ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ՝ ՀԱ՛Ց Է ՀՈԳԻԻՆ

Գե­ղե­ցի՜կ ըլ­լալ պար­զու­թեամբ, որ­քան տպա­ւո­րիչ է եւ հրա­պու­րիչ՝ պարզ ըլ­լալ, չա­փա­ւոր ըլ­լալ, բայց վե՛հ ե­րե­ւիլ։ Շա­տեր գե­ղեց­կու­թիւ­նը կը տես­նեն ե­րե­ւոյթ­նե­րու ճո­խու­թեան մէջ՝ գոյ­նե­րու, տե­սա­րան­նե­րու մէջ։ Բայց ե­թէ գե­ղեց­կու­թիւ­նը «զօ­րու­թիւն» մըն է՝ ար­ժէ՛ք մը, այ­լա­պէս ա­նոր ա­կե­րը պէտք է փնտռել՝ հոն գտնե­լու հա­մար, վե՛­րը, ուր կը գտնուի ա­մե­նա­կա­րո­ղը, ա­մե­նա­զօ­րա­ւո­րը՝ Աս­տուա՛ծ։

Ա­հա այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով այ­սօր սկսանք մեր ա­մէ­նօ­րեայ Ա­ւե­տա­րա­նի ըն­թեր­ցու­մին՝ որ մեր ա­մէ­նօ­րեայ հա՛ցն է՝ հո­գիին։ Եւ ան­գամ մը եւս զգա­ցինք այն ճշմա­րիտ գե­ղեց­կու­թիւ­նը՝ որ կու գար պար­զու­թե­նէ, չա­փա­ւո­րու­թե­նէ, բա­ռե­րու հրա­շա­լի՜ ներ­դաշ­նա­կու­թե­նէն։ Ա­մէն բառ հա­ցի կտոր մըն էր կար­ծես՝ կար­դա­լով-ու­տե­լով հետզ­հե­տէ կը կշտա­նայ, կը լիա­նայ, կը ճո­խա­նայ հո­գին։

Մա­տու­ցուած ա­ղօթք մը՝ որ սրտա­բուխ է, քա­րոզ մը՝ որ թե­լադ­րիչ է եւ ներշն­չիչ, գե­ղե­ցիկ է, այն ի՛նչ որ կ՚ակն­կա­լէ հա­ւա­տա­ցեա­լը որ­պէս սնունդ իր հո­գիին։ Բայց ի՛նչ որ հո­գին կը գրկէ՝ որ­պէս երկ­նա­ռաք՝ «վեր»էն տրուած սնունդ՝ Ա­ւե­տա­րա­նի այն պարզ բայց ի­մաս­տա­լից խօս­քե՛րն է։

Մարդ երբ ու­շադ­րու­թեամբ եւ կա­տա­րեալ մտադ­րու­թեամբ լսէ կամ կար­դայ Ա­ւե­տա­րա­նի խօս­քե­րը, ա­մէն մէկ բա­ռով՝ կը վե­րա­նայ եւ կը յափշ­տա­կուի ճիշդ այն­պէս, ինչ­պէս վե­րա­ցան եւ յափշ­տա­կուե­ցան այն պարզ հո­վիւ­նե­րը՝ ո­րոնք Բեթ­լե­հէ­մի մօ­տա­կայ դաշ­տե­րուն վրայ կը հսկէին ի­րենց հօ­տե­րը երբ գի­շե­րուան լռու­թեան մէջ, յան­կարծ լսե­ցին երկ­նա­յին հա­մեր­գը հրեշ­տակ­նե­րուն՝ որ կ՚եր­գէին ու կ՚ա­ւե­տէին Փրկչին՝ Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի ծնուն­դը, մեծ ա­ւե­տի­սը։

Ա­հա­ւա­սիկ, Ա­ւե­տա­րան կար­դալ եւ կամ Ա­ւե­տա­րա­նի ըն­թեր­ցու­մը լսել նոյն զգա­ցում­նե­րով կը լեց­նէ մարդս. ճիշդ այդ­պէս, ո՛չ ա­ւե­լի, ո՛չ պա­կաս։ Եւ ի՜նչ ե­րա­նե­լի պահ մը այդ պա­հը։

Ին­չո՞ւ այդ­պէս ազ­դուիլ եւ տպա­ւո­րուիլ, ինչ­պէ՞ս վե­րա­նալ Ա­ւե­տա­րա­նի պարզ խօս­քե­րով։

Ո­րով­հե­տեւ Ա­ւե­տա­րա­նի խօս­քը՝ Աս­տու­ծոյ խօ՛սքն է, Աս­տուած Ի՛նքն է որ կը խօ­սի այդ պա­հուն։ Եւ քա­նի որ ո՛չ միայն ե­կե­ղե­ցիի մը մէջ՝ այդ սրբա­զան եւ խորհր­դա­ւոր մթնո­լոր­տին մէջ Ա­ւե­տա­րա­նի ըն­թեր­ցու­մը մե­ծա­պէս կը տպա­ւո­րէ իր քաղց­րու­թեամբ ու պար­զու­թեամբ, այլ՝ ո­րով­հե­տեւ այդ պար­զու­թեան մէջ, մարդ կը զգայ սրբա­զան գե­ղեց­կու­թիւն մը, որ կը վե­րար­ծար­ծէ հո­գի­նե­րու մէջ հի՜ն յի­շա­տակ­ներ, տպա­ւո­րու­թիւն­ներ՝ ո­րոնց կը միա­նան ու­րախ եւ տխուր ապ­րում­ներ, մտա­ծում­ներ եւ զգա­ցում­ներ։

Ա­ւե­տա­րա­նի ըն­թերց­ման մի­ջո­ցին մարդս, խոր­հե­լով եւ յի­շե­լով իր ան­ցեալ ապ­րում­նե­րը՝ ե­թէ կը գտնուին Ա­ւե­տա­րա­նի ճշմար­տու­թեան հա­կա­ռակ ե­րե­ւոյթ­ներ, ապ­րում­ներ ա­նոնց մէջ, կը զգայ եւ կ՚ը­սէ.- Ե­րա­նի՜ թէ չապ­րուէին այդ պա­հե­րը։ Իսկ ա­պա­գա­յի կեան­քին հա­մար ա­ւե­լի զգու­շա­ւոր կ՚ըլ­լայ՝ թէ նոյն սխալ­նե­րուն մէջ չիյ­նայ, կեան­քի տգե­ղու­թիւն­նե­րէն չտա­րուի, երբ կա՛յ ճշմա­րիտ գե­ղե­ցի­կը։ Ուս­տի Ա­ւե­տա­րա­նի խօս­քը թէեւ պարզ, բայց գե­ղե­ցիկ է եւ տպա­ւո­րի՛չ։

Ա­մէն օր երբ մարդ կը կար­դայ կամ կը լսէ Ա­ւե­տա­րա­նի խօս­քը, ան­կէ աս­դին աշ­խար­հը իր հո­գիով ե՛ւ դի­մագ­ծու­թեամբ կը փո­խուի եւ կը սկսի գե­ղե­ցիկ նոր օր մը՝ թէեւ նոր նե­ղու­թիւն­նե­րով, նոր դժուա­րու­թիւն­նե­րով, նոր ցա­ւե­րով եւ վիշ­տե­րով լե­ցուն, բայց զա­նոնք քա­ջու­թեամբ ըն­դու­նե­լու սրբա­զան զօ­րու­թեա՛մբ։

Եւ փո­խուած՝ վե­րա­նո­րո­գուած գե­ղե­ցիկ աշ­խարհ մը կը փո­խէ նաեւ հո­գի­նե­րը՝ հա­ցով կը սնու­ցա­նէ զա­նոնք եւ կը զօ­րաց­նէ՛։

Ար­դա­րեւ, մարդ միայն հա­ցով չ՚ապ­րիր, այլ նաեւ՝ Աս­տու­ծոյ խօս­քո՛վ։

Մարդ, ա­մէն օր իր մարմ­նա­կան ա­պա­հո­վու­թեան հա­մար պա­հանջ­քը կը զգայ նիւ­թա­կան հա­ցին՝ սնուն­դին, բայց ին­չո՞ւ չ՚անդ­րա­դառ­նար հո­գե­ւոր հա­ցին անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, որ պա­հանջք մըն է իր հո­գիին պահ­պա­նու­թեա­նը հա­մար։ Յա­ճախ կը կրկնենք սա ճշմար­տու­թիւ­նը՝ թէ մարդ էա­կը ամ­բող­ջու­թիւն մըն է մարմ­նի, հո­գիի եւ մտքի, եւ կ՚ը­սենք, թէ ա­նոնք հա­ւա­սա­րա­պէս պէտք է խնա­մուին, ա­նոնց ա­ռանց խտրու­թեան պէտք է հոգ տա­նիլ, որ­պէս­զի ան ըլ­լայ կա­տա­րեալ՝ ան­թե­րի եւ զօ­րա­ւոր, որ­քան որ կա­րե­լի է։

Եւ մարդ ա­տեն ա­տեն մտա­ծե­լու եւ անդ­րա­դառ­նա­լու է, ինքն ի­րեն հարց­նե­լով սա հար­ցում­նե­րը, թէ՝ ի՛նչ էր ինք եւ ի՞նչ ե­ղած է ներ­կա­յիս, նաեւ՝ ո՛ւր էր նա­խա­պէս եւ ո՞ւր է սա պա­հուս։

Մար­դուս հա­մար կա­րե­ւոր է պա­տաս­խա­նել այս հար­ցում­նե­րուն։ Ա­ւե­լի բա­րե­փո­խուա՞ծ է եւ նո­րո­գուած ան­ցեալ կեան­քին նկատ­մամբ։ Նաեւ՝ իր գտնուած տե­ղը, դիր­քը ա­ւե­լի լա՞ւ է, քան ան­ցեա­լի մէջ գտնուած տե­ղը եւ գրա­ւած դիր­քը։

Ան­շուշտ այս փո­փո­խու­թիւն­նե­րը եւ նո­րո­գու­թիւն­նե­րը միայն նիւ­թա­կան-ֆի­զի­քա­կան ի­մաս­տով պէտք չէ առ­նուի, այլ նաեւ՝ հո­գե­կան եւ մտա­յին զար­գա­ցում­նե­րու, ա­ճում­նե­րու եւ բա­րե­փո­խու­թիւն­նե­րու տե­սա­կէ­տո՛վ։

Ա­ռողջ մար­մին մը ան­շո՛ւշտ որ կա­րե­ւոր է կեան­քին նպաս­տա­ւոր ըն­թաց­քին հա­մար։ Հա­պա հո­գե­կան եւ մտա­յին ա­ռող­ջու­թի՞ւ­նը…։ Մար­դը պէտք չէ եր­բեք զրկուի նաեւ հո­գե­կան եւ մտա­յին լա­ւու­թե­նէ եւ բա­րիք­նե­րէ։ Եւ ե­թէ «գե­ղեց­կու­թիւն»ը մարդ փնտռէ միայն ֆի­զի­քա­կան-մարմ­նա­կան էու­թեան մէջ, եւ ան­տե­սէ հո­գե­կան եւ մտա­յին գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, կա­րե­լի է որ օր մը կորսնց­նէ նաեւ իր ժա­մա­նա­կա­ւոր ֆի­զի­քա­կան գե­ղեց­կու­թիւնն ալ։ Խոր­հե­ցէ՛ք պահ մը սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, հո­գե­կան ան­կու­մի մէջ գտնուող բայց մարմ­նա­պէս գե­ղե­ցիկ մէ­կը ո՞ր­քան ժա­մա­նակ կրնայ պահ­պա­նել իր ար­տա­քին-մարմ­նա­կան գե­ղեց­կու­թիւ­նը, եւ նաեւ մտա­ւոր գե­ղեց­կու­թեան պէտք ե­ղած խնամ­քը եւ հո­գա­ծու­թիւ­նը ցոյց չտուող ֆի­զի­քա­պէս գե­ղե­ցիկ մէ­կը ո՞ր­քան ժա­մա­նակ կրնայ գե­ղե­ցիկ մնալ, ե­թէ ա­նոր միտ­քը «գե­ղե­ցիկ» չէ՛։

Ար­դա­րեւ, ի­րաւ է այն խօս­քը, որ կ՚ը­սէ, թէ՝ ար­տա­քին գե­ղեց­կու­թիւ­նը, ներ­քին գե­ղեց­կու­թեան ար­տա­ցո­լա­ցո՛ւմն է։ Ուս­տի երբ մար­դուս սիր­տը, այ­սինքն հո­գին եւ միտ­քը, այ­սինքն մտա­ծում­նե­րը գե­ղե­ցիկ են, ա­նի­կա ֆի­զի­քա­պէս ալ գե­ղե­ցիկ է եւ հրա­պու­րիչ, հա­մակ­րե­լի եւ սի­րե­լի՛։

Երբ մարմ­նի ա­պա­հո­վու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր կը նկա­տեն հա­ցը՝ իր լայն ա­ռու­մով, ա­պա ու­րեմն պէ՛տք է նոյն­քան կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յենք հո­գե­կան եւ մտա­յին ա­պա­հո­վու­թեան եւ նոյն­պէս հո­գանք ու խնա­մենք զա­նոնք։

Բա­րի զգա­ցում­նե­րով լե­ցուած հո­գին եւ լու­սա­ւոր խոր­հուրդ­ներ ար­տադ­րող միտ­քը, վստահ ե­ղէ՛ք սի­րե­լի՜­ներ, կը գե­ղեց­կաց­նէ, կ՚ազ­նուաց­նէ եւ հա­մակ­րե­լի եւ սի­րուն կ՚ը­նէ մար­դը, եւ բա­րի ու խե­լա­ցի մար­դը մի՛շտ կը ժպտի աշ­խար­հին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 23, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2016