ՀԱՄԲԱՒԱՒՈՐ ՄԱՐԴ ԸԼԼԱԼ

Ամէն ծնողք կ՚ուզէ, որ զաւակը ապագային լաւ դիրք մը ունենայ, լաւ ապրի, «հարուստ» ըլլայ՝ թէ՛ նիւթականով եւ թէ՛ բարոյապէս, փառք եւ պատիւ վայելէ, համբաւաւոր մարդ մը ըլլայ։ Շատ բնական է ասիկա, քանի որ ծնողք մը իր զաւկին բարին կը կամենայ, եւ յաճախ չի փափաքիր, որ իր ապրած նեղութիւնները ան ալ ապրի, հանգիստ, խաղաղ, երջանիկ կեանք մը ունենայ… եւ այս բարի զգացումներէն աւելի բնական ի՞նչ կրնայ ըլլալ ծնողքի մը համար։ Մանաւանդ այն՝ ի՛նչ որ՝ «իր ապրած նեղութիւնները, դժուարութիւնները, ցաւերը «իր զաւակը երբեք չապրի»։

Ուրեմն ի՞նչ է պայմանը լաւ կեանք մը ապրելու, հանգիստ կեանք մը վայելելու։

Այս մասին գաղափարներ, կարծիքներ բազմաթիւ են, նոյնիսկ իրար հակասող, իրարու ներհակ մտածումներ կան. ոմանք «լաւ ուսում»ը լաւ կեանք մը ապրելու նախապայմանը կը նկատեն, մինչեւ իսկ անհրաժե՛շտ կը նկատեն ուսումը։ Ճիշդ է, ուսումը ակնկալուած լաւ կեանքի մը համար ուղիղ ճամբայ մը, նպաստաւոր միջոց մըն է. ոչ մէկ տարակոյս։

Բայց առանց ուսումի լաւ կեանք ապրողներ չե՞ն եղած, որուն օրինակները շատ են կեանքի փորձառութիւններու, վկայութիւններու մէջ։

Ահաւասիկ, այս ուղղութեամբ, ոմանք ալ թէեւ ուսումը կարեւոր կը նկատեն, բայց որեւէ կերպով համբաւաւոր ըլլալ, ձեւով մը դիրք ունենալ՝ լաւ կեանքի մը համար անհրաժեշտ կը նկատեն. «համբաւաւոր ըլլա՛լ», ահաւասիկ այդպէս մտածողներու անհրաժեշտ պայմանն է լաւ ապագայի մը համար, հանգիստ կեանքի մը համար։ Բայց մարդ առանց աշխատելու, առանց ջանք թափելու ի՞նչպէս կրնայ «համբաւաւոր» ըլլալ։ Ուրեմն, պէտք է կարգ մը բաները սորվի, կեա՛նքը սորվի, կեանքի փորձառութիւն ստանայ, կարենայ տոկալ կեանքի անհամար նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն, ձախողութիւններուն եւ կարենայ ոտքի կանգնիլ, կարենայ ոտքի վրայ մնալ առանց ընկճուելու, առանց պարտուելու… եւ կարծեմ, ա՛յս է կեանքի պատրաստուելու ամենակարեւոր պայմանը։ Անոնք որ այս հանգրուանը յաջողութեամբ կը բոլորեն, կրնան իրենք զիրենք պատրաստ զգալ կեանքի պայքարին՝ նեղութիւններու, դժուարութիւններու, ցաւերու, վիշտերու դիմադրելու պատրաստ զգալ։ Եւ այն որ կրնայ դիմադրել այդ բոլոր նեղութիւններուն, «համբաւ» մը կը շահի եւ կերպով մը կը հասնի իր նպատակին։

Քա՛ջ ըլլալ կեանքի դժուարութիւններուն դէմ. ահաւասիկ այս է մեծ մասամբ կեանքի մէջ յաջողելու պայմաններուն առաջնակարգը. չտկարանալ, անմիջապէս չընկճուիլ, չնահանջել, դասալիք չըլլալ կեանքի պայքարին մէջ, յարատեւել կեանքի պայքարը, քա՛ջ ըլլալ եւ քա՛ջ մնալ։ Չէ՞ որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Արդարեւ, քաջութիւնը, անշուշտ բանաւոր քաջութիւնը, գիտակից քաջութիւնը, անհրաժեշտ պայման է կեանքի պայքարի մէջ յաղթական ըլլալու՝ յաղթահարելու ամէն արգելք, որ կը ներկայանան յաջողութեան ճամբուն վրայ՝ կեանքի պայքարին մէջ։

Այս քաջութիւնը ի՞նչպէս կարելի է ձեռք ձգել։ Կեանքի փորձառութիւնը լաւագոյն դաստիարակն է այս մասին։ Լաւ պողպատը՝ լաւ հարուածելով, ուժգնօրէն ծեծելով հրանուտ երկաթը կարելի է ձեռք ձգուիլ։ Ուրեմն, կեանքի փորձառութիւններու մէջ պէտք է մարդ «հարուածուի», որպէսզի զօրաւոր ըլլայ, ուժով ըլլայ, քա՛ջ ըլլայ կեանքի պայքարին մէջ։

Դուք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին։ Երբ ծնողներ կ՚ուզեն, որ իրենց զաւակները լա՛ւ դիրք ունենան, հանգիստ ապրին, նեղութիւններու, դժուարութիւններու չենթար-կըւին, եւ փառք եւ պատիւ վայելեն, համբաւաւոր մարդիկ ըլլան… բոլոր այս մաղթանքները երբ կ՚ընեն անոնք, ի՞նչ ճամբով պէտք է ըլլայ։ Անշուշտ, նախընտրաբար ուսումով, բայց նաեւ ամէն արդար, օրինաւոր եւ պատշաճ ճամբաներով եւ միջոցներով։

Բայց տղուն համար այս ծնողասիրական բնական եւ բանական մաղթանքները բաւարար չեն, քանի որ անոնց մէջ կը պակսի շատ կարեւոր կէտ մը՝ ՄԱՐԴԱՍԻՐՈՒԹԻ՛ՒՆը։

Ծնողք մը բնականաբար իր զաւկին բարիքը կ՚ուզէ, բայց ասիկա պէ՛տք է ըլլայ նաեւ հասարակաց բարիքին, համայն մարդկութեան օգտին եւ շահուն համար։ Ապա թէ ոչ, թէեւ փառք եւ պատիւ վայելող, «համբաւաւոր» կը հասնին իրենց զաւակները, բայց կ՚ըլլան նաեւ ինքնասէր, եսամոլ եւ ինքնակեդրոն անձեր։

Եւ ուրեմն ծնողներ երբ կ՚ուզեն, որ իրենց զաւակները լա՛ւ ուսում ստանան, լաւ դիրքերու տիրանան, փառք եւ պատիւ վայելեն, «համբաւաւոր» ըլլան, ասիկա պէտք է լրացնել նաեւ՝ «մարդասէր» ըլլան, համայն մարդկութեան օգտակար, հասարակաց բարիքին, մարդոց օգտին եւ շահուն համար աշխատող, իրենց արժանիքները ոչ միայն իրենց համար գործածող, այլ նաեւ ուրիշներու բարիքին եւ օգտին ներկայացնող անձեր ըլլան մաղթանքով։ Մարդ միայն իրեն համար չ՚ապրիր, այն նաեւ՝ ուրիշներո՛ւն համար, եւ ա՛յս է մարդուն կոչումը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 12, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2020