ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՆԳՍՏՈՒԹԻՒՆ
Յաճախ կ՚ըսենք, մարդուս համար որքան կարեւոր է մարմնական առողջութիւնը, նո՛յնքան անհրաժե՛շտ է ներքին խաղաղութիւնը՝ որ կ՚ենթադրէ հոգիի առողջութիւն, հոգեկան հանգստութի՛ւն։ Եւ ի՜նչ ներշնչող եւ անոյշ հրաւէր մըն է, որ վստահեցուցիչ շեշտով մը կը ձայնէ. «Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի» (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։ Եւ կեանքի բազմաթիւ նեղութիւններուն մէջ, երբ մարդ ապաւէն մը, ապաստան տուող անձ մը, պաշտպան մը եւ ապաստանուելու տեղ մը կը փնտռէ, ահաւասիկ, վստահութիւն ներշնչող այս ձայնը կը հանդարտեցնէ խռոված հոգիները։
Մարդ էակը, արդարեւ, իր ծնունդի առաջին պահէն իսկ ապաւէն մը կը փնտռէ, զինք պաշտպանող, խնամող, հոգածող մէկու մը կը կարօտի։ Եւ այդ, բնականաբար իր ծնողքն է, մանաւանդ մա՛յրը, որ կեանքի ապաւէն է նորածինին։ Այս պատճառով, մօր հոգածութիւնը բնազդական շարժում մըն է, անշուշտ սիրով եւ գութով աւելի եւս զօրացած եւ զարգացած։
Եւ նորածինը հետզհետէ կ՚աճի, եւ երբ չափահաս ըլլայ՝ ծնողքին հոգածութիւնը բոլորովին չ՚անհետանար, քանի որ ան բնազդ մըն է, այլ հետզհետէ կը նուազի եւ ազդեցութիւնը աւելի կը սահմանափակուի, բայց անպայման կը շարունակէ։ Մինչ, այլեւս պատանի, կը սկսի ուրիշ ապաստաններ փնտռել, քանի որ կը տեսնէ, թէ ինքնաբաւ չէ՛։ Եւ ապաւէնի մը պահանջքը կը շարունակէ մինչեւ կեանքի վերջը։
Արդարեւ, մարդ երբեմն ինքնաբաւ ըլլալ կը կարծէ՝ ո՛չ մէկու կարօտ, ո՛չ մէկու օգնութեան պահանջքը զգալով։ Բայց մարդ երբեք ինքնաբաւ չի՛ կրնար ըլլալ, քանի որ ընդաբոյս թերութիւններ ու տկարութիւններ ունի եւ անոնք միշտ անոր հետ են, որքան ալ որ ժամանակի ընթացքին մասամբ նուազին։
Եւ ուրեմն, մարդ էակը պարտաւո՛ր է միշտ, կեանքի ամէն շրջանին ապաւէն մը եւ ապաստարան մը փնտռելու, որպէսզի կարենայ իր գոյութիւնը պահել եւ գոյատեւե՛լ։ Այս կերպով, մարդ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, յարատեւ վստահելի «անձ» մը կը փնտռէ, որպէսզի ներքին խաղաղութիւն ունենայ եւ իր մարմնական առողջութեան առընթեր հոգեկան հանգստութիւն եւ մտային հանդարտութիւն ունենայ, եւ «առողջ» զգայ ինքզինք։
Մարդիկ, բնութեամբ անբաւարար են, եւ անյագ իրենց պահանջներուն նկատմամբ, մէկ խօսքով՝ միշտ աւելի՛ն կ՚ուզեն, միշտ աւելիին տիրանալ կ՚ուզեն եւ այս պատճառով միշտ թերութիւն, տկարութիւն կը զգան, անկատա՛ր։ Ուրեմն, միշտ պէտք ունին «օգնական»ի մը, զիրենք զօրացնող, դէպի կատարելութիւն առաջնորդող «անձ»ի մը, եւ այդ «անձ»ը, քանի որ իրենց պէս թերի, տկար եւ անկատար մարդ մըն է, ուրեմն պահանջքը կը զգան փնտռելու, գտնելու եւ անոր դիմելու, գերմարդկային, մարդկային կարողութիւններէ վե՛ր՝ գերազանց «անձ»ի մը։ Այս ուղղութեամբ, կը սկսին մտածել իրենց ծնողքէն աւելի կատարեալ, աւելի ուժով, աւելի կարող «անձ»ի մը մասին, իրենց եւ իրենց ծնողներուն գոյութեան առաջին եւ իսկական «պատճառ»ին մասին եւ կը յանգին այն եզրակացութեան, թէ՝ իրենք եւ իրենց ծնողները, եւ ամբողջ մարդկութիւնը ստեղծող «Ծնող» մը կայ, որ է «Արարիչ», ամէն բանի նախապատճառը, ստեղծողը եւ նախախնամը՝ Աստուա՛ծ։ Եւ ա՛յսպէս կը ծանօթանան Աստուծոյ էութեան։
Ուրեմն, ամենավստահելին, ամենէն հաստատ, անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր ապաւէնը Ա՛ն է, որ թէ՛ կը ստեղծէ եւ թէ՛ կը հոգայ, կը խնամէ անվերջ սիրով եւ գութով։ Ան՝ Աստուած միշտ հաւատարիմ է եւ հաւատարիմ կը մնայ իր ստեղծագործութեան, իր արարչութեան եւ երբեք չի շեղիր իր սիրոյ եւ գութի արտայայտութեանը մէջ։
Արդարեւ, ողորմութիւն, արդարութիւն եւ հաւատարմութիւն՝ այս առաքինութիւնները յայտնի ստուգանիշներն ու նկարագիրներն են արարչութեան եւ նախախնամութեան։ Ուստի, Արարիչը եւ Նախախնամը՝ Աստուած՝ ողոմած է, արդար է եւ մանաւանդ հաւատարիմ է իր իսկ Էութեան եւ գործունէութեան։
Եւ այս իսկ պատճառով շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի, եւ խորհուրդ մը կը բովանդակէ՝ «Ինծի եկէ՛ք» խօսքը, որ ուղիղ անձը ցոյց կու տայ՝ որուն կրնայ վըս-տահիլ մարդ եւ որուն քով կրնայ գտնել այն ապաստարանը։ Եւ նոյն իմաստով ու նպատակով կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը…» (ՅՈՎՀ. Ժ 7)։
Արդարեւ, դուռը, ապահովութեան բացուող ճամբու մը սկզբնակէ՛տն է, մարդ երբ դռնէ մը ներս կը մտնէ, հոն կ՚ակնկալէ ապաւինութիւն, պաշտպանութիւն, եւ մանաւանդ խաղաղութիւն։ Պահ մը խորհեցէ՛ք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, աշխարհի բազմաթիւ նեղութիւններէ, ժխորէ, խառնակ տաղտկութենէ փրկուելու համար մարդ կը դիմէ իր տան խաղաղութեան, ընտանիքի ջերմ մթնոլորտին, եւ բնականաբար կ՚ուղղուի դէպի տան դո՛ւռը, ուրկէ պիտի մտնէ իր խաղաղ միջավայրին մէջ։ Ուրեմն, դուռը, ընդհանրապէս յոյսի մը նախաքա՛յլն է, սկիզբը եւ միջոցը։
Դուռը, սակայն երբ դուրս բացուի, մարդ անորոշութեան մէջ կը մնայ, հոն ալ թէեւ յոյս կայ, բայց կա՛յ նաեւ յուսախաբութիւն, նեղութիւն եւ յուսալքում։ Այս պատճառով, դէպի ներս բացուած դուռը աւելի ապահով է, քան՝ դէպի դուրս բացուողը։ «Ինծի եկէ՛ք» եւ «Ես եմ դուռը»՝ այս երկու վստահութիւն ներշնչող խօսքը, մարդկային կեանքի ամենակարեւոր հրաւէրներն իսկ գերազանցող կենսական հրաւէ՛ր մըն է։ Մանաւանդ որ երբ մարդ միշտ կը կարօտի ապաւէնի մը, նեցուկ մը կը փնտռէ, ահաւասիկ, պէ՛տք է ականջ տայ այս երկու վստահեցուցիչ ձայնին։ Պէ՛տք է լսէ եւ հնազանդի անոր՝ իր իսկ օգտին համար մանաւանդ։
Բայց պահ մը խորհինք, սիրելի՜ բարեկամներ, երբ Աստուած այսքա՜ն հաւատարիմ է իր խնամատարութեան, իր հոգածութեան նկատմամբ, ապա մենք ո՞րքան հաւատարիմ ենք Անոր, ո՞րքան հնազանդ այդ հրաշալի՜ հրաւէրին։ Ան երբ կ՚ըսէ. «Ինծի եկէ՛ք», հասցէն ալ ցոյց կու տայ «Դուռ»ը խաղաղութեան մուտքի՝ Ի՛նքն Յիսուս։ Այն որ անվարան կը մտնէ այդ «Դուռ»էն գոհացում պիտի գտնէ իր պահանջներուն, պիտի բաւարարուի իր անյագութեանը մէջ։ Ո՜վ չ՚ուզեր, բայց քիչեր կ՚անդրադառնան այդ կենսատու եւ երջանկաբեր հրաւէրին, եւ կը շարունակեն իրենց անյագ պահանջներուն գոհացում գտնելու ապարդիւն աշխատանքը։
Արդարեւ, աշխարհ ա՛յնքան զբաղած է ինքնիրմով, որ դժուար է լսել նոր «ձայն» մը, ինչպէս որ շատ անգամ ալ չի լսեր։ Այս իմաստով մարդիկ բուռն անձնասէրներ, ինքնամոլներ են ընդհանրապէս, եւ իրենց ունեցածին եւ գիտցածին վրայ անյողդողդ յամառութեամբ մը կը կենան, մանաւանդ հաւատքի եւ հաւատալիքի կալուածներուն մէջ։ Ասիկա կ՚ենթադրէ «նոր»ին հանդէպ ընդդիմադիր կեցուածք՝ որ արգելք կը հանդիսանայ ամէն յառաջդիմութեան եւ լուսաւորութեան։
Ուրեմն ականջ տանք այն քա՜ղցր ձայնին.
«Եկէ՛ք ինծի» ե՛ւ հրաւէրին, «Ե՛ս եմ դո՛ւռը…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 17, 2017, Իսթանպուլ