ԳԻՐՔՈՎ ԶԱՒԱԿ ՉԻ ԲԵՐՈՒԻՐ

Տակաւին նոր պսակադրուած երիտասարդ աղջնակի մը ձեռքը գիրք տեսայ. գնահատելի երեւոյթ է, որ կեանքի այս քաոսին մէջ ժամանակ գտնելով ընթերցելու ժամանակ կը յատկացնէ։ Սակայն մտահոգեցուցիչ էր ընթերցած գիրքը՝ «Սիրոյ հինգ լեզուները». մտահոգեցուցիչ, որովհետեւ ընթերցելու կողքին աղջնակը յոյսը դրած էր գիրքին՝ առողջ ու կայուն ամուսնական կեանք մը ունենալու համար։

Մեր օրերուն գրեթէ ամէն ինչի համար գիրք գոյութիւն ունի. ինչպէ՞ս սիրել, ինչպէ՞ս ապրիլ, ինչպէ՞ս յղիութեան ժամանակաշրջանը բոլորել, ինչպէ՞ս հարստանալ, ինչպէ՞ս մանուկը պատժել, ինչպէ՞ս պարել, ինչպէ՞ս քայլել եւ գրեթէ ամէ՛ն հարցուած «ինչպէ՞ս»ի համար գիրք մը գոյութիւն ունի. ի զարմանս ձեզ ամերիկացի գրող Ահարոն Տամես հրատարակած է նաեւ «Ինչպէս մարդիկը սպաննել» (How to Kill People) խորագրեալ աշխատութիւն մը...։

Համամիտ ենք, որ գիրքերը կրնան ուսուցողական մեծ դեր ունենալ մարդու վրայ, կրնան օգնել ճիշդ կողմնորոշուելու եւ սխալներէ հեռու մնալու, սակայն ինչքանո՞վ կարելի է հիմնուիլ գիրքի մը վրայ, նկատի ունենալով որ սիրոյ կեանքը կամ ծնողք դառնալը թուաբանական անփոփոխ պատասխանի մը չի նմանիր, այլ տեղէ տեղ, միջավայրէ միջավայր կ՚ապրի յստակ փոփոխութիւն մը եւ ամերիկացիի կամ եւրոպացիի մը գրածը անպայմանօրէն կրնայ լաւ ազդեցութիւն չունենալ Միջին Արեւելքի մէջ ընթերցողի մը մօտ, նկատի ունենալով մտայնութեան եւ միջավայրի տարբերութիւնները։

Ամենէն պարզ բացատրութեամբ ըսենք, որ այսօր նոր մայր դարձող մը իր զաւակը չի խնայեր այնպէս, ինչպէս իր մայրը խնամած է զինք, որովհետեւ ժամանակը շատ բան կը փոխէ մարդկային կեանքին եւ մտածողութեան մէջ, այդ իսկ պատճառով գիրքերը պարզապէս կրնան լուսաբանել եւ կարծիք տալ եւ ո՛չ ամբողջ մարդկային կեանքին վրայ ազդել։

Թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ հանդիպած եմ յղիներու, որոնք տակաւին մանուկը լոյս աշխարհ չեկած գիրքերու ճամբով կ՚ուզեն «լաւ ծնողք» դառնալ։ Զարմանալին հոն է սակայն, որ 50-60 տարիներ առաջ գիր ու գրականութիւն չգիտցող մայրեր շատ աւելի գիտակից ու օրինակելի սերունդ մը ծնած են՝ քան անոնք, որոնք գիրքերու ճամբով փորձած են եւ կը փորձեն օրինակելի սերունդ մը առաջ բերել։

Զարմանալի է, որ անցեալի չզարգացած մայրերը ամէն ջանք ի գործ դրած են ուսեալ ու կրթուած սերունդ մը առաջ բերելու համար, սակայն այսօրուան «զարգացած» ու «համալսարանաւարտ» հայրերն ու մայրերը կը դժուարանան նոյնը ընել՝ հակառակ որ իրենց զաւակները եւս համալսարանաւարտ են։

Անցեալին անուս հողագործը դպրոց չտեսած իր կնոջ հետ համերաշխութեամբ կ՚ապրէր, իսկ այսօր բժիշկ մը ու փաստաբան մը նոյն տան մէջ իրարու միս կ՚ուտեն։ Այդ իսկ պատճառով գիրքերը ինչքանո՞վ կրնան մեզ առաջնորդել չեմ գիտեր։

Երկրորդ երեւոյթը այն է, որ նման գիրքերու ընթերցանութիւնը ներկայ աշխարհի «ցուցադրութեան» մէկ մասնիկն է պարզապէս։ Հայաստանի մէջ այսօր ամենէն շատ ծախուած գիրքերը օտար գրողներու գործերն են, որովհետեւ օտարինը կարդալը տարբեր շուք մը կու տայ մարդուն։ Եթէ գիրքերը իրապէս մարդոց կրնան օրինակ հանդիսանալ, ինչո՞ւ չփորձել կարդալ հայ գրողներունը։

Խրիմեան Հայրիկ ապրած է աւելի քան դար մը առաջ, սակայն իր «Պապիկ եւ թոռնիկ» աշխատութիւնը ամենէն լաւ խրատականն է, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ապրիլ, ինչպէ՞ս սիրել ու պսակուիլ, կնոջ հետ ինչպէ՞ս վարուիլ, ինչպէ՞ս առողջ ձեւով կրթել մանուկը եւ կը նկարագրէ մինչեւ մահ առողջ եւ օրինակելի կեանքի մը կաննոներն ու պէտքերը։ Ինչո՞ւ չկարդալ... որովհետեւ Խրիմեան անունը այնքան ազդեցութիւն չի գործեր մարդոց վրայ՝ ինչքան Ճէյմսն ու Անտրէյը։

Կեանքը թուաբանութիւն չէ. 1+1-ը հաւանաբար մօտս 5 արդիւնքը տայ, իսկ քու մօտդ՝ 9 եւ հետեւաբար կեանքի մէջ ինչ որ ինծի համար ճիշդ ու անմիջական է, քեզի համար կրնայ չըլլալ։

Անցեալ օր ամուսնացեալ կին մը կը յորդորէր չպսակուիլ... անիմաստ նկատելով այդ «չարչարանք»ի կեանքը, մինչ անդին ուրիշ մը կ՚ըսէ, թէ «պսակուէ՛, հրաշալի կեանք մըն է սիրելը». նոյն տրամաբանութեամբ ալ Ճէյմսին կամ Անտրէյին ըսածները իրենց համար ճիշդ, սակայն մեզի համար սխալ կրնան ըլլալ։

Մեծագոյն գիրքը որ իւրաքանչիւրս կամայ թէ ակամայ ունինք, փորձառութիւնն է։ Միայն անոր ճամբով կարելի է գտնել ճիշդ ճամբան ու հասնիլ նպատակին։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -129-

Մարդիկ ունին այն կարծիքը, որ համացանցի վրայ մարդիկ կը հաւնին այն գրառումը՝ որուն մէջ որակ եւ լաւ իմաստ կը տեսնեն. ես միշտ ալ համաձայն չեմ եղած այդ կարծիքին։

Օր մը իգական սեռի պատկանող մը սկսաւ պնդել, թէ մարդիկ որակաւորը կը գնահատեն. յայտնեցի, թէ կրնամ հակառակը փաստել։ Համաձայնեցաւ։

Առաջարկեցի, որ երկուքս ալ մեր էջերուն մէջ գրենք հետեւեալը. «մածունը ճերմակ է» եւ սպասենք արդիւնքին։

Օր մը ետք իմ գրառումս ստացաւ հազիւ 1-2 հաւանում, մինչ իրը հասաւ 57-ի, մարդիկ սկսան մեկնաբանութիւններ գրել։

Զարմացած այս բոլորին պատճառը հարցուց... պատճառը պարզ էր. ինք աղջիկ էր, իսկ ես՝ տղայ։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2022