» եւ «Խոսրով» անուններ, (յունարէն՝ «Վասիլ»)
Թադէոս= իմաստուն, ունի՝ «Թադէ» ձեւը
Թաթ= «թաթ»՝ ձեռք հայերէն բառէն, որմէ կազմուած է՝ «Թաթուլ» անունը
Թաթիկ= Թաթ անունի փաղաքշական ձեւը
Թաթուլ= «թաթուլ» հայերէն բառէն՝ որ կը նշանակէ՝ անասուններու առջեւի ոտքը
Թահմազ= ուժեղ ձի՝ ուժեղաձի. ան որ ուժեղ ձիեր ունի. (պարսկերէն՝ «Tahmasp»)
Թաղի= բարեպաշտ, երկիւղած, աստուածավախ
Թամար= արմաւենի (եբրայերէն՝ «Tamar»), արմաւենի՝ «հուրմա աղաճը»
Թամրազ= այն՝ որուն խորհուրդը կատարեալ է
Թանգ= Թանկ= թանկագին, արժէքաւոր
Թանգուլչիչի= արշալոյսի վարդածաղիկ
Թանսուխ= հազուագիւտ, հրաշալի, զարմանալի
Թերեզա= Կրետէի մօտ կղզի եւ քաղաքի անունէն. (ֆրանսերէն՝ «Thérèse», լատիներէն՝ «Therasia»)
Թեւ= «թեւ» հայերէն բառէն
Թէոդոս= աստուածատուր (ֆրանսերէն՝ «Théodose»)
Թէոդորոս= աստուածանուէր (ֆրանսերէն՝ «Théodore»)
Թէոփիլոս= աստուածասէր
Թէոֆանօ= աստուածայայտնութիւն
Թոդիկ= «Թէոդոս» անունի կրճատ ձեւը
Թոդրոս= «Թէոդորոս»ի կրճատ ձեւը (յունարէն՝ Thodori). աւելի կրճատ ձեւն է «Թորոս» անունը
Թովմաս= երկուորեակ, կրկնակ. (ֆրանսերէն՝ «Thomas». կը գործածուի նաեւ՝ «Թոմաս», «Թովմա» ձեւերը
Թորաման= գերուկ, թմբլիկ
Թորգոմ= Նոյի որդի Յաբէթի որդի Գամերի երրորդ որդին. (եբրայերէն՝ «Thogarma». Սուրբ Գիրքի մեկնիչներ «տուն Թորգոմայ» ըսելով հասկցած են Հայաստանը
Թորիս= Թորոս անուան ուրիշ մէկ ձեւը
Թութակ= «թութակ» թռչունի անունէն
Թուլագ= համեստ, պարկեշտ, խաղաղ
Թուխայր= թուխ տղամարդ
Թախծամ= սեւահեր, սեւ մազերով
Թուխմանուկ= թուխ մանուկ. նաեւ՝ նոր յայտնուած կամ անանուն սուրբի գերեզման՝ որուն վրայ փոքր տնակ շինուած է՝ որպէս ուխտատեղի. կրճատ ձեւն է «Թուխման»
Թուման= տասը հազար. «Թումանեան»
Թումաճան= Թումաջան= Թովմա= հոգեակ
Թրաղն= խոցադեղ, ամենաբուժ դեղ
Թւօ= Դաւիթ անուան կրճատ ձեւն է
Թփիկ= «թուփ» հայերէն բառի գգուական ձեւը
Ժամխաթուն= եկեղեցասէր կին
Ժամհայր= եկեղեցասէր այր մարդ
Ժենիա= Եւգինէ անուան ծագումը ունի (ռուսերէն բառ)
Ժիրայր= աշխոյժ, ժիր, աշխատասէր տղամարդ
Ժորժ= Գէորգ, (ֆրանսական՝ «George»)
Իգնատիոս= բոց, լոյս, կրակ՝ հրեղէն, լուսաւոր. (լատիներէն՝ «Ignatius», ֆրանսերէն՝ «Ignace», գերմաներէն՝ «Ignatius», «Ignaz», լատիներէն՝ «Igniz». կրակ, բոց արմատէն) կրճատ ձեւը՝ «Իգնա»
Իլարիոն= ուրախ. (ֆրանսերէն՝ «Hilaire»)
Իմաստուհի= իմաստ(ուն) հայերէն բառէն. թարգմանութիւն՝ «Սոփիա» անուան
Իմիրզա= իշխանածին
Ինախ= խորհրդական, նախարար, բարեկամ, իշխանի ամենամօտիկ անձ, վստահելի անձնաւորութիւն
Ինտիր= «ընտիր» հայերէն բառէն
Իշխան= «իշխան» հայերէն բառէն անուն. համազօր անուններ՝ «Արքայ», «Մելիք», «Խոսրով», «Վասիլ»
Իշխանուհի= Իշխան անուան իգական ձեւը
Իսայի= «Եսայի» անունի տարբեր ձեւը
Իսկուհի= իսկական, ճշմարիտ, տիրուհի. Ս. Աստուածածնի եօթ անուններէ մին. միւս անուններ՝ «Մաքրուհի», «Տիրուհի», «Սրբուհի», «Թագուհի», «Դշխոյ» եւ «Մարիամ»
Իսմայէլ= Աստուած լսէ
Իսրայէլ= աստուածամարտ
Իրաւափառ= «իրաւ» եւ «փառք» հայերէն բառերէն՝ որ կը նշանակէ. օրէնքի փառքը, կամ իրաւունք, լուր տարածող, համբաւաւոր. (անցեալի մէջ, Երեւան, փաստաբան մը գործածած է այս անունը)
Իրենէ= խաղաղութիւն. խաղաղութեան չաստուածուհի
Իւանէ= Իվանէ= Իվան= Յովհաննէս
Իւղ= «իւղ» հայերէն բառէն. (յունարէն՝ «Եղէոն» եւ կամ «Միւռոն»)
Իւղաբեր= իւղ, եղ, բերող. գործածուած է նաեւ «Օղաբեր» ձեւով
Իփակ= «մետաքս» բառէն անուն
Իփրիմ= «Եփրեմ» անուան աղաւաղուած ձեւը
Լազար= իմ Աստուծոյ օգնութիւնը. (եբրայերէն՝ «Եղիազար»ին կրճատը. ֆրանսերէն՝ «Lazare», լատիներէն՝ «Lazarus»)
Լաւօ= «լաւ» հայերէն բառէն ծագած անուն
Լեւոն= առիւծ. (ֆրանսերէն՝ «Léon»)
Լիա= յոգնած, պարտասած, վաստակեալ. տեսակ մը քարայծի անուն. (եբրայերէն՝ «Lea» անունէն)
Լիկոս= գայլ. համեմատելով՝ Գուրգէն անունով՝ մերձիմաստ են
Լիւսի= Լիւսիա= Լուկիա= ֆրանսերէն՝ «Lucie» անունէն. նաեւ՝ «Լուցիք»
Լոյս= «լոյս» հայերէն բառէն
Լոռիս= «Լոռի» գաւառի «Լոռիս» ձեւը
Լորետա= նուրբ երիտասարդ կին. ծագում առած է Բարիզի «Notre-Dame de Lorette» թաղի անունէն, նաեւ՝ Loretta իտալական քաղաքի անունէն՝ ուր նշանաւոր եկեղեցի մը կը գտնուի
Լորիկ= «լոր» թռչունի անունէն՝ ինչպէս է Աղաւնի, Արծուիկ, Սիրամարգ, եւայլն
Լուդվիկ= Լուդովկիոս= նշանաւոր մարտիկ. (հին ֆրանսերէն՝ «Hlotavigus», ֆրանսերէն՝ «Louis», անգերէն՝ «Lewis»)
Լութեր= գերմանական «Luther» անունը
Լուլու= մարգարիտ
Լուսաբեր= լոյս բերող՝ ակնարկութեամբ Արուսեակի
Լուսանոյշ= լոյս եւ անոյշ բառերէն
Լուսդիհի= հունգարահայերու գործածած անուն՝ լոյս բառէն
Լուսեղէն= լոյսէ շինուած
Լուսերես= լոյս երեսով
Լուսերէց= լոյս եւ երէց բառերով
Լուսիկ= լոյս բառի գգուական ձեւը
Լուսին= հայերէն լուսին բառէն անուն
Լուսնայ= լուսին բառէն անուն
Լուսնթագ= «լուսնթագ» մոլորակը
Լուսոտ= լուսաւոր
Լուցիքա= Լիւսի
Լսուտար= լոյսի տէր
Լօրէն= լայն առումով «հռովմայեցի» կը նշանակէ. (ֆրանսերէն՝ «Laurent»)
Խաբար= «Խոշխաբար»՝ բարի լուր, կրճատուած ձեւը. նմանն է՝ «Աւետիք»
Խադ կամ Խաթ= «սուր», «թուր» հայերէն բառ
Խադամ= բարի յաջողութիւն բերող ոտք
Խաթուն= Հաթուն= ազնուական տիկին
Խաժիկ= «խաժ»=«բաց կապոյտ» հայերէն բառէն, աչքերու գոյնի նկատմամբ
Խալաս= ազատութիւն, փրկութիւն
Խալաֆ= անուշահոտ ուռենի
Խալիլ= բարեկամ. հայր Աբրահամի տիտղոսը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 18, 2016, Իսթանպուլ