ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԱՂՕԹՔԸ
Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներու գրած իր նամակին մէջ կը պարզէ, թէ ինչպէս Յիսուսի աղօթքը կ՚իրագործէ փրկութեան յաղթանակը. «Ինքն է որ Իր երկրաւոր կեանքին օրերուն՝ աղօթքներ եւ պաղատանքներ մատոյց բարձրաձայն եւ արտասուքով Անոր, որ կարող էր զԻնք փրկել մահէն, եւ Ան լսելի եղաւ շնորհիւ Իր հնազանդութեան։ Ինք Որդի ըլլալով հանդերձ, Իր չարչարանքներուն մէջ սորվեցաւ հնազանդութիւնը, եւ կատարելութեան հասնելէ ետք, յաւիտենական փրկութիւն եղաւ անոնց համար, որ իրեն կը հնազանդին». (ԵԲՐ. Ա7-9):
Արդարեւ, Յիսուս երբ կ՚աղօթէ, անով իսկ մեզի «աղօթել» կը սորվեցնէ։
Մեր աղօթքին աստուածաբանական ուղին Անոր աղօթքն է Իր Հօր։ Սակայն Յիսուսի աղօթքին մասին բացայայտ ուսուցումը Աւետարանն է, որ զայն մեզի կ՚աւանդէ։ Ան, վարուելով իբր մանկավարժ-ուսուցիչ՝ մեր գտնուած տեղէն կ՚առնէ մեզ եւ աստիճանաբար կ՚առաջնորդէ մեզ դէպի Հայրը։ Իրեն հետեւող բազմութիւններուն երբ Իր խօսքը կ՚ուղղէ, Յիսուս իբր մեկնակէտ կը գործածէ այն ի՛նչ որ անոնք կը ճանչնան արդէն աղօթքի մասին՝ ըստ Հին ուխտին, ապա զանոնք հետզհետէ կը տրամադրէ գալիք Արքայութեան նորութեան հանդէպ։
Յիսուս, յետոյ, առակներով կը բացայայտէ անոնց այս նորութիւնը։ Իսկ իր աշակերտներուն, որոնք Իր Եկեղեցիին մէջ աղօթքի դաստիարակներ պիտի ըլլան։ Ան բացայայտօրէն կը խօսի Հօր եւ Սուրբ Հոգիին մասին։ Արդէն լերան քարոզէն սկսեալ, Յիսուս շեշտը կը դնէ «սրտի դարձին համար». հաշտուիլ եղբօր հետ խորանին ընծայ մատուցանելէ առաջ, սիրել թշնամիները եւ աղօթել հալածիչներուն համար, աղօթել Հօր «ծածուկ կերպով» (ՄԱՏԹ. Զ 6), չշատախօսել, մաքուր սիրտ ունենալ եւ Արքայութիւնը փնտռել։
Այս «սրտի դարձ»ը ամբողջովին ուղղուած է դէպի Հայրը, ան «որդիական դարձ» է։
Ուստի, սիրտը անգամ մը որ վճռէ դարձի գալ, կը սորվի հաւատքով՝ ամենայն վստահութեամբ աղօթել։ Հաւատքը որդիական փարումն է Աստուծոյ, մեր զգացածէն եւ հասկցածէն վեր։ Ասիկա մեզի համար հնարաւոր դարձած է, քանի որ սիրեցեալ Որդին մեր առջեւ Հօր մուտքը կը բանայ։ Որդին կրնայ ուրեմն խնդրել մեզմէ, որ մենք ալ «փնտռենք» եւ «բախենք», քանի որ «դուռ»ը եւ «ճանապարհ»ը Ինքն իսկ է. (ՄԱՏԹ. Է 7-11, 13-14):
Ինչպէս որ Յիսուս Հօր պարգեւները ընդունելէ առաջ՝ Անոր կ՚աղօթէ եւ գոհութիւն կը մատուցանէ, մեզի ալ կը սորվեցնէ նոյն «որդիական յանդգնութիւն»ը ունենալ. «Ի՛նչ որ խնդրենք աղօթքով, հաւատացէ՛ք թէ արդէն իսկ ընդունած էք». (ՄԱՐԿ. ԺԱ 24):
Այսպիսին է աղօթքին զօրութիւնը, «ամէն բան կարելի է անոր՝ որ կը հաւատայ». (ՄԱՐԿ. Թ 23) եւ «չի վարանիր». (ՄԱՏԹ. ԻԱ 21)։ Յիսուս որքան որ կը տխրի ի դիմաց Իր մերձաւորներուն «հաւատքի պակասին». (ՄԱՐԿ. Զ 6) եւ ի դիմաց Իր աշակերտներուն «սակաւ հաւատքին». (ՄԱՏԹ. Ը 26), նոյնքան ալ կը սքանչանայ հռովմայեցի հարիւրապետին (ՄԱՏԹ. Ը 10) եւ քանանացի կնոջ «մեծ հաւատքին» դիմաց. (ՄԱՏԹ. ԺԵ 28):
Հաւատքով արտասանուած աղօթքը չի՛ կայանար միայն «Տէր, Տէր» ըսելուն մէջ, այլ սիրտը ներդաշնակելու «Հօր կամքին հետ»։
Յիսուս կը յորդորէ Իր աշակերտները, որ իրենց աղօթքին մէջ կրեն աստուածային ծրագրին հետ գործակցելու վառ մտմտուքը։
Յիսուս երբ Հօր աղօթքին խորհուրդը Իր աշակերտներուն բացէ ի բաց կը յայտնէ, կը յայտնէ նաեւ, թէ ի՛նչ ըլլալու է անոնց եւ ապա մե՛ր ալ աղօթքը, երբ Ինք Իր փառաւորեալ Մարդկայնութեամբ վերադառնայ Հօր մօտ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ