ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (Բ.)

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ

Ամէն ժամանակաշրջան ամուսնութեան մասին ունեցած է տարբեր տեսակէտ ու հայեցակէտ, որոնք սերունդէ սերունդ փոխանցուելով ենթարկուած են որոշ բարեփոխումներու, հասնելով մինչեւ մեր օրերը. մերօրեայ հասկացողութիւնը եւս ժամանակի ընթացքին պիտի  յեշաշրջուի եւ այս ընթացքը պիտի շարունակուի այնքան ատեն՝ որքան մարդկութիւնը գոյութիւն ունենայ այդ երկիր մոլորակին վրայ:

Նախնադարեան շրջաններուն, ինչպէս օրինակ՝ Եգիպտոս, Միջագէտք, Յունաստան եւ այլ քաղաքակրթութիւններ, ամուսնութիւնը երկու զոյգերու միջեւ սիրոյ եւ զգացումներու միութիւն ըլլալէ աւելի ամուսնութիւնը կը դիտէին որպէս ընտանիքներու միջեւ կնքուած դաշինք: Այդ ժամանակշրջաններուն ամուսնութիւնները մեծերու որոշումով կը կայանար, յաճախ տնտեսական առաւելութիւններ ապահովելու նպատակով եւ յաճախ որպէս երկու ցեղախումբերու միջեւ միութեան ուխտ: Սակայն այդ բոլորին կողքին կար շատ աւելի կարեւոր նպատակ մը. սերունդներու շարունակականութիւնը:

Այս բոլորը նկատի առնելով բնականաբար կը հասկնանք, որ կողակից «ընտրել»ը ունէր տարբեր չափանիշներ՝ քան սիրահարութիւնը. այդտեղ առաջնահերթ էր քաղաքական ըմբռնումները, ընկերային կարգավիճակը, տոհմն ու ազգութիւնը, կրօնը, մշակոյթը, ինչպէս նաեւ ուժը՝ որովհետեւ ցեղախումբեր այլ ցեղախումբերու հետ կը միանային, որպէսզի անվտանգութիւն ապահովեն ու պաշտանուին թշնամիներէն. սէրը առաջնահերթութիւն չէր. անոնց համոզումով, սէրը այնպիսի բան մըն էր, որ ժամանակի ընթաքցքին կը զարգանայ ամուսանցող զոյգերու միջեւ:

Սակայն յայտնենք, որ սէրը իրականութեան մէջ ամբողջովին անտեսուած չէր. մարդիկ կը գիտակցէին, որ սէրը սուրբ եւ երկնային է, սակայն վերոյիշեալ մարդկային չափանիշներու ամբողջացումով սէր կրնար ծնիլ, որովհետեւ առաջինները աւելի վճռորոշ էին՝ քան սէրը:

Վերոյիշեալ չափանիշերէն ետք կարեւոր էր կրօնական եւ մշակութային աւանդութիւնները, որուն շուրջ ձեւաւորուած է ամուսնութեան գաղափարը: Կրօնը վճռորոշ դեր ունեցած է ամուսնութեան օրէնքներու եւ կանոններու հաստատման մէջ. նոյնիսկ նախաքրիստոնէական շրջանին ամուսնութիւնները որոշ կրօնական ու խորհրդանշական արարողութիւններով կատարուած են: Իրականութեան մէջ մինչեւ մեր օրերը հասած շատ մը աւանդութիւններ ու սորովորութիւններ հինէն եկած աւանդութիւններու բարեփոխուած ձեւերն են: Սակայն հին ժամանակ կրօնական սկզբունքներն ու աւանդութիւնները շատ աւելի խոր ազդեցութիւն ունեցած են:

Անցեալին ամուսնութեան հիմնական պատճառը ծննդաբերութիւնն էր. գրեթէ կարելի չէր գնտել զոյգ մը, որ մերօրեայ շատ մը զոյգերու նման «զաւակ չենք ուզեր» ըսեն, որովհետեւ ամուսնութեան հիմնական նպատակներէն մէկն էր զաւակ լոյս աշխարհ բերելը. այն մայրը որ զաւակ չէր ծներ, աստուածներու կողմէ անիծուած կը նկատուէր: Շատ մը շրջաններու մէջ կը տեսնենք, թէ կիներ զաւակ լոյս աշխարհ չբերելու համար ծանր հետեւանքներ կը կրէին: Հասարակութեան կողմէ չարաչար կ՚անտեսուէր այն կինը, որ չէր կրնար սերունդ ապահովել. աւելին, անիծուած էր նաեւ ա՛յն կինը՝ որ տղայ զաւակ լոյս չէր բերեր, որովհետեւ սերունդը շարունակելու եւ անոր ապագան ապահովելու համար տղայ ունենալը անհրաժեշտ էր:

Սակայն այս բոլորը ժամանակի ընթացքին ենթարկուած է բարեփոխումներու եւ մարդիկ սկսած են կամաց կամաց հասկնալ, որ վերոյիշեալ բոլոր չափանիշներէն աւելի առաջնահերթ է սիրոյ զգացումը: Սակայն (մանաւանդ հայկական շրջանակներէն ներս) հին աւանդութիւնները եւ չափանիշները այնքան ալ չեն ջնջուած. հիներուն նման այսօր եւս ազգութեան, կրօնի, ընկերային ու տնտեսական կարճավիճակը եւ հա-զար ու մէկ տարբեր նրբութիւններ նկատի կ՚առնուին ծնողներու կողմէ՝ մա՛նաւանդ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ:

Ամուսնութեան պարագային կատարուած հիմնական փոփոխութիւններէն մէկը հայրիշխանութեան վերացումն ու հաւասարութեան հասկացողութեան հաստատումն է: Այսօր հասարակութիւններու կողմէ որպէս մեծագոյն չափանիշ կը դիտուի զոյգերու ուրախութիւնը եւ եթէ անցեալին լոկ զաւակ ունենալը որպէս յաջող ամուսնութիւն կը նկատուէր, ապա այսօր փոխադարձ հասկացողութիւնը, մտերմութիւնը կը դիտուի որպէս առողջ ու յաջողակ ամուսնութեան չափանիշներ:

Սակայն անցեալի համեմատ մերօրեայ սէրերը աստուածային չեն. անոնք փոփոխական են եւ պայմանաւորուած են մարդկային որոշ տուեալներով: Սակայն հինին եւ նորին միջեւ եղած հիմնական փոփոխութիւնը այսքանով չ՚աւարտիր։ Համոզումներու եղափոխութիւնները աւելի յստակ պարզելու համար տանք մարդկային տարբեր համոզումներ: Պատկերացուցէք նախադարէն մեզի հասնող Անի անունով օրիորդ մը, որ ժամանակի ընթացքին օրուան ըմբռնումին հետեւելով հետեւեալ ամուսնութիւնները կը կատարէ:

Ա.- Անին կ՚ամուսնանայ իր ծնողքին կողմէ ընտրուած փեսացուին հետ:

Բ.- Անին կ՚ամուսնանայ իր կրօնն ու ազգութիւնը ունեցող տղու մը հետ:

Գ.- Անին կ՚ամուսնանայ իր սիրածին հետ:

Դ.- Անին կ՚ամուսնանայ նոյն կրօնը, սակայն օտար ազգութիւն ունեցող տղու մը հետ: 

Ե.-.- Անին կ՚ամուսնանայ օտար կրօն եւ օտար ազգութիւն ունեցող տղու մը հետ:

Զ.- Անին կ՚ամուսնանայ այլ Անիի մը հետ:

Է.- Անին կ՚ամուսնանայ առարկայի մը եւ կամ անասունի մը հետ:

Ահաւասի՛կ, եօթ կէտերու մէջ ամուսնութեան եղափոխութիւնը. այս բոլորը կը պատահին, որովհետեւ մեր զաւակներուն մէջ չեն յաջողիր ընտանիք հասկացողութիւնը սերմանել. մեր դպրոցներուն մէջ պէտք եղած ձեւով ամուսնութեան ինչութիւնը չենք սորվեցներ եւ անտարբերութեամբ կը ձգենք, որ մեր զաւակները համաշխարհայնացման յոռի երեւոյթները ընդօրինակելով մեր ապագան կազմեն:

Անգիտութեան պատճառով բազմաթի՜ւ Անիներ զոհեցինք ու պիտի շարունակենք զոհել, որովհետեւ մերօրեայ ամուսնութիւնները երջանկացնելէ աւելի կը դժբախտացնեն: Սկզբունքները ամուսնութեան հիմքերը կը կազմեն եւ այդ հիմքերուն վրայ է, որ կը կառուցուի մեր ամուսնութիւնն ու ընտանեկան կեանքը. այդ հիմքերը չունենալու պատճառով է որ այսօր շատ մը ընտանիքներ կ՚ապրին կիսաքանդ եւ կամ ամբողջովին քանդուած իրավիճակի մէջ:

շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.- Ինչո՞ւ համար կը սկսինք մոռնալ:

Պատասխան.- Մոռնալը մեր յիշողութեան բնական մէկ մասն է. մոռացութեան պատճառ կրնայ դառնալ հին եւ նոր տեղեկութիւններու միջամտութիւնները, ջղային իրավիճակը, յիշողութեան պահպանման վրայ ազդող առողջական պայմանները, տարիքը եւ այլն: Մեր ուղեղը կը զտէ, կը կազմակերպէ եւ առաջնահերթութիւն կու տայ որոշ տեղեկութիւններու եւ պատճառ կը դառնայ, որ աւելիով յիշենք այն՝ ինչ որ ներկային կը պատկանի: Ուղեղը նոր փորձառութիւններու եւ գիտելիքներու համար տեղ կը պատրաստէ, այդ իսկ պատճառով յաճախ շատ մը տուեալներ մեր յիշողութենէն դուրս կը մնայ: Պայման չէ մոռացութիւնը ամէն անգամ որպէս լուրջ խնդիր ընդունիլ, որովհետեւ մոռնալը ուղեղի գործընթացին բնական մէկ մասը կը կազմէ: Պէտք է միտքը մարզել, հանելուկներով, զարգացման խաղերով, բաւարար քնանալով եւ լաւ սնուելով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 24, 2023