ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Յիսուս ծնաւ ախոռի պարզութեան, համեստութեան եւ խոնարհութեան մէջ՝ աղքատ, համեստ ընտանիքի մը ծոցը, ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գիրքը. (ՂՈՒԿ. Բ 6-7)։ Պարզ հովիւները եղան այն հրաշալի՜ իրադարձութեան առաջին վկաները։ Այս համեստ աղքատութեան մէջն է, որ երկինքի փառքը կը յայտնուի. (ՂՈՒԿ. Բ 8-20)։

Եւ Եկեղեցին անխոնջօրէն կ՚երգէ փառքը այս գիշերուան.

«Կոյսը այսօր կը ծնի Յաւիտենականը
Եւ երկիրը քարայր մը կ՚ընծայէ Անմատչելիին։
Հրեշտակները եւ հովիւները կը գովաբանեն զԻնք
Եւ մոգերը կը յառաջանան աստղին հետեւելով,
Որովհետեւ մեզի համար ծնար,
Փոքրիկ Մանուկ Աստուած յաւիտենական»։

Սուրբ Ռոմանոս Երգեցողէ առնուած այս տողերը որքա՜ն գեղեցկօրէն եւ իմաստալից կերպով կը բացատրեն Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր Տիրոջ Ծնունդը։

Պարզութիւն, համեստութիւն եւ խոնարհութիւն՝ որոնք կարելի է ամփոփել մէկ զգացումի մէջ, սիրո՛յ մէջ։ Արդարեւ, Մանուկ Յիսուս սէր բերաւ մարդկութեան. չէ՞ որ հոն ուր կայ պարզութիւն, համեստութիւն եւ խոնարհութիւն, հոն անմիջականօրէն կայ Սէ՛ր։

Արդարեւ, «Աստուծոյ նկատմամբ մանկանալ»ը՝ Արքայութիւն մտնելու նախապայմանն է. (ՄԱՏԹ. ԺԸ 3-4), այս իսկ պատճառով՝ պէտք է խոնարհիլ. (ՄԱՏԹ. ԻԳ 12), այսինքն՝ մանկանալ, դեռ աւելին՝ հա՛րկ է «ծնիլ ի վերուստ». (ՅՈՎՀ. Գ 7), «ծնիլ Աստուծմէ». (ՅՈՎՀ. Ա 13)։

Ուստի «Ծննդեան Խորհուրդ»ը մեր մէջ կը կատարուի երբ Յիսուս Քրիստոս «կը կերպաւորուի» մեր մէջ. (ԳԱՂ. Դ 19)։ Ահաւասիկ, Սուրբ Ծնունդը խորհուրդն է այս սքանչելի՜ փոխանակումին։ «Սքանչելի» է այս փոխանակումը, քանի որ Արարիչը մարմին կ՚առնէ՝ կը «մարդանայ» Կոյսին միջոցով, առանց մարդու միջամտութեան։ «Մարդ» դառնալով, Աստուած իր աստուածութիւնը կը շնորհէ մարդկութեան։

Սուրբ Ծնունդով՝ Մարդեղութեամբ, Աստուած կ՚իջնէ՝ մարդը բարձրացնելու համար… ի՜նչ մեծ պարգեւ մարդուն տրուած…

Յիսուսի յայտնութիւնը իբրեւ Մեսիա, իբրեւ Որդի Աստուծոյ եւ Փրկիչ աշխարհի, ցոյց կու տայ Աստուծոյ անհուն սէրը մարդկութեան նկատմամբ։

Ինչպէս Յիսուսի ծնունդը, նաեւ Իր ամբողջ կեանքը խորհուրդ մըն է։ Անոր կեանքին վերաբերեալ՝ հաւատքի Հանգանակը կը խօսի միայն «Մարդեղութեան»՝ յղութեան եւ ծնունդի, եւ Զատիկի՝ չարչարանք, խաչելութիւն, մահ, թաղում, էջք դժոխք, յարութիւն, համբարձում, խորհուրդներու մասին։ Ան բացայայտօրէն ոչինչ կ՚ըսէ թաքուն եւ հրապարակային կեանքին խորհուրդներուն մասին, սակայն հաւատքի յօդուածները՝ որ կը հային Յիսուսի Մարդեղութեան եւ Զատիկին, կը լուսաւորեն նաեւ Քրիստոսի «ամբողջ երկրաւոր կեանքը»։

«Ինչ որ Յիսուս ըրաւ եւ ուսոյց, սկիզբէն մինչեւ այն օրը երբ երկինք վերացաւ…». (ԳՈՐԾ. Ա 1-2)։

Արդարեւ, Յիսուսի մասին մարդկային հետաքրքրութիւնը շահագրգռող շատ բաներ արձանագրուած չեն Աւետարաններուն մէջ։ Գրեթէ ոչինչ ըսուած է Անոր Նազարէթի կեանքին մասին, նոյնիսկ Իր հրապարակային կեանքին մեծ մասը չէ պատմուած. (ՅՈՎՀ. Ի 30)։ Ի՛նչ որ գրուած է Աւետարաններուն մէջ, գրուած է. «որպէսզի հաւատաք, թէ Յիսուս՝ Քրիստոսն է, Աստուծոյ Որդին, եւ հաւատալով ունենաք կեանքը Անոր անունով». (ՅՈՎՀ. Ի 31)։

Աւետարանները գրողները առաջին հաւատացողներէն են, որոնք կ՚ուզեն այդ հաւատքին ուրիշներն ալ մասնակից դարձնել. (ՄԱՐԿ. Ա 1), (ՅՈՎՀ. ԻԱ 24)։

Ուստի, հաւատքով ճանչցած ըլլալով, թէ ո՛վ է Յիսուս, անոնք կրցան նախ իրե՛նք տեսնել, ապա ուրիշներուն ցոյց տալ Անոր երկրաւոր ամբողջ կեանքին մէջէն Անոր խորհուրդին հետքերը։

Յիսուսի ծննդեան խանձարուրէն. (ՂՈՒԿ. Բ 7) մինչեւ Անոր չարչարանքին. (ՄԱՏԹ. ԻԷ 48), եւ վարշամակը Անոր Յարութեան. (ՅՈՎՀ. Ի 7), ամէն ինչ Յիսուսի կեանքին մէջ նշան է Անոր խորհուրդին, Անոր գործող շարժուձեւերուն, հրաշքներուն եւ խօսքերուն ընդմէջէն՝ բացայայտուեցաւ թէ «Անոր մէջ մարմինով կը բնակի աստուածութեան ամբողջ լիութիւնը». (ԿՈՂ. Բ 9)։

Այսպէս ուրեմն՝ Անոր մարդկայնութիւնը կը յայտնուի իբր «սուրբ խորհուրդ»ը, այսինքն՝ Անոր աստուածութեան եւ բերած փրկութեան նշա՛նն է եւ գործիքը։ Անոր երկրաւոր կեանքին մէջ՝ ծնունդէն իսկ սկսեալ, ինչ որ տեսանելի էր, առաջնորդեց դէպի անտեսանելի խորհուրդը Անոր աստուածային որդեծնութեան եւ փրկչական առաքելութեան։

Ուստի, Յիսուսի ամբողջ կեանքը՝ Անոր ծնունդը, Անոր խօսքերը եւ արարքները, Անոր լռութիւնները եւ Անոր տառապանքները, չարչարանքները, Անոր ապրելու եւ խօսելու կերպը՝ Յայտնութիւնն է Հօր։

Քրիստոսի ամբողջ կեանքը խորհուրդն է Փրկչագործութեան։ Փրկչագործութիւնը մեզի կը հասնի ամէն բանէ առաջ Խաչին արիւնովը. (ԵՓՍ. Ա 7), (ԿՈՂ. Ա 13-14), (Ա ՊԵՏՐ. Ա 18-19)։ Ի՛նչ որ Յիսուս ըրաւ, ըսաւ եւ կրեց, իբր նպատակ ունէր «անկեալ մարդ»ը վերահաստատել իր սկզբնական կոչումին մէջ։

Սուրբ Երանոս Լիոնցիի խօսքերով.

«Յիսուս երբ մարմնացաւ եւ մարդացաւ, մարդոց երկարատեւ պատմութեան վերաքաղը Իր մէջ կատարեց եւ կարճառօտ ձեւով մեզի փրկութիւնը տուաւ, այնպէս որ ինչ որ կորսնցուցած էինք Ադամով, այսինքն ըստ Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան մեր ստեղծուիլը, զայն վերագտանք Քրիստոս Յիսուսով։ Այս պատճառով՝ Քրիստոս անցաւ կեանքի բոլոր տարիքներէն, բոլոր մարդիկը վերադարձնելու համար Աստուծոյ հետ հաղորդութեան»։

Քրիստոս ծնաւ եւ Իր կեանքը ապրեցաւ ո՛չ թէ Ինքնիր համար, այլ մեզի համար, մեր փրկութեան համար, կատարած իր Մարդեղութենէն սկսեալ մինչեւ Իր Մահը՝ «մեր մեղքերուն համար». (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 3)։

Ան ծնաւ եւ կը շարունակէ ապրիլ. Ան միշտ ներկայ կը մնայ «Աստուծոյ դիմաց ի նպաստ մեզի». (ԵԲՐ. Թ 24)։

Ան թող ծնի անգամ մը եւս մեր սրտերուն մէջ։

Շնորհաւո՜ր ըլլայ Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 20 2022, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2022