ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Ա­մէն ծնունդ հրա՜շք մըն է՝ ընդ­հա­նուր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ման­րա­տի­պա­րը կամ ման­րան­կա­րը կար­ծես…։

Բայց Յի­սու­սի ծնուն­դը հրաշ­քէ մը ա­ւե­լին է՝ անն­ման, ան­նա­խըն­թաց եւ ե­զա­կի դէպք մը՝ աշ­խար­հի պատ­մու­թեան մէջ միա՛կն է իր ամ­բողջ էու­թեամբ, քա­նի որ Կոյ­սը կը ծնի եւ Աս­տուած Ի՛նք մար­մին կ՚առ­նէ՝ կը մար­դա­նա՛յ։

Մարդ, կեան­քի ըն­թաց­քին պէտ­քը կը զգայ ապ­րե­լու այս հրա­շա­լի՜ Խոր­հուր­դը՝ ա­նով ո­գեշն­չուե­լու եւ բա­ժին մը հա­նե­լու ան­կէ ի­րեն հա­մար, իր կեան­քին հա­մար եւ հա­մայն մարդ­կու­թեան հա­մար։ Մարդ պա­հանջ­քը ու­նի նաեւ հա­ղոր­դուե­լու այս Խոր­հուր­դին հետ։

Ար­դա­րեւ, Ս. Ծննդեան Խոր­հուր­դին ա­մե­նա­կա­րե­ւոր եւ յատ­կան­շա­կան ճշմար­տու­թիւնն է՝ «Աս­տուած մար­դա­ցաւ, որ­պէս­զի մար­դը աս­տուա­ծան­մա՛ն ըլ­լայ», ինչ­պէս էր իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ժա­մա­նակ։ Ու­րիշ խօս­քով՝ Աս­տուած եր­կիր ի­ջաւ, որ­պէս­զի մար­դը եր­կինք բարձ­րա­նա՜յ…։

Յի­սու­սի ծնուն­դը հա­մես­տու­թեան եւ խո­նար­հու­թեան տի­պար մըն է։ Իսկ հոն՝ ուր խո­նար­հու­թիւն եւ հա­մես­տու­թիւն կայ, հոն կայ նաեւ խա­ղա­ղու­թի՛ւն։ Ար­դա­րեւ, Սուրբ Ծննդեան պատ­գամն է երկ­րի մէջ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տա­տու­մը եւ տա­րա­ծու­մը։ Ուս­տի, Յի­սու­սի ծնուն­դը տե­ղի ու­նե­ցաւ խո­նարհ պայ­ման­նե­րու մէջ եւ ա­նոր ա­ռա­ջին վկա­նե­րը ե­ղան պարզ, հա­մեստ հո­վիւ­նե­րը՝ ո­րոնք լեռ­նե­րու, դաշ­տե­րու՝ բնու­թեան խա­ղա­ղու­թիւ­նը կը բե­րէին խո­նարհ եւ հա­մեստ մսու­րին։ Եւ խա­ղա­ղու­թիւ­նը կը տի­րէր, պէտք էր որ հաս­տա­տուէր եւ տա­րա­ծուէր ա­մէ­նու­րեք, եւ ա­հա՛ այս էր Խոր­հուր­դը, ի­մաս­տը եւ նպա­տա­կը այս հրա­շա­լի՜ եւ անն­ման ծնուն­դին։

Ծննդեան վայ­րը հա­մեստ տեղ մըն էր, քա­նի որ հոն խա­ղա­ղու­թիւն կը տի­րէր, եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ այն վայ­րը տի­րող խա­ղա­ղու­թեան պատ­ճա­ռով պարզ էր եւ հա­մեստ։ Ար­դա­րեւ, խա­ղա­ղու­թիւ­նը պարզ ու հա­մեստ մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ կ՚ա­ճի եւ կը զար­գա­նայ, ինչ­պէս խո­նարհ բնա­ւո­րու­թեան տէր, հա­մեստ մար­դիկ ու­նին ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւն եւ հանգս­տու­թիւն։

Երբ խօս­քը Ս. Ծննդեան Խոր­հուր­դին մա­սին է, կ՚ու­զենք վեր­յի­շել Տքթ. Վարդ Շի­կա­հե­րի «Ի­մա­ցում­ներ եւ ապ­րում­ներ» գիր­քէն հա­տուած մը՝ ուր ո՜ր­քան գե­ղե­ցիկ կեր­պով կը նկա­րագ­րուի Ս. Ծնուն­դը։

ՄԵՂՔ Է ՄԱՐԴ-ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԻՆ

«Կրկին կը պար­զուի Ս. Ծննդեան Խոր­հուր­դը։ Աս­տուած կ՚իջ­նէ ման­կա­ցած, գո­մի մը ան­շուք մսու­րին մէջ, կ՚իջ­նէ խո­նարհ­նե­րու մօ­տիկ, ա­նո՛նց կը յայտ­նուի ա­ռա­ջին ան­գամ։ Ի՞նչ է նպա­տակն այս ընտ­րո­ղու­թեան։ Պա­տաս­խա­նը կու գայ մե­զի քսան դա­րե­րու ցո­լա­րա­նէն, բիւ­րե­ղա­ցած յստա­կու­թեամբ.- Աշ­խար­հի Փրկի­չը կը յայտ­նուի խո­նարհ­նե­րու մէջ, նախ ցոյց տա­լու հա­մար հե­զու­թեան գե­րա­գոյն օ­րի­նա­կը, նոյն­հե­տայն պատ­մե­լու նաեւ, թէ մար­դիկ՝ որ կ՚ապ­րին այս մո­լո­րա­կին վրայ, ի­րա­րու եղ­բայր են եւ հա­ւա­սար՝ բա­ցար­ձա­կօ­րէ՛ն։

«Այս հզօր ճշմար­տու­թիւ­նը սա­կայն, շուրջ եր­կու հա­զար տա­րի­նե­րէ ի վեր չխո­րա­ցաւ դժբախ­տա­բար մար­դոց մտքե­րուն եւ սրտե­րուն մէջ, իբ­րեւ ար­դա­րու­թեան վսեմ գա­ղա­փար եւ ի­մա­ցում։

«Ո՞ւր է եղ­բայ­րու­թիւ­նը, ո՞ւր է իշ­խո­ղու­թիւ­նը հա­ւա­սա­րու­թեան սկզբուն­քին։

«Ի մար­դիկ հա­ճու­թիւն եւ յեր­կիր խա­ղա­ղու­թիւն…։

«Ո՞ւր է հա­ճու­թիւ­նը մար­դոց մէջ եւ խա­ղա­ղու­թիւ­նը՝ երկ­րի վրայ, ա­հա՛ վշտա­ռիթ հար­ցում մըն ալ։

«Աշ­խար­հի մէ­կէ ա­ւե­լի ցա­մա­քա­մա­սե­րուն մէջ կ՚իշ­խէ պա­տե­րազ­մի չաս­տուա­ծը իր չա­րա­շուք ժպի­տով։ Կը հնչեն փո­ղե­րը, իբ­րեւ հրա­ւէր ու ար­ձա­գանգ՝ վայ­րագ գու­պար­նե­րու։ Կ՚երկ­փեղ­կուին ինք­նիշ­խան տէ­րու­թիւն­ներ, աշ­խար­հագ­րա­կան ա­րուես­տա­կեալ հեր­ձա­տում­նե­րով, հիւ­սի­սա­յին կամ հա­րա­ւա­յին, ա­րե­ւե­լեան կամ ա­րեւմ­տեան։ Կը շղթա­յա­զեր­ծուին ու կը տե­ւեն եղ­բայ­րաս­պան պա­տե­րազմ­նե­րը։

«Ռազ­մա­կան ճար­տա­րա­րուես­տի վի­շապ ա­նի­ւը կը դառ­նայ ա­րա­գօ­րէն եւ ա­ռանց դա­դա­րի։ Կը խլէ ու կը բզկտէ անխ­նայ ժո­ղո­վուր­դի զան­գուած­նե­րը իր ակ­ռա­նե­րուն մէջ։ Իր գո­յա­տեւ­ման հա­մար, այդ ճար­տա­րա­րուս­տը՝ վա­ճա­ռու­մի լա՜յն շու­կա­ներ կը բա­նայ, ա­րիւ­նա­ներկ ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րու տա­րած­քով։ Կը դարբ­նուին ան­վերջ, դա­սա­կան եւ նոր մա­հաս­փիւռ զէն­քեր, կոր­ծա­նա­րար մի­ջոց­ներ։ Սպառ­նա­լիք­ներ կը ճօ­ճին, կը շար­ժին, կ՚ա­լեծ­փեն օ­դին մէջ, ցա­մա­քի կամ ծո­վու վրայ։ Սպառ­նա­լիք­ներ կը սաղմ­նա­ւո­րուին ու մար­մին կ՚առ­նեն նաեւ ան-ջըր­պե­տի ալ­քե­րուն մէջ։ Կո­րի­զա­յին զէք­նե­րու ար­շա­ւը կը պա­հէ իր թա­փը, կ՚ոտ­նա­հարուին հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը՝ ա­նոնց շի­նու­թեան յա­տուկ ար­գել­քին կամ սահ­մա­նա­փակ­ման։ Կը ստո­րագ­րուին խա­ղա­ղու­թեան դաշ­նագ­րեր, բայց չկա՛ն կան­խող կամ յա­ջոր­դող զի­նա­դա­դար­նե­րը։ Կը շա­չեն զէն­քե­րը, մար­դիկ կը մեռ­նին նոյ­նիսկ ա­ւե՛­լի մեծ թի­ւով, քան՝ դաշ­նագ­րի ստո­րագ­րու­մէն ա­ռաջ։

«Տա­կաւ կը սաստ­կա­նայ ցուրտ պա­տե­րազ­մը, ջի­ղե­րու մար­տը՝ պա­հե­լով մար­դիկն հո­գեպր­կու­մի սաս­տա­գոյն տա­ռա­պան­քին մէջ։

«Ու չկա՛յ խա­ղա­ղու­թիւ­նը երկ­րի վրայ։ Չե­ղա՛ւ ալ ար­դէն։ Կը հաս­տա­տուի մշտա­պէս, Հե­գե­լի տե­սու­թիւ­նը.- Մար­դիկ կռուե­լով, կռուի հա­մար աշ­խարհ կու գան։

«Հա­կա­ռակ ե­րե­ւու­թա­կան մեղ­մա­ցում­նե­րու, կը շա­րու­նա­կուի ցե­ղա­պաշ­տու­թիւ­նը։ Սպի­տակ ցե­ղի եւ սե­ւա­մոր­թի խտիրն ու բա­ժա­նու­մը նոյ­նազ­գի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մէջ, երկ­րոր­դի մա­սամբ ի­րա­ւազր­կու­մը՝ հա­սա­րա­կա­կան, կրթա­կան ու այլ մար­զե­րու մէջ, ան­տե­սու­մը՝ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու սկզբուն­քին, սկզբնա­պատ­ճառ են ըն­կե­րա­յին լուրջ խռովք­նե­րու, աշ­խար­հի տա­րած­քին։

«Հա՞­պա քաղ­ցա­հար­նե­րը, ա­նոնք՝ որ կ՚իյ­նան օր ցե­րե­կով ան­սուաղ, ի­րենց կսկծա­գին հուսկ նա­յուածքն ուղ­ղե­լով ան­տար­բեր մարդ­կու­թեան։ Ներ­կայ դա­րուն մե­ծա­գոյն տրամն է այս։ Մի­լիո­նա­ւոր մար­դիկ կ՚իյ­նան ու­ժա­քամ, հա­լու­մաշ… ու կմա­խա­ցած՝ դե­ռ հո­ղը չմտած, կա­րօտ՝ նոյ­նիսկ այն փշրանք­նե­րուն, ո­րոնք պի­տի ա­ւել­նա­յին մե­ծա­տու­նե­րու սե­ղան­նե­րէն։

«Չկան մո­գե­րու կա­րա­ւան­նե­րը, այլ կան թա­փօր­ներն հիւ­ծեալ­նե­րու։ Այ­լուր, մար­դիկ կը մեռ­նին շա­տա­կե­րու­թե­նէ… Իսկ ժո­ղով­ներ, ո­րոնք կո­չումն ու­նին սո­վեր բառ­նա­լու, հե­ռո՛ւ են ազ­դու ձեռ­նարկ­նե­րու դի­մե­լէ ու ժո­ղո­վա­կան­ներ կը բազ­մին փար­թամ սե­ղան­նե­րու շուրջ։

«Կը տե­ւեն կրօ­նա­կան մո­լե­ռանդ կռիւ­նե­րը, կա­թո­լիկ ու բո­ղո­քա­կան հա­տուած­նե­րու մի­ջեւ։

«Ան­հան­դուր­ժո­ղու­թիւ­նը ծայ­րա­կէ­տին է հա­սեր, մար­դիկ զի­րար կը կո­տո­րեն յա­նուն կրօն­քի։ Կրօնքն ի զո՜ւր է պատ­գա­մեր ի­րենց.- Մի՛ սպա­ննե­րը։

«Ո՞ւր է հա­ճու­թիւ­նը մար­դոց մէջ…։ Մար­դոց տագ­նա­պան­քի ու­րիշ ախ­տա­վա­րակ մէկ վի­ճակն է թմրա­դե­ղե­րու գոր­ծա­ծու­թեան ծա­ւա­լու­մը։ Քա­ռա­սուն մի­լիո­նէ ա­ւե­լի հո­գի­ներ կը փնտռեն -խա­ղա­ղու­թիւն-ը, -ե­րա­նա­ւէտ ան­դոր­րու­թիւն-ը, կը ճամ­բոր­դեն -ե­րա­զա­յի՜ն աշ­խարհ­ներ-։ 18-25 տա­րու ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հոյ­լե­րէն կ՚ընտ­րուին զո­հե­րը՝ այս -դիւ­րա­կե­ցու­թեան-։

«Մե­ղա­պարտ վա­ճա­ռա­կան­նե­րու հսկայ ցան­ցի մը ճի­րան­նե­րուն մէջ կը բան­տուին պատ­րա­նա­թափ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք յետ­պա­տե­րազ­մեան խոս­տա­ցուած եր­ջա­նիկ աշ­խար­հը չգան մին­չեւ հի­մա եւ են­թար­կուե­ցան հո­գեցն­ցում­նե­րու, ա­պա­գա­յի անստու­գու­թեան առ­ջեւ։ Ա­նոնց ու­ղե­ղա-նեար­դա­յին հա­մա­կարգ­նե­րը կը փճա­նան, կը դի­մեն դժբախտ­նե­րը սուր կամ եր­կա­րօ­րեայ ինք­նաս­պա­նու­թեան։ Չե­ղաւ իս­կա­կա՛ն խա­ղա­ղու­թիւ­նը երկ­րի վրայ, ե­կաւ -թմրա­դե­ղե­րու խա­ղա­ղու­թեան վի­ժանք-ը…։

«Մար­դիկ կը տա­ռա­պին աշ­խար­հի չորս ծա­գի վրայ տնտե­սա­կան անձ­կու­թիւն­նե­րէ, ան­գոր­ծու­թե­նէ։ Սա­կա­րան­ներ կը խա­ղան ան­վերջ -դրա­մի խա­ղեր-ը։

«Մար­դիկ նոր աս­տուած­նե­րու -պաշ­տօ­նեայ եւ երկր­պա­գու- ե­ղած են։ Ոս­կիի եւ քա­րիւ­ղի աս­տուած­ներն են ա­նոնք։ Կը կռուին այդ աս­տուած­ներն ի­րա­րու հետ, ան­ծայր կռուա­դաշ­տեր բա­նա­լով ի­րենց -հա­ւա­տա­ւոր- զան­գուած­նե­րուն առ­ջեւ։

«Կան տա­կա­ւին բնա­կան ա­ղէտ­նե­րը- ժա­ժե­րը, հե­ղեղ­նե­րը, սառն ու սառ­նա­մա­նի­քը, բազ­մա­դէմ ար­կած­նե­րը, ան­հա­մար հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք մար­դոց ան­վախ­ճան տագ­նա­պան­քի տար­բեր ցա­ւե­րը կը կազ­մեն։

«Աստ­ղա­նա­ւորդ­ներ անջր­պե­տի մէջ կը տես­նեն Ա­րար­չին փառ­քը։ -Փա՜ռք ի բար­ձունս…-։ Բայց նոյն ա­տեն ձի­թե­նիի ճիւ­ղեր կը դնեն լուս­նի վրայ կամ այ­լուր։ Ո­րով­հե­տեւ կ՚ո­րո­նեն խա­ղա­ղու­թիւ­նը, որ չ՚իջ­ներ երկն­քէն եր­կիր…։ Չ՚ի­րա­գոր­ծուիր նաեւ -Խա­ղաղ հա­մա­կե­ցու­թեան- գե­ղե­ցիկ սկզբուն­քը։

«Ին­չո՞ւ ու­րեմն, հա­մա­տա­րած այս ան­խա­ղաղ վի­ճակն ու խու­ճա­պը։ Ո­րով­հե­տեւ մարդ­կու­թիւ­նը չըմբռ­նեց վսեմ պատ­գա­մի իս­կա­կան ի­մաս­տը.- Փա՜ռք ի բար­ձունս եւ յեր­կիր խա­ղա­ղու­թիւն…-։

«Հո­գի­նե­րու խա­ղա­ղու­թիւնն էր այդ, ներ­քին աշ­խարհ­նե­րու ան­դոր­րու­թիւ­նը, որ մայ­րու­ղին է՝ ար­տա­քին աշ­խարհ­նե­րու խա­ղա­ղու­թեան։ Ու մար­դիկ գա­ղա­փա­րա­կան կեան­քի ի­մա­ցում­նե­րէ հե­ռո՛ւ, նիւ­թա­պաշտ մղում­նե­րէ հող­մա­վար, կը թա­ւա­լին, մո­լո­րա­կին հետ, տհաճ ու ան­խա­ղաղ»։

«ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ», 5 Յու­նուար 1975

Սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, սի­րե­լի սրտա­կից­ներ, երբ այս աշ­խար­հի վրայ մար­դիկ կ՚եր­գեն սի­րոյ եր­գեր, կ՚եր­գեն խա­ղա­ղու­թեան եր­գեր, միշտ կը խօ­սին եր­ջան­կու­թեան մա­սին, ա­պա ու­րեմն ին­չո՞ւ չեն սի­րեր, ին­չո՞ւ կը նա­խընտ­րեն կռի­ւը փո­խա­նակ խա­ղա­ղու­թեան, ան­դոր­րու­թեան, եւ քա­նի որ եր­ջան­կու­թիւն կ՚ու­զեն, ին­չո՞ւ դժբախ­տու­թիւն­նե­րու ա­ռիթ կու տան, լայ­նա­խո­հու­թեան բա­րիք­նե­րը կը քա­րո­զեն եւ մո­լե­ռան­դու­թեան գե­րին դար­ձած՝ զի­րար կ՚ա­տեն, խտրու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծեն, հա­կա­ռա­կու­թիւն­նե­րով, թշնա­մու­թիւն­նե­րով կը սնա­նին եւ կը կար­ծեն թէ՝ կը սի­րեն զի­րար, կը կար­ծեն թէ՝ խա­ղա­ղու­թեան մէջ կ՚ապ­րին եւ հա­ճոյք կը զգան իր նմա­նը ա­տե­լէ՝ փո­խա­նակ սի­րե­լո՜ւ…։

Շնոր­հա­ւոր Ծնունդ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 17, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015